​ՀԵՐԻՔՆԱԶ ԱՒԱԳԵԱՆ. «ԵԹԷ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՉՕԳՆԷՐ, ԱՆՀՆԱՐ ԷՐ, ՈՐ ԿԱՐՈՂԱՆԱՅԻՆՔ ԴՊՐՈՑԸ ՈՏՔԻ ՊԱՀԵԼ»

Գաղտնիք չէ, որ սփիւռքեան տասնեակ գաղութներու մէջ կան նոր կազմուած համայնքներ, որոնք կ՚ապրին ու կը շնչեն իրենց յատուկ տրամաբանութեամբ մը: Խօսքը բնականաբար Հայաստանի անկախութենէն ի վեր մեծ թիւով հայաստանցի մեր հայրենակիցներու արտագաղթելուն հետեւանքով կազմուած համայնքներուն մասին է: Տակաւին կան աւանդական համարուած համայնքներ, ուր նոյն հայաստանցի մեր հայրենակիցները ինչ-ինչ հանգամանքներու բերումով կազմած ու ստեղծած են իրենց «համայնք»ը՝ դառնալով «համայնքին մէջ համայնք» ստեղծողներ: Սակայն անոնց ընթացիկ կեանքը չ՚անցնիր սովորական կեանք մը վարելու ընդհանուր կանոնը ու հոն է նաեւ, որ անոնք առանց դպրոցի, ակումբի կամ որեւէ հաւաքավայրի, կը փակուին նեղ օղակի մը մէջ ու կը դառնան «կղզիացած»: Պոլիս հաստատուած հայաստանցիներու պարագան քիչ մը կը տարբերի ու անզէն աչքով անգամ երեւելի կը դառնայ, թէ անոնք կը վարեն աւելի կազմակերպուած կեանք մը: Այս խօսքին ամենէն հիմնաւորեալ ապացոյցը «Հրանդ Տինք» դպրոցի պարագան է, որ հիմնադրուած է շուրջ տասնհինգ տարիներ առաջ, 2003 թուականին: Երբ կը գտնուէինք Պոլիս, հարցազրոյց մը կատարեցինք դպրոցի տնօրէնուհիին՝ Տիկին Հերիքնազ Աւագեանին հետ։

*

-Տիկին Աւագեան, ի՞նչ էր դրդապատճառը այս դպրոցի հիմնադրութեան ձեռնարկելու: Գիտենք, որ քիչ չէ թիւը Պոլսոյ մէջ գործող վարժարաններուն: Ի՞նչ կրնաք ըսել այս առումով:

-2003-2004 թուականին հիմնեցինք այս դպրոցը, որովհետեւ աշխատելու նպատակով Պոլիս գաղթած հայաստանցիներու երեխաներուն պետութիւնը իրաւունք չէր տար որեւէ վարժարան յաճախելու: Այս մէկը ոչ թէ հայաստանցիներու համար էր, այլ՝ որեւէ երկրի գաղթականներու համար: Խումբ մը հայաստանցի ծնողներ կը խնդրեն պոլսահայ հայրենակիցէ մը, որուն անունը Ալեքս է, որ ձեւով մը գոնէ հայերէն տառերը եւ թուաբանութիւն սորվելու հնարաւորութիւն ստեղծուի իրենց զաւակներուն համար: Վերջինս կը դիմէ Թուրքիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուին: Վերապատուելին կ՚ընդառաջէ խնդրանքին՝ դպրոցին համար տարածք ապահովելով, իսկ ուսուցչական կազմի ստեղծման չի միջամտեր: Հետեւաբար ծնողները այս առաջադրանքով դիմեցին ինծի եւ սկսանք աշխատանքի:

-Նախքան այս գործը ստանձնելը, ի՞նչով կը զբաղէիք Պոլսոյ մէջ:

