ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ (Ա.)

«Երաժշտութիւնը աելի բարձր յայտնութիւնն է, քան՝ փիլիսոփայութիւնը» (Պեթհովէն)։ «Երաժշտութիւնը՝ ցեղի մը մաքուր զգացումներուն ու վիճակին արտայայտութեան պատկերացումն է»։ «Երաժշտութիւնը աղօթքի զաւակն է, կրօնը՝ ընկերը»։ «Երաժշտութիւնը միջոց մըն է բարոյականի մշակութեան ու ամէն զբօսանքի»։ «Երաժշտութիւնը ամբողջ մարդկութեան ծանօթ մայրենի լեզու մըն է» (Ֆրետերիք Հարրիսըն)։ «Երաժշտութիւնը - հրաշալի գեղարուեստ - հոգիին անարտայայտելի զգացումներ կը յայտնէ, անմեկնելի ձայներու օգնութեամբ» (Լորտ Պիքընսձիլտ)։ «Երաժշտութիւնը Աստուծոյ տուած ամենէն վսեմ ու հաճոյալից պարգեւներէն մին է» (Լուտեր)։ Իսկ Լու Լալուայ շատ գեղեցկօրէն ներկայացուցած է հայ երաժշտութիւնը՝ ըսելով. «Մեզմէ ոչ մէկը կրնար մտքէն անցընել այն գեղեցկութիւնները հայ երաժշտութեան արուեստին, որ իսկապէս ո՛չ եւրոպական է եւ ոչ արեւելեան, այլ ունի նկարագիր մը՝ աշխարհիս մէջ մէկ հատիկ՝ շնորհալի քաղցրութեան, խորաթափանց յուզման եւ ազնիւ գորովի։ Եղանակներ՝ փափուկ եւ սակայն որոշ թաւալումներով, ճկուն ու կենդանի կշռութիւններ, երաժշտութիւն մը, որ ամբողջապէս սրտէ կը բխի եւ կը հոսի ինչպէս ջուր մը զով, թափանցիկ եւ պայծառ…։ Թերեւս չեն սխալիր անոնք, որ դրախտը կը զետեղեն Հայաստանի մէջ Արարատ լերան ստորոտը, որովհետեւ այդ երկիրը որուն պատմութիւնը այնքան դժբախտ է եղած։ Ընտրեալ աշխարհ մըն է, ուր բեղմնաւոր ու բարեացակամ բնութիւնը իր բարիքները կը շռայլէ մարդուն»։

Ն.Ք. երեք հազարամեակներ առաջ ձեւաւորուած էր հայկական երաժշտութեան որակային իւրայատկութիւնը։ Մովսէս Խորենացի կը յիշատակէ փանդիռ, փող, փմբուկ երաժշտական գործիքները։ Փաւստոս Բիւզանդ կը յիշատակէ թմբուկը, սրինգը, քնարը եւ շեփորը։ Ցայսօր մեզի պատառիկներ հասած են «հեթանոս» Հայաստանին մէջ գոյութիւն ունեցող երգերէն. օրինակ՝ Գողթան երգերը։ Հեթանոսական ժամանակներուն, ամենայն հաւանականու-թեամբ, այս երգերը հայ գուսաններու կողմէ կ՚երգուէին՝ փանդիռներու նուագակցութեամբ։ Բարեբախտաբար հին հայկական երաժշտական մշակոյթի գանձերու մասին քանի մը տեղեկութիւններ պահպանուած են պատմահօր Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութեան» շնորհիւ։ Այդ պատմութիւնները կը պատմեն նաեւ Հին Հայոց եւ օտար ազգերու աստուածներու, արքաներու, թագուհիներու, արքայադուստրերու, զօրավարներու, Վահագնի, Արա Գեղեցիկի, Շամիրամի, Արտաշէս թագաւորի, Սաթենիկ թագուհիի, Արտաւազդի, Արգամի, Տիգրանի, Տիգրանուհիի, Աժդահակի, Երուանդիտ Սմբատ Բագրատունիի եւ շարք մը այլ կիսաառասպելական ու կիսապատմական վիպական հերոսներու մասին։

Հայոց հնագոյն երգերէն է ներքեւ մէջբերուած հատուածը, զոր կը պատմէ Ն.Ք. երկրորդ դարու ընթացքին երկու արիական ազգերու՝ հայերու եւ ալաններու պատերազմի ու հաշտութեան, հայոց քաջարի արքայ Արտաշէսի եւ ալաններու գեղանի արքայադուստր Սաթենիկի մասին։ Ահա այդ հնագոյն երգէն Խորենացիի գրառած հատուած մը.

«Հեծաւ արի արքայն Արտաշէս ի սեաւն գեղեցիկ.
Եւ հանեալ զոսկէօղ շիկափոկ պարանն
Եւ անցեալ որպէս զարծուի սրաթեւ ընդ գետն
Եւ ձգեալ զոսկէօղ շիկափոկ պարանն՝
Ընկեց ի մէջք օրիորդին ալանաց.
Եւ շատ ցաւեցոյց զմէջք փափուկ օրիորդին.
Արագ հասուցանելով ի բանակն իւր»։

Հնագոյն հայկական փառահեղ օրհերգերէն է նաեւ Վահագնի ծնունդը, որ նուիրուած է Հին Հայոց Ամպրոպի, Կայծակի եւ Ռազմի աստուած Վահագնին։

«Երկնէր երկին. երկնէր երկիր.
Երկնէր եւ ծովն ծիրանի,
Երկն ի ծովուն ունէր եւ զկարմրիկն եղեգնիկ։
Ընդ եղեգան փող ծու՛խ ելանէր.
Ընդ եղեգան փող բո՛ց ելանէր,
Եւ ի բոցոյն վազէր խարտեաշ պատանեկիկ։
Նա հուր հեր ունէր.
Ապա թէ բոց ունէր մօրուս.
Եւ աչկունքն էին արեգակունք»։

ԱՇԽԱՐՀԻԿ ԿԱՄ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ

Քրիստոնէութեան Հայաստան մուտքէն առաջ եւ վերջ, աշխարհիկ երաժշտութիւնը տարածուած էր հայ ժողովուրդին մէջ։ Ընկերական կեանքի սովորական երեւոյթներ, ինչպէս՝ հարսանիք, յուղարկաւորութիւն, խրախճանք, պար, կ՚ունենային իրենց երգ ու նուագի բաժինները։

Հայ ժողովրդական երգը, որ ծագումով ամենահինն է, իր մէջ կը պարփակէ ընկերատնտեսական, քաղաքական, դասակարգային պայքարի երեւոյթները։ Անոր մէջ կ՚արտացոլան մեր ժողովուրդի պատմական անցեալը, կեանքն ու կենցաղը, միտքերն ու զգացումները։ Ժողովրդական երգերը ստեղծուած են ժողովուրդին ամենապարզ խաւի մարդոց կողմէ։ Ամէն գիւղ, ամէն շրջան երգին տուած է իր տեղական պատկերն ու բնոյթը։ Տակաւին, պէտք է ըսել, որ ժողովրդական երգը առաջ եկած է եւ ծնունդ առած անհատի զգացումները արտայայտելու պահանջքէն։

Ժողովրդական երգերը ըստ իրենց ձեւերու եւ բովանդակութեան՝ կը բաժնուին հետեւեալ ստորաբաժանումներու.

