ՄԵՌԵԼՈՑԻ ԵՒ ԳԵՐԵԶՄԱՆՕՐՀՆԷՔԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԵՂԵՑԻԿ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ
Հայ եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն, հինգ տաղաւարներու յաջորդող երկուշաբթի օրերը կը կոչուին մեռելոց, այսինքն՝ մեր հանգուցեալներու յիշատակը հաւաքական կերպով յարգելու սահմանուած յատուկ օրեր: Տարուան 365 օրերու հեւքոտ ընթացքը մեր աչքին առջեւ ունենալով, երբ յաճախ ապրողներս ալ զիրար ալ կը մոռնանք, կը տեսնենք, որ մեր հայրերու կարգադրութիւնը որքա՜ն իմաստուն է: Արդարեւ, այդ օր մեզմէ բաժնուած հարազատները կը դառնան մեր կեանքին առանցքը, կը յիշենք զիրենք, կ՚այցելենք անոնց մասունքներու երկրաւոր վերջին տաղաւարը, հաւատքի ու աղօթքի ճամբով կը վերամիանանք իրարու եւ կը բաժնենք կանխող մեծ տօներու խորհուրդն ու օրհնութիւնները: Իրարու հետ բաժնել, միասին տօնել եւ ոչ թէ միայն սգալ անոնց կորուստը, ահա ա՛յս է հիմնականին մէջ մեռելոցի օրուան հասկացողութիւնը:
Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան համաձայն, եկեղեցւոյ մաս կը կազմեն այս աշխարհի մէջ ապրող եւ այս կեանքէն մեկնած հաւատացեալները, ծանօթ՝ Զինուորեալ եկեղեցի եւ Յաղթական եկեղեցի անունով: Մենք եւ հանգուցեալները կը կազմենք մէկ ամբողջութիւն եւ կ՚ապրինք հոգեւոր նոյն շրջանակին մէջ: Մենք կը հաւատանք, որ մեր հանգուցեալ սիրելիներուն հոգիները կը շարունակեն ապրիլ մեզի հետ սպասելով մեր Տիրոջ երկրորդ գալուստին: Յիսուս ըսաւ՝ «Ով որ իմ խօսքս գործադրէ, յաւիտեան պիտի չմեռնի» (Յովհ. 8.51): Մեր սիրելիները ապրեցան այս կեանքի մէջ՝ հաւատալով Քրիստոսի եւ մեկնեցան այս աշխարհէն: Մենք կը յիշենք զանոնք ամէն օր, կը քալենք անոնց ճամբաներէն, անոնց անունները կու տանք մեր զաւակներուն՝ հաւատալով, որ անոնք չեն կորսուիր մոռացութեան ու անօթութեան մէջ, այլ մեր միջեւ եղող հոգեւոր կամուրջը անխափան կը մնայ:
Մեռելոցի օրերուն մեր ննջեցեալներու գերեզմաններուն՝ վրայ կ՚աղօթենք: Սա գեղեցիկ աւանդութիւն մըն է, որ իր օգուտը ունի թէ՛ մեզի եւ թէ հանգուցեալին համար: Մեր օգուտը այն է, որ մեզ կը զօրացնէ անդենական կեանքի մեր հաւատքին մէջ՝ ի Քրիստոս ննջած մեր սիրելիներուն սէրը կենդանի պահելով մեր մէջ: Իսկ հանգուցեալի պարագային, ճիշդ է, որ այս արարողութեամբ անոնք անմիջապէս դրախտ չեն մտներ, բայց կը հաւատանք սրտի խորերէն առ Աստուած ուղղուած աղօթքի ու աղաչանքի զօրութեան, որմէ կ՚օգտը-ւին ո՛չ միայն ողջերը, այլեւ՝ մեռածները:
Բոլոր անոնք, որոնք կը տարակուսին այս ճշմարտութեան, կրնան բանալ Աստուածաշունչ մատեանը եւ այդտեղ կարդալ, որ ողջերու սրտագին աղաչանքներուն ընդառաջելով՝ Բարերարն Աստուած ոչ միայն միօրեայ մեռած Նայինի պատանին ու Յայրոսի դուստրը կեանքի կոչեց, այլեւ չորս օրուան թաղուած Ղազարոսին կեանք պարգեւեց: Միթէ Բարեգութն Աստուած որ մօր մը, հօր մը եւ քոյրերու խնդրանքները ան-նըկատ չթողուց՝ մեռելները յարուցանելով, արդեօք պիտի անտեսէ՞ ննջեցեալներու մեղքերուն թողութեան համար մեր աղաչանքները: Ահա թէ ինչո՛ւ համար առհասարակ հանգուցեալներու համար եղած աղօթքները հոգեհանգիստ թէ գերեզմանօրհնէք, երբ կը կատարենք սրտաբեկ աղաչանքով, գիտակից հաւատքով եւ բարեյոյս ակնկալութեամբ, խորքին մէջ Աստուծոյ խնամքին կը յանձնենք անոնց հոգիները՝ վստահելով, որ Իր անհուն սիրով Ան լաւագոյնս կը տնօրինէ:
Այս հաւատքով, սիրելի՛ հայորդի, երբ մեռելոցի օրը մոմ վառես հարազատներուդ շիրիմին վրայ, զայն վառէ՝ խնդրելով, որ Երկնաւոր Հայրը իր ողորմութեամբ վերաբերի անոնց հետ: Ս. Ներսէս Շնորհալիի խօսքերով Տէրը «ջնջէ» անոնց «յանցանքներու ձեռագիր եւ գրէ անոնց անունները կեանքի գրքին մէջ», իր լոյսի խորաններուն մէջ ընդունելով անոնց հոգիները: Խնդրէ նաեւ, որ Աստուած լուսաւորէ քու միտքդ, որպէսզի քալես Իր Միածինին խաչով բացուած ճամբայէն, որ կեանքէն Կեանք առաջնորդող ճշմարիտ ճամբան է: Եւ փառք տուր Աստուծոյ, որ որպէս հայ քրիստոնեայ, մայրական արգանդէն քեզի այս կեանքին հրաւիրելէ ետք, մահուամբ՝ երկրի արգանդէն քեզ ճշմարիտ եւ յաւիտենական կեանքին պիտի առաջնորդէ: