ՇԷՅԽ ՕՄԱՐ ԱՊՏԻՒԼ ՌԱՀՄԱՆ ԿԱՄ ԵԳԻՊՏՈՍԻ «ԿՈՅՐ ԷՄԻՐ»Ը ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ինչպէս երէկուան յօդուածի վերջին բաժնին մէջ նշեցինք, Եգիպտոսի «Ալ Օքսոր» քաղաքին մէջ եղած ահաբեկչական յարձակումը բաւական ծանր հետեւանքներ կ՚ունենար, մինչեւ այդ թուականը ներքին խլրտումներ ապրող իսլամական խմբաւորումներու տարբեր շերտերուն մէջ:
Գալով «Ալ Օքսոր»ի ահաբեկչութեան՝ հարկ է նշել, որ ըստ եգիպատական մամուլի տարբեր ներկայացուցիչներուն, զինեալներուն գլխաւոր նպատակն էր մուտք գործել Օքսորի մէջ տեղի ունեցող «Այտա» օփերայի սրահ եւ գերի վերցնել հոն գտնուող օտարազգի քաղաքացիներ, որպէսզի աւելի վերջ յաջողուի գերեվարուածները փոխանակել Գահիրէի բանտերուն մէջ գտնուող իսլամամէտ բանտարկեալներով:
Այս առումով նաեւ մինչեւ այս պահը յստակ չէ, թէ ի՛նչ պատճառներ մղեցին իսլամամէտ զինեալները, փոխելու համար նախօրօք ծրագրուած գործողութիւնը եւ սառնասրտօրէն սպաննելու յիսունութ անձեր ու անկէ ետք ալ անձնասպան ըլլալ:
«Ալ Քահիտա» շարժումի ներկայի առաջնորդ եգիպտացի Այման Ալ Զաուահիրի, որ այդ օրերուն երկրորդական պատասխանատուութիւն կրող անձ էր, «Ալ Օքսոր»ի գործողութեան մասին խօսելով դէպքը համարած էր առանցքային: Ու այսօրուան դրութեամբ «սալաֆիստ» իսլամներուն համար առաջնորդի դեր ստանձնած Զաուահիրիի խօսքը կը պարունակէ քանի մը կարեւոր հիմունքներ:
ա.- «Ալ Օքսոր»ի գործողութիւնը պէտք է համարել «սալաֆիստ» իսլամներուն համար ջրբաժան:
բ.- Այդ գործողութենէն ետք է, որ իսլամամէտ խմբաւորումները որոշում առին, իրենց պայքարը շարունակել միայն զինեալ միջոցներով:
բ.- Զինեալ մեթոտներու կառչելու կոչուած զինեալներէն շատեր միացան այդ օրերուն ոչ հանրաճանաչ «Ալ Քահիտա» շարժումին:
դ.- Մեծ թիւով իսլամամէտ աքթիւիսթներ դէմ ըլլալով՝ բացառապէս զինեալ միջոցներով «աշխատանք»ը շարունակելու առաջադրանքին, ինքնակամ կերպով հեռացան «Իսլամական համախմբում»էն:
Ստեղծուած այս երկփեղկումին հետեւանքով ալ սկիզբ կ՚առնէր ներքին պայքարի բաւական վտանգաւոր փուլ մը եւ «Ալ Քահիտա»ի անդամակացած զինեալներ «ներքին հաշուեյարդար»ի քայլեր կը կատարէին, իրենց երբեմնի «գաղափարակիցներ»ուն դէմ:
«Ալ Օքսոր»ի դէպքին լոյսին տակ Շէյխ Օմար Ապտիւլ Ռահման կը սկսէր իր «ինքնակամ աքսոր»ի հանգրուանին, որուն վերջին կայանը կը դառնար Ամերիկայի Հիւսիսային Քարոլայնայի բանտը: Մինչեւ իր Միացեալ Նահանգներ հասնիլը Ապտիւլ Ռահման հերթաբար կը հանգրուանէր՝ Սուտան, Աֆղանիստան եւ Լոնտոն: Նշեալ քաղաքներուն մէջ ան կը տանէր «քարոզիչ»ի աշխատանք եւ իր շուրջ կը հաւաքէր այդ օրերուն «յառաջադէմ իսլամ»ի ընկալումներով հանդէս եկող երիտասարդութեան կարեւոր մէկ հատուածը: Մինչ Աֆղանիստանի մէջ ճիգ կը գործադրէր աֆղան տարբեր խմբաւորումներուն միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու համար, անդին Լոնտոնի մէջ հանդիպումներ կ՚ունենար այն երիտասարդներուն հետ, որոնք հասած էին եւրոպական տարբեր մայրաքաղաքներ բարձրակարգ համալսարաններու մէջ ուսում ստանալու համար:
Ու շատ հաւանական է, որ այդ տարիներուն Ապտիւլ Ռահմանի «ցանած սեր-մեր»ը արդիւնք պիտի տային աւելի ուշ եւ պիտի համալրէին «Ալ Քահիտա» շարժումի շարքերը:
Թէ ինչքանով Ապտիւլ Ռահմանի քարոզներուն մէջ շեշտը կը դրուէր զինեալ պայքարի շնորհիւ իսլամութիւն հաստատելու մասին, յստակ չէ, սակայն բացորոշ է, որ կրօնական ուսմունքի «ծարաւ» հանդիսացող երիտասարդութեան համար առաջնակարգ տեղ կը գրաւէր «զէնքի ուժ»ով իսլամութիւնը տարածելու եւ կրօնական պետութիւններ կերտելու «երազանք»ը:
Ապտիւլ Ռահման լոնտոնեան իր տարիներէն ետք եւ նախքան իր ձերբակալուիլը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ խօսած էր զէնքի ընտրանքին մասին: Ան այդ առումով կոչ ուղղած էր իսլամամէտ խմբաւորումներուն թիրախ չդարձնել ՄԱԿ-ի նման միջազգային նշանակութիւն ունեցող կեդրոնները, այլեւ գոհանալ միայն հարուածներ տալով՝ զինուորական կեդրոնատեղիներու:
Այս խնդրէն զատ եւ անդրադառնալով Եգիպտոսի ներքին հարցերուն, Ապտիւլ Ռահման իր 24-ամեայ բանտարկութեան ժամանակահատուածին տարբեր առիթներով «կոչ»եր հրապարակելով, իր համակիրներէն կը խնդրէր դադրեցնել ներքին պայքարները եւ վերջ տալ պառակտման: Սալաֆիստներու հարցերով զբաղող մասնագէտներէն շատերուն համար ալ Ապտիւլ Ռահման իր «երկար լռութեամբ» փորձեց իր համակիրները ետ մղել զինեալ-ահաբեկչական գործունէութիւններէ եւ անոր ուսանողներէն մին (Ապու Մուհամմէտ Ալ Մաքտէսի) աւելի ուշ հրապարակ հանեց «զինեալ պայքար»ը դատապարտող եւ «ԻՇԻՊ-ը իսլամին դէմ ուղղուած դաշոյն» խորագրեալ հատոր մը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան