ARVESTI

Լիբանանի պատերազմի ահաւոր ու անգործ օրերուն անհատը կ՚որոնէր պատառը ստեղծելու միջոցներ: Ժառանգաբար փոխանցուած շնորհքը կը յայտնուի, գտած է պահը եւ անհատին մտապատկերին մէջ կը գծէ բնութեան բարիքները, մետաղներն ու քարերը կը միաձուլուին. «Արմատներս Պոլիսէն կու գան, հայրս դերձակ էր, մեծ հայրս՝ պղնձագործ: Մեծ հայրս իմ ծնունդիս մահացաւ, ես չեմ տեսած զայն, սակայն ահաւասիկ իրեն նման պղինձով կը ստեղծագործեմ», կը սկսի պատմել արուեստագէտը:

Կենն ու ժառանգականութիւնը կը դրդեն իրարու, ծնունդ կու տան ներշնչումին, որ տաղանդի դրսեւորումով, ժամանակի ընթացքին, արուեստի կը վերածուի՝ «Պղինձին ջերմութիւնը, փափկութիւնը սիրեցի ու անոր հետ պատահական հաղորդակցութիւնս հետզհետէ հօր ու որդիի հարազատութեան նմանեցաւ. սկսայ ոչինչով ու հասայ պղինձի թագաւորութեան» յայտնեց արուեստագէտ՝ Գէորգ Խաչերեան իր ասպարէզի սիզբին ակնարկելով:

Արուեստը ի սկզբանէ կը պտըտի ժառանգականութեան միջոցով: Հինէն ի վեր գոյութիւն ունեցած եւ սերունդներուն այս ձեւով փոխանցուած է եւ իւրաքանչիւր ժառանգորդ իր դրոշմով նորութիւն մը պարգեւած է արուեստին, զարգացուցած զայն, իւրօրինակ յատկութիւն մը շնորհած անոր՝ «Երբեմն զարդեղէններուն մէջ կը համադրեմ հինն ու նորը, հին ու անտաշ քարերը կը շարեմ նորերուն կողքին. նպատակս անշուշտ պատմութիւնը հաղորդելն է, թէ ի՛նչ ուղի անցած է քարը իր պատմութեան ընթացքին, ի՛նչ էր նախնական ձեւը եւ ի՛նչ է մարդկային միջամտութեամբ»:

Որոնում մըն է կեանքը, անհատը անգիտակցաբար կ՚որոնէ եւ կը փորձէ գտնել ի՛ր տեղը. ինքնորոնումը կը շարունակուի մինչեւ որ յայտնուի բանալին այն տեղին, որուն ինք կը պատկանի եւ ջանքը կ՚երկարէ օգնութեան ձեռքը, կը ստեղծուին ներշնչումին արգասիքները. գեղեցիկին տեսքով ու խանդավառութեամբ կը ստեղծուին ուրիշներ, նորեր. մէկին մէջ պատմութիւնը գլուխ կը ցցէ ու կը յայտնուի շատ գեղեցիկ թագաւորական թագ մը՝ «Րահպանիներու (Լիբանանի նշանաւոր թատերական խումբ) թատրոններուն թագերը իմ գործս են», ուրիշի մը մէջ բնութիւնը կը ներկայանայ գեղեցիկ երանգներով՝ «Մանիշակագոյն քարերը սեւ պղինձով համադրեցի վզնոցի մը մէջ. ուզեցի ներկայացնել լաւանտրի պարտէզներուն գիշերային տեսքը», այլերու մէջ գեղեցիկի իր տեսանկիւնը կը ներկայացնէ... ու կը շարուին ստեղծագործութիւնները՝ ամէն մէկը գեղեցկութիւն մը, պաստառ մը, ներաշխարհի ապրում մը պատկերելով:

... Եւ տարիները կը սահին ստեղծագործութեանց աճումով, գեղեցիկին հմայքը կը տարածուի տարիներուն հոսքին հետ. հռչակը կու գայ, արմատ կը դնէ ու կը սկսի տարածուիլ՝ «1995-ին առաջին մրցանակը ստացայ, երբ Լիբանանի մէջ այս արուեստով ստեղծագործողներուն միջեւ համաշխարհային մրցոյթ մը տեղի ունեցաւ: Հարսի հագուստ մը ստեղծեցի այն ատեն, ամբողջութեամբ պղնձահիւս քարերով հագուստ մը, արծաթաջրուած, շատ գնահատուեցաւ. ապա գործերս ցուցահանդէսի կազմակերպիչներուն նախաձեռնութեամբ Ֆրանսա՝ Muse՛e de la Mode տարուեցան եւ ցուցադրուեցան: Յետագային ցուցադրութիւնները շարունակեցի աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ՝ Անգլիա, եւրոպական տարբեր երկիրներ, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհի երկիրներուն մէջ՝ Պահրէյն, Քաթար, Սաուտական Արաբիա, Ծոցի երկիրներ, Քուէյթ, Միացեալ Էմիրութիւններ... բազմաթիւ արաբ իշխանուհիներ թագերս կրած են: Մօտ օրէն Ապու Տապիի մէջ կայանալիք ցուցահանդէսի մը պատրաստութիւնները կը տեսնեմ. յուսանք Լիբանանի հարցերը չեն խոչընդոտեր եւ կ՚իրականանայ ցուցադրութեան մասնակցութիւնս»:

