ՃՇՄԱՐԻՏ ԵՄ. Կ՚ՈՒԶԵՄ ՄԻՆՉԵՒ ՎԵՐՋ ՀԱՒԱՏԱԼ, ՈՐ ԵՂԱԾԸ «ԹԱՒՇԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ» ԷՐ
Անցնող երեք շաբաթները բաւական դժուար օրեր «պարգեւեցին» Հայաստանին: Ճիշդ է, որ հիմա մտած ենք բոլորովին այլ փուլ մը, բայց եւ այնպէս Երեւան ապրողները լաւ կը հասկնան, թէ ինչի մասին է ակնարկումս:
Խօսքը միայն այն մասին չէ, որ դէպքերը ընթացք առին Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ, այլ անոր համար, որ եղածները եւ փողոցին մէջ յեղափոխական իրավիճակ յուշող կացութիւնը տեղի կու տար մեծ հարցադրումներու: Քաղաքական կուսակցութիւններու հանդէպ նախասիրութիւն ունենալը, այդ կուսակցութեան ոգին եւ աշխատելու ձեւը ընկալելը, քաջալեր կանգնիլը, քուէարկելը կամ դէմ ըլլալը մէկ կողմ, հոս այդ մասին չէ, որ կը խօսինք, այլ կը խօսինք Հայաստանի ընդհանուր «քաղաքական գիծ»ին ու այդ գիծէն շեղելու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած խօսակցութեանց մասին:
Ինչպէս միջազգային, այնպէս ալ արաբական զանգուածային լրատուութեան միջոցները մօտէն կը հետեւին Հայաստանի զարգացումներուն:
Այդ առումով առիթը ներկայացաւ արաբական աշխարհին մէջ ուրոյն տեղ ունեցող «Ալ Մայատին» կայանէն: Նպատակը անշուշտ վերջին նորութիւնները ներկայացնելն էր, ինչպէս եւ կ՚ընէի BBC Arabic-ի կամ այլ կայաններու պարագային:
Իրավիճակը գետնի վրայ՝ ի՛նչ խօսք ուղղեց Նիկոլ Փաշինեան եւ ի՛նչ զարգացումներու կը սպասուին: Հարցադրումները շատ-շատ այս տիպի պիտի ըլլային, սակայն «Ալ Մայատին» կայանի հմուտ լրագրողը կը զարմացնէր զիս: Հայաստանի խընդ-րին կը մօտենար հեռուներէն ու այնպիսի «գամեր» կը զարնէր, որ զարմանալու հազար պատճառ կ՚ունենայի: Խօսակիցս մակերեսային լրագրող մը չէր (որոնք ինչքան շատ են հայկական իրականութեան մէջ) ու լաւ գիտէր, սերտած էր Հայաստանի դիրքը, ունակութիւններն ու հարցերը: Բաց աստի, ան նաեւ ընդհանուր պատկերը նկարելէ ետք էր միայն, որ կու տար առաջին հարցը:
Ի դէպ, նախքան հարցազրոյցի անցնիլը հեռուստադիտողին կը ներկայացուէին երկու հարցազրոյցներ, որոնցմէ մին լուսարձակի տակ կ՚առնէր Հայաստանի ներքաղաքական դրութիւնը, իսկ երկրորդը, որ ուշադրութեանս կ՚արժանանար Հայաստանի վերջին զարգացումներուն եւ Կովկասի մէջ «սպասուող» զարգացումներուն մասին էր:
Վերադառնալով հարցազրոյցին՝ նշեմ, որ լրագրողին կողմէ հնչած եւ զիս զարմացուցած հարցումը հետեւեալն է. «Կրնա՞յ պատահիլ, որ այս դէպքերը նախապատրաստութիւնն են, որպէսզի Միացեալ Նահանգներ հեռահար հրթիռներու համակարգեր տեղադրէ Հայաստանի մէջ»: Հարցադրումը բնականաբար կը տրուէր նկատի առնելով Իրան-Արեւմուտք ընդհանուր իրադրութիւնը, որ յատկապէս վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին մտած էր «պայթուցիկ» նոր փուլ մը: Երեւանի բակերուն մէջ ընթացք առած դէպքերը կուտակուելով, մեծնալով եւ համաժողովրդային բնոյթի շարժում դառնալով «դուրս» եկած էր ներքին սպառման օրակարգէն եւ այսօր ալ կը շարունակէ հանդիսանալ շրջանային ուժերու ուշադրութեան կեդրոն: Փաշինեան, որ իր շարժումը եւ քայլերը բաւական խելացի, խաղաղ եւ կազմակերպուած կատարած էր, գիտէր նաեւ, որ երբ «աստեղային» ժամը գայ, իր սկսած շարժումը դուրս պիտի գայ փոքրիկ Հայաստանի սահմաններէն ու դառնայ շրջանային մեծ խաղերու «փոքրիկ» մէկ մասնիկը:
Ու ատոր համար էր նաեւ, որ այս շարժումի, աւելի ուշ որպէս «Թաւշեայ յեղափոխութիւն» ներկայացուած դէպքերուն առընթեր, ես որոշ վերապահութիւն մը կ՚ապրէի ու մինչեւ հիմա ալ այդ վերապահութիւնը կամ «վախ»ը իմ մօտ տակաւին չէ վերացած: Ինծի շատեր հարց տուին. «Եղբայր, ինչո՞ւ խանդավառ չես» կամ «Բարեկամ, ինչո՞ւ չես մասնակցիր» եւ այդ հարցադրումներուն դիմաց կը նախընտրէի լուռ մնալ ու աւելի «արմատական» հարցումներ շարադրել եւ զանոնք ուղղել Նիկոլ Փաշինեանին, որ ի պատիւ իրեն մինչեւ վերջին պահը հաւատացողը մնաց իր առած քայլին եւ յաջողութեամբ պսակեց «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը:
Երեւանի վարորդներն անգամ, որոնք վերապահութիւն եւ հարցումներ ունին Հայաստանի վաղուան համար, կը հասկնան եւ կ՚ընդունին, որ դէպքերու «զենիթ»ային համար-ւող պահը եւ՝ «փիք» ժամը արդէն անցեալ է:
Փաշինեան պիտի դառնայ վարչապետ: Այլընտրանք չկայ: Մինչեւ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը եւ նոյնիսկ անկէ ետք իշխանութեան «հայց» ներկայացուցած Հանրապետական կուսակցութեան խորհրդարանական «ֆրաքցիա»ի ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանն անգամ «կ՚ընդունի» եւ «կը հաստատէ» այդ փաստը:
Ի դէպ, Պաղտասարեան այդ մասին խօսած է «Ազատութիւն» ռատիօկայանին՝ յայտնելով, որ Երեւանի մէջ իր գագաթնակէտին հասած լարումին դիմաց կար երկու ընտրանք:
Առաջին հարցերը «արեան ճանապարհ»ով լուծելու հարցն էր, իսկ երկրորդը՝ «Ժողովուրդի թեկնածու» Նիկոլ Փաշինեանին վարչապետ ընտրուիլը: Վերադառնալով «Ալ Մայատին»ի լրագրողի հարցադրումին՝ պարտիմ յիշեցնել, որ անցնող օրերուն Միացեալ Նահանգներ պայքարի նոր փուլ մը շղթայազերծած էր Իրանի դէմ: «Իրան-5+1» կորիզային համաձայնութեան լոյսին տակ եւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի այդ համաձայնագիրը վերատեսութեան ենթարկելու (Մայիս 12) կամ նոյնիսկ չեղեալ համարելու մասին խօսքերը նոր բեկում մը յառաջացուցած էին Միջին Արեւելքի ընդհանուր տեսարանին մէջ:
Կար նաեւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցած «նոր փաստարկներ»ու թղթածրարը, ուր Նեթանիյահու միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կը ներկայացնէր իրենց ունեցած «նոր տուեալներ»ը, Իրանի ունեցած «խիստ գաղտնի» պահեստներուն մասին, որոնք այլ կարեւոր զէնքերու կողքին կը պարունակեն կորիզային զէնք ունենալու կարեւորագոյն նիւթերը:
Բնականաբար Իրան «քմծիծաղ»ով կ՚ընդունէր Իսրայէլի վարչապետին ըրած յայտարարութիւնները, բայց Իսրայէլի համար այդ մէկը երկրորդական էր:
Տանըլտ Թրամփի նախագահ ընտրուելէն ի վեր Իսրայէլ կը հետապնդէ մէկ հիմնական նպատակ. խափանել ԱՄՆ-Իրան որեւէ մերձեցում ու նոյնիսկ տապալման տանիլ Իրանի հետ կնքուած կորիզային համաձայնութիւնը: Մինչ Եւրոպական շարք մը երկիրներ գլխաւորութեամբ՝ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ, կը փորձեն տագնապը ծծող «սպունգ»ի դերով հանդէս գալ, անդին Թրամփ, որ «հասկացողութիւն» ցուցաբերեց Հիւսիսային Քորէայի խնդրով, կը շարունակէ հաւատալ, որ Իրանը հարուածելը եւ անոր խաղաղ օգտագործման համար ստեղծուած աթոմական բոլոր տեսակի ունակութիւնները ոչնչացնելը իր վարչակարգի ամենէն առաջնային խնդիր:
Այս վիճակին մէջ նաեւ սկսած է երեւելի դառնալ, որ Ուաշինկթըն գործի կը մղէ սիւննի աշխարհի այն թեւը, որ «խոր» արմատներով տարակարծութիւններ եւ նոյնիսկ թշնամանք կը տածէ շիի Իրանին դէմ:
ԱՄՆ-ի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Փոմփէոյի Միջին Արեւելք տուած այցը պէտք է դիտարկել՝ որպէս այդ ծիրին մէջ եղող այց: Յստակ է նաեւ, որ ամերիկեան այս վարչամեքենան «երկար շունչ»ի վրայ եղող ծրագիրներու հեղինակը չէ: Այլ ընդհակառակը, Թրամփը համեմատելով նախորդ նախագահ Պարաք Օպամայի մօտեցումներուն հետ ան կը գործէ բաւական արագ քայլերով: Այս առումով ալ կարեւոր ապացոյցներ պէտք է համարել ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախկին նախարար Ռեքս Թիլըրսընի պաշտօնէն հրաժարելու քայլը ու նաեւ Փոմփէոյի շրջան այցէն ետք Մարոք-Իրան նոր լարուածութիւնը, որ հրահրուած է Ռիատի կողմէ:
Մարոքի թագաւորը, որ վերջերս յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ շեշտեց, որ երկրի հարաւային հատուածին մէջ երկար տարիներէ ի վեր գործող եւ «Փոլիսարիօ» անունը կրող շարժումը կը հովանաւորուի Իրանի կողմէ եւ անոր զինուորական եւ մարդուժի հարցերը կը լուծէ լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ը:
Շրջանային հակամարտութիւններու ընդհանուր տեսադաշտին մէջ այս նոր «օճախ»ը ունի մի քանի նպատակներ, որոնց ամենէն հիմնականը սիւննիներու մօտ շիի Իրանին հանդէպ առկայ ատելութեան բազմապատկումն է, որ նոյնիսկ կրնայ զինուորական բախումներու վերածուիլ:
Ամէն պարագայի տակ յստակ է, որ այս ընդհանուր զարգացումներու ֆոնին վրայ պաշտօնական Թեհրան բնական մտավախութիւններ կրնայ ունենալ Հայաստանի մէջ երեւելի դարձող որեւէ տիպի կամ կողմի մը ձեռքով «հրահրուած» դէպքերու կամ յեղափոխութիւններու նկատմամբ:
Միջազգային հանրութեան համար կան ընդունելի եւ նոյնիսկ կարծրատիպի որակներով հաստատումներ, որոնց համաձայն որեւէ յեղափոխութիւն պատահական պատճառներ չունի:
Հոս չենք խօսիր միայն «դաւանական տեսութեան» մասին, այլ կը վկայաբերենք վերջին տասը տարիներու Միջին Արեւելքը «արեան յորձանուտներ»ու վերածած «Արաբական գարուն»ներու մասին, որոնց բոլորին հեղինակն ու տեղ տուողը յայտնի է:
Այս մտորումները թուղթին կու տամ այն պահուն, երբ Հայաստան այս անգամ «Ճերմակ շապիկներ»ով պիտի կատարէ ու իրականացնէ Փաշինեանի վարչապետ ընտրուիլը ու պահու մը առջեւ, երբ բոլորս ալ միահամուռ կերպով կ՚ուզենք հաւատալ, որ եղածը միայն մաքուր եւ դրական յոյսերով լեցուն «Թաւշեայ յեղափոխութիւն» մըն էր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան