ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑՈՎ ՃԻՇԴ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ, ՍԱԿԱՅՆ ՍԽԱԼ ԹԻՐԱԽՆԵՐՈՎ… ԶԻՋՈՒՄՆԵՐ ԿԱՐԵԼԻ ԵՆ, ԵԹԷ…
Ինչպէ՞ս պիտի լուծուի Արցախի հիմնախնդիրը։ Ի՞նչ միջոցներով եւ ի՞նչ ճանապարհներով իր լուծումին պիտի յանգի վերջին գրեթէ երեսուն տարուան ընթացքին մեր ժողովուրդին համար հիմնական գերխնդիր դարձած Արցախի հարցը։ Հաշուի առնելով Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը, մեր երկրի հարեւաններու մեծամասնութեան դիրքորոշումները եւ զանազան առումներով ալ այսօր առկայ տնտեսական-ընկերային բարդ դրոյթները, կու գանք այն եզրակացութեան, թէ Արցախի հարցի լուծումը պէտք չէ ուշանայ։
Ճիշդ է, որ Հայաստանի անբաժան մասնիկ հանդիսացող Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը տնտեսական իմաստով «մեծ հրաշքներ» պիտի չպարգեւէ մեր երկրին, բայց եւ այնպէս, կայ մօտեցում, որ այդ խնդրի լուծման հետ առհասարակ շրջանին մէջ պիտի նուազի լարուածութեան եւ ռազմական հռետորաբանութեամբ յառաջ մղուող ընդհանուր «ճառ»երը։ Այստեղ պարտիմ անպայման նշել, որ այսօր սահմանին վրայ առկայ ընդհանուր իրավիճակը անհամեմատ լաւ է, եթէ զայն բաղդատենք անցեալ փուլի լարումներուն հետ։
Այստեղ անպայման պէտք չէ հասկնալ, կամ ենթադրութիւններ ընել, որ Պաքուի կողմէ որդեգրուած քաղաքականութիւնը կը յուշէ, թէ երկու երկիրներուն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, կամ երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ առկայ են «ինչ-որ» պայմանաւորուածութիւններ։ Բայց եւ այնպէս, աւելի քան յստակ է, որ այսօր առկայ ընդհանուր դրութիւնը եւ սահմաններուն վրայ առկայ նուազագոյն լարուածութեամբ ուղեցկուող իրադրութիւնը ձեւով մը դրական յոյսեր կը ներշնչէ։
Արցախի տագնապը հին է, այդ խնդրին վրայ «կոշկոռ» կապած են սպի դարձած հին վէրքեր ու բոլորին համաձայնութեամբ խնդրի լուծումը պէտք ունի մեծ զոհողութիւններու։
Զոհողութիւն ըսելով կողմերէն իւրաքանչիւրը կը հասկնայ յաճախ իրար հակասող բան մը, բայց եւ այնպէս, Պաքուի կողմէ առնուազն վերջին մէկ տարուան ընթացքին ի ցոյց տրուած մօտեցումները կը խօսին՝ այդ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան մօտ որոշ չափով փոփոխութիւններու մասին։
Ճիշդ է, որ Պաքու եւ Ալիեւ իրենց հասարակութեան հետ խօսելու պահուն ոտքի կը հանեն հարցերը ռազմական ճանապարհով, սակայն նոյն Պաքուն եւ Ալիեւը կը խուսափին ռազմական իրավիճակը յաւելեալ լարումի, կամ հսկայածաւալ գործողութիւններու հունի մը տանելու փորձութենէն։
Իսկ հայկական ճակատին վրայ տեղի ունեցած քննարկումները եւս ցոյց կու տան, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ առաջնորդուող քաղաքական վերնախաւին համար շատ աւելի ընդունելի ու տանելի է խօսիլ խաղաղութեան լեզուով։ Հայաստանի նախկին իշխանութիւններն ալ կը հաւատային այդ մօտեցումին, սակայն Փաշինեանի պարագային աւելի ակներեւ եւ ակնառու սկսած են դառնալ դրական պատրաստակամութեան մը գործողութիւնները։
Արդեօք կարիք կա՞յ յիշեցնելու, թէ այս հիմնահարցի երկու կողմերէն ո՛ր մէկը կը դիմէ ռազմական գործողութիւններու, յուսալով եւ փորձելով գրաւներ դնել ռազմական պայքարէն յառաջացած ձեռքբերումներու խաղաքարտին վրայ, ինչ որ, անշուշտ, բոլոր առումներով ալ վերջին տարիներուն չտուաւ շօշափելի արդիւնքներ։
Այստեղ է նաեւ, որ Պաքուի համար բաւական ուսանելի դարձաւ, թէ (յատկապէս ապրիլեան քառօրեայէն ետք) հայկական կողմը հեշտ կտրուող կողմ մը չէ ու աւելին՝ հայկական կողմին մօտ կան շատ աւելի ծանր հակահարուածի կարեւորութեան հաւատացող զինուորական գործիչներ։
Ուրեմն, եթէ մէկդի դնենք Պաքուէն մերթ ընդ մերթ հնչող խօսքերը, ապա ընդհանուր առմամբ երեւելի սկսած է դառնալ, որ երկու կողմերն ալ պատրաստ են ձեւով մը նոր դրական պատեան ունեցող սենեակ մը մտնել։ Այդ սենեակը անշուշտ բանակցութիւններու փակ սենեակն է ու հոն է, որ ընդհանուր առմամբ կրնայ երեւել, թէ կողմերէն իւրաքանչիւրը մինչեւ ո՛ւր կրնայ զիջումներու երթալ։
Ի դէպ, Արցախի հիմնախնդրի վերջին զարգացումներուն մասին ուշագրաւ հարցազրոյց մը տուած է Ժընեւ հաստատուած հայազգի վերլուծաբան Վիգէն Չըթըրեան, որուն կարծիքով ալ (բաւական կոշտ ձեւով ըսուած), եթէ Հայաստան պատրաստ չէ հողային զիջումներու երթալու, ապա յաջորդ պատերազը սարերու ետին չէ։
Կանխելով Չըթըրեանի վերլուծական փորձին ներկայացումը, հարկ կը համարեմ ըսել, որ ամէն ձեւաչափի զիջումները հնարաւոր են, պայմանաւ, որ Պաքու անկեղծ ըլլայ իր ընկալումներուն մէջ, այլապէս ակնկալել, որ պաշտօնական Երեւան մեծ զիջումներու կ՚երթայ, առնուազն միամտութիւն է ու կը նմանի սեփական ոտքի վրայ կրակելու։
ՎԻԳԷՆ ՉԸԹԸՐԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ՈՒ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Ե՞Ն ՆՈՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ»
Ստորեւ կը ներկայացնենք վերլուծաբան Վիգէն Չըթըրեանի հարցազրոյցը՝ տրուած 1in.am կայքէջին, իր շահեկանութեան համար։
-Մինսքեան խմբակի կողմէ ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման առընչուող հիմնական հասկացողութիւններու վերաշարադրումը, յիշեցումը լուրջ բանավէճեր յառաջացուցին Հայաստանի մէջ, որովհետեւ այնտեղ յստակ կը նշուէր հայկական կողմի տարածքային զիջումներու մասին, բայց մեզի ամենաշատ հետաքրքրող հարցի՝ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի վերաբերեալ որեւէ յստակութիւն չկար: Կրնա՞նք ըսել, որ Հայաստանի առաջին, երկրորդ եւ երրորդ նախագահները, ըստ էութեան, միեւնոյն քաղաքական գիծը հետապնդած են Արցախի հարցի վերաբերեալ, որովհետեւ բոլորն ալ շատ յստակ ընդունած են Ատրպէյճանին տարածքներ վերադարձնելու կէտը՝ առանց Արցախի անկախ կարգավիճակի վերաբերեալ յստակ ձեւակերպման:
-Ձեր տպաւորութեամբ՝ ի՞նչ դիրքորոշում ունի Նիկոլ Փաշինեան հակամարտութեան կարգաւորման նման տրամաբանութեան վերաբերեալ:
-Կը կարծեմ՝ այնտեղ քանի մը թիւրիմացութիւններ կան: Նախ՝ Հայաստանի բոլոր փորձագէտները եւ հանրային կարծիքը, որոնք մտահոգուած են Ղարաբաղի հարցով, պէտք է յստակ պատասխան ունենան՝ մենք կ՚ուզե՞նք խաղաղ ապրիլ ատրպէյճանցիներուն հետ, թէ՞ մեր պատկերացմամբ՝ մենք պիտի ըլլանք տեւական թշնամիներ Ատրպէյճանի հետ: Եթէ կ՚ուզենք խաղաղ ճանապարհով, բանակցութիւններու միջոցով այդ հարցը լուծել, ապա այն ժամանակ պիտի ըլլան փոխզիջումներ՝ բան մը պիտի վերադարձնենք Ատըր-պէյճանին, այլ բան պահանջելու համար: Թէ այդ մեքանիզմները ինչպէ՞ս պիտի ըլլան՝ շատ յստակ չէ: Զանազան ծրագիրներ ու զանազան ձեւաչափեր կ՚առաջարկուին: Բայց հնարաւոր չէ գրաւուած բոլոր հողերը, առաւել եւս Ղարաբաղի շրջակայ շրջանները պահել եւ ատրպէյճանցիներուն ըսել՝ եկէք պատերազմը վերջացնենք: Երբ մարդիկ կ՚ըսեն՝ եթէ Հայաստանի ոեւէ նախագահ մէկ թիզ հող տայ, ուրեմն այն դաւաճանութիւն է, այն ժամանակ իրենք պիտի կրեն պատասխանատուութիւնը եկող պատերազմին համար:
