ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Դ.

ԹԷ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ ՋՈՒՐ ԿԸ ԿՈՉԷ

Խօսք. «Ով որ այս ջուրէն խմէ՝ դարձեալ պիտի ծարաւնայ» (Յհ 4.13):

Մեկնութիւն. Զգալի ջուրը չի յագեցներ ծարաւի պապակը, իսկ հոգեւոր ջուրը՝ կատարելապէս կը յագեցնէ, այդ պատճառով կ՚ըսէ.

Խօսք. «Բայց ով որ իմ տալիք ջուրէս խմէ» (Յհ 4.14):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ Սուրբ Հոգիին շնորհքներէն յաւիտեան պիտի չծարաւնայ:

Հարցում. Ինչո՞ւ համար Սուրբ Հոգիին շնորհները ջուրով կ՚օրինակէ:

Պատասխան. Բազմաթիւ պատճառներով, ինչպէս կ՚ըսէ մեկնիչդ. նախ՝ որովհետեւ ջուրը ծարաւը կը զովացնէ, այդպէս ալ Սուրբ Հոգին կարօտեալները կը լիացնէ: Երկրորդ՝ ջուրը աղտեղութիւնը կը լուայ, այդպէս ալ Սուրբ Հոգին մարդոց հոգիները կը մաքրագործէ: Երրորդ՝ ջուրը ջերմութիւնը կը նուազեցնէ, այդպէս ալ Սուրբ Հոգին մեր մէջի մեղքերուն հանդէպ ցանկութիւնը կը նուազեցնէ: Չորրորդ՝ ջուրը կրակին վառիլը կը խափանէ, այդպէս ալ Սուրբ Հոգին մահու չափ մեղքերու կիզումը: Հինգերորդ՝ ջուրը սերմերը կը բուսցնէ, այդպէս ալ Սուրբ Հոգին՝ արդարութեան բոյսերը: Վեցերորդ՝ ջուրը բուսածները կը ջրէ, այդպէս ալ Սուրբ Հոգիին շնորհքը կ՚առաջնորդէ, կը զօրացնէ եւ առաքինութեան կատարումին կը հասցնէ: Եօթներորդ՝ ջուրը իր որակութեամբ պարզ է, այդպէս ալ Սուրբ Հոգին անխառն է ամէն տեսակի աղտեղութիւններէ: Ութերորդ՝ ջուրը կը տաքնայ ու կը պաղի, այդպէս ալ Սուրբ Հոգին բարեգործներուն կը գթայ, իսկ չարերէն ողորմութիւնը կը վերցնէ: Իններորդ՝ ջուրը քաղցր է, այդպէս ալ Սուրբ Հոգին քաղցր է եւ բոլորը կը քաղցրացնէ: Տասներորդ՝ ջուրը ըստ չափի կենդանութիւն կու տայ, այդպէս ալ Սուրբ Հոգին ըստ կրողներուն չափին՝ շնորհներ կու տայ: Տասնմէկերորդ՝ ջուրը անդադար է, այդպէս ալ Սուրբ Հոգին մշտաշարժ է: Տասներկրորդ՝ ջուրը իրենց ընդդիմացողները կը խեղդէ, այդպէս ալ անոնք որոնք Սուրբ Հոգիին կը հայհոյեն՝ «պիտի չներուին, այլ՝ կորուստի պիտի ենթարկուին» (Հմմտ. Մտ 12.32), կ՚ըսէ Տէրը:

ԹԷ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ ՀԱՐԿԱՒՈՐ (ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ) ԿԸ ԿՈՉՈՒԻ

Դարձեալ, Սուրբ Հոգին այլ կերպով ալ կրակի յատկութիւնը ունի, ինչպէս կ՚ըսէր Մկրտիչը. «Անիկա ձեզ Սուրբ Հոգիով եւ կրակով պիտի մկրտէ» (Մտ 3.11), եւ նոյնինքն Տէրը կ՚ըսէր. «Եկայ կրակ ձգելու երկրի վրայ» (Ղկ 12.49), եւ կատարուեցաւ, երբ Վերնատան մէջ հրեղէն լեզուներով իջաւ:

Ասիկա ըստ բազմաթիւ գաղափարներով. նախ՝ ինչպէս որ կրակը կ՚այրէ ու կ՚ապականէ, այդպէս ալ Սուրբ Հոգին կը կիզէ ու կ՚ապականէ մեղքերու բոլոր ունակութիւնները: Երկրորդ՝ կրակը կը լուսաւորէ, այդպէս ալ Սուրբ Հոգին կը լուաւորէ այն հոգիները, որոնց մէջ կը բնակի: Երրորդ՝ կրակը միարար է, այդպէս ալ Սուրբ Հոգին մեր հոգիները կը միաւորէ Հօր եւ Որդիին հետ, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ օրէնքներուն: Չորրորդ՝ կրակը բաժանարար է ժանգին ու արծաթին, այդպէս ալ Սուրբ Հոգին մարդոց հոգիէն կը բաժնէ մեղքերու ժանգը: Հինգերորդ՝ կրակը մշտաշարժ է, այդպէս ալ Սուրբ Հոգին միշտ կը ներգործէ սրբութիւնը: Վեցերորդ՝ կրակը ինքնաշարժ է [ինքն իրեն շարժող], եւ Սուրբ Հոգին ալ ո՛ւր որ կ՚ուզէ կը փչէ՝ որչափ եւ որքան: Եօթներորդ՝ կրակը ծածուկ է եւ յայտնի, այդպէս ալ Սուրբ Հոգին նախ ծածկաբար եւ ապա յայտնապէս կը ներգործէ: Ութերորդ՝ կրակը կ՚աճի, եւ Սուրբ Հոգին ալ օր ըստ օրէ կ՚աւելցնէ զօրութիւնը Իրեն մօտիկներուն: Իններորդ՝ կրակը ամէն տեղ է, եւ «Տիրոջ Հոգին ամբողջ տիեզերքը լեցուց» (Իմաստ 1.7), կ՚ըսէ: Տասներորդ՝ [կրակը] ինչ բանի որ մօտենայ, իր նման կրակի կը դարձնէ, այդպէս ալ Սուրբ Հոգիին շնորհքը՝ զայն ընդունողները շնորհաբաշխ կը դարձնէ: Տասնմէկերորդ՝ կրակը անփոփոխ է, այդպէս ալ Հոգիին շնորհքը զԻնք ընդունողները անփոփոխապէս ճշմարիտ կը պահէ: Տասներկրորդ՝ կրակը կը տաքցնէ, այդպէս ալ Սուրբ Հոգին կը տաքցնէ Աստուծոյ եւ աստուածայիններուն սիրով, որոնց արժանի կը համարէ բնակիլ իրենց մէջ: Հետեւաբար յայտնի է, որ Սուրբ Հոգին հովի նման կը պատկերացուի, ըստ այնմ. «Ուր որ ուզէ, կը փչէ» (Յհ 3.8), ինչպէս նաեւ ջուրով ու կրակով, ինչպէս այստեղ ցոյց տրուեցաւ:

Խօսք. «Բայց ով որ իմ տալիք ջուրէս խմէ՝ յաւիտեան պիտի չծարաւնայ» (Յհ 4.14):

Մեկնութիւն. Նախ՝ մկրտութեան ջուր է, որովհետեւ մէ՛կ անգամ կը մկրտուինք, ինչպէս Մարգարէն կ՚ըսէր. «Իմ անձս ծարաւի է Քեզի, Տէ՛ր» (տե՛ս Սղ 42.2), այսինքն՝ աւազանի շնորհներուն:

Դարձեալ, Սուրբ Հոգիին շնորհքը այնպէս կատարեալ կերպով կը լիացնէ, որով այլեւս նուազութեան կարօտութիւն չ՚ունենար:

Դարձեալ, Սուրբ Հոգիին շնորհքը մարդիկը յաւիտենական կեանքին կը հասցնէ, վայր, ուր այլեւս երբեք չի՛ ծարաւնար, այլ՝ այս առակին դիմաց, ինչպէս Սիրաքի որդին՝ Յեսուն կ՚ըսէ. «Ով որ ինձմէ խմէ, դարձեալ պիտի փափաքի ինձմէ» (Հմմտ. Սիրաք 24.29), եւ ասիկա ջուր իմաստութեան համար կ՚ըսէ:

Վարդապետները կը պատասխանեն, թէ ծարաւը երեք կերպով կը հասկցուի. նախ՝ ցոյց կու տայ կարօտութիւն մը, որ նախապէս մարդը չունէր, որպէս մարմնաւոր ջուր եւ հաց, որ ժամանակուան մը համար կը վերացնէ կարօտութիւնը եւ դարձեալ կարօտ կը զգայ, եւ այդպէս ալ իւրաքանչիւր ժամանակաւոր իր աւելի կը ծարաւցնէ, քան՝ կը վերցնէ ծարաւը, որովհետեւ ցանկութիւնը կը մեծցնէ: Երկրորդ՝ ծարաւը ցանկութիւնը ցոյց կու տայ, որ ձեւով մը ունի մարդը, սակայն կը փափաքի կատարեալ կերպով եւս ունենալ, ինչպէս մարդը, որ շնորհներով կ՚ընդունի աստուածայինները, չի՛ ծարաւնար, եթէ շնորհքով բնակի անոր մէջ, սակայն կը ծարաւնայ, որովհետեւ կատարելագոյն կերպով կ՚ունենայ, այսինքն՝ փառքով, եւ այդպէս ալ կը հասկցուի Սիրաքի որդի՝ Յեսուին խօսքը:

Դարձեալ, ծարաւի երրորդ կերպը կը նշանակէ սէր՝ առանց ձանձրոյթի: Այսպէս, երանելիները հանդերձեալին համար ծարաւնալ սորվեցուցին, որովհետեւ զԱստուած, զոր ունին, առանց ձանձրոյթի կը սիրեն, այդ պատճառով Տէրը կ՚ըսէ. «Բայց ով որ իմ տալիք ջուրէս խմէ՝ յաւիտեան պիտի չծարաւնայ» (Յհ 4.14): Պէտք է հասկնալ ըստ մէջի ծարաւի կերպին, որ Աստուծոյ շնորհները ունի, չի՛ փափաքիր այլ շնորհներ ունենալ, այլ՝ կը փափաքի զԱստուած կատարելապէս ունենալ, այսինքն՝ երանութեամբ, այդ պատճառով կ՚ըսէ.

ՀՈԳԻԻ ՇՆՈՐՀՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Ջուրը որ Ես պիտի տամ՝ անոր մէջ պիտի վերածուի աղբիւրի մը, որ ջուր կը ցայտէ եւ յաւիտենական կեանք կու տայ» (Յհ 4.14), եւ այլն:

Մեկնութիւն. Քրիստոս այստեղ Իր շնորհներուն երեք յատկութիւնները ցոյց կու տայ. նախ՝ որովհետեւ կատարելապէս կը յագեցնէ հոգիները, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ: Երկրորդ՝ որովհետեւ, ինչպէս աղբիւրը մարդու սիրտին մէջ արմատացած է, այդպէս ալ Հոգիին շնորհքը կեանքի երանութեամբ կ՚արմատանայ անոր մէջ եւ միշտ անպատմելի ուրախութեամբ սիրտէն ջուր կը բխէ, այդ պատճառով կ՚ըսէ. «...պիտի վերածուի աղբիւրի»: Երրորդ՝ որովհետեւ Աստուծոյ շնորհը կրնայ մեզ շուտով վերցնել մինչեւ վերջին կատարածը, որ է՝ Աստուած, որ կատարեալ հանգիստ է եւ բոլոր բարի բաներուն ստացումը, այդ պատճառով կ՚ըսէ. «...կը ցայտէ ու յաւիտենական կեանք կու տայ»:

Այդ ատեն գիտցաւ կինը՝ թէ ջուրը, որ խոստացաւ իրեն փափաքելի ու բարի է, թէեւ կատարելապէս չհասկցաւ, ատոր համար ալ Քրիստոսէ խնդրեց:

Խօսք. «Տէ՜ր, տո՛ւր ինծի այդ ջուրը» (Յհ 4.15):

Մեկնութիւն. Ետեւէն խնդրելու պատճառը կը ցուցնէ, ըսելով՝ «որպէսզի այլեւս չծարաւնամ եւ հոս չգամ ջուր քաշելու համար» (Յհ 4.15), այսինքն՝ որպէսզի ծարաւի վտանգէն եւ մարմինի աշխատանքէն ազատուիմ, որ կը կրեմ այտեղ գալով ու ջուր քաշելով, եւ ուսիս վրայ շալկելով:

Մեկնիչը չորս բան ցոյց կու տայ. նախ՝ որովհետեւ շուտ հետեւեցաւ ճշմարտութեան: Երկրորդ՝ որովհետեւ ճանչցաւ տենչումը, որ խնդրեց: Երրորդ՝ հաւատաց, թէ զայն ըմպելով այլեւս պիտի չծարաւնայ: Չորրորդ՝ Փրկիչը աւելի մեծ ճանչցաւ քան Յակոբը՝ այնպիսի ջուր տալով:

Իսկ ուրիշ վարդապետներ կ՚ըսեն, թէ այստեղ յայտնի է, որ այս կինը տակաւին զգալի ջուր կը խնդրէր, եւ կը թուի, թէ ան հասկցաւ որ Քրիստոսէ իրենց խոստացուած ջուրը, թէ երեք զօրութիւններ ունէր.

Նախ՝ վերացնել ծարաւութիւնը եւ ծարաւութեան պատճառը:

Երկրորդ՝ կատարեալ առողջութիւն եւ ուրախութիւն տալու:

Երրորդ՝ յաւիտենականաբար հաստատելու կենդանութիւնն ու առողջութիւնը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 34

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունուար 7, 2020