- Աշխատանքային։ Այս խումբին մէջ կը ներառնուին ցանքի, հունձքի, սայլի, կալի, կաթ կթելու, թել մանելու, բուրդ գզելու, կտոր գործելու, կար ու կարկտան ընելու երգերը, որոնք անմիջականօրէն կապուած են աշխատանքի այս կամ այն ձեւերուն հետ։

- Քնարական։ Քնարական երգերու խումբին մէջ կը մտնեն զուարճական, ծաղրական, երգիծական, սիրային, պարի, հովուական եւ զինուորական երգերը։

- Վիպական։ Վիպական երգերը ընդհանրապէս նուիրուած են հերոսներու, որոնք դիպուածներու, պատահարներու կամ պատերազմներու ընթացքին զոհ գացած են։ Այս խումբին մէջ կարելի է դասել նաեւ նիզակապարը, սուսերապարը, վահանապարը, ծափ-պարը եւ ռազմական բնոյթ կրող քանի մը այլ պարեր։

- Ծիսական։ Ծիսական երգերը մասնաւորաբար կ՚երգուէին նշանտուքի, պսակի, հարսանիքներու եւ այլ տօնական օրերու ընթացքին։

- Անտունի եւ օտարութեան (պանդուխտի) երգեր։ Սոյն երգերը յօրինուած են առաւելաբար այն գեղջուկներուն կողմէ, որոնք իրենց հայրենիքին ու երդիքին կարօտէն տարուած՝ ստեղծագործած են նմանատիպ երգեր։

ՀԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ըստ 5-րդ դարու պատմիչ Ղազար Փարպեցիին, հայերը սկզբնապէս կ՚օգտագործէին այբուբենի տառերը՝ երաժշտութիւնը թուղթին վրայ արձանագրելու համար։ Հին հայկական երաժշտական նօթագրութիւնը՝ խազերը, ստեղծուած են 8-9-րդ դարերու ընթացքին։ Խազերու ստեղծման նախաձեռնողը հաւանաբար Ստեփանոս Սիւնեցին եղած է։ 12-րդ դարէն ետք խազերը նաեւ կը զարգանան Կիլիկիոյ մէջ։ Ներսէս Շնորհալին, Գրիգոր Խուլը, Գէորգ Սկեռացին եւ ուրիշներ խազերու նշաններու մեկնաբանումը եւ կատարումը աւելի եւս կը կատարելագործեն։

Խազերը կը բաժնուին երեք հիմնական խումբերու։ Բաց աստի, հայկական խազերը բիւզանդական նշանային համակարգէն կը տարբերուին իրենց գրելաձեւով, անուանումներով եւ նշաններու փոխյարաբերությամբ։ Բարեբախտաբար պահպանուած են ծաւալուն ձեռագիր հատորներ, որոնք միջնադարեան հասարակական եւ հոգեւոր ստեղծագործութիւններու խազային գրառումներ կը պարունակեն։

ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Հայ ժողովրդական երգերը, ինչպէս վերեւ ըսինք, իրենց մէջ կը պարփակեն ընկերային, քաղաքական, դասակարգային պայքարի երեւոյթներ, սիրային եւ պանդուխտի կեանքի դրուագներ, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի անցեալը, մշակոյթը, կենցաղը, յոյզերն ու զգացումները։

Ժողովրդական երգերու միջոցաւ, հայ գիւղացին, իր առօրեայ աշխատանքի ընթացքին յօրինած երգերով, մի առ մի վեր առած է իր տնտեսական ծանր վիճակի պատկերը եւ բողոքած է զինք նեղացնող ու շահագործող հարստահարիչներու դէմ։ Ան ո՛չ միայն բողոքած է, այլեւ՝ պայքար մղած է տիրող դասակարգերուն դէմ, որոնք ուժի միջոցաւ կը խլէին անոր քրտինքով ձեռք բերած հացն ու մթերքը՝ զինք աղքատութեան մէջ մատնելով։

«Ձեռս ի թալեմ աստծու փեշ,
Մըզի ցորեն տա փեշխեշ,
Ծախենք, տանք մեր ռեսի բեշ,
Չեղնի տանեն սոլ գոմեշ»։

Հայ ժողովրդական երգերուն մէջ նաեւ կը գտնենք սիրային բազմաթիւ պատումներ։ Կ՚արժէ անկէ մէջբերել մի քանի օրինակներ։

Հայ գիւղերու մէկուն մէջ, դեռատի աղջիկ մը երիտասարդի մը կը սիրահարի։ Իր չար բախտէն երիտասարդ տղան պայմաններու բերումով պանդխտութեան կը մեկնի։ Այս բաժանումը մեծ վիշտ կը պատճառէ հայ գեղջուհիին սրտին։ Ան չի համարձակիր իր սրտի տառապանքը մէկու մը պատմել, չի կրնար իր սիրածին անունը տալ, չի կրնար լալ, որպէսզի գէթ իր սրտի վիշտը թեթեւցնէ, որովհետեւ աւանդապաշտ գիւղը խստօրէն պիտի դատապարտէ զինք։ Այս բոլոր տառապանքը հայ դեռատի գեղջուհին կը խտացնէ զմայլելի քառեակի մը մէջ.

«Կայնել եմ, գալ չեմ կարող.
Լցուել եմ, լալ չեմ կարող.
Էն օրից ինչ գնացել ես,
Անունդ տալ չեմ կարող»։

Ինչպէս յայտնի է, հին ժամանակ, հայ գիւղերուն մէջ աշխատանքի շատ բծախըն-դիր բաժանում կար։ Տան անդամներու իւրաքանչիւրը իր տարիքին համեմատ աշխատանք կը ստանձնէր։ Այսպէս, տան մամիկները հաց կը թխէին, հարսերը՝ կաթ կը կթէին, պատանիները՝ ոչխար կ՚արածէին։ Իսկ երիտասարդուհիներու սիրած գործն էր աղբիւրէն ջուր բերել եւ դաշտերու մէջ տնեցիներուն ճաշ տանիլը։ Այս ընթացքին է, որ անոնք իրենց սիրածին հանդիպելու առիթ կ՚ունենային։ Այդ հանդիպումները, սակայն, երբեմն ձախորդ վերջաւորութիւն կ՚ունենային աղջկան կամ տղուն անճարակութեան, անփորձութեան կամ ամօթխածութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպք մը արտայայտուած է հետեւեալ քառեակին մէջ.

«Կանաչ արտը ճաշ տարա,
Յարիս տեսա՝ ետ դառա,
Խնձոր տուաւ ես չառա.
Ինչ անճարակ յար դառա»։

Տակաւին, մեր գիւղական երգերուն մէջ յստակօրէն ի յայտ կու գայ հայ ժողովուրդի սիրոյ հանդէպ ունեցած գաղափարական հասկացողութիւնը։ Սիրահար աղջիկը կը մերժէ հարուստ աղայի բոլոր բարիքները, անոր ոսկեղէն զարդերը, պալատանման տունը, մետաքսէ ու բեհեզէ հագուստները եւ կը նախընտրէ իր չոպան եարը՝ աղքատիկ գիւղացին։ Մօր եւ աղջկայ մը միջեւ տեղի ունեցած երկխօսութիւնն է հետեւեալ երգը.

«- Արի քեզ տամ Վանա խոշին,
Որ քեզ առնէ մէջ իր քյոշկին
Դեղին ոսկին՝ սիվտակ դյոշին։
- Վանայ խոճան կուրբան կենիմ
Իմ Սահոյի էրկան բոյին,
Սուր քոլոզին, սեւ ընքներուն,
Թուխ աչքերուն, բարակ քթին,
Թուխ բեխերուն, պզտկայ բերնին,
Քաղցրիկ լեզուին, անուշ ձայնին,
Ատմի շարին, կլոր դունչին,
Կարճ կուրտըկին, շիթ շիլվարին,
Իր ջալահուն, նախրափայտին,
Իր մէջ կապին, ճած իշլիկին,
Նախշուն գուլպին…»։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 7, 2018