-Ինչպէս բոլոր հայաստանցիները, ես ալ Պոլիս եկայ աշխատելու եւ մէկ-երկու տարի աշխատելէ եւ որոշ գումար մը հաւաքելէ ետք երազանքս էր փոքրիկ բնակարան մը գնել Երեւանի ծայրամասային շրջանի մը մէջ: Սակայն յանկարծ դպրոցի խնդիրը յառաջացաւ եւ բնականաբար գերադասեցի դպրոց հիմնել ու աշխատիլ այդ ուղղութեամբ: Արդէն մասնագիտութեամբ ալ ուսուցչուհի էի եւ ութ տարի դասաւանդած էի Երեւանի մէջ, որպէս հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի:

-Ի՞նչ է ներկայիս աշակերտութեան թիւը, ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ դպրոցը եւ ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ ձեռքբերումներ ունեցաք անցնող 15 տարիներուն ընթացքին:

-Անկեղծ ըսելու համար, ասոնք ինծի համար շատ ալ մեծ ձեռքբերումներ չեն եւ սրտիս խորքը միշտ կայ տխրութիւն մը, որ այս մէկը կրնամ խոստովանիլ միայն Հայաստանէն եկող լրագրողին: Մենք ունինք այսօր 147 աշակերտ եւ ըստ իս՝ այս երեխաներուն տեղը Հայաստանն է եւ ոչ թէ Պոլիսը: Մենք երազ մը ունէինք՝ ստեղծել ազատ ու անկախ պետութիւն եւ ես ալ այդ սերունդին պատկանող անձերէն մէկն եմ, որ շատ ոգեւորուած էր, ունէր մեծ հաւատք ու մեծ յոյսեր դրաւ մեր երկիր պետութիւնը կերտելու, սակայն ցաւօք սրտի, այդ երազանքները ի դերեւ ելան ու Հայաստանէն առկայ արտագաղթը ինծի համար շատ տխուր պատկեր մը կը ստեղծէ: Այո՛, ես ուրախ եմ, որ այս երեխաները այստեղ են եւ մենք այս միջավայրին մէջ կը փորձենք զիրենք հայ պահել: Մեզի համար այս կրթական գործը թթուածինի նման բան մըն է՝ ապրիլ Պոլսոյ մէջ, բայց բանալ հայերէն գիրք՝ պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, առաւել եւս գրականութիւն եւ մայրենի լեզու: Այս բոլորը շատ մեծ ուրախութիւն է մեզի համար, սակայն ամէն պարագայի, երբ լայն նայիմ՝ ես միշտ կը սպասեմ այն օրուան, երբ կրկին պիտի վերադառնանք Հայաստան:

-Բայց ձեր ըսածը երազ չէ՞. մարդիկ արդէն տեղաւորուած են եւ իրենց կենցաղը արդէն հունի մէջ դրած են:

-Այս մէկը չէի կրնար ըսել Պոլսոյ համար: Ես այդ կարծիքին չեմ: Պարզապէս այստեղ ապրող քաղաքացին առօրեայ կենցաղի համար կ՚աշխատի՝ կ՚ուտէ, կը հագուի եւ քիչ մըն ալ Հայաստան ապրող իր հարազատներուն կրնայ նիւթապէս օժանդակել: Չեմ կարծեր, որ այս մէկը ամէն մարդու երազանքն է եւ իտէալական վիճակ մըն է այս: Եւ մենք չենք կրնար համեմատութիւն կատարել եւրոպական երկիրներու հետ, որոնք շատ աւելի լաւ պայմաններ կ՚ընծայեն իրենց գաղթականներուն: Բայց քանի որ մարդիկ այս հնարաւորութիւնները չունին հայրենիքի մէջ, իբր այդ ալ Պոլիս կու գան:

-Ներկայիս ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ «Հրանդ Տինք» վարժարանը:

-Առաջին հերթին մենք ունինք նիւթական խնդիր, ինչպէս ամէն վարժարան, որ Պոլսոյ մէջ կը գտնուի, նոյնպէս մեր դպրոցը՝ առաւել եւս ունի այդ խնդիրը: Չնայած որ դպրոցը վճարովի է՝ ամէն երեխայ կը վճարէ ամսական 70 տոլար, ի հարկէ որոշ երեխաներ չեն վճարեր, սակայն մենք կրկին նիւթական տագնապ ունինք:

-Համայնքը կ՚օգնէ՞ ձեզի:

-Այո՛, համայնքը կ՚օգնէ եւ համայնքի շնորհիւ է, որ մենք այսօր ոտքի կը պահենք մեր դպրոցը:

-Ի՞նչ ձեւով կը կատարուին օգնութիւնները:

-Ամէն տարի մեր հոգաբարձուներէն՝ Տէր եւ Տիկին Խորոզօղլուները կը դիմեն համայնքի մեծահարուստներուն ու կազմակերպութիւններուն եւ դպրոցին նիւթական բացը կը ներկայացնեն եւ կը փորձեն գումար հաւաքել: Սակայն այս տարի Պատրիարքարանը մեզի հնարաւորութիւն տուաւ, ինչպէս միւս դպրոցներուն, օգնելու նպատակով, մատաղի օր կազմակերպելու:

-Այն երեխաները, որոնք իններորդ դասարանը կ՚աւարտեն ո՞ւր կը շարունակեն իրենց ուսումը:

-Իններորդ դասարանի երեխաները չաւարտելէ մէկ ամիս առաջ կը վերադառնան Հայաստան եւ այդտեղ քննութիւն կը յանձնեն ու կը ստանան իններորդ դասարանի հիմնական դպրոցի վկայական: Այս տարուան շրջանաւարտներէն ութ հոգի, Հայաստանի մէջ, քննութիւն յանձնեցին եւ ստացան իրենց վկայականները: Մէկը անձնագրի խնդիր ունէր, հետեւաբար ուշացումով գնաց, իսկ անոնցմէ վեցը ներկայիս իրենց ուսումը կը շարունակեն Հայաստանի մէջ:

-Բնականոն ձեւով կը կատարուի այդ անցո՞ւմը: Պոլիսէն Հայաստան վերադարձող աշակերտները խնդիրներ կ՚ունենա՞ն: Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին:

-Մեր վարժարանի երեխաները, կարելի է ըսել, որեւէ խնդիր չեն ունենար: Որովհետեւ կրթութեան նախարարութիւնը շատ դրական մօտեցում կը ցուցաբերէ: Իրենք տեղեակ են մեր ծրագիրներուն մասին, գիրքերը մասամբ իրենցմէ կ՚առնենք եւ շատ շնորհակալ եմ իսկապէս, որ գիտակցութեամբ կը մօտենան: Իսկ մնացած գիրքերը մեր հոգաբարձութիւնը կը հայթայթէ տպարաններէ՝ շնորհիւ տպարաններու տնօրէններու բարեացակամ վերաբերմունքին:

Սփիւռքի նախարարութիւնն ալ իր կարգին կ՚օժանդակէ եւ կարելի չափով կը փորձէ յառաջացած խոչընդոտները վերացնել: Գիտէք դպրոցի մէջ կան սորվող եւ չսորվող երեխաներ եւ Հայաստանի մէջ եթէ աշակերտը չ՚ուզեր ուսումը շարունակել, շատ ճնշում չենք բանեցներ, սակայն հոս աւելի խիստ է մեր վերաբերմունքը, որովհետեւ կ՚ուզենք, որ Հայաստան վերադարձող աշակերտը ինքզինք լաւ ձեւով դրսեւորէ:

-Իսկ կա՞ն երեխաներ, որոնք իրենց ուսումը Թուրքիոյ մէջ կը շարունակեն:

-Մեր վարժարանէն աւարտողներ չկան, սակայն միւս վարժարաններէն կան:

-Ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիք այն երեխաներուն մասին, որոնք թրքական կամ հայկական վարժարաններ կը յաճախեն:

-Վերջին տարիներուն տեղւոյն հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտներուն թիւը բարձրացաւ, որովհետեւ մինչ այդ հայաստանցիները այդ իրաւունքը չունէին: Իմ ունեցած տեղեկութիւններով՝ Պոլսոյ հայկական վարժարաններու պատասխանատու մարմինները այդ աշակերտներէն կրթաթոշակ չեն վերցներ, բան մը որ աւելի կը խթանէ հայկական վարժարան յաճախելու ընտրութիւնը:

-Այդտեղ դիւրին կ՚ընտելանա՞ն:

-Ըստ իս՝ այո, բայց եթէ աշակերտը կը սկսի յաճախել տուեալ դպրոցը վեցերորդ դասարանին՝ բնականաբար դժուարութիւններ պիտի ունենայ: Իմ կարծիքով՝ դպրոցի ուսուցիչներն ու պատասխանատու մարմինները այդ հարցերը հարթելու տեսակէտէ կարեւոր ընելիք ունին: Ու գիտեմ նաեւ, որ անոնք պատրաստակամ են ու պէտք եղածը կ՚ընեն, որպէսզի հայաստանցի աշակերտը շուտ եւ արագ ընտելանայ: Յաճախ կ՚արտայայտուին, թէ պոլսահայերու եւ հայաստանցիներու միջեւ կան մշակութային տարբերութիւններ եւ երեխաները դժուարութիւններ կ՚ունենան եւ այլն, ես այդ կարծիքին շատ համաձայն չեմ, որովհետեւ իմ երեխաները թրքական քաղաքացիութիւն ունենալով կը յաճախեն տեղւոյն հայկական վարժարանները ու ես այդ դպրոցը այցելելով կը տեսնեմ, որ կան շատ համարձակ աշակերտներ, որոնք արդէն ընտելացած են իրենց նոր դրութեան, ինչ որ շատ ուրախալի է:

-Իսկ ձեր վարժարանին մէջ թրքերէն կը դասաւանդուի՞:

-Թրքերէն չենք դասաւանդեր, սակայն թրքերէն լեզուին դէմ չենք: Չենք դասաւանդեր պարզապէս, որովհետեւ նիւթական հնարաւորութիւն չունինք:

-Իսկ ի՞նչ կրնաք ըսել թրքերէն սորվելու մասին: Ի վերջոյ անոնք Թուրքիոյ մէջ կ՚ապրին եւ առօրեայ կենցաղի համար անհրաժեշտ է իրենց համար:

-Ամէն մէկ երեխայ մեծերէն աւելի արագ կրնայ լեզու սորվիլ, որովհետեւ այդ Աստուծոյ կողմէ տրուած բնածին կարողութիւն մըն է: Ես ալ տունը միշտ հայերէն կը խօսիմ, միայն կեսուրս թրքերէն կը խօսի, բայց իմ զաւակս, երբ շատ մաքուր թրքերէն կը խօսի ու մինչեւ հիմա ալ զարմացած եմ, թէ ան ինչպէ՞ս կարողացաւ այդ լեզուով արտայայտուիլ:

-Արդեօք, կրնա՞յ ըլլալ, որ յետագային այս դպրոցը դառնայ նոր վայր մը, ուր հայաստանցի երեխաներ թրքերէն սորվին ու ապագային ալ դառնան թրքագէտներ:

-Այո, ինչու ոչ, բայց դպրոցը նման յատուկ նպատակ չէ դրած: Ես ունիմ Հայաստանի մէջ աշակերտ, որուն մայրը զիս տեղեակ պահեց, որ իր որդին թրքերէնէ հայերէն թարգմանութիւններ կը կատարէ եւ ամսական շուրջ 250-300 տոլար կը շահի: Շատ ուրախացայ, որովհետեւ Հայաստանի համար այդ մեծ գումար է եւ մարդիկ շատ դժուար կրնան վաստկիլ այդ գումարը:

-Համայնքը ի՞նչ վերաբերմունք ունի հայաստանցիներու հանդէպ: Տարբեր առիթներով դէպքեր պատահած են ու պատճառ դարձած, որ այդ յարաբերութիւնները լարում ապրին: Ներկայիս կա՞յ, գոյութիւն ունի՞ այդ լարուածութիւնը:

-Լարուածութիւն բառը այդքան ալ ճշգրիտ բառ մը չէ վիճակը գնահատելու համար: Այո՛, կան տարբերութիւններ, տարբեր տեսակի յարաբերութիւններ միշտ ալ կան ու ըստ իս, այդ բոլորը շատ բնական են: Եղած են դէպքեր, որ լուրջ մտահոգութիւն պատճառած են մեզի: Օրինակ՝ ինչպէս բացատրել վերաբերմունքը կարգ մը յանցագործներու, որոնք այստեղ գալով ու լայն սրտով ընդունուելէ ետք ստորնագոյն արարքներ կը կատարեն: Կայ նաեւ պոլսահայերու խաւ մը, որ մեզ ի սկզբանէ չ՚ընդունիր, առարկելով եւ մատնանշելով առկայ մշակութային տարբերութիւնները: Ոմանք իրենց մտքերուն մէջ հայաստանցիի մը կերպարը ունին՝ անկախ այն հանգամանքէն, թէ դուն ինչպիսի անձնաւորութիւն ես: Շուրջ երկու տարի առաջ, երբ ծանր պատահարներ եղան՝ գտնուեցան պոլսահայեր, որոնք մեզի ըսին, թէ ինչու այսքան յուզուած ու նեղուած էք, դուք ջանք կը ցուցաբերէք, որ այդպիսի սերունդ այս երեխաներուն մէջ չմեծնայ: Այնպէս, որ ես շատ չեմ մեղադրեր պոլսահայերը եւ կը փորձեմ երկու կողմէն դիտել հարցերը:

-Ո՞ր երկրի քաղաքացին կը համարէք դուք ձեզ:

-Հարիւր տարի ալ Թուրքիոյ մէջ ապրիմ՝ ես հայաստանցի եմ: Սակայն Թուրքիոյ մէջ ապրելով ես կը ջանամ իմ զաւակները դաստիարակել որպէս ճիշդ քաղաքացի:

-Իսկ Թուրքիոյ մէջ դուք ձեզ ճնշուած կը զգա՞ք:

-Գիտէք որպէս հայաստանցի ես ազատ մեծցած եմ: Մենք վախով չենք մեծցած, հետեւաբար մէջս առկայ ազատութիւնը այնքան խմորուած է, որ շատ չեմ զգար, որ այստեղ ճնշումներ կան: Սակայն երբ դէպքեր կը պատահին, ես ինքզինքս պոլսահայու կերպարի մէջ դնելով կրնամ զգալ եւ ընկալել իրենց մտածելակերպը։ Երբ հայաստանցին մեծ-մեծ խօսելով կ՚արտայայտուի, թէ պոլսահայերը վախկոտ են՝ ես անոնց կ՚ըսեմ, որ մեծ մի խօսիք՝ դուք լսած էք, սակայն անոնք իրենց մաշկին վրայ ապրած են ամէն ինչը:

-Հարցազրոյցի աւարտին, որպէս վերջին խօսք, ի՞նչ կ՚ուզէք փոխանցել մեր ընթերցողներուն:

-Ես մեր ուսուցիչներուն կ՚ըսեմ, որ մենք գաղափարակիր եւ պայքարող մարդիկ ենք: Կ՚ուզեմ հաւատալ՝ թէ մեր ապագայ սերունդը աւելի համարձակ եւ խելացի պիտի գտնուի եւ պիտի կերտէ այնպիսի երկիր մը, ուր ամէնքս վերադառնանք եւ հաւաքուինք պայծառ երկնքի տակ: Թող ոչ մէկը ըսէ, թէ հայը կը սիրէ հեռանալ իր հայրենիքէն: Հայը օտարութեան մէջ արցունքով կ՚ապրի: Ան որ կ՚ըսէ, թէ հայրենիքի մէջ այդ հնարաւորութիւնը կայ, ոչ՝ չկայ: Ես մանկավարժ ըլլալով փորձեցի առեւտուրով զբաղիլ՝ այդ մէկն անգամ թոյլ չտուին: Այսօր Թուրքիոյ փողոցներու մէջ հայաստանցին 1 մեթր կերպաս սփռելով կը վաճառէ ցանկացածը ու այսպէսով իր ապրուստը կ՚ապահովէ եւ նոյնիսկ Հայաստանի մէջ ապրող հարազատին, թէկուզ փոքր, նիւթական օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ: Իսկ այդ բանն անգամ Հայաստանի մէջ թոյլ չեն տար: Ցաւալի է, բայց իրականութիւն է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2018