ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)
Հինգշաբթի, 25 նոյեմբեր 2021-ին, թերթիս մէջ լոյս տեսաւ բժշկապետ Վահան Արծրունիի «Մի՛ Խմեր» գրքոյկէն հատուած մը: Օրին, մեր առաջնորդող խօսքին մէջ անդրադառնալով բժշկապետին հեղինակած մէկ տասնեակէ աւելի բժշկական գրքոյկներուն, ի միջի այլոց գրած էինք. «Այս եւ յաջորդող մի քանի յօդուածներով՝ արեւմտահայերէնի վերածելով ընթերցողներու ուշադրութեան պիտի յանձնենք այդ գրքոյկներէն երկուքը՝ «Մի՛ խմեր» (1901) եւ «Մի՛ ծխեր» (1902) խորագրերը կրող, յոյս ունենալով որ այդ գրքոյկներու բովանդակութիւնը ձեւով մը կրնան օգտակարութիւն բերել ընթերցողներուն»։ Նկատի ունենալով ընթերցողներու կողմէ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը, աւելին՝ նկատի ունենալով բարեյիշատակ հեղինակին ոճի պարզութիւնն ու նիւթերու այժմէականութիւնը, անցեալ տարուան ընթացքին այլ գրքոյկներ եւս արեւմտահայերէնի վերածելով ներկայացուցինք մեր սիրելի ընթերցողներուն: Այսօրուան մեր թիւով կու գանք վերջին գրքոյկը, աւելի ճիշդ այս անգամ՝ գիրքը ներկայացնելու ընթերցողներուն, «Ամուսնութիւն» խորագիրը կրող, որ դարձեալ պարզ եւ դիւրահասկնալի ոճով գրուած, միաժամանակ իր բովանդակութեամբ՝ այժմէական:
«Ամուսնութիւն» գիրքը լոյս տեսած է 1901-ին, Թիֆլիզի մէջ:
«Քաղաքակրթութեան հիմքը ընտանիքն է: Առաքինութիւնը այն օճախին մէջ կը ծաղկի, ուր ամուսիններուն մէջ սէրը կը թագաւորէ: Տիեզերքի բոլոր լեզուներուն մէջ ամենէն շքեղ եւ ամենէն վսեմ բառերն են՝ իմ կինս, իմ հայրս, իմ մայրս, իմ երեխաս: Առանց այս բառերուն աշխարհը հսկայ որջ մը կը դառնար, իսկ անոր մէջի մարդիկը՝ անասուններ»:
Այսպէս կը խօսի փիլիսոփայ մը, որ բնական կը համարէ մի՛ միայն օրինաւոր միակնութիւնը: «Ո՛չ մէկ լեզուով կարելի է նկարագրել այն վնասը, որ բազմակնութիւնը կը պատճառէ մարդկութեան», կ՚ըսէ ան:
Ամուսիններուն համար թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ բարոյական տեսակէտներէ ամուսնական կեանքը երջանկութեան անսպառ աղբիւր մըն է:
Ընտանիքը երկրային դրախտ է, եթէ ան բախտաւոր է. հակառակ պարագային, ան դժոխքի կը վերածուի:
Բախտաւոր ընտանիքը ա՛յն ատեն կը կազմուի միայն, երբ պսակուողները լուրջ եւ գիտակից կերպով կը վերաբերին դէպի իրենց ընտրութիւնը, այսինքն՝ ղեկավարուած են գիտութեան ցուցմունքներով:
Դէպի պսակ տանող միակ ուղին՝ սէ՛րը պէտք է ըլլայ. անձնական երջանկութիւնը եւ հասարակութեան բարօրութիւնը՝ ամուսնութեան նպատակը, իսկ ցեղին տեւողութիւնը՝ անոր հետեւանքը:
ԲԺՇԿ. ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ
1901
Ա.
ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Ամուսնութիւնը հին դարերու ընթացքին: Բազմայրութիւն եւ բազմակնութիւն: Ամուսնանալու երեք կերպերը. առեւանգում (աղջիկ փախցնել), գնում (պաշլըղ) եւ փոխադարձ համաձայնութիւն: Կնոջ դրութիւնը: Նախնական ընտանիք, արենակցական ընտանիք, փունալուա (խմբակային ամուսնութիւն)
Մարդկութեան բազմաթիւ դարեր պէտք եղած են, որ ան երկու սեռերու համակեցութեան ազնուացած ձեւին՝ միակնութեան եւ միամարդութեան հասնելու համար:
Նոյնպէս ընտանիքը իր երկար, տխուր պատմութիւնը ունի, ինչպէս մարդկութեան բոլոր հիմնարկութիւնները:
Մեզի յայտնի չեն ընտանիքի բարեփոխութեան բոլոր աստիճանները, որոնցմով մեր այս փրկարար հիմնարկութիւնը հասած է մեր ժամանակուան միակնութեան: Հետազօտութիւններէն պարզուած է, որ քաղաքակրթութեան արշալոյսին՝ այր մարդուն եւ կնոջ միջեւ կրնային գոյութիւն ունենալ մի՛ միայն սեռական յարաբերութիւններ, եւ մօտիկ անցեալին միայն գիտութիւնն ու հասարակական կեանքը մշակած են արդիւնաւորել ուրիշ, աւելի բարձր, աւելի գաղափարական վերաբերմունք մը դէպի կինը: Հին դարերու ընթացքին, այր մարդը, իբրեւ աւելի զօրաւոր, իշխող ու տիրող, ան կնոջ կը նայէր որպէս թոյլ էակի մը, որ ստեղծուած է իրեն հաճոյք պատճառելու համար միայն:
Այս հայեացքն էր գլխաւոր այն նսեմացնող, ստորնացնող դերին պատճառը, որ կինը ունեցած է մարդկութեան կեանքին մէջ, ծառայելով այր մարդուն միայն որպէս էգ:
Նախնական դարերուն ընտանիք չկար: Կինը բոլորին կը պատկանէր. սիրոյ զգացմունքը սեռական կիրքին հետ կը ձուլուէր ու կը տեւէր այնքան՝ ինչքան տարփանքը: Այս պայմաններուն մէջ մարդը պէտք է զերծ ըլլար նախանձէն, որ մի՛ միայն իսկական սիրոյ հետ կը զարգանայ: Չկար նոյնպէս եւ այն սրբազան կապը՝ որդին, որ միջնորդ է, ու յաճախ գրաւական՝ ամուսիններուն փոխադարձ յարգանքին եւ սիրոյն, որու վրայ, ամէն պարագայի, կը կեդրոնանան երկու ծնող սիրտերու ամբողջ քնքշութիւնը, անոնց բոլոր յոյսերը: Այս շղթան բացակայ էր, քանի որ ո՛չ ոք կը ճանչնար երեխային իսկական հայրը, որ իր կողմէ հոգ չէր ըներ գիտնալու, թէ ի՜նչ հետեւանք ունեցած էր իր մէկ ժամուան սէրը… Երեխան մօր զաւակն էր: Ան աչքերը բացած ու միայն իր մայրը տեսած էր, մօր գիրկին մէջ մեծցած էր, եւ ի վերջոյ մօր անունը կը կրէր եւ միշտ պիտի կրէր:
Հիներուն միջեւ բազմաթիւ հետազօտութիւններ ու վիճաբանութիւններ տեղի ունեցած են՝ գոյութիւն ունեցած «ամուսնական ձեւերու» մասին:
«Այս անվերջ վէճերէն, ինծի կը թուի, թէ պարզուած է մէ՛կ բան միայն,- կ՚ըսէ Թարտը, այն՝ որ նախնական ընտանիքի կազմութիւնը մի քանի տեսակ եղած է. տեղ մը միակնութիւնը տիրած է, ուրիշ տեղ մը՝ բազմակնութիւնը, այլ տեղ մը՝ բազմայրութիւնը»:
Այս ամուսնական ձեւերու կողքին, թերեւս կրնային գոյութիւն ունենալ տասնեակ այլ դրութիւններ եւս:
Սակայն, բոլոր դրութիւններուն հիմքը եղած են կա՛մ կնոջ առեւանգումը, կա՛մ անոր գնումը եւ կամ փոխադարձ համաձայնութիւնը:
Բազմայրութիւնը (Փոլիանտրիա), երբ կին մը երկու կամ մի քանի այր մարդոց հետ կ՚ապրի, որոնք կրնան եղբայրներ ըլլալ, նոյնիսկ ներկայիս ալ գոյութիւն ունի Հնդկաստանի թերակղզիին մէջ, Հիմալայայի վրայ, Թիպէթի եւ Մալապարեան ծովեզերքին վրայ:
Շատ աւելի տարածուած եղած է եւ հիմա ալ է, բազմակնութիւնը, որ, ինչպէս ըսած են, կնոջ համար վերին աստիճանի ստոր դիրք մը կը ստեղծէ:
Հնդկաստանի, Եգիպտոսի, Ասորեստանի եւ Պարսելոնայի մէջ բազմակնութիւնը կը տիրէր: Մովսէսի օրէնքը չէր արգիլեր մի քանի կին առնել, իսկ մահմետականութիւնը սրբագործեց բազմակնութիւնը ու քանդեց Զենտ-Աւեստի օրէնքը, որով իսկական կինը մէկ հատ էր, թէեւ կ՚արտօնուէր հարճեր ալ պահել:
Ամուսնութիւնը հին դարերուն մէջ, իսկ մեր ժամանակներուն անքաղակաքիրթ ազգերուն մէջ, կը կատարուի կա՛մ բռնի ուժով (յափշտակութեամբ) կամ գնումով:
Առեւանգումը կամ աղջիկ փախցնելը անտարակոյս ամենագռեհիկ միջոցն է ամուսին ձեռք բերելու համար: Պատմական օրինակը-Սաբինեան կիներու յափշտակումն է, որ նախկին Հռոմայեցիները դաժան կերպով կատարեցին խնջոյքի մը ընթացքին: Հին գերմանացիները, իսկ մեր օրերուն Ղալմուխները, Չերքէզները նոյն կերպով կ՚ամուսնանան. նոյն ձեւը կը նկատուի Քամչաթքայի, Նոր Զելանտայի մէջ, իսկ մի քանի հնդիկ ցեղեր եւ Սամոյետները պարզապէս կը գողնան առաջին պատահած աղջկան կամ կնոջ, ինչպէս անօթի գազանին հանդիպած որսը: Յունաստանի եւ ռուսերու երկիրներուն մէջ, աղջիկ փախցնելը երեւի նոյնպէս հասարակական վարք ու բարքի մէջ մտած եղած է: Յունաստանի մէջ հարսը փախցնելն ու զայն մի քանի օր պահելը հարսանեկան ծէսին մէջ կը մտնար:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 1
Վաղարշապատ