ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչ պիտի ըլլայ անիրաւութեամբ հարստութիւն հաւաքողին եւ իր ճակտի քրտինքով ապրողին:

Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Անիրաւութեամբ հաւաքուած հարստութիւնը պիտի պակսի, բայց իր աշխատութիւնով հաւաքողը պիտի շատցնէ» (Առ 13.11):

Շատեր հիմա պիտի ըսեն, մեր օրերուն այս ճշմարտութիւնը սակայն ի զօրու չէ, որովհետեւ մեր աչքերուն առջեւ կը տեսնենք, թէ ինչպէս կեղեքողները, գողերը, անիրաւները՝ անիրաւութեամբ իրենց դիզած հարստութիւնը կը վայելեն ու հանգիստ կեանքով կ՚ապրին: Աշխարհիկ մտածողութեամբ եւ աշխարհիկ ընկալումով, կարելի է համաձայնիլ այս պնդումին, սակայն չէ՞ որ մարդ նիւթ չէ, որ այսօր կայ՝ վաղը սակայն կրնայ վերանալ, չէ՞ որ մարդը հոգի է, այն ալ՝ անմահ հոգի, որ հրաւիրուած է յաւիտենապէս ապրելու: Առ այդ, երբ այս դիտանկիւնէն մօտենանք, ապա պարզ ու յստակ կը դառնայ Առակագիրին ըսածը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ շարունակութիւնը Տէր Աստուծոյ պատուէրին, թէ՝ «Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս» (Ծն 3.19): Քրտինքը, արդարեւ, աշխատանքի, տքնութեան նշան է, եւ մարդ կոչուած է իր ճակտի արդար քրիտնքով վաստակիլ իր հացը ու ապրիլ, հեռու ամէն տեսակի անիրաւութենէ:

Մէկ բան պէտք է յստակ ըլլայ մեր միտքերուն մէջ, թէ անիրաւութեամբ եկածը՝ անիրաւութեամբ ալ կ՚երթայ, եւ մարդ չի՛ կրնար անիրաւութեամբ ձեռք բերածը վայելել կամ օգուտը տեսնել:

Այս ալ պէտք է նկատի ունենանք, որ մենք՝ մահկանացուներս, որ սակայն կոչուած ենք յաւիտենական կեանքին, իսկ այդ կեանքին հասնելու համար, պէտք է հետեւինք Տէր Յիսուսի թելադրութեան, որ կ՚ըսէ. «Ձեր հարստութիւնը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն եւ կամ գողերը պատդ քանդելով ներս կը մտնեն ու կը գողնան զայն: Այլ ձեր հարստութիւնը դիզեցէք երկինքի մէջ, ուր ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն, եւ ոչ ալ գողերը կրնան պատդ քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ: Որովհետեւ ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ՚ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը» (Մտ 6.19-21):

Իսկ աշխարհի վրայ մեր պարտականութիւնն է աշխատիլ եւ մեր ճակտի քրտինքով ապրիլ, արդարութեամբ վաստակիլ մեր հացը, մեր հարստութիւնը դիզել՝ զայն ծառայեցնելու համար Աստուծոյ փառքին, եւ վստահ ըլլանք՝ ինչպէս Առակագիրը կ՚ըսէ, թէ իր աշխատութիւնովը հաւաքողը պիտի շատցնէ իր հարստութիւնը, իր ունեցուածքը:

Հ. Ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր, որ պատուիրաններէն կը վախնայ ու խօսքը կ՚արհամարհէ:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Խօսքը արհամարհողը պիտի կորսուի, բայց պատուիրանքէն վախցողը վարձք պիտի առնէ» (Առ 13.13): Մեզի ուղղուած իւրաքանչիւր խօսք, եթէ իր խորքին մէջ զԱստուած ունի, ապա այս ուղղուած է մեր բարօրութեան ու շինութեան համար եւ ապա պէտք է ականջ տանք, որպէսզի եթէ սխալ ընթացքի մէջ ենք, ուղղուինք եւ ճշմարտութեան ու արդարութեան ճանապարհէն ընթանանք: Միւս կողմէ, ամբողջ Աստուածաշունչը մեր կեանքին համար պատուիրաններու սահմանադրութեան դաշտ մըն է, որով առաջնորդուելով, մարդ կրնայ հասնիլ խաղաղ նաւահանգիստ՝ ապահով ու անվնաս: Ուշադիր պէտք է ըլլանք, սակայն, եւ վախնալ կարդալով չզարմանանք. Աստուած չ՚ուզեր, որ մարդիկ Իրմէ վախնան, ընդհակառակը, Ան կ՚ուզէ, որ մարդիկ սիրեն զԻնք, որովհետեւ Ինք ՍԷՐ է, իսկ Սէրէն պէտք չէ վախնալ, ընդհակառակը ամուր կառչիլ եւ Անով առաջնորդուիլ: Այստեղ երբ կը կարդանք, թէ պատուիրաններէն պէտք է վախնալ, պէտք է հասկնանք, թէ մարդ պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ իրեն աւանդուած պատուիրաններուն, հասկնայ ու ըմբռնէ զանոնք եւ իր կեանքը անոնցմով ուղղորդէ ու ղեկավարէ, որպէսզի ապահով մնայ եւ զօրաւոր՝ ամէն տեսակի փորձութիւններու ու դժուարութիւններու դիմաց:

