ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ. ԵՂԲԱՅՐՍ՝ ԵՐՈՒԱՆԴԸ

Դարձեալ Տիթրոյիթ եմ. սակայն ո՛չ ամէն անգամուայ նման, այլ՝ իբրեւ սգաւոր: Եկած եմ յարգանքի վերջին տուրք-բաժինս տալու ինձմէ տարիքով քիչ մը աւելի փոքր եղբօրս՝ Երուանդին: Եկած էի հրաժեշտ տալու այն հարազատիս, որ լաւ ճանչցած էր ժամանակի ողբերգանական ահազանգը: Եղբայրս մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած էր անշշուկ, առանց մնաք բարովի: Եւ ընդհանրապէս «հրաժեշտները ուրախ վերջ չեն ունենար». ըսած էին մեր մեծերը եւ աւելցուցած. «տաժանելի» ալ են եւ «արցունքով փաթթուած» կ՚ըլլան:

Արդ, ինչպէ՞ս զինք ներկայացնեմ: Ուրկէ՞ սկսիմ: Ինչպէ՞ս գնահատեմ կամ արժեւորեմ մէկու մը կեանքը, որ իր սրտին ու մտքին ամբողջ ճոխութիւնը բաժնած էր բոլորին:

Օրին, դամբանական մըն ալ չունեցաւ: Իսկ ես ալ, իմ կարգիս, ա՛յդ օր, ա՛յդ պահուն, իր յուղարկաւորութեան յարգանքի տուրք մատուցող հայ եւ օտար ներկայ եղող հարիւրաւոր ցաւակիցներուն նոյնիսկ չկարողացայ իմ արդար եւ համեստ ու հարազատ խօսքերովս, եղբայրս ներկայացնել:

Հաւատացէ՛ք... չկա...րո...ղա...ցայ...: Բայց, վստահաբար, անոնք որոնք զինք մօտէն ճանչնալու պատեհ եւ գեղեցիկ առիթը ունեցած էին եւ վայելած իր մտերմութիւնը, ծառայասիրութիւնն ու անսակարկ զոհաբերող ոգին, անվարան կրնան վկայել, թէ հանգուցեալ եղբայրս եղած էր երախտապարտ նկարագրի տէր հայ դեղագործ մը եւ պարտաճանաչ միութենական, հաւատարիմ կուսակցական, ինչպէս Աստուծոյ տան մէջ իբրեւ սիրայօժար ծառայող-սարկաւագ, նաեւ նոյնիսկ տարիներով ծխական խորհուրդի անդամ: Մէկը, որ գործած էր նուիրումով, մեկնելով ազնիւ եւ անոխակալ եւ հայ մարդու գութով լեցուն սկզբունքներէն: Ահա թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ան դարձած էր փնտռուած, սիրուած եւ օրինակելի անձ մը:

Տակաւին կարելի է յիշել. որ Երուանդ՝ անհուն սիրով կապուած էր իր ընտանիքին: Եղած էր 48 երկար տարիներու վրայ երկարող օրինակելի ամուսին մը, թէ՛ գթասիրտ, թէ՛ զոհաբերող հայր, մեծ հայր եւ եղբայր: Իր երեք զաւակներն ալ հասցուցած էր համալսարանական բարձրագոյն վկայականներու: Ապա երկու մանչերը ամուսնացուցած՝ անոնց տուն տեղ դարձուցած, միաժամանակ վայելելով երեք սիրասուն թոռներու ներկայութիւն:

Անոր համար եւ հարզատօրէն իր 80 տարուայ կեանքը կարելի է ամփոփել երկու բառով. «անխոնջ աշխատանք» ու նոյնքան՝ «անսակարկ ծառայութիւն»:

Մեծն ու փոքրը յարգել գիտէր, գնահատել ալ գիտէր, եւ իբրեւ երախտապարտ անձնաւորութիւն՝ այս ոգիով ապրեցաւ ու նաեւ իբրեւ բարի օրինակ՝ ապրեցուց իր շուրջիններն ալ: Ուրախացաւ իր շրջապատին յաջողութիւններով եւ սակայն տագնապեցաւ՝ ձախողութիւններուն: Իր սէրը հաւասարապէս բաժնած էր բոլորին: Անվարան՝ տիթրոյիթահայութեան բացած էր իր լայն սիրտն ու ուղեղը: Սակայն նոյն այդ սիրտն ու ուղեղը քառասուն օրեր առաջ, ճակատագրի ծանր հարուածով, զինք դաւաճանելով նետած էին մահուան գիրկը, յաւիտենապէս բաժնելով մեր բոլորէն:

Բոլորն ալ համեստօրէն կրնան յիշել՝ մանաւանդ իր կենսունակ եւ զուարթ պերճախօս ու կատակասէր ներկայութիւնը: Իր ձայնն ու խնդուքը: Համեստ մէկը ըլլալով, երբեք չյուսահատեցաւ եւ չնահանջեց, այլ մնաց կանգուն միշտ համոզուած մարդկային առաքելութեան ծառայութեան:

Տիթրոյիթի մէջ, հակառակ իր դեղագործ եւ բազմազբաղ վիճակին, օրին եղած էր տեղւոյն նորաստեղծ ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր վարչութեան անդամ եւ իբրեւ ատենապետ՝ ծառայած երկար շրջան: Տակաւին՝ անդամ էր շրջանի ՀՅԴ շարքերուն, «Համազգային»ի եւ «Վարդանանց Ասպետ»ներուն, նաեւ մասնակից դարձած գաղութի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրաց դասին եւ սարկաւագաց խումբին: Տիթրոյիթահայութեան ճանաչելի եւ սիրելի դէմքերէն մէկը դարձած էր:

Մարդիկ կան, որոնց ներկայութիւնը կը լուսաւորէ աշխարհդ: Ինք անոնցմէ էր:

Դիմացինը հաղորդակից դարձնող անհատ: Մէկ խօսքով, չնախատեսուած երեւոյթ մը, որուն նկատմամբ միայն զմայլանք եւ հիացում կ՚ունենաս: Ձրի ծափ եւ գովասանք հաճոյք չէր եղած գաղութին նուիրած իր անսակարկ աշխատանքը: Պարտաճանաչ եւ յանձնառու ըլլալով, ամէն առիթով խինդ եւ ուրախութիւն պարգեւած էր իրեն հանդիպողին եւ բարձրացուցած անոր տրամադրութիւնը:

Քէֆը սիրող ըլլալով հանդերձ, իր ժպտուն դէմքով եւ կատակներով լեցուն խօսքերով, ներշնչող մըն ալ էր եւ սրտեր պարուրող: Ապրեցաւ կեանքը լիակատար ինքնավստահութեամբ եւ ողջամիտ պարզութեամբ: Իր գործին եւ նկարագրին մէջ միախառնուած եւ ձուլուած էին այդ բոլոր ազնիւ կէտերը, որոնք ժառանգած էր իր ծնողքէն:

Արդ, կ՚ուզեմ եւ շատ կը փորձեմ կեանքը իր ձեւապաշտ վիճակէն դուրս բերել, բայց, ինծի համար այս մէկը անկարելի կը թուի: Իր մեծ բացակայութիւնը, բոլոր յուշերս եւ երազանքներս իր հետ տանելով ո՛չ միայն ցնցած էր, այլեւ՝ մեծ բաց մը ձգած կեանքիս մէջ: Ու հիմա, միշտ կը զգամ իր մնայուն ներկայութիւնը սրտիս ու մտքիս մէջ, իբրեւ բարի յիշատակ եւ բարի անուն: Իր հոգին կ՚ապրի յիշողութեանս մէջ, իբրեւ մնայուն բնակիչ ու ամէն վայրկեան զգացումներս շօշափելով կը թափառի արեանս մէջ, իր հարազատ պատմութիւններով:

Գիտեմ... այս տողերը իմ պարտքս են, որովհետեւ իրաւունք չունիմ զինք մոռացութեան մատնելու՝ մանաւանդ, որ միասին կիսած էինք մեր անմեղ մանկութիւնը, մեր համեստ պատանեկութիւնն ու մեր հետաքրքրաշատ երիտասարդ տարիները:

Ըսած են. «մարդ կ՚ապրի այնքան ատեն, որքան կը յիշուի»: Ճիշդ են: Թող իր յիշատակը մնայ անթառամ: Խունկ եւ աղօթք իր շիրիմին եւ հանգիստ՝ իր ոսկորներուն:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 6, 2024