ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ԶՄՌՍՈՒՄ
Մեծ գրող Մուհամմէտ Հասանէն Հէյքալի1 «Բարկութեան աշուն» գիրքը կարդացա՞ծ ես:
Ո՛չ, չեմ կարդացած եւ պիտի չկարդամ, նոյնիսկ պիտի չդպնամ այդ գիրքին, որովհետեւ մեծ գրողը՝ Մուհամմէտ Հասանէն Հէյքալը վերափոխուեցաւ վաճառականի մը՝ ո՛չ աւելի եւ ո՛չ պակաս: Տասն տարիներէ ի վեր իր սրտակից ընկերոջ՝ Ապըտ ալ-Նասէրին գերեզմանը տոպրակի մը մէջ դրաւ, շալկեց զայն իր ուսին վրայ, եւ սկսաւ տեղէ մը ուրիշ տեղ թափառիլ՝ ամէն օր զայն ծախելով շաբաթաթերթերուն, իսկ հրատարակչատուներուն՝ մեծաքանակով: Ի՞նչ բանի համար. այդ բոլորին մէջ ասոնք կան.
Ապըտ ալ-Նասէրը ճաշի ժամանակ ըսաւ ինծի, ընթրիքի ժամանակ փսփսաց ականջիս, իր հանգիստի ժամին կանչեց զիս իր մօտ, իր հեռախօսազնգերով հասաւ ետեւէս իմ տունս, այնքան որ կարդացողը իրար կ՚անցնի ու կը կարծէ, թէ Հէյքալը Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան նախագահն էր, իսկ Ապըտ ալ-Նասէրը «Ալ-Ահրամ» օրաթերթին խմբագիրը:
Հիմա եւս, ալ-Սատաթին գերեզմանը կը դնէ նոյն տոպրակին մէջ, նոյն ուսին վրայ կը շալկէ զայն եւ նոյն ձեւով կը ծախէ զայն՝ սպասելով երրորդ դիակին, այն պատրուակով, թէ կը բանայ վարագոյրը բազմաթիւ գաղտնիքներու, որոնք առնչուած են Քամփ Տէյվիտի համաձայնութեան, եւ անոր՝ տարածաշրջանին պատճառած փորձանքներուն եւ աղէտներուն:
Իրականութիւնը այն է որ ո՛չ մէկ վարագոյր ալ չի՛ բանար, այլ՝ Եգիպտոսի յեղափոխութեան վրայ իր թափած բոլոր արցունքները եւ բարկութիւնը Ամերիկայի վրայ ու զգուշացումները Երրորդ համաշխարհային պատերազմէ մը, արդիւնքն են այն բանին, որ ալ-Սատաթը զինք դադրեցուցած է իր պաշտօնէն՝ «Ալ-Ահրամ» օրաթերթէն:
Ո՛չ ոք թող զարմանայ, որ Մուհամմէտ Հասանէն Հէյքալի նման մեծ մտածող մը այսպէս կը մտածէ, այսինքն՝ արաբի մը նման չէ, որ անձնական հարցերը ընդհանուրի հարցերու կը վերածէ, իսկ ընդհանուրին հարցերը՝ անձնականի:
Փաստը իր արցունքներու ճշմարտացիութեան եգիպտական յեղափոխութեան վրայ եւ իր բորբոքած բարկութիւնը անոր վրայ կատարուող ամերիկեան դաւադրութիւններէն այն է, որ այդ մասին եւ ատոր մարդոց մասին իր գրածներուն դիմաց բացի տոլարէ ուրիշ ո՛չ մէկ բան կը ստանայ:
Ո՛չ, չեմ կարդացած «Բարկութեան աշուն»ը, պիտի չկարդամ զայն ու պիտի չդպնամ անոր: Արդարեւ, բռնակալութեան պայմաններուն մէջ հերոսութիւն չէ հրասայլերուն վրայ նստիլը, այլ՝ անոնց դիմաց կանգնիլը:
Այսինչ բանաստեղծութիւնը կարդացի՞ր:
Այսինչին գիրքը աչքէ անցուցի՞ր:
Աչքերովս, ականջներովս եւ մատներու շօշափումով կը կարդամ այն ինչ ձեռքս կ՚անցնի՝ ըլլայ բանաստեղծութիւն, քննադատութիւն, ուսումնասիրութիւն, սակայն ուրիշ բան չեմ գտներ բացի կոչերէ եւ գայթակղութիւններէ, վերադառնալու սիրոյ, քաղաքականութեան, ամուսնութեան եւ ամուսնալուծութեան, քնանալու եւ արթննալու մեր փառաւոր անցեալին, կարծէք մէկը կ՚ուզէ զմռսել մեր արաբ սերունդները եւ կապել զանոնք անցեալի շղթաներուն, որպէսզի Իսրայէլը հանգիստօրէն զբաղի ապագայով:
Հետեւաբար, ո՜վ իմ ընթերցող եղբայր եւ ո՜վ իմ գրող եղբայր. ո՜վ իմ սիրահար եղբայր եւ ո՜վ իմ սիրահար քոյրիկ.
-Դպրոցական ուսումնական ծրագիրներուն բանաստեղծութիւնները միայն մի՛ առնէք, եւ մի հաւատաք անոր ստացած գնահատական եւ պարենային նուէրներուն: Արդարեւ, հին բանաստեղծութիւնը, որու արմատները կը սորվիք եւ կը վկայաբանէք անոր օրինակերը, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ այդ ժամանակներու կառավարիչի հաւանութիւնը ստացած բանաստեղծութիւն, որ իր սուրին ծայրով ստիպած է ներկաները, որպէսզի զայն բերանէ բերան փոխանցեն, մինչեւ որ հասած է մեր ժամանակները, որովհետեւ մեր փառաւոր անցեալին իւրաքանչիւր խալիֆա, կամ իշխան, կամ տոհմապետ ունէր նաեւ իր տեղեկատուութեան նախարարը, յատուկ քննչական մարմինը, գաղտնի սպասարկութիւնը, ինչպէս նաեւ վճռորոշ պարագաները, որոնց մէջէն կ՚անցնէին իր տոհմը կամ ցեղը, նոյնիսկ եթէ կորսուած ուղտի մը կամ դժկամ հարսի մը համար:
Արդարեւ, բանաստեղծութիւնը կարգ ու կանոն չէ, այլ՝ քաոս:
Ինչպէս նաեւ այս կամ այն ժամանակաշրջանին ծնունդը չէ, այլ՝ բոլոր դարերու հոմանին:
Այն ալ-Մութանապիին2 մեկուսացումն է, ո՛չ թէ անոր պարծանքը:
Ապու Նաուասին3 տխրութիւնն է եւ ո՛չ թէ անոր կատակերգութիւնը:
Քայսի խենդութիւնը՝ ո՛չ սէրը:
Անթարայի օտարութիւնը՝ ո՛չ հերոսութիւնը:
Ֆերլէնի4 աշունը, ո՛չ թէ ալ-Պուհթարիի5 գարունը:
Րամպոյի, Ճըպրանի, Նաճիպ Սըրուրի, Քամալ Նասէրի, Քամալ Խէյր Պէքի եւ Ամա Տանքըլի մահն է, ինչպէս նաեւ անձնասպանութիւնը՝ Լոթրեամոնին, Խալիլ Հաուիին, Թէյսիր Սպոլի, Ապըտ ալ-Պասէթ ալ-Սուֆիի՝ իր մանկութեան սկիզբը, ո՛չ թէ Սալէհ Ճաոտաթի, Ահմատ Րամիի եւ Միխայիլ Նաիմէի ծերութիւնը:
Բանաստեղծութիւնը քեզ կայուն եկամուտի եւ սովորական վայրը չի՛ տանիր, կամ եռանդոտ տեսաերիզին՝ ընտանիքիդ անդամներուն միջեւ, այլ՝ կը տանի քեզ հեռաւոր կալանավայրեր, յուսահատ զրոյցներու, փոխանակող դեղատուներ եւ խենթերու հիւանդանոց:
Ինչպէս նաեւ՝ կօշիկներուն հետ խօսելու՝ գործարանական գրասենեակներէն ներս:
Մահացու քնկոտութիւն՝ սահմանային դիրքերու վրայ:
Ամէնօրեայ թերթերուն:
Դէպի անապատ՝ հեռու ընտանիքէդ, հայրենիքէն, փոքրիկնուրդ այտերուն փափուկ աղուամազէն, այնտեղ՝ ուր կրնար ո՛չ ոք ուրախացնել, կամ ոեւէ մէկէն վնասը հեռացնել:
Իսկ որպէսզի մեծանուն բանաստեղծ մը ըլլաս՝ պէտք է անկեղծ ըլլաս:
Իսկ որպէսզի անկեղծ ըլլաս՝ պէտք է ազատ ըլլաս:
Իսկ որպէսզի ազատ ըլլաս՝ պէտք է ապրիս:
Իսկ որպէսզի ապրիս՝ պէտք է լռես:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 44
Վաղարշապատ
1 Ծնած է 23 սեպտեմբեր 1923-ին, մահացած՝ 17 փե-տրուար 2016-ին: Գրող, 20-րդ դարու եգիպտացի ամենէն նշանաւոր լրագրողներէն մէկը եղած է: Խմբագրած է եգիպտական «Ալ-Ահրամ» օրաթերթը: Հեղինակ է շուրջ երեք տասնեակ գիրքերու:
2 Ապու ալ-Թայէպ ալ-Մութանապի (915-965): Արաբ ամենէն նշանաւոր եւ տաղանդաւոր բանաստեղծներէն մէկը: Հեղինակ է աւելի քան 300 բանաստեղծութիւններու: Ինն տարեկանէն սկսած է գրել: Իր բանաստեղծութիւններուն մեծամասնութիւնը օրուան մեծաւորներուն ուղղուած փառաբանանքեր են:
3 Ապու Ալի ալ-Հասան, որ ծանօթ է Ապու Նաուաս անունով (762-813): Հարուն ալ-Րաշիտի դարաշրջանի ամենէն նշանաւոր արաբ բանաստեղծը, որ միաժամանակ համարուած է արաբական դասական գրականութեան ամենէն վառ ներկայացուցիչներէն մէկը:
4 Փոլ Վերլէն, ֆրանսացի բանաստեղծ (30 մարտ 1844, 8 յունուար 1896):
5 Ապու ալ-Ուալիտ Պըն Ուպէյտ Ալլահ ալ-Պուհթարի ալ-Թանուխի: Ծնած է Սուրիա, 821-ին, եւ մահացած՝ 897-ին: Արաբ նշանաւոր բանաստեղծ եւ բանասէր: