ՅԵՆԱՐԱՆ

Կեանքի ճամբորդութիւնը ունի իր անխուսափելի ելեւէջները: Հինէն մարդու գլխաւոր նիւթերէն եղած է նոյնինքն մարդը: Ո՞վ է, ի՞նչ է եւ այլն: Առնենք «Մարդը ընկերային արարած մըն է» (Սոկրատ) խօսքը: Այդ պատճառաւ իսկ կազմուած են խմբակցութիւններ իրենց  մանրամասնութիւններով ու ճիւղաւորումներով: Հաւաքական կեանքը միայն մարդու չի վերաբերիր ի հարկէ: Ընդհանրապէս կենդանական աշխարհը հաւաքականութեամբ կ՚ապրի, սակայն ինչ ալ ըլլան, որքան ալ մօտիկ ըլլան այդ հաւաքականութեան անդամները, օր մը, տեղ մը, պահ մը մարդ պիտի զգայ առանձին, քանի որ ամէն ոք ունի իր յատկութիւններն ու երազները: Մէկ խօսքով՝ ներաշխարհը, որ կը տարբերի ուրիշներէ, եթէ նոյնիսկ ան ըլլայ արենակից, մօտիկ պարագայ, ինչպէս՝ հայր, մայր, քոյր, եղբայր եւ այլն:

Կուաթամա Սիտհարթա, իր հարցումներուն պատասխամ չգտնելով, առանձնացաւ՝ անտառ երթալով վեցամեայ խոկումներէ ետք գտաւ ի՛ր ճամբան, ուսուց եւ եղաւ միլիոններու ապաւէնը իբրեւ կրօն կամ փիլիսոփայութիւն:

Յիսուս առիթով մը ըսաւ. «Ես մինակ չեմ, Հայրը ինծի հետ է», իսկ Գեթսեմանէիի պարտէզին մէջ մնաց մինակ ու խաչին վրայ աղաղակեց. «Քու ափերուդ մէջ կ՚աւանդեմ իմ հոգիս»:

Նարեկացի իր «Մատեան ողբերգութեան» ԾԱ-ի մէջ առանձնութեան կը մատնուի ու հարցումի ծածկոցով կը փնտռէ որո՞ւ երթալ: Հուսկ, «Որո՞ւ պաղատիմ. Երկրաւոր գահերու իշխաններո՞ւն, որոնց հետ կ՚անցնի նաեւ բարութիւնը, կամ հարազատ եղբօ՞ր մը, որ իր անձին անդորրութիւնը փնտռելու պէտք ունի, կամ երկրաւոր հօ՞րս, որուն տարիքին հետ խնամքն ալ պակսած են, կամ զիս երկնող մօ՞ր արդեօք, որուն կեանքին վերջացումով դադրած են նաեւ գութն ու գորովը, կամ աշխարհի թագաւորութիւններո՞ւն արդեօք, որոնք միշտ մարդ սպաննելու արուեստը կը մշակեն, քան թէ զայն ապրեցնելու: Ո՛չ, երբեք: Այլ միայն Քեզի պիտի պաղատիմ, բարերար եւ երկինքի մէջ օրհնեալ Աստուած»:

Առանձնութեան զգացողութիւնը կը շեշտուի մանաւանդ յուսախաբութիւններու, հիւանդութիւններու ընթացքին, ինչպէս նաեւ տօնական օրերուն:

«Ոչ ոք ըսաւ հէք տղայ, արդեօք ինչո՞ւ կը մխայ» (Պ. Դուրեան):

ՄՈՒՍԱՅԻՆ նուիրած իր քերթուածով Չարենց կ՚ըսէ. «Մաքուր իմ սէր, միակ իմ զէն, …Ամէն վայրկեան ու ակնթարթ Դո՛ւ ես միայն ինձ հետ կիսել Թէ՛ վիշտ, թէ՛ վէրք, թէ՛ երգ, թէ՛ վարդ,- Մաքուր իմ սէր:… Ինչպէս երգչին - քնքուշ քնար, Զօրավարին - անկոր սուսեր,- Իմ զէ՛ն, իմ սո՛ւր, իմ հո՛ւր անմար,- Անհուն իմ սէր…»։

Մարդ առանձին կը ծնի ու կ՚ուղղուի դէպի առանձնութիւն (Պրահմանական):

Մարդ ԻՆՔ պիտի ըլլայ իր փրկիչ յենարանը, բաւարարութիւնը:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Պէյրութ

Երկուշաբթի, Յունուար 7, 2019