Գէորգին հետ զրոյցի պահուն յանկարծ դուն քեզ կը գտնես արուեստանոցի մը մէջ, ուր պղնձեայ տարբեր երանգներով բարակ ու հաստ թելեր, բնութեան ընդերքներէն բերուած զարմանազան քարեր ցանուած են, սեղան մը, գործիքներ ու ինք, որ կը ստեղծագործէ. «Քաոս մըն է իմ աշխատանոցս,- կ՚ըսէ Գէորգ Պէյրութի իր աշխատանոցին ակնարկելով,- ուր եթէ մէկը մտնէ՝ ինքզինք կրնայ կորսնցնել, բայց իմ աշխարհս է, անոր ամէն մէկ անկիւնը ինծի համար պատմութիւն մը ունի, հոն է որ ներսս կը խաղաղի, կը պոռթկայ, կը յուզուի, կ՚ուրախանայ եւ ծնունդ կու տայ ստեղծագործութիւններուս: Հոս եւս մօտ օրէն պիտի ունենամ աշխատանոց մը»:

Սակայն այս քաոսին մէջ միայն զարդեր չեն ստեղծուիր. «Երբ զարդերէն խճողուի միտքս եւ ուզեմ հանգստացնել ներաշխարհս՝ կը փոխեմ ստեղծագործութեան տեսակը եւ կը սկսիմ աշխատիլ արծաթով կամ պղինձով խաչեր ստեղծելով: Հայաստանի մէջ եօթ եկեղեցիներու խաչ նուիրած եմ, աւանդաբար ամէն տարի մէկ եկեղեցիի. ուխտի պէս բան մը: Այդ եկեղեցիներուն մէջ Ս. Մկրտութեան եւ Ս. Պսակի արարողութիւնները իմ նուիրած խաչերովս տեղի կ՚ունենան: Անցեալ տարի գաւազան մը նուիրեցի Արցախի առաջնորդ՝ Պարգեւ Սրբազանին: Սրբազանը «Մարտական խաչ» կոչեց գաւազանին խաչը եւ ըսաւ, որ նոր զինուորները այս խաչով պիտի մկրտէ, քանի անիկա կը տարբերէր աւանդական գաւազաններու զարդերէն՝ օձ եւ այլ յատկանիշերով զարդարուած չէր, այլ արծիւ պատկերած էի խաչին երկու կողմերը, այն մտայղացումով, որ Արցախը կը գտնուի բարձրաւանդակի մը վրայ եւ հոն միայն արծիւներ կը բնակին. արծիւի պէս բարձրէն դիտելու համար»:

Պէյրութէն հայրենիք հաստատուելուն մասին. «Կենին եւ հայկական արմատներուն կանչը հոս բերաւ զիս՝ վերադարձ դէպի արմատներ, քանի ինչ որ կ՚ընես դուրսը, ատիկա քեզի չի պատկանիր, ինչ որ հողիդ վրայ կ՚ընես՝ քուկդ է: Հոս մարդիկ արուեստը գնահատող են, հասուն է անոնց մօտ արուեստի հասկացողութիւնը: Յաճախորդներ կու գան ու ժամերով հետս կը զրուցեն զարդի մը մասին հարցնելով»:

Աշխատանոցի գաղափարը շարունակելով. «Կ՚ուզեմ աշխատանոցին մէջ սերունդ պատրաստելու գործին ձեռնարկել եւ իմ գիտցածիս՝ արհեստին գաղտնիքներուն հաղորդակից դարձնել հայ նոր սերունդէն փափաք ունեցողներուն: Արհեստ կ՚ըսեմ, քանի արուեստը տաղանդէն կու գայ եւ տաղանդը փոխանցելը կարելի չէ, բայց կրնայ յայտնուիլ անհատին մէջ սորվելու ընթացքին: Շատերու սորվեցուցած եմ, բայց ոմանք չեն շարունակած. յոյս ունիմ որ այս ծրագիրը եւս կ՚իրականանայ հայրենիքի մէջ»:

Վերջերս Լիբանանէն բազմաթիւ ընտանիքներ հաստատուեցան հայրենիք: Արեւելքէն հայրենիք հաստատուողներուն փաղանգին մաս կը կազմէ նաեւ Գէորգը. «Մենք արեւելքէն ենք,- կ՚ըսէ ան,- արեւելքի ժողովուրդը տաղանդաւոր կ՚ըլլայ, արեւը իրենց քովէն կը ծագի»:

Գէորգ Խաչերեան Լիբանանի Արուեստագէտներու միութեան նախագահն է: Այժմ «Արինջ մոլ»ի հարեւանութեամբ նորաբաց MULTI GOLD ոսկերչական կեդրոնի վաճառասրահներէն մէկը Գէորգ Խաչերեանի ARVESTI վաճառասրահն է:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 6, 2019