Ո՞ՒՐ Կ՚ԵՐԹԱՆՔ

Կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր մարդը ինքն իր հետ մրցումի մէջ մտած է, նոր բան մը գտնելու, նոր բան մը հնարելու, այլ խօսքով՝ մարդը սկսած է մի՛շտ նորը փնտռել: Այս մէկը երեւի կրնանք կոչել մնայուն զարգացման ընթացք, որովհետեւ մարդուն գործունէութեան մէջ կը նկատուի միշտ յառաջանալու փափաքն ու սէրը, մէկ կէտի վրայ, այլ խօսքով՝ մէկ յաջողութեան վրայ կանգ չառնել, այլ՝ շարունակել նորանոր ձեռքբերումներու հասնելու համար: Այս բոլորը շատերուն համար կրնայ պարզ ու տրամաբանական թուիլ, եւ այդպէս ալ է, որովհետեւ Աստուած երբ մարդը ստեղծեց, անոր տուաւ ազատ կամք եւ զայն օժտեց բանականութեամբ, այսինքն՝ մտածելու կարողութեամբ:

Եւ, դարեր շարունակ, մարդ արարածը իր բանականութիւնը խնամեց, աճեցուց, մինչեւ որ հասաւ այսօրուան աստիճանին, ու տակաւին այդ խնամքն ու աճեցումը կը շարունակուին: Այսօրուան ընկերութեան եթէ նայինք, կը տեսնենք, թէ մարդոց համար ամենէն կարեւոր երեւոյթը դարձած է կրթութիւնը, եւ պետութիւններ ու զանազան կառոյցներ այնպիսի միջոցներու մասին կը մտածեն, որպէսզի կարելի եղածին չափ կրթութիւնը մատչելի դարձնեն բոլորին։ Միւս կողմէ, կրթութիւն ստացողներուն կը ստեղծուին յարմար պայմաններ, որպէսզի մատուցուածը դիւրութեամբ ընկալեն եւ կարողանան մարսել, ապա շուտով կարողանան արդիւնք քաղել իրենց ստացած կրթութենէն: Դրուատանքի արժանի են այս բոլորը:

Սակայն, այս բոլորէն անդին ու վեր, կայ շատ մտահոգիչ երեւոյթ մը, որ մարմնաւորուած է արժէքներու վերացմամբ եւ բարոյականութեան նուազմամբ: Այսօր, արժէքներու ահաւոր փոփոխութիւն կ՚ապրի մարդկային ընկերութիւնը: Կարծէք այն բոլոր յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները՝ զորս նուաճած է մարդ արարածը, իրենց պատեհութիւնը տուած են նաեւ ձեռք տալ արժէքներուն, զանոնք «բարելաւել»ու կամ «բարեփոխել»ու համար: Շատերու համար այս երեւոյթը եւս բնական կը թուի, սակայն արդեօք այդպէ՞ս է: Արդեօք բնակա՞ն է այս ամէն ինչը եւ մտահոգուելու կարիք չկա՞յ: Բնականաբար արուեստագիտութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը ունեցած է, ունի եւ պիտի շարունակէ ունենալ մարդու առօրեային մէջ, բայց միւս կողմէ նոյն այդ արուեստագիտութիւնը ամենէն ուժեղ հարուածողը չէ՞ մարդուն դարերէ ի վեր կերտած արժէքներուն եւ բարոյական բարձր ըմբռնումներուն:

Այսօր, աւելի քան երբեք, մարդկային կեանքէն ներս սկսած են տիրել այնպիսի սովորութիւններ, որոնց առաջքը եթէ չառնուի, շա՜տ հսկայ եւ անդարմանելի կորուստներ պիտի ունենանք մօտիկ ապագային: Թուարկենք մէկ-երկու երեւոյթներ:

ա) Զաւակներու դաստիարակութիւն, կրթութիւն. այսօրուան ծնողներուն մօտ կրթութեան եւ դաստիարակութեան արժեչափերը ահաւոր կերպով փոխուած են, եթէ ասկէ 10-15 տարի առաջ ծնողները իրենց զաւակներուն կրթութեան եւ դաստիարակութեան համար ժամեր կը տրամադրէին, այսօր այդ ժամերը վերածուած են վայրկեաններու եւ շատ յաճախ այդ վայրկեաններն ալ չկան: Եսթեր Սելստըն կ՚ըսէ. «Կ՚ուզէք լաւ երեխաներ մեծցնել։ Անոնց վրայ երկու անգամ քիչ գումար ծախսեցէք եւ երկու անգամ աւելի ժամանակ»։ Մինչ այսօրուան ծնողները իրենց զաւակները գրեթէ անտեսած են. զանոնք կը տեղաւորեն այսպէս կոչուած «բարձրակարգ» դպրոցներ, ուր վճարումներն ալ բաւականին «բարձրակարգ» են, եւ այդքանով կը բաւարարուին, ու կը սկսին հպարտանալ ու մեծամտաբար խօսիլ, թէ իմ զաւակներս այսինչ դպրոցը կը յաճախեն: Բայց ի՞նչ օգուտ այդ յաճախումէն, եթէ ծնողներուն կողմէ ուշադրութիւն չկայ իրենց զաւակներու ստացած կրթութեան, այլ խօսքով՝ ի՞նչ օգուտ այդ բարձրակարգ դպրոցէն, երբ ծնողները պիտի չհետեւին, պիտի չհետապնդեն, արդիւնք պիտի չպահանջեն: Այո՛, երբեմն ծնողներուն ունեցած համբաւը, երբեմն ծնողներուն ունեցած գումարները կրնան զաւակներուն համար վկայականներ ապահովել, բայց կեանքի ընթացքին այդ համբաւն ու գումարները ամօթանքէն ու խայտառակութենէն բացի, ուրիշ բան չեն կրնար տալ այդ զաւակներուն: Այդպէս վարուող ծնողները առաջին հերթին իրենց զաւակներու ապագային հետ է, որ կը խաղան, իրենց ունեցած համբաւն է, որ կը վնասեն, եւ ի վերջոյ ընկերութեան կայունութեանն է, որ կը հարուածեն:

Այլ տիպի ծնողներ կան, որոնք իրենց զաւակներուն դաստիարակութիւնը յանձնած են բջիջային հեռախօսներուն եւ համակարգիչներուն: Այս տիպի ծնողները՝ որպէսզի իրենք հանգիստ ու ազատ ըլլան, դիւրին ճանապարհը գտած են, իրենց զաւակներուն «սորվեցնել»ով բջիջային հեռախօս ու համակարգիչ «օգտագործել»ը: Օգտագործելն ու սորվեցնելը չակերտներուն մէջ դրի, որովհետեւ փոխաբերական իմաստով օգտագործուած են այստեղ: Այս ծնողները իրենց զաւակներուն կը սորվեցնեն ժամանակի սպանութեան գլխաւոր ճանապարհները, հեշտ եւ քաղցր ճանապարհները: Արիստոտէլ ըսած է. «Դաստիարակութեան արմատները դառն են, բայց անոր պտուղները քաղցր են»։ Վերեւ նշուած ծնողները Արիստոտէլի այս խոր եւ իմաստալից խօսքը շրջած են եւ իրենց օգտագործած միջոցներով՝ իրենց հասկացողութեամբ դաստիարակութիւնը վերածած են քաղցրութեան, սակայն այդ քաղցրութեան արդիւնքը՝ ահաւոր դառնութիւն:

Երկրորդ կարգի այս ծնողները իրենց այս արարքը կ՚արդարացնեն ըսելով, թէ 21- գրդ դարն է, որ կ՚ապրինք, արուեստագիտութիւնը գլուխը առած յառաջ կ՚եթայ, ինչո՞ւ համար մեր զաւակները պէտք է ետ մնան եւ «չվայելեն» բոլոր այս «բարիք»ները: Որպէս տրամաբանութիւն, ճի՛շդ է անոնց ըսածը, բայց հարցը այստեղ վարուելակերպի մէջ է, չափ ու սահմանի մէջ է: Ո՛չ մէկ ծայրայեղութիւն կրնայ դրական արդիւնք ունենալ, բոլոր տեսակի ծայրայեղութիւններն ալ ի վերջոյ իրենց արդիւնքով՝ կործանիչ են: Աւելի՛ն՝ ո՛չ մէկ ծայրայեղութիւն կրնայ արդարացում ունենալ: Եթէ այդպիսիները կը կարծեն, թէ այդպիսով իրենց զաւակներուն բարիք մըն է, որ կը կատարեն, կամ օրուայ աշխարհին հետ քայլի մէջ կը պահեն, չարաչար կը սխալին, որովհետեւ ատիկա ո՛չ թէ զարգացածութեան եւ ճիշդ դաստիարակութեան կերպն է, այլեւ՝ ատիկա յետամնացութիւն է եւ զաւակները դէպի անդունդ առաջնորդող ճանապարհ: Պսակ Ծայրագոյն Վարդապետ Խորէնեան կը գրէ. «Որովհետեւ կարելի չէ երեւակայել ծնողք մը, որ իր զաւակներուն չարն ուզէ։ Սակայն տգիտութեամբ եւ միամտութեամբ, երբեմն այդ տխուր հետեւանքները կը ծնին անգիտակից շարժումներէ»։

Զաւակները պէտք է այնպէս մը կրթել ու դաստիարակել, որպէսզի անոնք ճակատաբաց կարողանան իրենց կեանքը մարդավայել կերպով ապրին ու արարեն, այլապէս ապրուած որեւէ կեանք կը նմանի առօրեային ապրած անբաններու, որոնք կը շնչեն, բայց չե՛ն գիտակցիր, թէ ինչո՛ւ համար կան եւ կամ ինչու համար կը շնչեն:

Սուրբ Բարսեղ Կեսարացին այսպէս կը խրատէ. «Ունենալ հոգիի մաքրութիւն, մարմինի անախտութիւն, հեզ գնացք, չափաւոր ձայն, կերակուր եւ ըմպելի՝ խաղաղութեամբ, ծերերուն առջեւ լռութիւն, իմաստուններուն առջեւ ունկնդրութիւն, վերակացուներուն հանդէպ հնազանդութիւն, ընկերակիցներուն հանդէպ՝ սէր, կրտսերներուն հանդէպ անկեղծութիւն։ Քիչ խօսիլ եւ շատ լսել. ծաղրական խօսք չխօսիլ. աչքը վար առնել, իսկ միտքը՝ վեր, փախչիլ հակառակութենէ։ Իշխանաբար չուսուցանել. ամենէն դիւրին կերպով պատիւ չընդունիլ. ով որ կրնայ ընկերին փոխ թող տայ. հատուցումը չակնկալէ, այլ՝ Աստուծոյ վարձատրութեան վրայ դնէ յոյսը եւ յաւիտենական կեանքը ընդունի Քրիստոսէն»։

Իսկ Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեան այսպէս կը գրէ. «Գիտցած ըլլաք, տղաքս, ուսմունքը, գիտութիւնն ու արհեստը եւ ասոնցմով ձեռք բերուած դիրքը, բան մը չեն արժեր առանց բարոյականի ու պատիւի։ Չէ՞ք գիտեր, որ գինեմոլները, ստախօսները, մարդոց քով ու պատուաւոր ընտանիքներու մէջ տեղ չունին. անոնք որ իրենց անբարոյ ու խարդախ ընթացքովը իրենց բոլոր բարոյական ու մտաւորական յատկութիւնները ոտքի տակ առած ու ցեխոտած են, արժանի չեն մարդ կոչուելու. ուրեմն, ուսման ու գիտութեան հետ լաւ բարոյական, մաքուր նկարագիր ունեցէք։ Սիրեցէք հայ լեզուն, սիրեցէք հայոց պատմութիւնը, կարդացէք զայն, ուր պիտի տենսէք ձեր մեծ հայրերուն սխալները, ձեր հայ ցեղին մեծութիւններն ու պզտիկութիւնները. վտանգի պահուն անոնց արիութիւնն ու քաջասրտութիւնը, կամ վատասրտութիւնն ու վախկոտութիւնը. սորվեցէք մեր պատմութեան հետ՝ օտար ազգերու պատմութիւնն ալ, որպէսզի սորվիք, իմանաք, թէ մարդիկ, ընտանիքներ ու ազգեր ինչպէ՞ս փճացեր են կամ՝ ինչպէ՞ս ազատագրուեր»։

բ) Մեծերու նկատմամբ յարգանք. մեր օրերուն շա՜տ փնտռուած բայց անգտանելի դարձած երեւոյթ: Այսօրուան ընկերութեան մէջ մեծերու նկատմամբ յարգանքը այնքան նուազած է, որ շատերու համար անճանաչելի դարձած է: Ոմանց երբ մեծերը յարգելու մասին կը խօսիս, արհամարհանքով կը նային դէմքիդ ու կը սկսին ժպտալ, ըսելով, թէ՝ «տակաւին այդտեղ ես...: Աշխարհը ո՜ւր հասած է, իսկ դուն դեռ ո՜ւր ես»: Զարմանալու բան չէ, որովհետեւ ընթերցողներէն շատերը նմաներւոյթ պարագաներու հանդիպած են եւ օտար բան չէ շօշափուած նիւթը:

Այսօրուան պատանիին եւ երիտասարդին համար մեծերը յարգելը, մեծերուն խօսքն ու խրատը լսելը ժամանակավրէպ բաներու վերածուած են: Հինցած միտք կամ կաղապարուած մտածելակերպ պիտակներուն տակ կը զլանանք ականջ տալ մեր մեծերու խօսքերուն եւ զանոնք յարգելէ:

«Նորէն սկսաւ տափակ-տափակ խօսիլ...». «Ջուր ծեծելը սկսաւ նորէն...». «Նորէն նոյն պատմութիւնները, նոյն ըսի-ըսաւները, չյոգնեցա՞ք...»... Որո՞նց ծանօթ չեն այս արտայայտութիւնները... Բայց որո՞նց ծանօթ են այս խօսքերը, թէ՝ «Այն աչքը, որ իր հայրը կը ծաղրէ եւ իր մօր հնազանդիլը կ՚անարգէ, ձորերուն ագռաւները պիտի փորեն ու արծիւներուն ձագերը պիտի ուտեն զանիկա» (Առ 30.17). «Ով որ իր հայրն ու մայրը կ՚անիծէ, անոր ճրագը մութ խաւարի մէջ պիտի մարի» (Առ 20.20). «Խրատ սիրողը գիտութիւն կը սիրէ, բայց յանդիմանութիւնը ատողը անմիտ է» (Առ 12.1). «Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ պատուիրանքը պահէ՛ եւ քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր: Զանոնք միշտ քու սիրտիդ վրայ կապէ՛, զանոնք քու պարանոցէդ կախէ՛: Քալած ատենդ անոնք քեզի առաջնորդութիւն թող ընեն. քնացած ատենդ թող քեզ պահպանեն ու արթնցած ատենդ քեզի հետ խօսակցին: Քանզի պատուիրանքը՝ ճրագ ու օրէնքը լոյս է: Եւ խրատն ու յանդիմանութիւնները կեանքի ճամբայ են» (Առ 6.20-23):

Պատանիներ ու երիտասարդներ մեծերը (ընդ որում մեր ծնողները) յարգելը եւ անոնց խրատները լսելը ո՛չ թէ յետամնացութիւն է, այլեւ ընդհակառակը՝ օրհութիւն են մեզի համար, որոնք մեզ յաջողութենէ դէպի այլ յաջողութիւն կ՚առաջնորդեն:

Տակաւին ծնողներու խումբ մը կայ, որ ընդհանրապէս ուշադրութիւն չի՛ դարձներ իր զաւակներու հագ ու կապին եւ ունեցած յարաբերութիւններուն: Սակայն, այդ մասին առանձին գրուեամբ կ՚անդրադառնամ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

5 փետրուար 2019

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Փետրուար 7, 2019