-Բայց տեսականօրէն, չենք կրնար այդ տարածքները տալ անորոշ, ոչինչ ըսող խոստումներու դիմաց:
-Համաձայն եմ, բայց այդ տարածքները կամ անոնց գոնէ մէկ մասը պիտի վերադարձուին: Այստեղ, ի հարկէ, պիտի տարանջատենք Լաչինի եւ Քարվաճառի հարցը: Սա միշտ ալ առանձին հարց եղած է բանակցային գործընթացին մէջ, եւ Քարվաճառի ու Լաչինի հարցը միշտ տարբերակուած է միւս հինգ շրջաններու հարցէն: Բայց մնացած տարածքները… Չկայ Հայաստանի պաշտօնական ղեկավար մը, որ երբեւէ ըսած ըլլայ, թէ Աղտամի, Ճեպրայիլի, Քուպաթլըի, Հորատիզի, Զանգելանի շրջանները պիտի ըլլան կա՛մ Հայաստանի, կա՛մ Ղարաբաղի տարածքին մէջ: Չկայ Հայաստանի ոեւէ ղեկավար, որ պաշտպանած ըլլայ այդ թեզը: Միւս կողմէն՝ ես, ի հարկէ, կը հասկնամ, որ հայկական կողմը կը համաձայնի վերադարձնել այդ հողերը՝ փոխարէնը պահանջելով Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշում, անկախութիւն եւ ապահովութիւն: Ուրեմն սա պէտք է յստակեցուի: Այսինքն՝ հայկական կողմը պիտի տայ բան մը, փոխարէնը պիտի պահանջէ ուրիշ բան: Բայց իմ կարծիքով՝ կան փորձագէտներ, որոնք դէմ են ընդհանրապէս հող տալու սկզբունքին:
-Ոչ միայն փորձագէտներ, այլեւ շատ քաղաքական գործիչներ, լրատուամիջոցներ, պարզ քաղաքացիներ, դէմ են տարածքներ վերադարձնելու տեսակէտին։ Պարզ անոր համար, որ մենք ի դէմս Ատրպէյճանի, չենք տեսներ խաղաղութեան վստահելի գործընկեր, չենք տեսներ անոր պատրաստակամութիւնը՝ փոխզիջումներ ընելու, ընդառաջ երթալու հայկական կողմին: Ատրպէյճանի հռետորաբանութեան մէջ նոյնիսկ ակնարկ անգամ չենք տեսներ այն մասին, որ եթէ մենք զիջումներու երթանք, իրենք ալ կը ճանչնան Արցախի անկախութիւնը: Կրնանք բառացի մէջբերել Պաքուի մեկնաբանութիւնը Մինսքեան խմբակի վերոնշեալ յայտարարութեան մասին: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակը յայտարարած էր, թէ Մինսքեան խմբակի ներկայացուցած առաջարկներուն մէջ «որպէս առաջին կէտերէն մէկը կը նախատեսուի Ատրպէյճանի Լեռնային Ղարաբաղի շրջանը շրջապատող տարածքներու ազատագրում: Իսկ ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին, ապա այդ հարցը չի կրնար քննարկուիլ ի վնաս Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան»: Ասկէ իւրաքանչիւրը կրնայ իր հետեւութիւնները ընել:
-Մէկ բան ըսեմ ձեր ըսածին վերաբերեալ՝ հայկական կողմը պիտի յստակեցնէ՝ այդ տարածքներու հարցը ռազմավարակա՞ն հարց է, թէ՞ սկզբունքի հարց: Այսինքն՝ մենք սկզբունքօրէն պիտի չվերադարձնե՞նք հողեր: Եթէ այդպէս է, ուրեմն կը պատրաստուինք պատերազմի, քանի որ եթէ այդ ճանապարհով երթանք, ապա յաջորդ պատերազմը անխուսափելի է: Ուրեմն Հայաստանի ժողովուրդը, հայկական պետութիւնը պատրա՞ստ են այդ պատերազմին երթալու եւ այդ պատերազմի գինը վճարելու: Կ՚ուզեմ ըսել, որ եթէ բան մը կը պահանջես՝ պատրաստ պիտի ըլլաս գինը վճարելու: Այն մարդիկ, որոնք կ՚ըսեն՝ «ոչ մի թիզ հող», պատրա՞ստ են այդ գինը վճարելու, թէ՞ ոչ: Թէ՞ փորձենք ուրիշ ձեւով ելք գտնել մեր հարեւան ատրպէյճանցիներուն հետ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան