ԼԱՒ Է ՈՒՆԵՆԱԼ ԸՆԿԵՐՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՄԵԶԻ ՆՄԱՆ ՉԵՆ
Ընկերներու ուժեղ ցանց մը ունենալը բազմաթիւ առաւելութիւններ ունի՝ նեղ օրերուն հասնելէն, մինչեւ ըլլալ խումբի մը մէջ, որուն հետ կարելի է միտքեր փոխանակել: Բայց արդեօք մենք բան մը կը կորսնցնե՞նք, եթէ միայն մեզի նման անձերու հետ յարաբերուինք:
Մեզմէ շատերուն համար այն մարդիկ, որոնք մենք յաճախ կը տեսնենք (մեր ընկերային ցանցով), մեր կեանքի որոշիչ հատուածն են: Ընկերներ կ՚օգնեն մեզի՝ հասկնալու աշխարհի մէջ մեր տեղը, եւ ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ ամուր բարեկամութիւնը կ՚առընչուի նուազ անձկութեան, մտահոգութեան:
Բայց կան բազմացող ապացոյցներ, ըստ որոնց, մարդիկ հակում ունին բարեկամութիւն մշակելու իրենց նմաններուն հետ:
Նոյնպէս հաւանական է, որ մենք կրնանք օգտուիլ՝ ընդարձակելով մեր շրջանակները: Օրինակ, բազմատեսակ մարդոց հետ յարաբերիլը կրնայ ստեղծագործութիւն խթանել եւ նպաստել թէ՛ անհատին, թէ՛ հասարակութեան: Այն ազդեցութիւնը, որ մեր ընկերային ցանցերը ունին մեր կարծիքները ամրացնելու հոլովոյթին մէջ, տարածք մըն է, որ կ՚ուսումնասիրուի մասնագէտներու կողմէ: Մեր վերաբերմունքը, որ ամուր կը պահենք, կ՚առաջնորդէ մեզ աշխարհը ըմբռնելու եւ աւելի դիմացկուն են ուրիշներու համոզումներով փոփոխուելու համար:
Յաճախ մենք կը ձգտինք մշակել եւ պահպանել այն տեղեկատուութիւնը, որ կը հաստատէ մեր տեսակէտները՝ մերժելով այն տեղեկատուութիւնը, որ համաձայն չէ մեր կարծիքներուն: Մարդոց մեծամասնութիւնը կը գտնուի նոյն մտածողութիւնը ունեցող, համախոհ անձերու կողմէ ստեղծուած ընկերային ցանցերու շրջանակներուն մէջ, մինչ փոքրամասնութիւնը կը հաղորդակցի աւելի լայն տեսակէտներ ունեցող մարդոց հետ:
Երբ խումբերը աւելի բազմազան կ՚ըլլան, փաստերը կը վկայեն, որ իրենց անդամներուն համոզումները աւելի բաց կ՚ըլլան եւ որոշ հարցի մը նկատմամբ իրենց վերաբերմունքը կը դառնայ նուազ նախապաշարուած: Զանազան հրատապ հարցերու առընչութեամբ ծագած վէճերու մէջ, երբ մարդիկ տարբեր տեսակէտներ ունին, եւ երբ մարդիկ բեւեռացած կ՚ըլլան, հետեւանքները անխուսափելի կ՚ըլլան:
Մարդիկ յաճախ կը մղուին իրենց նմաններուն հետ խմբուիլ:
Դպրոցի բակին մէջ երեխաները իրենց խմբակները կը կազմեն՝ ամէն տեսակի երեւոյթներ նկատի առնելով, ազգութենէն մինչեւ մազի յարդարումն ու ակնոցաւոր ըլլալը կամ ոչ:
Շուտով մենք կը գտնենք մեր ընկերային աշխարհը՝ բաժնուած տարիքի, ընկերային դասակարգի, քաղաքական հայեացքներու, կրօնի եւ ցեղային-ազգային գիծերու միջեւ:
