ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ Ա­ՌԱՋ­ՆՈՐԴ Տ. ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏ­ԳԱ­ՄԸ

«Ա­րե­գակն ար­դա­րու­թեան այ­սօր յայտ­նե­ցաւ ազ­գի մարդ­կան»։
­Ներսէս Շնորհալ
ի

Երկ­նա­յին կան­թե­ղի մը պէս կը ցո­լար Բեթ­ղե­հէ­մի աստ­ղը՝ թանձր ու կա­պոյտ ծած­կո­ցին տակ ան­թե­ղե­լով հրա­շա­լի սպա­սու­մի ու յու­սոյ կայ­ծը։ Ցուրտ ու խա­ւար եր­կին­քը մերթ ընդ մերթ կը կլա­նէր աստ­ղը՝ ա­նոր փայ­լը նսե­մաց­նե­լու նեն­գա­միտ մի­տու­մով, բայց ան­զօր գտնուե­լով շի­ջա­նիլ, տե­ղի կու տար երկ­նա­յին լոյ­սին։ Եր­կինք ու եր­կիր եր­կուն­քի մէջ էին, ո­րով­հե­տեւ աստ­ղէն ա­րեւ պի­տի ծնէր եւ Կոյ­սէն՝ Աս­տուա­ծոր­դի։ Ա­ռա­ւօ­տուն, երբ խա­ւա­րը ցրուե­ցաւ եւ աստ­ղե­րը մա­րե­ցին, երկ­նա­յին քո­ղի ե­տե­ւէն ճա­ռա­գեց պայ­ծառ ա­րե­գա­կը՝ Յի­սուս Փրկի­չը ծնաւ։

Յի­րա­ւի, Աս­տուա­ծոր­դու՝ մեր Տի­րոջ եւ Փրկչի Յի­սուս Քրիս­տո­սի Ծնուն­դը աշ­խար­հի մարդ­կու­թեան կեան­քին մէջ ճա­ռա­գայ­թող ար­դա­րու­թեան ա­րե­գակն է։ Ինչ­պէս Շնոր­հա­լի Հայ­րա­պե­տը կ՚ը­սէ. «Ա­րե­գակն ար­դա­րու­թեան այ­սօր յայտ­նե­ցաւ ազ­գի մարդ­կա­ն»:  Եւ ի՞նչ է ար­դա­րու­թեան ա­րե­գա­կը, ե­թէ ոչ քրիս­տո­նեա­յի կեան­քին ու­ղե­ցոյ­ցը, բա­րո­յա­կան եւ հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րու փոր­ձա­քա­րը, ճշդի ու ճշմար­տա­ցիի չա­փո­րո­շի­չը, մեր խղճի ու խղճմտան­քի գո­րո­վա­յորդ աղ­բիւ­րը։

Վաղն­ջա­կան ժա­մա­նակ­նե­րէն, Քրիս­տո­սէն իսկ ա­ռաջ, մարդ ա­րա­րա­ծը միշտ ա­պա­ւի­նած է երկ­նա­յին լու­սա­տուին ոչ միայն ա­նոր հա­մար, որ ա­րե­ւը կեան­քի աղ­բիւրն է, այլ՝ ո­րով­հե­տեւ ա­նոր մի­ջո­ցաւ ո­րո­շած է ժա­մա­նակն ու ե­ղա­նա­կը, տա­րա­ծու­թեան մա­կե­րե­ւոյ­թին վրայ՝ բե­ւե­ռա­յին դիրքն ու ուղ­ղու­թիւ­նը։ Բնաւ ալ պա­տա­հա­կան չէ, որ ա­րա­րի­չը չճանչ­ցող­ներ պաշ­տած եւ աս­տուա­ծա­ցու­ցած են ա­րե­ւի երկ­նա­յին զօ­րու­թիւ­նը։

Երբ խո­րա­մուխ կ՚ըլ­լանք Սուրբ Ծննդեան խոր­հուր­դին, մա­նա­ւանդ՝ մարդ­կու­թեան փրկու­թեան աս­տուա­ծա­յին եւ ան­սուտ խոս­տու­մին, մեր գի­տակ­ցու­թեան մէջ ա­ռա­ւել կը յստա­կա­նայ Ար­դա­րու­թեան Ա­րե­գա­կի գա­ղա­փա­րը եւ ա­նոր մի­ջո­ցաւ՝ աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թեան հաս­տա­տու­մը։

Աշ­խար­հ տագ­նա­պա­լի օ­րե­րէ կ՚անց­նի։ Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, կրօ­նա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան խմո­րում­ներ ան­կա­յուն վի­ճակ­ներ ստեղ­ծած են ա­մէ­նու­րեք․ փխրուն է խա­ղա­ղու­թիւ­նը, օ­դը վա­ռօդ կը հո­տի։ Ա­մե­նէն սոս­կա­լին, սա­կայն, խռո­վեալ հո­գու եւ ան­հան­գիստ մտքի մոր­մոքն է, որ մարդ ա­րա­րածն ան­սահ­ման ա­նո­րո­շու­թեան մէջ կո­րու­սեալ եւ թա­փա­ռա­կան կը դարձ­նէ՝ ան­ջուր եւ ան­հանգ­րուան (Սաղ­մոս 106։4)։ Մո­լո­րուած է մարդ­կու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ խա­թա­րուած են ար­ժե­հա­մա­կար­գե­րը, խառ­նուած են մեղքն ու շնորհ­քը, սուտն ու շի­տա­կը, սեւն ու ճեր­մա­կը, պղտորն ու վճի­տը։ Պե­տու­թիւն­ներ պա­տե­րազմ­ներ կը հրահ­րեն, ամ­բոխ­ներ կը զի­նեն, սու­րեր ճօ­ճե­լով ի­րա­րու կը սպառ­նան, բայց յա­ջորդ պա­հուն չքմե­ղե­լով՝ բարձր ամ­պիոն­նե­րէն խա­ղա­ղու­թիւն կը ջա­տա­գո­վեն։ «Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թի՛ւ­ն», «ա­զա­տա­կա­նու­թի՛ւ­ն», «յա­ռաջ­դի­մու­թի՛ւ­ն», «բռնա­պե­տու­թի՛ւ­ն», «ա­նա­զա­տու­թի՛ւ­ն», «յե­տա­դի­մու­թի՛ւ­ն» եւ ամ­պա­գոռ­գոռ այլ բա­ռեր, ի­րենց խե­ղա­թիւ­րուած ըմբռնում­նե­րով, խառ­նի­խուռն են­թի­մաստ­նե­րով, կա­մա­յա­կան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով պա­րու­րած են մե­զ՝ սար­դոս­տայ­նի մէջ խճճե­լու։ Ա­կա­մայ, մեր մտքի պա­տան­դը դար­ձած ենք եւ վախ­նա­լով զգա­յուն այս բա­ռե­րը «սխա­լ» ար­տա­բե­րե­լէ՝ կը խու­սա­նա­ւինք գնա­հա­տա­կան­նե­րէ, ո­րա­կում­նե­րէ եւ հաս­տա­տում­նե­րէ։ Ա­նա­րեւ, ան­լոյս, անսկզ­բունք, ա­նի­րա­կան եւ անյս­տակ օ­րեր կ՚ապ­րինք ցա­ւօք, ո­րով­հե­տեւ կորսն­ցու­ցած ենք քրիս­տո­նէա­կան մեր կողմ­նո­րո­շու­մը եւ չենք ա­պա­ւի­նիր երկ­նա­յին լու­սա­տուին։

Սուրբ Ծնունդ է այ­սօր, տա­րե­մուտ։ Ար­դա­րու­թեան ա­րե­գա­կը կը փայ­լի երկ­նա­կա­մա­րին վրայ։ Մա­նուկ Յի­սու­սը ծնաւ։ Հայր Աս­տուած հա­ճե­ցաւ մարդ­կու­թեան ըն­ծա­յել եւս մէկ ա­ռիթ՝ ա­պա­շա­ւու­թեան, նո­րո­գու­թեան եւ վե­րագըտ-նու­մի։ Յի­սու­սի ծնունդն այ­սօր, Յու­նուա­րեան այս պաղ օ­րե­րուն մեզ ա­ռիթ կու տայ նո­րէն ա­րե­ւե­լու, որ­պէս­զի իր­մով լու­սա­ւո­րուինք, ջեր­մա­նանք ու ջեր­մաց­նենք, իր­մով ա­ռաջ­նոր­դուինք, իր­մով չա­փենք աշ­խար­հի չարն ու բա­րին, լաւն ու թե­րին։ Ար­դա­րու­թեան աս­տուա­ծա­յին ա­րե­գա­կը մեր մէջ ծա­գե­լով՝ կը պայ­ծա­ռա­կեր­պէ մեր կեան­քը, կը փո­խէ մեր աշ­խար­հա­հա­յեաց­քը, կը պար­զէ մեր միտ­քը, կը յստա­կեց­նէ մեր շուար հա­յեացք­նե­րը։ Նո­րա­ծին Յի­սուս իր սուրբ ծնուն­դով կ՚ա­զա­տագ­րէ մե­զ վա­խի կա­պանք­նե­րէն, որ­պէս­զի ա­զա­տօ­րէն ար­տա­յայ­տենք մեր գա­ղա­փար­նե­րը յա­նուն ար­դա­րու­թեան եւ ճշմար­տու­թեան՝ ա­ռանց տուրք տա­լու ե­րես­պաշ­տու­թեան, շին­ծու եւ ժա­մա­նա­կավ­րէպ ար­ժէք­նե­րու։ Աս­տուած ար­դա­րու­թեան ա­րե­գա­կը կը ծա­գեց­նէ, որ­պէս­զի մեր կեան­քին ըն­թաց­քը ճիշդ ու­ղիի վրայ դնենք, որ­պէս­զի յե­տայ­սու չխրա­խու­սենք մեղ­քը, չփա­ռա­բա­նենք տկա­րու­թիւ­նը եւ ա­ռաջ­նոր­դուինք «մէկ չափ, մէկ կշի­ռ» բա­րո­յա­կան սկզբուն­քով։

Նոր Տա­րուոյ սե­մին, երբ Քրիս­տո­սի Ծնուն­դը կը տօ­նախմ­բենք, այս մտա­ծում­նե­րը ա­ռիթ կու տան մե­զի հա­շուե­յար­դա­րի մը են­թար­կե­լու մեր կեանքն ու մեր հո­գե­ւոր ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան ողջ ըն­թաց­քը: Երբ կ՚անդ­րա­դառ­նանք մեր ան­ցեա­լի խա­ւա­րա­յին ըն­թաց­քին ու ան­կեղծ զղջում մը կ՚ու­նե­նանք, կը լու­սա­ւո­րուի մեր կեան­քը Սուրբ Ծննդեան ար­շա­լոյ­սով։ Կը խոս­տա­նանք մեր նոր կեան­քը դնել Աս­տու­ծոյ ձեռ­քե­րուն մէջ, որ­պէս­զի Ինք խմո­րէ մեր հո­գե­ւոր կեան­քը եւ մեր մէջ ա­ռա­տաց­նէ հա­ւատ­քը, յոյսն ու սէ­րը եւ փա­փա­քը բո­լոր տե­սա­կի ա­ռա­քի­նու­թեանց հան­դէպ: Այս ի­մաս­տով, Յի­սու­սի ծնուն­դը կե­նա­րար պատ­գամ է ուղ­ղուած բո­լո­րիս, որ­պէս­զի սի­րենք զի­րա­ր, սի­րենք մեր Ե­կե­ղե­ցին, ազգն ու Հայ­րե­նի­քը: Յի­սու­սի Ծնուն­դը կոչ կ՚ուղ­ղէ մե­զի ըլ­լա­լու կա­տա­րեալ, օ­րի­նա­կե­լի, ար­դա­րա­միտ, սկզբուն­քա­յին, խա­ղա­ղա­սէր, խո­նարհ, մար­դա­սէր, ճշմար­տա­խօս, քաջ, ստեղ­ծա­րար, տե­սիլ­քով ու հա­ւատ­քով ա­ռաջ­նոր­դուող սպա­սա­ւոր:

Եւ տա­կա­ւին, մեր բա­րո­յա­կան եւ հո­գե­ւոր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը այս­քա­նով չի սահ­մա­նա­փա­կուիր։ Որ­պէս ճշմա­րիտ քրիս­տո­նեայ, պար­տինք ա­ղօ­թել նաեւ ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք չեն ճանչ­նար Աշ­խար­հի Փրկի­չը։ Կ՚ա­ղօ­թենք աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թեան հա­մար, պա­տե­րազմ­նե­րու, բնա­կան ար­հա­ւիրք­նե­րու պատ­ճա­ռաւ մեզ­մէ ան­ժա­մա­նակ հե­ռա­ցած­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք գո­ցե­ցին աչ­քեր­նին Սուրբ Ծննդեան ար­շա­լոյ­սը չվա­յե­լած։ Կ՚ա­ղօ­թենք եւ կը յու­սանք, որ 2017 թուա­կա­նը բա­րե­բեր տա­րի մը ըլ­լայ բո­լո­րիս հա­մար։

«Ա­րե­գակն ար­դա­րու­թեան այ­սօր յայտ­նե­ցաւ ազ­գի մարդ­կա­ն»:

Քրիս­տոս Ծնաւ եւ Յայտ­նե­ցաւ․ Օրհ­նեալ է յայտ­նու­թիւ­նը Քրիս­տո­սի։

Պըր­պենք, 2017

Շաբաթ, Յունուար 7, 2017