«ՔՈՐՈՆԱ»Ն ՀԱՍԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԱՆԴԻՆ… ՎԱԽ ԵՒ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Անցեալ կիրակի օր ամբողջ Հայաստանը կ՚արթննար «ազդեցիկ» լուրով մը, որ կը խօսէր մեր երկրին մէջ «Քորոնա»ի վարակով բռնուած առաջին պարագայի մը գոյութեան մասին։ Այդ մասին առաջինը կը յայտարարէր Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ տեղեկութեան հրապարակումէն ժամեր անց մի քանի առիթներով ուղիղ եթեր դուրս գալով կը պատմէր ընդհանուր իրավիճակին, եւ ամենակարեւորը, կոչ կ՚ընէր խուճապային իրավիճակներէ հեռու մնալու մասին։

«Քորոնա» վարակի «աշխարհագրութեան» մօտէն հետեւողները շատ լաւ գիտեն, որ եթէ այսօր այդ վարակի ընդհանուր ցուցակը կազմելու ըլլանք, արագօրէն պիտի նկատենք, թէ վարակի արագ տարածման, նաեւ վարակակիրներու ընդհանուր թիւին ցուցակին մէջ կարեւոր դիրք կը գրաւէ Հայաստանի հարեւան Իրանը եւ այս նիւթը պատրաստած ատեն, հիմնուելով վերջին ցուցանիշներուն վրայ, երեւելի կը դառնար, որ Իրանի մէջ կան 2502 «Քորոնա» վարակէ բռնուած անձեր, իսկ մահացածներուն թիւը 92 է։ Երեւոյթը անշուշտ կը մատնէ, որ դէպի Հայաստան այդ մտահոգիչ վարակին ժամանումը եղած է Իրանի ճանապարհով եւ այն անձը, որ դարձեալ մինչեւ այս տողերուն գրուիլը կը համարուի առաջին հայ վարակակիրը, Իրան ծնած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի մըն է, որ վերջին տարիներուն հաստատուած է Հայաստանի մէջ, սակայն մշտական կապ ունի Թեհրանի հետ։ Ի դէպ, այդ անհատը Երեւան եկած էր 28 փետրուարին, Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուած Թեհրան-Երեւան վերջին թռիչքով մը, որ Երեւան կը փոխադրէր մինչ այդ Թեհրան գտնուող մեր հայրենակիցները։ Առաջին հիւանդ պարագայի լուրին հրապարակումէն ժամեր անց, մամլոյ բաւական սպառիչ ասուլիս մը կու տար Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, որ նոյնպէս ընդհանուր պատկերը ներկայացնելէ հեռուն երթալով՝ կոչ կ՚ընէր բոլորին հետեւիլ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան թելադրանքներուն եւ ամէն գնով հեռու մնալ անուշադիր վարմունքէ, այդպէսով նաեւ զերծ մնալու համար վտանգաւոր վարակէն։ Նախարարը նաեւ կը պատմէր, որ Թեհրան-Երեւան վերջին թռիչքով եկած քաղաքացիները, որոնք ձեւով մը շփուած են վարակակիր պարագային հետ, տարուած են Ծաղկաձոր քաղաքի յատուկ հիւրանոց մը, ուր կը բոլորեն այդ վարակին «պարտադրած» մեկուսացման փուլը։

Այս բոլորին լոյսին տակ ու աւելի ուշ վարչապետին կողմէ եղած ուղիղ եթերներու լոյսին տակ իրադրութիւնը քիչ մը կը խաղաղէր, հակառակ անոր, որ նոյն կիրակի երեկոյեան Երեւանի մէջ շրջող ոեւէ անձ պիտի նկատէր, որ քաղաքը իրապէս դատարկ է։

Ճիշդ է, կար մտավախութիւն եւ այդ մտավախութիւնը արագօրէն կը տարածուէր ամբողջ երկրով մէկ։ Հայաստանի համար էական խնդիրը այն էր, որ պէտք էր արագօրէն իմացուէր, թէ Երեւան եկած «Քորոնա» հիւրը ի՛նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ, ի՛նչ արագութեամբ կրնայ տարածուիլ եւ ինչքանով կրնայ դառնալ համատարած երեւոյթ-հիւանդութիւն մը։

Ի բախտաւորութիւն հայաստանցիներուս, ու հաւանաբար ցարդ ալ անհասկնալի եւ նոյնիսկ անչափելի ենթադրութիւններուն՝ վարակը կը շարունակէ մնալ վերահսկողութեան տակ։ Վարժարանները մէկ շաբաթով փակած են իրենց դռները, մարդիկ բնականոն կերպով կ՚երթեւեկեն եւ իրենց գործերուն ետեւէն են, սակայն ինչ-որ կաթիլ մը մտահոգութիւն տակաւին կը համենայ մնալ բոլորի մտքերուն մէջ։

Ամէն պարագայի տակ, սկսած է յստակ ու հասկնալի դառնալ, որ «Քորոնա» անունով անցանկալի այս հիւրը դեռ երկար ժամանակով պիտի շարունակէ դառնալ տիրական ներկայութիւն, իր շուրջ ստեղծելով յատուկ եւ իւրօրինակ ուշադրութիւն մը, որուն տարբեր շերտերուն մէջ կան վախի եւ մտահոգութեան որոշ երանգներ։

Ի դէպ, «Քորոնա»ի մասին աւելի մանրամասն եւ նոյնիսկ բժշկագիտական կարծիք մը կազմելու նպատակով յաջողեցայ կարճ զրոյց մ՚ունենալ Նորվեկիա ապրող իմ վաղեմի բարեկամ, արմատներով գամիշլիցի եւ երկար ժամանակով Պէյրութ ապրած Տքթ. Թովմաս Յակոբեանին հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնեմ այդ զրոյցը.

ՏՔԹ. ԹՈՎՄԱՍ ՅԱԿՈԲԵԱՆ. «ՊԷՏՔ Է ՊԱՅՔԱՐԻԼ ԱՅՍ ՎԱՐԱԿԻՆ ԴԷՄ»

-Բժիշկ, ի՞նչ կը կարծէք, «Քորոնա» վարակը միտում ունի՞ համաշխարհային համաճարակ դառնալու:

-«Քորոնա»ի համաճարակ դառնալու միտումները կախեալ են անկէ տառապող երկիրներէն եւ միջազգային առողջապահական գործակալութենէն, ինչպիսի կարգադրութիւններ կը ձեռնարկեն վարակին դէմ։ Ներկայիս բոլոր երկիրները իրենց անուղղակի եւ ուղղակի թելադրութիւնները կ՚ընեն, եւ եթէ այդ կարգադրութիւնները ճիշդ ձեւով ըլլան, չեմ կարծեր, որ «Քորոնա»ն այդքան տարածում ունենայ, ինչպէս որ մամուլով կը ներկայացուի:

-Շատեր կ՚ըսեն, որ այս վարակի զարգացումը եւ թէժացումը կապ ունի նաեւ Չինաստանի Ուհան քաղաքի ընդհանուր մաքրութեան պայմաններուն հետ: Արդեօք այդ մէկը կ՚ազդէ՞, որ վարակը ուռճանայ եւ այս ծաւալը ստանայ:

-Անշուշտ, ինչպէս գիտէք, «Քորոնա»ն որոշ տեսակ ջղջիկէ եւ զանազան կենդանիներէ կը փոխանցուի մարդոց, իսկ Չինաստանի մէջ, եւ յատկապէս այդ երկրին Ուհան քաղաքին մէջ, մարդիկ այդ կենդանիները իրենց առօրեային մէջ կ՚օգտագործեն որպէս սննդամթերքի մաս: Այս առումով, այո, մաքրութիւնը մեծ դերակատարութիւն ունի «Քորոնա» ժահրի տարածման պարագային: Բայց ես մաքրութեան հարցը միակ հիմնական պատճառը չեմ համարեր՝ արագ տարածման:

-Անհասկնալիօրէն վարակը նաեւ բաւական մեծ ծաւալով տարածուեցաւ Իրանի մէջ, այդ մէկը ի՞նչ բանի կը վերագրէք:

-«Քորոնա» ժահրի Իրանի մէջ տարածուիլը տարբեր ուղղութիւններու կը տանի մարդոց ու հետեւողներուն միտքերը, անոր մէջ տեսնելով քաղաքական ենթաթեքստ: Նման մտածումի առիթ կը հանդիսանան այսօրուան քաղաքական եղելութիւնները, անցուդարձը, պահանջները: Բայց «Քորոնա» ժահրը միշտ եղած է եւ կայ, ըլլայ ռուսական շրջանի, Չինաստանի կամ Իրանի մէջ, ան հարբուխներու վարակի նոյն ընտանիքին կը պատկանի, բայց նոր սերունդի տեսակ է, ուղղակի այս անգամուան «Քորոնա» ժահրը խառնուրդի մը արդիւնք է:

-Շատեր այս հիւանդութեան առումով քաղաքական ենթադրութիւններ կը կատարեն, ի՞նչ է ձեր կարծիքը: Քաղաքական ընդհարումներու հետեւա՞նք է ան:

-Պատահած է ասկէ առաջ, որ քաղաքական ընդհարումներէ ելլելով, որոշ ժահրեր «պատրաստուած են» յատուկ տարրալուծարաններու մէջ եւ ետքը տարածուած: Այս պարագային ես չեմ կրնար հաստատ ըսել, որ այս մէկը եւս քաղաքական հիմքով առաջացած է, բայց քաղաքական հոտ կու գայ անկէ, որոշ մեծ երկիրներու միջեւ քաղաքական ու տնտեսական մրցակցութեան արդիւնքով կրնայ ըլլալ: Բայց բժշկական առումով, ճիշդ չ՚ըլլար կեդրոնանալ անոր քաղաքական հիմք ունենալուն վրայ եւ մարդիկը փրկելու համար աշխատանք չտանիլ։

-Մենք գիտենք նաեւ, որ ժահրը քանի մը օր առաջ մտաւ Հայաստան: Արդեօք այդ մէկը մտավախութիւն կ՚առթէ՞ ձեզի: Ի՞նչ պէտք է ընեն Հայաստանի առողջապահական մարմինները, կանխելու համար տարածումը այս վարակին:

-Հայաստան, ինչպէս ամբողջ աշխարհը կ՚ընէ, ինք եւս նոյն ձեւով պիտի դիմագրաւէ այս ժահրի հարցը: Ինչպէս գիտենք, հիմա Հայաստանի մէջ սուր վիճակ չկայ, հետեւաբար մտահոգիչ հանգամանք չկայ: Իսկ ո՞վ ըսաւ, որ այն որ «Քորոնա» ժահրէ վարակուի, անպայման պիտի մահանայ։ Եթէ վարակի փոխանցումը եւ տարածումը կանխող ու առաջքը առնող կարգադրութիւնները ըլլան, բնաւ հարց չենք ունենար: Այսօր վարակուողներու հազիւ 2 առ հարիւրն է, որ վտանգի մէջ է, մնացեալին մօտ միջին վտանգ կայ, կը մնայ որ անոնք բնական միջոցներով իրենց մարմնի դիմադրողականութիւնը բարձրացնեն, ջերմութիւնը բնականոն հունի մէջ պահեն, հեղուկներ օգտագործեն եւ այդպէսով կրնան յաղթահարել «Քորոնան»:

Հայաստանը հիմա «Քորոնա» ժահրի առումով վտանգաւոր վիճակի մէջ չէ, պարզապէս պէտք է զգոյշ ըլլայ դուրսէն եկողներէն: Այս պայմանները եթէ պահպանուին, «Քորոնա»ն վտանգ չեմ համարեր Հայաստանի համար:

-Աշխարհը նման վարակներ շատ տեսած է, բայց տարբեր կողմերէ յաճախ մտավախութիւններ կը լսուին եւ մեծ վախեր կան «Քորոնա»ին հետ կապուած, ինչո՞վ կը պայմանաւորէք այդ վախերը:

-Այս ժահրի հետ կապուած վախերը կը պայմանաւորեմ ձեր վերը նշած՝ քաղաքական ենթաթեքստ ունենալուն հետ, մանաւանդ, որ այդ պարագային չենք կրնար գիտնալ, թէ մինչեւ ինչ մակարդակի կ՚ուզեն հասցընել վտանգը:

Վերջերս յայտարարեցին, որ ամերիկահայու մը ընկերութիւնը արդէն պատուաստը գտած է։ Այդ պատուաստը բոլոր աշխարհին հասանելի ըլլալէն ետք «Քորոնա» ժահրը կրնայ կասեցուիլ եւ մարդիկ կրնան պաշտպանուած զգալ, եթէ, անշուշտ, այդ պատուաստը իրօք արդիւնաւէտ եւ ազդեցիկ պատուաստ մը ըլլայ։ Ի դէպ, որոշ պատուաստներ երբերմն հիւանդին մարմինը աւելի կը տկարացնեն, քանի որ, ինչպէս գիտէք, պատուաստը ինք եւս պատրաստուած կ՚ըլլայ «վարակներէ», եւ երբեմն մարդու մարմնի դիմադրողականութիւնը աւելի հեշտ կրնայ պայքարիլ մէկ վարակի դիմաց, քան երկու-չորս տեսակի:

Իմ համոզմամբ, մարդու մարմնի դիմադրողականութիւնը աւելի դիւրութեամբ կրնայ պայքարիլ մէկ վարակի դէմ, քան մի քանի հատի դիմաց: Այս իմ կարծիքս է, բժշկութիւնը տարբեր դպրոցներ ունի, իմ տեսակէտս փաստած եմ անձնական բժշկական գործունէութեանս փորձառութեան ընթացքին, բայց զայն չեմ կրնար պարտադրել ուրիշներու:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մարտ 7, 2020