Գիւ­տե­րու Մրցա­վազ­քը Մին­չեւ Ո՞ւր

Նա­խա­պէս գիւ­տե­րը ար­դիւնք էին միայն անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մը, կա­րի­քի մը: Այժմ յա­ռա­ջա­ցած է շու­կա­յա­կան մրցակ­ցու­թեան գոր­ծօ­նը եւ զար­մա­նա­լի չէ, որ ըն­կե­րու­թիւն­ներ այս ա­ռա­ջադ­րան­քով բուռն մրցակ­ցու­թեան դաշտ նե­տ-ւած են: Այս ըն­թաց­քով կար­ծես թէ մար­դը կը սկսի դառ­նալ երկ­րոր­դա­կան…:

*

Ա­ՐԵ­ՒԱ­ՅԻՆ ՈՒ­ԺԱ­ՆԻՒ­ԹԻ 6 ՆՈ­ՐԱ­ՐԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ա­րե­ւա­յին ու­ժա­նիւ­թը շատ ժո­ղովր­դա­յին դար­ձած է: Մար­դիկ ա­ւե­լի քան եր­բեք սկսած են լրջօ­րէն մտա­ծել այ­լընտ­րան­քա­յին եւ մա­քուր ու­ժա­նիւ­թի մա­սին:

Ա­ՐԵ­ՒԱ­ՅԻՆ ՈՒ­ԺԱ­ՆԻՒ­ԹԻ Ա­ՄԵՆԷՆ ՀԵ­ՏԱՔՐՔ­ՐԱ­ԿԱՆ 6 ՍԱՐ­ՔԵՐ

1.- Գնդա­ձեւ ա­րե­ւա­յին «Սֆի­րըլ» բար­դեր

Տիս­քօ-գունդ յի­շեց­նող այս սար­քը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւն ար­տադ­րող մե­քե­նայ մըն է: Ճա­բո­նա­կան «Քիո­սե­մի» ըն­կե­րու­թիւ­նը իր ա­րե­ւա­յին բար­դե­րը գնդա­ձեւ տես­քով նա­խագ­ծած է, որ­պէս­զի ըն­դար­ձա­կէ ե­լեկտ­րա­կան հո­սան­քի  ար­տադ­րու­թեան մաս­նակ­ցող մա­կե­րե­սը:

2.- Հո­լո­վա­կան «Վի.3» ա­րե­ւա­յին բար­դեր 

«Վի.3 Սո­լըր»  ըն­կե­րու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած է ա­րե­ւա­յին բար­դի իր նա­խա­գի­ծը: Այս երկ­նա­գոյն պրիս­մա­կը 20 ան­գամ ա­ւե­լի շատ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւն կ՚ար­տադ­րէ, քան հար­թա­րե­ւա­յին բար­դե­րը: Սար­քը պաշտ­պանուած է գեր­տա­քա­ցու­մէ, քա­նի որ աշ­խա­տան­քի ժա­մա­նակ հո­լո­վա­կան շարժ­ման շնոր­հիւ բար­դի մա­կե­րե­սը ա­նընդ­հատ կը սա­ռի:

3.- «Այ.Պի.Էմ.»-ի «ա­րե­ւա­ծա­ղիկ­նե­րը»

«Այ.Պի.Էմ.» կ՚աշ­խա­տի «Բարձր խտա­ցեալ ե­լեկտ­րա­կան ջեր­մա­յին հա­մա­կարգ»ի վրայ: «Այ.Պի.Էմ.»ի «ա­րե­ւա­ծա­ղիկ­նե­րը» կը հա­ւա­քեն 2000 ան­գամ ա­ւե­լի շատ ա­րե­ւա­յին ու­ժա­նիւթ, քան հարթ բար­դե­րը, եւ ըն­դու­նակ են ա­րե­ւա­յին եւ ջեր­մա­յին ու­ժա­նիւ­թը 80 առ հա­րիւ­րով ա­ւե­լի ե­լեկտ­րա­կան հո­սանք փո­խա­կեր­պել, քան ա­ւան­դա­կան ա­րե­ւա­յին բար­դե­րը:

4.- Ճկուն բար­դեր

Ա­մե­րի­կեան «Սանֆ­լէր»ը ներ­կա­յա­ցու­ցած է սե­փա­կան ճկուն ա­րե­ւա­յին բար­դե­րը: Ա­տոնք այն­քան ճկուն են, որ կրնան փաթ­թուիլ ժա­պա­ւէ­նի պէս: Այս բար­դե­րը կրնան ո­րե­ւէ մա­կե­րե­ւոյ­թի ձեւ առ­նել, իսկ ա­տոնց ծան­րու­թիւ­նը 65 առ հա­րիւ­րով նուազ է ա­ւան­դա­կան հարթ բար­դե­րէն, իսկ ազ­դե­ցու­թիւ­նը՝ 10 առ հա­րիւ­րով ա­ւե­լի:

5.- «Թես­լայ»ի ա­րե­ւա­յին տա­նիք­ներ

Շա­տեր կը տե­ղադ­րեն ա­րե­ւա­յին բար­դեր, սա­կայն «Թես­լան» ո­րո­շած է պատ­րաս­տել ա­րե­ւա­յին տա­նիք­ներ: Յա­տուկ ա­րե­ւա­յին կղմինտ­րը չորս տե­սա­կի պատ­րաս­տուած է, որ­պէս­զի ծա­ռա­յէ ո՛չ միայն իբ­րեւ ու­ժա­նիւ­թի աղ­բիւր, այլ նաեւ ո­ճա­յին, գե­ղե­ցիկ ըլ­լայ: Ըն­կե­րու­թիւ­նը կ՚ու­զէ հա­մար­կել ա­րե­ւա­յին տա­նիք­նե­րը իր մնա­ցեալ ար­տադ­րու­թիւն­նե­րուն:  Կը ծրագ­րուի, որ ա­տոնք կ՚աշ­խա­տին «Փաու­րուոլ 2.0»ի հետ եւ ան­շուշտ, կրնան ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեամբ բա­նող ինք­նա­շարժ­նե­րը լից­քա­ւո­րել: Յայ­տա­րա­րուե­ցաւ նաեւ, որ այս տա­նիք­նե­րը ա­ւե­լի ա­ժան կ՚ըլ­լան, քան՝ սո­վո­րա­կան­նե­րը:

6.- Ա­րե­ւա­յին-պա­տու­հան թա­փան­ցիկ բար­դեր

«Սո­լըր Ո­ւին­տօ» ըն­կե­րու­թիւ­նը կը պնդէ, որ իր ստեղ­ծած ճար­տա­րա­գի­տու­թեամբ կա­րե­լի է 50 ան­գամ ա­ւե­լի շատ ու­ժա­նիւթ ստա­նալ, քան սո­վո­րա­կան ա­րե­ւա­յին բար­դե­րով: Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ խօս­քը յա­տուկ թա­փան­ցիկ նիւ­թի մա­սին է, ո­րով պա­տե­լով ո­րե­ւէ  պա­տու­հան կամ մա­կե­րես՝ կա­րե­լի է ա­ռանց լոյ­սի թա­փան­ցու­մին վրայ ազ­դե­լու, զգա­լիօ­րէն կրճա­տել ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան ծախ­սե­րը:

ՊԱՌ­ԿԱԾ ՎԻ­ՃԱ­ԿՈՎ ՀԱ­ՄԱ­ԿԱՐ­ԳԻ­ՉՈՎ ԱՇ­ԽԱ­ՏԵ­ԼՈՒ ՀԱ­ՄԱՐ Ա­ԹՈՌ

Գաղտ­նիք չէ, որ միշտ նստած մնա­լը վտան­գա­ւոր է ա­ռող­ջու­թեան հա­մար եւ կրնայ շարք մը  հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու դուռ բա­նալ: Եր­կար նստե­լու ժխտա­կան կող­մե­րուն մա­սին թե­րեւս լաւ գի­տեն գրա­սե­նե­կա­յին աշ­խա­տող­նե­րը, ո­րոնց օգ­նե­լու հա­մար ա­մե­րի­կեան «Ալ­թուորք»ը ստեղ­ծած է նո­րա­րա­րա­կան ա­թոռ՝ «Ալ­թուորք սթէյ­շըն»: Ա­տի­կա ա­ռա­ջին հա­յեաց­քով նման է ա­տամ­նա­բոյ­ժի ա­թո­ռին, սա­կայն ի­րա­կա­նու­թեան մէջ նա­խա­տե­սուած է ո­րե­ւէ դիր­քով պառ­կե­լու եւ միա­ժա­մա­նակ հա­մա­կար­գի­չով աշ­խա­տե­լու հա­մար:

Ա­թո­ռը ու­նի աշ­խա­տան­քի 4 ձե­ւեր, աշ­խա­տե­լու հա­մար  նա­խընտ­րած դիր­քով՝ պառ­կած, կի­սա­պառ­կած կամ նստած: Կը նշուի, որ դիր­քէ մը դէ­պի միւ­սին ան­ցու­մը կը կա­տարուի միայն կո­ճա­կի մը հպու­մով:

Ու­շագ­րաւ նմու­շին գի­նը միայն… 5900 տո­լար է:

ՄԱՐԴ­ԿԱ­ՅԻՆ ՈՒ­ԺՈՎ ԲԱ­ՆՈՂ ՎԵ­ՐԵ­ԼԱԿ

Հո­լան­տա­ցի գիտ­նա­կան­նե­րը վեր­ջերս ներ­կա­յա­ցու­ցին մարդ­կա­յին ու­ժով բա­նող վե­րե­լակ մը, որ կ՚աշ­խա­տի ճա­խա­րա­կի սկզբուն­քով եւ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւն պէտք չէ:

Նո­րա­րար վե­րե­լա­կը բա­ւա­կան քիչ տեղ կը գրա­ւէ եւ յար­մա­րա­ւէտ է իւ­րա­քան­չիւր օգ­տա­գոր­ծո­ղի հա­մար՝ ան­կախ տա­րի­քէն: Ա­տի­կա բա­ւա­կան դիւ­րին է աշ­խատց­նել, ո­րով­հե­տեւ կը պա­հան­ջէ աս­տի­ճան­նե­րով բարձ­րա­նա­լու ա­տեն յատ­կա­ցուող ու­ժին միայն 10 առ հա­րիւ­րը: Վե­րե­լա­կը աշ­խատց­նե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է միայն ձեռ­քե­րու քա­շող, ա­պա՝ ոտ­քե­րու հրող շար­ժու­մը:

Վե­րե­լա­կը չի կրնար աշ­խա­տիլ հաշ­ման­դա­մի ա­թո­ռով մար­դոց հա­մար: Այս սար­քը տա­կա­ւին նա­խա­տիպ է եւ կը գտնուի վե­րամ­շակ­ման փու­լի մէջ:

ՆՈՐ ՍԱՐ­ՔԵ­ՐԸ ԹՈՅԼ ԿՈՒ ՏԱՆ ԵՐԿ­ՎԱՅՐ­ԿԵԱՆ­ՆԵ­ՐՈՒ ՄԷՋ ԼԻՑ­ՔԱ­ՒՈ­ՐԵԼ ՀԵ­ՌԱ­ՁԱՅՆ ՄԸ

Կեդ­րո­նա­կան Ֆլո­րի­տա­յի հա­մալ­սա­րա­նի գիտ­նա­կան­նե­րը մշա­կած են նոր ճկուն ճար­տա­րա­գի­տու­թիւն մը, որ կը պա­հէ ա­ւե­լի ուժ եւ բջի­ջա­յի­նը կը լից­քա­ւո­րէ 30 հա­զա­րէ ա­ւե­լի  ան­գամ: Նոր ձե­ւը կրնայ ճար­տա­րա­գի­տա­կան յե­ղաշր­ջում կա­տա­րել զա­նա­զան մար­զե­րու մէջ: Ե­թէ ա­ւար­տա­կան բար­դե­րը (պա­թը­րի) փո­խա­րի­նուին այս սար­քե­րով, կա­րե­լի կ՚ըլ­լայ հե­ռա­ձայ­նը լից­քա­ւո­րել երկ­վայր­կեան­նե­րու ըն­թաց­քին:

Սո­վո­րա­կան բար­դե­րը ան­գոր­ծա­ծե­լի կ՚ըլ­լան մօտ 18 ամ­սուան օգ­տա­գոր­ծու­մէն ետք: Գիտ­նա­կան­նե­րու կար­ծի­քով ա­ւան­դա­կան բար­դե­րը պէտք է փո­խա­րի­նել այս նոր սար­քով:

ԱՐ­ՀԵՍ­ՏԱ­ԿԱՆ ՄԻՏ­ՔԻ Ա­ՊԱ­ԳԱՆ

Հոն­քոն­կեան «Ա­յի­տիա» ներդ­րու­մա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը գոր­ծարք­ներ կնքե­լու ա­տեն կ՚օգ­տա­գոր­ծէ Ար­հես­տա­կան Միտ­քը:

Ներդ­րու­մա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը մշա­կած է «Ար­հես­տա­կան Միտք»ի հի­ման վրայ հա­մա­կարգ մը, որ կրնայ վեր­լու­ծել տնտե­սա­կան ի­րա­վի­ճա­կը, կան­խա­գու­շա­կում­ներ ը­նել եւ ներդ­րում­նե­րու հա­մար ծրա­գիր ա­ռա­ջար­կել: Հա­մա­կար­գէն օգ­տուող­նե­րէն կը պա­հան­ջուի միայն ո­րոշ տուեալ­ներ: Հե­տա­գայ բո­լոր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը կա­տա­րուին ա­ռանց մար­դու մաս­նակ­ցու­թեան: Ըստ «Ա­յի­տիա»ի գի­տա­կան բաժ­նի գլխա­ւոր մաս­նա­գէտ Պեն Կո­յէրտ­զե­լիի՝ «Ե­թէ նոյ­նիսկ բո­լո­րը մեռ­նին, «Ար­հես­տա­կան Միտք»ը  կը շա­րու­նա­կէ գոր­ծարք­ներ կա­տա­րել»:

«Ար­հես­տա­կան Միտք»ը կը վեր­լու­ծէ շու­կա­յա­կան գի­նե­րը, տնտե­սա­կան ցու­ցա­նիշ­նե­րը, հա­շուա­պա­հա­կան հա­շուե­տուու­թիւն­նե­րը, կան­խա­գու­շա­կում­ներ կ՚ը­նէ տնտե­սա­կան ի­րա­վի­ճա­կին վե­րա­բե­րեալ եւ կ՚ա­ռա­ջար­կէ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ծրա­գիր:

«Ար­հես­տա­կան Միտք»ը կ՚ամ­րապն­դէ իր դիր­քե­րը ո՛չ միայն ե­լեւմ­տա­կան մար­զին մէջ, այլ, ըստ մաս­նա­գէտ­նե­րու, ա­պա­գա­յին պի­տի գրա­ւէ տե­ղե­կա­տուա­կան ճար­տա­րա­գի­տու­թիւն­նե­րու մար­զի  աշ­խա­տա­տե­ղինե­րու 80 առ հա­րիւ­րը, կը ղե­կա­վա­րէ ըն­կե­րու­թիւն­ներ, դրա­մա­տու­ներ եւ ո­րո­շում­ներ կու տայ մեր փո­խա­րէն:

«Է­ՓԸԼ» ԿԸ ՓՈՐ­ՁԷ «ԱՅ­ՖՈՆ 8»Ե­ՐԸ

«Է­փըլ» ըն­կե­րու­թիւ­նը կը փոր­ձէ «Այ­Ֆոն»ի այն տե­սակ­նե­րը, ո­րոնք պի­տի ներ­կա­յա­ցուին 2017-ին: Նա­խա­տի­պե­րէն մէկն ալ «Օ­ԼԵՏ» ճկուն պաս­տա­ռով խե­լա­ցի բջի­ջա­յին հե­ռա­ձայնն է:

Այժմ կը փոր­ձուին սար­քե­րու ա­ւե­լի քան տա­սը տար­բե­րակ­ներ, ո­րոնց­մէ քա­նի մը հա­տը տա­կա­ւին  նա­խագծ­ման փու­լի մէջ են: «Այ­Ֆոն»ի ա­պա­գայ տե­սակ­նե­րէն միայն մէ­կը պի­տի ու­նե­նայ «Օ­ԼԵՏ» ճկուն պաս­տառ եւ պի­տի ըլ­լայ ա­մե­նէն սու­ղը:

«Շարփ» ըն­կե­րու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Թայ Ճեն Վուն նա­խա­պէս հաս­տա­տած էր այն տե­ղե­կու­թիւ­նը, որ «Այ­Ֆոն 8»ը պի­տի  ու­նե­նայ «Օ­ԼԵՏ» պաս­տառ: Ան նշած է, որ «Էլ.Թի.Փի.Փի.Էս»ե­րէն հրա­ժա­րի­լը միակ ու­ղին է «Է­փըլ»ի հա­մար, ե­թէ ըն­կե­րու­թիւ­նը կ՚ու­զէ նո­րա­րա­րա­կան ար­տադ­րու­թեամբ  ներ­կա­յա­նալ շու­կայ:

ԴԻ­ՄԱ­ՏԵՏ­ՐԸ ԿԸ ՓՈՐ­ՁԷ «ԳՏԻՐ Ո­ՒԱՅ-ՖԱՅ»Ը

Դի­մա­տետ­րի ըն­կե­րու­թիւ­նը սկսած է փոր­ձար­կել հան­րա­յին վայ­րե­րու մէջ անվ­ճար «Ո­ւայ-Ֆայ» կեդ­րոն­նե­րու ո­րոն­ման  «Գտիր Ո­ւայ-Ֆայ»ը, որ տե­ղա­կադ­րուած է Դի­մա­տետ­րի յա­ւե­լուա­ծի ցու­ցա­կին վրայ: Ա­տի­կա գոր­ծար­կե­լէ ետք կը բա­ցուի քար­տէս մը, ուր նշուած կ՚ըլ­լան օգ­տա­գոր­ծո­ղին ա­մենէն մօտ ան­լար հա­մա­ցան­ցի հա­սա­նե­լի կէ­տե­րը:

Յա­ւե­լուա­ծին մէջ նաեւ կա­րե­լի է տե­ղե­կա­նալ, թէ օգ­տա­գոր­ծո­ղը որ­քան ժա­մա­նա­կի մէջ կրնայ հաս­նիլ անհ­րա­ժեշտ հա­սա­նե­լի կէ­տին:

Դի­մա­տետ­րի ըն­կե­րու­թիւ­նը կը նշէ, որ «Գտիր Ո­ւայ-Ֆայ»ի նպա­տակն է օգ­նել մար­դոց միշտ կա­պի մէջ մնա­լու ի­րենց ըն­կեր­նե­րուն հետ:

ԴԻ­ՄԱ­ՏԵՏ­ՐԻ ԾՐԱԳ­ՐԱ­ՅԻՆ Ա­ՊԱ­ՀՈ­ՎՈՒ­ՄԸ

Դի­մա­տետ­րը մշա­կած է յա­տուկ ծրագ­րա­յին ա­պա­հո­վում, ո­րուն մի­ջո­ցով կա­րե­լի կ՚ըլ­լայ Չի­նաս­տա­նի ո­րոշ շրջան­նե­րու մէջ ըն­կե­րա­յին ցան­ցի լրա­հո­սի այս կամ այն ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը փա­կել:

Դի­մա­տետ­րի հիմ­նա­դիր Մարք Զու­քեր­պըրկ շա­հա-գըրգ­ռուած է Չի­նաս­տա­նի մէջ ըն­կե­րա­յին ցան­ցի աշ­խա­տան­քով: Նոր ծրագ­րա­յին ա­պա­հով­ման մշա­կու­մով կը պահ­պա­նուին գրաքն­նու­թեան չի­նա­կան կա­նոն­նե­րը եւ տուեալ շու­կա­յին մէջ յա­ջո­ղու­թեամբ աշ­խա­տիլ: Կը նշուի, որ վե­րահսկ­ման հա­մար պա­տաս­խա­նա­տու է ոչ թէ Դի­մա­տետ­րը, այլ ա­նոր գոր­ծըն­կեր­նե­րը՝ չի­նա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը: Ա­նոնք կը հե­տե­ւին հան­րա­ծա­նօթ  բնա­բան­նե­րուն եւ կը կան­խեն օգ­տա­գոր­ծող­նե­րու  լրա­հո­սին մէջ այս կամ այն ար­ձա­նագ­րու­թեան  յայտ­նուի­լը:

ԹԵ­ԼԵԿ­ՐԱ­ՄԻ ՄԷՋ ՅԱՅՏ­ՆՈՒԱԾ Է ԴԻ­ՄԱ­ՏԵՏ­ՐԻ «ԻՆՍ­ԹԸՆԹ ԱՐ­ԹԻ­ՔԸԼ»Ի ՆՄԱ­ՆԱ­ԿԸ

«Թե­լեկ­րամ մե­սեն­ճըր»ին մէջ յայտ­նուած է գոր­ծա­ռոյթ մը, որ նման է Դի­մա­տետ­րի «Ինս­թընթ ար­թի­քըլ» ին, նաեւ՝ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու սե­փա­կան խմբա­գ­րին: Այս մա­սին նշուած է ըն­կե­րու­թեան կայ­քին մէջ:

«Թե­լեկ­րամ ինս­թընթ վիւ» ծա­ռա­յու­թիւ­նը թոյլ կու տայ կայ­քե­րու է­ջե­րուն մէջ յղում­նե­րը բա­նալ ան­մի­ջա­պէս «մե­սեն­ճըր»ին մէջ: Դի­տե­լու հա­մար, «Ինս­թընթ վիւ»ին մէջ  ու­ղար­կուած հա­ղոր­դագ­րու­թեան տակ կը յայտ­նուի հա­մա­պա­տաս­խան կո­ճակ: Ա­ռայժմ «մե­սեն­ճըր»ը կը գոր­ծէ քա­նի մը ո­րոշ կայ­քե­րու հետ, ո­րոնց թի­ւը հե­տա­գա­յին կը մեծ­նայ:

«Թե­լեկ­րամ»ը նաեւ ներ­կա­յա­ցու­ցած է նշում­ներ ստեղ­ծե­լու ծա­ռա­յու­թիւն, ուր կա­րե­լի է լու­սան­կար­ներ, յղում­ներ եւ այլ հա­շիւ ա­ւելց­նել: Հե­տա­գա­յին կա­րե­լի է ա­տոնք նաեւ ու­ղար­կել եւ դի­տել «ան­մի­ջա­պէս մե­սեն­ճըր»ին մէջ՝ եւ «Ինս­թընթ Վիւ»ի, եւ «պրաու­զըր»ի մի­ջո­ցով:

«ՄԱՅՔ­ՐՈ­ՍՈՖԹ» ԿԸ ԶԲԱ­ՂԻ ՔԱ­ՆԱ­ԿԱ­ՅԻՆ ՀԱ­ՄԱ­ԿԱՐ­ԳԻՉ­ՆԵ­ՐՈՒ ԱՐ­ՏԱԴ­ՐՈՒ­ԹԵԱՄԲ

Քա­նա­կա­յին ճար­տա­րա­գի­տու­թիւն­նե­րը կը  բարձ­րաց­նեն հա­մա­կար­գիչ­նե­րու հա­շուիչ հզօ­րու­թիւն­նե­րը: Բազ­մա­թիւ ըն­կե­րու­թիւն­ներ կը  գի­տակ­ցին ա­տոր, եւ հի­մա «Կու­կըլ»ին եւ «Այ.Պի.Էմ»ին կը միա­նայ նաեւ «Մայք­րո­սոֆթ»ը: Սո­վո­րա­կան հա­մա­կար­գիչ­նե­րը կ՚աշ­խա­տին 2-ա­կան հա­մա­կար­գով (0-1-ե­րու հա­մա­կարգ), իսկ քա­նա­կա­յին հա­մա­կար­գիչ­նե­րուն մէջ կ՚օգ­տա­գործուին այն­պի­սի հա­մա­կար­գեր, ո­րոնք կրնան գտնուիլ նոյն ա­տեն քա­նի մը վի­ճա­կի մէջ: Ա­սի­կա կը նշա­նա­կէ հա­շուիչ  հզօ­րու­թիւն­նե­րու յա­ւե­լում:

Ան­շուշտ քա­նա­կա­յին հա­մա­կար­գիչ­նե­րը խա­ղեր խա­ղա­լը ա­ւե­լի յար­մա­րա­ւէտ դարձ­նե­լու հա­մար չեն: Այս հա­մա­կար­գիչ­նե­րուն հզօ­րու­թիւ­նը պի­տի օգ­տա­գոր­ծուին ար­հես­տա­կան ու­շի­մու­թեան, կլի­մա­յա­կան պայ­ման­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման կամ բժշկա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու հա­մար, ուր հսկա­յա­կան տուեալ­նե­րու մշակ­ման կա­րիք կայ:

Օգ­տա­գոր­ծուած աղ­բիւր­ներ՝

«Տը Տէյ­լի Մէյլ», «Տը Ո­ւալ Սթրիթ­Ճըր­նըլ», «­Ֆիւ­թիւ­րիզմ», «Էն­կա­ճետ», «Քոմ­փիւ­թըր Ո­ւորլտ»

Պատրաստեց՝ ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016