Հ. Ի՞նչ է տարբերութիւնը խելացիին ու անմիտին գործունէութեան:

Պ. «Ամէն խելացի իմաստութեամբ կը գործէ, բայց անմիտը յիմարութիւն կը տարածէ» (Առ 13.16): Խելացիները, հետեւաբար, իմաստութեամբ, ճարպիկութեամբ ու ուշիմութեամբ կը գործեն եւ իրենց գործունէութիւնը ո՛չ միայն իր անձին, այլեւ՝ ի շահ ընդհանուրին եւ Աստուծոյ փառքին համար կ՚ըլլայ: Մինչ անմիտը, որ առանց մտածելու կը գործէ, ապա իր գործունէութեամբ յիմարութիւն, աւեր ու աւերուածութիւն կը տարածէ եւ ինչ գործի որ ձեռնարկէ, կը խանգարէ եւ թոյլ չի տար, որ այդ գործը յաջողութեամբ առաջ ընթանայ, որովհետեւ խելացիութեամբ չի՛ գործեր, ծրագրուած չի՛ գործեր, ընդհանուրին շահը իր միտքին մէջ չ՚ունենար, այլ՝ միայն իրը, եւ շատ յաճախ նոյնիսկ ինքն իր շահի մասին ալ չի՛ մտածեր, այլ՝ պարտականութենէ մղուած մեքենաբար կը գործէ:

Հ. Ի՞նչն է տարբերութիւնը չար պատգամաւորին եւ հաւատարիմ դեսպանին:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Չար պատգամաւորը թշուառութեան մէջ կ՚իյնայ, բայց հաւատարիմ դեսպանը բժշկութիւն է» (Առ 13.17): Պատգամաւոր եւ դեսպան այստեղ հոգեւոր առումով պէտք է առնել, այսինքն՝ Յիսուսի այն պատգամաւորներն ու դեսպանները, որոնք Տէր Յիսուսի խօսքը չեն փոխանցեր մարդոց, Յիսուսի այն պատգամաւորներն ու դեսպանները՝ որոնք իրենց կեանքով ու օրինակով Տէր Յիսուսի կենդանի վկաները չեն ըլլար այս աշխարհի մէջ, ապա չար են, իսկ անոնք՝ որոնք իրենց կեանքով կենդանի վկաները կը դառնան Քրիստոսի, ապա անոնք բժիշկներու նման են, որոնք կը բժշկեն, կը դարմանեն, անոնց խօսքը բժշկարար ու ազդող զօրութիւն կ՚ունենայ զայն լսողներուն համար:

Հ. Ի՞նչ է տարբերութիւնը խրատ լսողին ու չլսողին միջեւ:

Պ. «Խրատը անարգողը աղքատութիւն ու անարգութիւն կը կրէ, բայց յանդիմանութեան մտիկ ընողը պատիւ կը գտնէ» (Առ 13.18): Պարզ եւ յստակ, խրատը, թելադրութիւնը անարգողը, մերժողը աղքատութիւն ու անարգութիւն կը գտնէ, մինչ յանդիմանութիւն, խրատ ու թելադրութիւն լսողը պատիւ ու մեծարանք կը գտնէ:

Հ. Ի՞նչ է տարբերութիւնը իմաստուններուն եւ անմիտներուն հետ քայլողներուն:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ՚ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերակցողը չար կ՚ըլլայ» (Առ 13.20): Այս մէկը բացարձակ ճշմարտութիւն է: Ժողովրդային առածը կ՚ըսէ. «Ըսէ՛ ինծի ընկերդ, ըսեմ քեզի ո՛վ ես դուն»: Արդարեւ, մարդ որու հետ ընկերութիւն ու մտերմութիւն ստեղծէ, ապա կամաց-կամաց անոր նման կ՚ըլլայ, անոր կը նմանի: Այս առումով, եթէ մարդ իմաստուններուն, խելացիներուն հետ շփուի ու քայլէ, ապա ժամանակի ընթացքին անոնց նման պիտի ըլլայ, մինչ եթէ անմիտներուն, չարերուն ու մեղաւորներուն հետ ընկերութիւն ընէ ու անոնց հետ քալէ, ապա անոնց նման՝ չար, անմիտ ու մեղաւոր պիտի ըլլայ: Այս մարդ-մարդ փոխյարաբերութեան կը վերաբերի. նոյնը կը վերաբերի նաեւ Աստուած-մարդ փոխյարաբերութեան. մարդ եթէ ինքզնինք Աստուծոյ նուիրէ եւ զԱստուած իրեն ընկեր ու մտերիմ ընէ, ապա առաքինի կ՚ըլլայ եւ բարութիւն կը տարածէ, մինչ եթէ ինքզինք չարին ու մեղքին յանձնէ, ապա կը չարանայ ու սատանային օրինակով իր չորսդին չարութիւն կը տարածէ:

Մարդուն ձգուած է ընտրութիւն կատարելը՝ բարի՛ ընկերակցութեան, թէ՝ չար:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 32

4 փետրուար 2023, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2023