ԻՆՉՈ՞Ւ ՁԱԽՈՂԵՑԱՒ ԴԱՄԱՍԿՈՍԸ ՀԱՐՈՒԱԾԵԼՈՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԾՐԱԳԻՐԸ
Սուրիոյ պատերազմի սկզբնական շրջանին՝ այդ օրերու Իսրայէլի անվտանգութեան հարցերու նախարար Մոշէ Եահալոն «կը բացայատէր», որ իր երկիրը Սուրիոյ հարցերուն «դիմակայելու» համար ստեղծած է երեք կարմիր գիծեր, որոնց համար ալ անհրաժեշտ պահուն իրենք պատրաստ են յարմար լուծումներ կիրարռել: Այդ «կարմիր գիծեր»ը հետեւեալներն էին.
ա. Կանխարգիլել սուրիական հողերէն դէպի Իսրայէլ որեւէ զինուորական գործողութիւն,
բ. Վերահսկողութիւն հաստատել Սուրիայէն դէպի Լիբանան «Հիզպուլլահ»ին ուղղուելիք որեւէ զինամթերքի փոխանցման գործընթացներուն վրայ,
գ. Հետեւիլ Սուրիոյ բանակին ունեցած քիմիական զէնքերու պահեստանոցներուն շուրջ ընթացող գործընալցներուն։
Այս բոլորին զուգահեռ պէտք է անպայման հաշուի առնել, որ իսրայէլացի պատասխանատուին «տուած» խոստումները՝ կապուած Սուրիոյ մէջ ռազմական «հաւասարակշռութիւն»ը պահպանելու, իրականացուեցան տարբեր առիթներով: Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի իսրայէլեան օդուժի կողմէ սուրիական տարբեր տիպի կեդրոններու եւ խարիսխներու ուղղութեամբ կատարուած գրոհներուն, որոնք տեղի ունեցան զանազան շրջաններու եւ փուլերու ընթացքին: Անշուշտ այդ գրոհները «կանգ կ՚առնէին», երբ «առեղծուածային» կերպով սուրիական հակաօդային պաշտպանական համակարգերը կը յաջողէին խոցել եւ վար առնել իսրայէլեան կործանիչ մը (Փետրուարի 10-ին), այդպէսով նախընթաց դառնալով արաբ-իսրայէլեան գրեթէ յիսուն տարուան կեանք ունեցող հակամարտութեան մէջ: Այդ զարգացումը բաւական երկար ժամանակ կը մնար ուշադրութեան կիզակէտին վրայ եւ այդ առթիւ լոյսին կը տրուէին տասնեակ վերլուծութիւններ եւ տեսական յօդուածներ:
Գետնի վրայ արձանագրուած էր նոր զարգացում մը եւ այդ դէպքին հեղինակները միայն արաբները կամ աւելի ճիշդ ըսած սուրիացիները չէին: Այդ բոլորը անշուշտ անմարսելի էին Իսրայէլի համար, որ F-16-ի խոցումէն ասդին ոչ միայն վերատեսութեան կ՚ենթարկէր Սուրիոյ ուղղութեամբ իր ռազմական քայլերը, այլ ստիպուած կ՚ըլլար «ականջ տալ» Մոսկույի շրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու յորդորներուն:
Այս բոլորէն ետք Իսրայէլ կարիքը կը զգար նոր «խաղաոճ»ի մը, որուն մասին վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու «լայնածաւալ» քննարկումներ կը կատարէր, վերջերս Ուաշինկթըն կատարած իր այցելութեան ընթացքին:
Այս բոլորէն անդին եւ յատկապէս վերջին օրերուն սկսած է բացայայտ դառնալ, որ Իսրայէլի պետութիւնը ներկայ փուլին պատրաստ չէ պատերազմական նոր ճակատ մը բանալ երկրի հիւսիսային սահմաններուն մէջ: Խօսքը բնականաբար Լիբանանի հարաւային շրջանին մէջ «բնաւորուած» «Հիզպուլլահ»ի մասին է, որ հակառակ Սուրիոյ արիւնալի պատերազմին իր ունեցած «աշխոյժ» մասնակցութեան, այսօր աշխարհին կը ներկայանայ բաւական ուժեղ եւ ինքնավստահ դիրքերէ:
Լիբանանի ու յատկապէս «Հիզպալլահ»ին հետ նոր «արկախածխնդրութեան» մը երթալու մասին խօսած են իրենք՝ Իսրայէլի բարձրաստիճան զինուորական պատասխանատուները՝ նշելով, որ ներկայ փուլը ոչ մէկ կերպով նպատակայարմար փուլ մըն է զինուորական գործողութիւններ կատարելով «ծունկի բերել»ու համար «Հիզպուլլահ»ը:
Ու հակառակ Իսրայէլի «ներքին խոհանոց»ին մօտ Լիբանանի դէմ (անշուշտ լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ին դէմ) նոր պատերազմ մը շղթայազերծելու վերաբերեալ առկայ ընդհանուր վերապահութեան, իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ զօրավար Կազի Այզընքոթ «ուշագրաւ» յայտարարութիւններ կը կատարէր Մարտին: Ռազմական «ախորժակներ» ունեցող զինուորականը նկատել կու տար, որ Իսրայէլ պատրաստ է որեւէ պահու հարուածել Լիբանանը եւ անոր հարուածները «աննախադէպ» պիտի ըլլային: Այզընքոթ նաեւ կը յայտարարէր, որ այս անգամուան աւերաուծութիւնը «աննախադէպ» պիտի ըլլար եւ անոր հետեւանքները երկար ժամանակի մը համար պիտի կրէին բոլոր լիբանանցիները:
Այզընքոթ կը խօսէր «Մաարիվ» պարբերականին, հաւաստելով, որ իսրայէլեան բանակը տէրն է իր «յանձանռութեան» եւ այդ առումով ալ պատրաստ է իր վրայ եղած «պարտականութիւններ»ը իրականացնելու:
Երբ խօսինք իսրայէլեան «ներքին խոհանոց»ին մասին, ապա հաշուի պէտք է առնել, որ մասնաւորապէս վերջին շրջանին Թել Աւիւ կարեւոր եւ «գաղտնի» շփումներ կ՚ունենայ Սէուտական Արաբիոյ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ: Այդ շփումներուն մասին խօսած է զօրավար Այզընքոթ, որ նաեւ ըսած է, թէ Իսրայէլի Անվտանգութեան խորհուրդի բարձրաստիճան պատասխանատուներ հանդիպում ունեցած են Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանին հետ եւ անոնց խօսակցութիւններուն հիմնական առանցքը յատկացուած է Իրանի դէմ համատեղ պայքար ծաւալելու:
Հոս կարեւոր է ըմբռնել, որ երկու կողմերուն միջեւ առկայ «հետաքրքրութեան» ծիրը կամ զիրենք ուղեգիծի մը վրայ մէկտեղողը, ո՛չ թէ Սուրիոյ վարչակարգի տապալումն է, այլ՝ Իրանի արտաքին քաղաքականութեան վերջին դրսեւորումները, որոնք Ռիատի եւ Թել Աւիւի համար կը համարուին «ծաւալապաշտական» մօտեցումներ: Ու այս առումով ալ անոնք լաւ գիտեն, որ Սուրիոյ համար իրենց «նախատեսած» բոլոր թատրերգութիւններուն ձախողումը անմիջական կապ ունի Իրանի Սուրիոյ մէջ ունեցած զինուորական ներկայութեան, խորհրդատուութեան, բայց մանաւանդ Իրանի թելադրանքները կատարող «Հիզպուլլահ»ի Սուրիոյ ամենաթէժ գօտիներուն մէջ մղած մարտերուն ու արձանագրած յաղթանակներուն հետ: Ուրեմն անոնց համար «չարիք»ը ո՛չ թէ Պեշար Էսատն է, այլ՝ Թեհրանը, որ այսօր միջինարեւելեան «մաշտապ»ով յաջողած է ստեղծել ազդեցութեան կարեւոր գօտիներ: Բնականաբար անոնք չեն անտեսեր Ռուսաստանի դերը ու յատկապէս Մոսկուայի կողմէ Սուրիոյ մէջ կատարուած երեւելի գործողութիւնները, որոնց շնորհիւ ալ Մոսկուա բացայայտ կերպով աշխարհին կը ծանուցէր դէպի Միջին Արեւելք իր «յաղթական» վերադարձին մասին:
Անշուշտ տակաւին վաղ է «վերջնականացնել» ռուսական կողմին ունեցած իրագործումները Սուրիոյ մէջ, սակայն այնուամենայնիւ յստակ է, որ Մոսկուա յաջողած է ստանձնել կարեւոր դեր մը եւ այդ «արիւնով» ու մարտերով առնուած դերը անկորնչելի, նաեւ «մահուկենաց» դեր մըն է:
Հայեացք դէպի Կազզէ
Այս բոլորէն անդին Իսրայէլ տեւական կերպով կը հետեւի ներպաղեստինեան զարգացումներուն: Խօսքը մանաւանդ Կազզէի մասին է, ուր «Համաս»ի կառավարութիւնը «Ֆաթհ» շարժումի կառավարութեան հետ իր ունեցած բաւական սուր տարակարծութիւններուն պատճառով յայտնուած է «պաշարման» մէջ: Ու այս առումով ալ Իսրայէլ պատրաստ է, որեւէ ատեն «բարձր լարում»ի վիճակ մը ստեղծել եւ հարուածել Կազզէն: Ճիշդ է, որ զինուորական որեւէ հարուածի պարագային ներպաղեստինեան ճակատը կրնայ միաւորուիլ, սակայն ներկայ պահու դրութեամբ միասնական ըլլալու «ոգի»ն չի գործեր: Այստեղ պէտք չէ մոռացութեան մատնել, որ Կազզէի համար ամենամօտիկ «կեանքի աղբիւր» համարուող Եգիպտոսն ալ գոհ չէ «Համաս» շարժումէն։ Այս կէտին է նաեւ, որ Թել Աւիւ օգտուելով նախագահ Սիսիի «Համաս»ի հանդէպ ունեցած ժխտական կեցուածքներէն, փորձէ նոր արկածախնդրութեան մը դիմելով պատերազմ յայտարարել Կազզէի ու մասնաւորապէս զայն կառավարող «Համաս» շարժումին դէմ:
Չմոռնանք, որ «Համաս»-«Ֆաթհ» երկխօսութեան փուլը ներկայիս մատ-նըւած է անգործութեան, մանաւանդ որ «Ֆաթհ»ի կառավարութեան վարչապետ Ռամի ալ Համտալլա դէպի Կազզէ իր կատարած այցին ընթացքին մահափորձի ենթարկուելէ ետք՝ մահէն հազիւ ազատեցաւ:
Դամասկոսը հարուածելու վարկածը
Երբ Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ յատկապէս Պեշար Էսատ հրաման կը ստորագրէր ահաբեկիչ տարրերէն «մաքրել» Դամասկոսի կեդրոնէն միայն 10 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող արեւելեան Կութայի հատուածը, արեւմտեան շարք մը երկիրներ իրենց մտավախութիւնը յայտնեցին, որ այդ շրջաններուն մէջ կրնայ ջարդ տեղի ունենալ: Անցեալ Փետրուարին, երբ Էսատի բանակը ռուսական կողմի «կանաչ լոյս»ը կը ստանար ու կը սկսէր դէպի Կութա յառաջանալ, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը արտակարգ նիստ մը գումարելով՝ ռազմական գործողութիւնները անմիջապէս դադրեցնելու վերաբերեալ որոշում մը կ՚առնէր: Նոյն առումով ալ ՄԱԿ-ի բարձրաստիճան մէկէ աւելի պատասխանատուներ մտահոգութիւն կը յայտնէին, որ Կութայի մէջ կրնան գործածուիլ քիմիական զէնքեր, որոնք պատճառ կը դառնան հարիւրաւոր անզէն մարդոց մահուան:
Այս բոլորի կողքին մէջտեղ «կը նետուէր» Միացեալ Նահանգներու կողմէ Դամասկոսի կեդրոնական հատուածները հարուածելու մասին խօսակցութիւնը:
Ի դէպ, այդ խօսակցութիւնները այդքան ալ «նայիվ» չէին ու ռուս մէկէ աւելի բարձրաստիճան պատասխանատուներ կը յայտարարէին, որ Միացեալ Նահանգներ լուրջ պատրաստութիւններ տեսած է հարուածելու համար Դամասկոսի կեդրոնական շրջանները: Այդ մասին ակնարկած էր Սուրիոյ մէջ ռուսական բանակի առաջնորդներէն զօրավար Սերկէյ Ռոտցքով, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Աւելի անդին երթալով զօրավար Ռոտցքով կը յիշատակէր, որ Միացեալ Նահանգներ 600 «թոմահոք» տիպի հրթիռներ պատրաստած է հարուածելու համար Դամասկոսը: Ամերիկեան այդ ծրագիրը տարբեր պայմաններու բերումով «ջուրը ինկաւ» ու այսօր Կութան կը պատրաստուի վերջնականապէս Սուրիոյ կառավարութեան գիրկը երթալ: Այս կապակցութեամբ ալ կարեւոր է հաշուի առնել Անգարա-Մոսկուա համագործակցութիւնը, որ կարծես բաւական մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ, որպէսզի ամերիկացիք մէկդի ձգեն իսրայէլացի պատասխանատուներու կատարած հրահրումները՝ Սուրիոյ մայրաքաղաքը՝ Դամասկոսը հարուածելու ուղղութեամբ: Ամէն պարագայի Սուրիոյ պատերազմը տակաւին չէ աւարտած, սակայն գետնի վրայ եղող զարգացումները սկսած են ցոյց տալ, որ Սուրիոյ համար նախատեսուած է յատուկ թատրերգութիւն մը, որուն գլխաւոր «ճարտարապետներ»ը Մոսկուա-Անգարա-Թեհրան եռեակն է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան