ՀԱՅՐԵՆԻ «ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ»Ը ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՐԳԱՐՈՒԵՍՏԸ

Երգարուեստը՝ երաժշտական ստեղծագործութիւններուն հիմնական այն մասն է, որ կ՚ամբողջանայ ու կը ներկայանայ ունկնդիրին՝ իր բառագանձով, բանաստեղծութեամբ: Տարբեր հարց, թէ մեկնաբանութեան (երգի կատարումի) ընթացքին՝ ունկնդիրը որքանո՞վ կ՚ըմբոշխնէ ու կը գնահատէ «երգ»ին երաժշտութիւնը եւ իր ապրումի պահուն նոյնքա՛ն հաւասար տեղ կու տա՞յ «բանաստեղծութեան» եւ անոր հեղինակին:

Երգարուեստը, յղացքէն մինչեւ մատուցում, իր ժողովուրդին ամենէն սրտամօտ արտայայտութիւնն է: Իսկ, անոր մատուցումը՝ անցեալին ձայնասփիւռով ու ներկայիս իր հեռուստատեսային սփռումով, արժանի է անով ոգեշնչուող արուեստասէրներու անվերապահ գնահատանքին:

Վերջին տասնամեակին, հայրենի հեռուստատեսութեան հաստատած «Հ.1. Հանրային առաջին ալիք»ի «Երգ երգոց» անուն հաղորդաշարը, ցարդ ութ տարիներու իր անխանգար գործունէութեամբ ՝ ինքնին մեծ եւ անփոխարինելի դեր կը կատարէ մանաւանդ սփիւռքահայութեան պարգեւած իր հայրենասիրական առաքելութեամբ:

Տարագիր սփիւռքահայութեան առաջին կիսադարուն (1920-1970), արեւմտահայ ծագումով շուրջ տասնեակ մը երաժիշտներ եւ երգահաններ նոր աւիշ ներարկեցին սփիւռքահայ երգարուեստին: Անոնք, եղան արժանի ժառանգորդները նախաեղեռնեան շրջանի երաժշտական մեր անուանի դէմքերուն, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ունեցանք Բարսեղ Կանաչեան, Համբարձում Պէրպէրեան, Շահան Պէրպէրեան, Աշոտ Պատմագրեան (ծագումով՝ իրանահայ), Հրանդ Գէորգեան (շրջան մը՝ Հայաստան), Վահան Պէտէլեան եւ Սեպուհ Աբգարեան (Կիպրոս), Իրան՝ Նիկոլ Գալենտէրեան, Ֆրանսա՝ Գ. Ալէմշահ, Արա Պարթեւեան, Գ. Կառվարենց եւ Շարլ Ազնաւուր, ԱՄՆ՝ Ալան Յովհաննէս, Գրիգոր Սիւնի եւ չյիշատակուած բազում երաժիշտներ եւ երգահաններ, որոնք իրենց ստեղծագործութիւններով սփիւռքահայ երգարուեստին նուիրեցին ազգային ոգի ու գեղարուեստական մակարդակ: Ապացոյց՝ իրենց իւրաքանչիւրին ներդրումը ժողովրդային թէ դասական յօրինումներով, մեներգի յատուկ՝ թէ երգչախմբային համերգներով: Այս ծիրէն ներս, օգտակար հրատարակութիւններու կարգին կը դասուի Սուրիա եւ լիբանանաբնակ երաժիշտներէն Գէորգ Աճէմեանի խմբագրած եւ 1930-1950-ական թուականներուն պարբերաբար հրատարակած (Հալէպ եւ Անթիլիաս) «Հայերէն երգէ» պատկերազարդ ձայնագրեալ երգարաններու շարքը (Ա.-Ժ.), որ նորակազմ սփիւռքահայ գաղութներուն ծանօթացուց հայրենի եւ սփիւռքահայ երգահանները իրենց երկերով: Ինչպէս նաեւ՝ այս ամէնուն մասին իր գիտական աշխատասիրութիւններով հայրենի հանրածանօթ երաժշտագէտ Ցիցիլիա Բրուտեան (տե՛ս «Հայրենաբաղձ հնչիւններ» (1962, 1964) եւ «Սփիւռքի հայ երաժիշտներ» (1968) զոյգ հատորները): Շարքը երկար է նմանատիպ այլ հրատարակութեանց հայրենի հեղինակաւոր դէմքերէ, եւս առաւել՝ Երեւանի պատկան մարմիններու եւ ձայնադարաններու մէջ կը յուսանք գտնել անհրաժեշտ տեսանիւթեր եւ ձայնագրութիւններ, որոնց լաւագոյններու հաւաքական օգտագործումով եւ սփիւռքահայ ներկայիս գործող երգահան, կամ երգիչ-երգչուհիներու օժանդակութեամբ պատրաստել յատուկ յայտագիրներ՝ նուիրուած սփիւռքահայ դասական երգարուեստին: Դժբախտաբար, «Երգ երգոց»ի սքանչելի այս հաղորդաշարէն, ցարդ ամբողջական յայտագիր մը չունեցանք, ի բաց առեալ թերեւս, յաւուր պատշաճի՝ հատ ու կենտ քանի մը ժողովրդականացած երգիչներու «ժողովրդային» երգերը:

Պէտք է գիտակցինք կարեւորութեանը սփիւռքահայ երաժշտութեան եւ երգարուեստին: Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան իրաւասութեան սահմաններէն ներս կ՚իյնայ, նաեւ տէր կանգնիլ սփիւռքի գրեթէ հարիւրամեայ մշակութային ու գեղարուեստի բոլոր մարզերու մէջ իրագործուած նուաճումներուն: Երգարուեստը՝ յանձնել «Երգ երգոց»ի խմբագրութեան: Ապա՝ անցնիլ միւս ճիւղերուն: Սփիւռքի գոյութիւնը պարտադիր իրողութիւն մըն էր, որուն ենթարկուեցաւ արեւմտահայութեան վերապրող սերունդը: Արդարեւ, հրաշքի համազօր երեւոյթ է, որ առանց պետական առաջնորդութեան եւ հոգածութեան, սփիւռքի հայկական գաղթօճախները բնազդօրէն շարունակեցին պահպանել իրենց ազգային աւանդոյթները, արեւմտահայ լեզուն ու գրականութիւնը: Մեր հայկական ինքնութեան պահպանումը շատ բան կը պարտի մանաւանդ՝ «եկեղեցի, դպրոց ու մամուլ» եռեակին, որ գիտցաւ սփիւռքահայուն մէջ վառ պահել Մշակութային Հայաստանի ոգին, յաղթահարել ամէն կարգի խոչընդոտներ ու քայլ պահել գեղարուեստի ու գիտական աշխարհի հետ՝ արձանագրելով բարձրակարգ նուաճումներ:

Ոգեղէն արժէքներու ստեղծումը կը հանդիսանայ անկողոպտելի այն գանձը, զոր կը պարտինք մեր հայրերու ու մեծ հայրերու սերունդին: Գիտնանք լաւագոյնս արժեւորել զայն ու ներկայացնել՝ պատմութեան դատաստանին:

Եւ այս՝ փոխադարձ ըմբռնումով ու վստահութեամբ:

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2018