Յաւելեալ հոգեբանական կողմնակալութիւններ կրնան տեղի ունենալ: Օրինակ, մենք կրնանք մեր սեփական խմբակը տեսնել՝ որպէս «աւելի լաւ», աւելի հետաքրքրական, զուարճալի կամ զարգացած, եւ այլ խումբեր՝ որպէս աւելի նուազ բարենպաստ:
Երբ խումբերը իրարմէ աւելի կ՚անջատուին, ատոնք կ՚ապրին տարբեր շրջաններու մէջ, տարբեր դպրոցներ կը յաճախեն եւ կը հաւատան տարբեր «փաստերու»: Այլ մարդոց սովորութիւններու, միտքերու եւ զգացումներուն անտեղեակ ըլլալը կրնայ ձեւաւորել աշխարհի հանդէպ մեր տեսակէտները, քանի որ մենք հակում ունինք կարծրատիպեր կիրարկելու մարդոց մասին, որոնց հազուադէպօրէն կը հանդիպինք:
Հակառակ ատոր՝ ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ այլ խումբերու պատկանող ընկեր ունենալը կրնայ մեզի համար լաւ ըլլալ: Ատիկա կրնայ նուազեցնել անհանգստութիւնը՝ շաղուըւելու մարդոց հետ, որոնք «մեզի նման չեն», եւ վանել այն ենթադրութիւնները, թէ անոնց հետ յարաբերութիւնը կրնայ ժխտական ըլլալ:
Ասիկա իր կարգին կրնայ աւելի դրական վերաբերմունքի յանգեցնել ընդհանրապէս այլ խումբերու հանդէպ:
Ատիկա կարելիութիւն կ՚ընձեռէ մեզի, նոյնպէս կը քաջալերէ՝ այդ խումբերու անդամներու պատկերացումը ունենալու եւ աւելի հասկացողութիւն ցուցաբերելու անոնց հանդէպ:
Զարմանալի ազդեցութիւնը այն է, որ «ուրիշներու» խումբի մը հետ, օրինակ՝ միասեռականներու հաղորդակցիլը կրնայ փոխել մեր վերաբերմունքը այլ խումբերու նկատմամբ, օրինակ՝ մեզմէ աւելի կամ նուազ գումար ունեցող մարդոց: Հաղորդակցութիւնը կարծես թէ կը նուազեցնէ նախապաշարումները, բեւեռացումը եւ խտրականութիւնը:
Այլ խումբերու հետ հաղորդակցելու ձեւը կը փոխէ մեր վերաբերմունքը: Ասիկա հաստատուած է ամբողջ աշխարհի մէջ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններով:
Այս աշխատանքներուն մեծ մասը անցեալին կատարուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր դպրոցներու մէջ խտրականութեան վերացումէն ետք սպիտակ ամերիկացի եւ ափրիկեան ծագումով ամերիկացի աշակերտներու ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ երբ հաղորդակցութիւնը աւելցած է, նուազած է նախապաշարումը:
Յաջող հաղորդակցութեան այլ օրինակ մըն է Անգլիոյ Օքսֆորտ համալսարանին մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը, որ ներառած է Հիւսիսային Իրլանտայի կաթոլիկները եւ բողոքականները, Մալեզիոյ, Չինաստանի եւ Հնդկաստանի ժողովուրդները, նոյնպէս՝ Կիպրոսի մէջ յոյն-կիպրական եւ թուրք-կիպրական ժողովուրդները:
Վերջերս պարզուեցաւ, որ Բրիտանիոյ մէջ սպիտակ-բրիտանական եւ ասիական-բրիտանական իրարմէ անջատ դպրոցներու միաձուլումը յանգեցուցած է իրարու հանդէպ աւելի դրական վերաբերմունքի եւ՝ միախառնուած ընկերներու խումբերու:
Անշուշտ բազմաթիւ վայրերու մէջ մարդիկ տակաւին տարանջատուած կեանք կ՚ապրին, սակայն անոնց միջեւ անուղղակի հաղորդակցութիւնը կրնայ յանգեցնել փոփոխուող վերաբերմունքի: Օրինակ, հասարակաց ընկերներու միջոցով այլ խումբերու մասին գիտնալը ցոյց կու տայ, որ նախապաշարումը գրեթէ նոյնքան արդիւնաւէտօրէն նուազած է, որքան՝ անմիջական կապի պարագային: Մարդիկ նոյնպէս փոխած են իրենց վերաբերմունքը, երբ շարժանկարներ եւ պատկերասփիւռային յայտագիրներ դիտած են այլ խումբերու մասին:
Այդուհանդերձ, հաղորդակցութիւնը ամենէն բուժիչ դեղը չէ նախապաշարումի: Ատոր արդիւնաւէտութիւնը կը սահմանափակուի շարունակուող խտրականութեամբ, կամ՝ ուր մարդիկ վտանգի զգացում կ՚ունենան, երբ խումբերը կը միախառնուին՝ ամենէն վատ պարագաներուն մէջ նախապաշարումներ հաստատելով:
Հիւսիսային Ամերիկայէն մինչեւ Եւրոպա, Ասիա, Ափրիկէ եւ Աւստրալիա, 60 տարուան ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ խումբերու միջեւ հաղորդակցութիւնները հզօր միջոցներ են յարաբերութիւնները բարելաւելու: Բազմաթիւ պարագաներու մէջ ատիկա մեզ կ՚առաջնորդէ ապրելու աւելի միասին, աւելի դրական եւ աւելի խաղաղ, հետզհետէ աւելի բազմազան դարձող աշխարհի մէջ:
ԱՄԲՈՂՋ ԿԵԱՆՔԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԹՇՆԱՄՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ
Որքա՜ն կախարդական կրնայ ըլլալ կեանքը, եթէ սիրալիր բարեկամներ կանգնած ըլլան հոն, ուր թշնամիներդ են այսօր:
Երեւակայէ՛, որ թշնամանքը հեռացած է ընդմիշտ: Պատկերացուր, որ կռիւը աւարտած է: Վե՛րջ:
Այլեւս՝ ոչ մէկ վիրաւորանք կամ զայրոյթ: Այլեւս արցունք չկայ, վախ չկայ, թէ ի՛նչ պիտի ըսուի եւ պիտի ըլլայ: Ամբողջ իրավիճակը փոխուած է, մոռցուած, բնաւ պիտի չկրկնուի:
Դուն լաւատեսօրէն կը սպասես յառաջիկայ օրերուն: Հանգիստ: Երջանիկ:
Ուշադի՛ր, դիւրին չէ: Եւ միշտ ալ պիտի չյաջողի: Բայց պիտի չգիտնաս, մինչեւ որ չփորձես:
Յատուկ անձ մը պէտք է ըլլալ առաջին քայլը առնելու համար, եւ՝ ընդունիլ, որ անոնք սխալ վարուած էին, ապա սրբագրած՝ այդ սխալը:
Բացառիկ անհատականութիւն մը պէտք է ըլլալ՝ առնելու համար առաջին քայլը, երբ անոնք կը հաւատան, որ սխալ էին:
Բայց եթէ դուն այդ քայլը առնես, միայն թշնամի մը պիտի կորսնցնես:
Կ՚արժէ փորձել:
ՊԱՐԶ ՔԱՅԼԵՐ՝ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐ ԲԱՐԵԿԱՄԻ ՎԵՐԱԾԵԼՈՒ
«Երբ դուք դէմ դիմաց գաք հակառակորդի մը, զայն գրաւեցէք սիրոյ զգացումով». Մահաթմա Կանտի
Նեղութեան, զայրոյթի մէջ կը հարցնես. «Ինչո՞ւ: Ինչո՞ւ ան սուտեր տարածեց իմ մասիս: Ինչո՞ւ ծաղրեց զիս»:
Անշուշտ ան պատճառ չունէր, եթէ դուն նպատակ չունէիր զայն վիրաւորելու, եւ անկեղծօրէն չես ալ գիտեր, թէ ի՛նչ ըրիր զայն զայրացնելու համար: Թերեւս ան մէկն էր, որ հազիւ թէ կը ճանչնաս, եւ թէ՝ ան քու գոյութենէդ չ՚ախորժիր: Կամ՝ մէկը, որմէ չես կրնար խուսափիլ, ինչպէս՝ աշխատակիցը, որ ինչ-ինչ պատճառներով ընտրած է ատել եւ խանգարել քեզ առաջին օրէն: Թերեւս մէկն է, որուն հետ ժամանակին մտերիմ էիր. ընտանիքի անդամ մը, ընկեր մը, կամ նոյնիսկ սիրահար մը: Ո՛վ ալ ըլլայ ան, զայրոյթը, նեղութիւնը քեզ ներսէն կ՚ուտէ՝ գիշերները քեզ արթուն պահելով եւ տանջող յիշատակներ բերելով: Ամենէն վատը՝ այս թշնամանքը կը վնասէ քու առողջութեանդ:
Կա՛նգ առ վայրկեան մը: Շնչէ՛: Դուն կրնա՛ս բան մը ընել այս կացութեան մէջ: Թշնամիները անխուսափելի ցաւոտ մասը կը թուին կեանքին, բայց բազմաթիւ պարագաներու մէջ դուն կրնաս ինքզինքդ ազատել նեղութենէ, պրկումէ, ճնշուածութենէ:
«Ինչո՞ւ ես պիտի ըլլամ հաշտուողը, զիջողը, երբ անոնք սկսած են այդ բանին»: Այո՛, կրնաս նոյնպէս ճիշդ ըլլալ: Բայց ի՞նչ գնով: Թշնամի մը բարեկամի վերածելը բան մը չէ, ինչ որ անոնց համար կ՚ընես, այլ՝ քեզի: Թշնամիներ չեն ծնիր, կը դառնան, նոյնիսկ՝ ակամայ: Եւ անոնք կարելի է բարեկամներու վերածել քանի մը պարզ քայլերով.
Մերժէ՛ անոնց թշնամին ըլլալ
«Իմաստուն մարդը կը մտածէ, որ աւելի նպաստաւոր է չմիանալ պատերազմին, քան՝ ատիկա շահիլը». Ֆրանսուա տը Լառոշֆուքօ
Փոխէ՛ պիտակը
«Թշնամի մը կործանելու լաւագոյն ձեւը զայն բարեկամ ընելն է, եւ լաւագոյն ձեւը մէկը բարեկամ ընելու՝ անոր այդ անունը տալն է ձեր միտքին մէջ». Ապրահամ Լինքըլն
Ինքզինքդ անոր մէջ տե՛ս
«Երբ դուք խոր ներողամտութիւն կը ցուցաբերէք ուրիշներու հանդէպ, անոնց պաշտպանական ներուժը կը նուազի, եւ դրական ներուժը կը փոխարինէ ատիկա». Ս. Քովէյ
Շարունակեցէ՛ք զրուցել
«Արդիւնաւէտ է թշնամին ճանչնալը. Առնուազն որեւէ ատեն կրնաս դուն առիթը ունենալ զայն բարեկամդ դարձնելու». Մարկարէթ Թեչըր
Զինաթափէ՛ զանոնք
«Երբ բանակները զօրաշարժի ենթարկուին, այն անձը, որ կը ցաւի այս իրողութեան համար, պիտի յաղթէ». Լաօ Ծու
Յայտնէ՛, որ կարեւոր են քեզի համար
«Բարեկամ ունենալու լաւագոյն ձեւը բարեկամ ըլլալն է». Ռալֆ Էմըրսըն
Գրաւէ՛ անոնց սիրտերը անկեղծ սիրով
«Սէրը միակ ուժն է, որ ատակ է թշնամին բարեկամի վերածելու». Մ. Լ. Քինկ
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան