ԱԿՆԱՐԿ - 57 - «ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան պաշտօնական ամսաթերթի՝ «Սիոն» նոր շրջանի առաջին տարիի 3-րդ թիւի (մարտ 1927, էջ 65-68) խմբագրականէն հատուածներ Մեծ պահքի մասին: Խմբագրականը կը կրէ «Մեծ պահքի կրօնականութիւնը» խորագիրը:
• Գիտակցութեամբ եւ երկիւղածութեամբ ողջունենք Մեծպահքը. վասն զի Ժուժկալութեան եւ սրբութեան հրաւէր մըն է այդ մեզ համար: Այս առումով կարելի է ըսել, Մեծպահքը տօնն է Ժուժկալութեան, առաքինութիւններուն եւ քաջութիւններուն ամենէն կենսականին: Ողջունե՛նք այս տօնը գիտակցութեամբ եւ երկիւղածութեամբ, որովհետե Մեծպահքը, նոյնիսկ իր կրօնական նշանակութեամբ հիմնուած է կեանքի արժէքներուն պայծառ գիտակցութեան եւ երկիւղած հաւատքի մը պարզութեան վրայ:
Մեծպահքը մեզի կը բերէ ո՛չ թէ ուտելիքներու եւ խմելիքներու դաժան ճաշոց մը, մեր փափկացած եւ ազատ ճաշակները խանգարելու համար, Մեծպահքը մեզի կը բերէ ո՛չ թէ ապաշաւի տխուր երգեր եւ Մեղայներու ծանրակշիռ բանաձեւներ, յօրինուած մեզի ծանօթ ու անծանօթ մեղքերու մեծ ցանկէն, վրդովելու համար մեր անձնական ազատութեան անզուսպ ձգտումները՝ ոչ: Մեծպահքը մեզի կը բերէ Ժուժկալութեան պատգամը. վասն զի կեանքի կռիւը, կեանքի կռիւին սխալ ըմբռնումը եւ կիրարկումը վնասներ հասցուցած է մեր կենցաղին պարզութեան, եւ մենք ժուժկալ չենք եղած մեր խորհուրդներուն մէջ, մեր խօսքերուն մէջ, մեր գործերուն մէջ, մեր իրարու հետ ունեցած ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ, մեր ներքին կեանքի տնտեսութևան մէջ, մեր կերածներուն ու խմածներուն որակին ու քանակին մէջ. մէ՛կ խօսքով՝ վտանգուած է մեր մարմնի եւ հոգիի առողջութիւնը եւ հեռացած ենք անզգալաբար մեր Աստուծմէն:
Ֆիզիքապէս հիւանդներ,- առհասարակ անժուժկալութեան հեռեւանքներով հիւանդներ, սիրայօժար կ՚ենթարկուին բժշկական դարմաններու, պահեցողութիւններու եւ այլեւայլ պատուէրներու, որչափ ալ խիստ եւ երկարատեւ եղած ըլլան ատոնք, եւ ո՛չ միայն կ՚ենթարկուին՝ այլ նաեւ բժիշկի եւ դեղագործի կու տան ինչ որ ունին, հերիք է որ վերահաստատուի իրենց առողջութիւնը:
Մինչ Ժուժկալութիւնը ինքնին կանոն մըն է մարդիկը իրենց կեանքին բոլոր տեւողութեան մէջ պահելու չափաւոր, հետեւաբար՝ կորովի, առողջ եւ ընդունակ կեանքի կռիւէն յաղթական ելնելու:
• Մեծպահքը, ինչպէս նաեւ բոլոր պահքերը առ հասարակ գիտութեամբ, փորձառութեամբ եւ հաւատքով կարգադրուած չափաւորումներն են մարմնի աւելորդ եւ վնասակար ցանկութիւններուն: Այդ չափաւորումներն են որ կը պաշտպանեն հոգիին իրաւունքները եւ կը զօրացնեն զայն՝ որովհետեւ Ոգի առաւել է քան զկերակուր (Ղկս. ԺԲ, 23):
Շատ մը ախտեր ու խօթութիւններ կրնան դարմանուիլ դեղով, բայց կա՛ն այնպիսի հիւանդութիւններ, որոնց միակ դարմանն է սնունդ առնելու եւ ապրելու մասնաւոր կերպ մը (diet), զոր կ՚որոշէ բժիշկը: Ասիկա գիտական ու առողջապահական Մեծպահք մըն է հիւանդին ձգտումներուն ու ցանկութիւններուն դէմ:
Յիսուս Քրիստոս շատ մը հիւանդութիւններ ու ախտեր բուժեց հաւատքի ուժով: Բայց կարգ մը հիւանդութեանց համար ալ ըսաւ, այս տեսակները պահօք եւ աղօթիւք միայն կրնան բժշկուիլ: Եւ Մեծպահքը շրջան մըն է պահքի եւ աղօթքի: Ուրեմն, երբ Եկեղեցին մերթ ընդ մերթ կ՚ազդարարէ ժողովուրդին, թէ շատ մի՛ ուտեր, ամէն բան մի՛ ուտեր, անխտիր մի ուտեր, այլ՝ կե՛ր այս ու այն բաները, ժուժկա՛լ եղիր, պահեցողութի՛ւն ըրէ, ծո՛մ բռնէ, աղօթէ՛, ճանչցի՛ր հոգիիդ իրաւունքները,- իր մատը ուղղակի կը դնէ մեր մարմնի տկարութիւններուն եւ մեր հոգիի վէրքերուն վրայ:
• Մեծ ու փոքր պահքեր վճիտ մտքին եւ սուրբ սրտին պահպաններն են, եւ հո՛ս է կրօնական նշանակութիւնը Մեծպահքին ու բոլոր պահքերուն, եւ եթէ կ՚ուզէք, նաեւ գործնական նշանակութիւնը:
…
Հայաստանեայց Եկեղեցին Մեծպահքի յատուկ իր պաշտամունքներուն ծանրութեամբ եւ ներշնչումներով կ՚արթնցնէ թմրած ու անտարբեր էութիւնները:
Կ՚արժէ օգտուիլ այս բարեպատեհ առիթէն. պէտք է որ հաւատացեալ մարդը ինքնաքննութեան մը ենթարկէ իր անձը այս քառասնօրեայ խորհրդաւոր օրերուն, ուր Եսայի իր մարգարէութեան տաք շունչով կը լեցնէ եկեղեցին, ուր Պօղոս իր խաչանուէր սրտին յորդումներով նոր կեանք մը կը ներշնչէ մեղքի տառապանքներուն տակ ճնշուածներուն, ուր Աւետարանը խաղաղութեան լոյսն ու յոյսը կը հեղու տրտում հոգիներու մէջ, եւ ապաշխարութեան սաղմոսներն ու շարականները յուզումի հոսանքներ կ՚անցընեն երակներէդ, եւ կը զգաս, թէ թօթափած ես մարմինիդ թմբիրը, մաքրուած է սիրտդ:
Ողջո՜յն Մեծպահքին. սրտագին ողջունենք Ժուժկալութեան տօնը Հայաստանեայց Եկեղեցիին մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