«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»
ԲԱՐԵՊԱՇՏ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Յիսուս առաջին եւ ամենէն մեծ պատուիրան որպէս կ՚անուանէ սիրոյ պատուիրանը. նախ՝ այն պատճառով, որովհետեւ այս պատուիրանին առարկան աստուածային առաջին եւ ամենէն մեծ Էութիւնն է, եւ երկրորդ՝ որ այս պատուիրանը ընդհանուր է եւ ամենապտաբեր, որ իր մէջ կը պարունակէ միւս բոլոր պատուիրանները, ինչպէս գեղեցիկ կերպով Սուրբ Օգոստինոսը կ՚ըսէ. «Սիրէ՛ զԱստուած եւ ըրէ՛ այն ինչ որ կ՚ուզես», որովհետեւ երբ որ ճշմարտապէս զԱստուած կը սիրենք, այլեւս ուրիշ մխիթարութիւն եւ բաւականութիւն չենք փնտռեր, այլ միայն աշխատիլ, հաճելի ըլլալ Աստուծոյ: Ինչպէս Աստուծոյ երկիւղը, այդպէս ալ սիրոյ պատուիրանը մեզ սուրբ կը պահէ եւ աւելի կը քաղցրացնէ ու կ՚ազնուացնէ մեր կեանքը: Սէրը դիւրին եւ սիրելի կը գործէ մեզի համար հնազանդութիւնը եւ կը քաջալերէ մեզ՝ ուրախութեամբ զոհելու ամէն բան, վերին այն Էակի փառքին համար, զոր կը սիրենք: Այս սէրը քաղցր եւ սրտագրաւ է, ինչպէս Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ. «Քանի իմ լուծս դիւրաւ տանելի է եւ բեռս՝ թեթեւ» (Մտ 11.30). «Իսկ անոր պատուիրանները գործադրելը դժուար չէ» (Ա.Յհ 5.3): Յայտնապէս կ՚ըսէ մեր Փրկիչը, որուն հետ մենք եւս կրնանք ըսել. «Իմ կերակուրս այն է՝ որ գործադրեմ զիս ղրկողին կամքը եւ լրումին հասցնեմ Անոր գործը» (Յհ 4.34):
Մեր մէջ այս սէրը վառելու համար նախ եւ առաջ պարտաւոր ենք մնայուն կերպով աստուածապաշտ գործերով պարապիլ, որով ա՛լ աւելիով կը հաճոյանանք Աստուծոյ: Երբ մենք կ՚աշխատինք Աստուծոյ կամքին համաձայն գործել, յայտնապէս կը զգանք, որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ երբեք դժուարութիւն չկայ եւ մեր փափաքը մեզ աւելիով կը մօտեցնէ Աստուծոյ եւ կը միացնէ Անոր հետ, որ մեր երջանկութեան Աղբիւրն է:
Երկրորդ, պարտաւոր ենք լաւ մտածել աստուածային անհուն ողորմածութեան վրայ, որ Իր Միածին Որդիին մարմնառութեամբ եւ զենումով ցոյց տուաւ, յաճախ Աստուածաշունչ Սուրբ Գիրքը կարդալ, որու մէջ Աստուծոյ ողորմութիւնը կը քարոզուի. ոգեւորել եւ զօրացնել մեր հաւատքը, որով կը կարողանանք Փրկիչին անձնազոհութեան մեծութիւնը հասկնալ եւ կատարելապէս զգալ, որ Անոր միջնորդութեամբ հաշտուած ենք Աստուծոյ հետ, ամբողջապէս զգալ այս մեծ խորհուրդը եւ Պօղոս առաքեալին հետ կրկնել. «...զիս սիրեց եւ Իր կեանքը զոհեց ինծի համար» (Եփ 5.2), որ մեր վրայ կը կատարուի Ղուկաս աւետարանիչի խօսքով. «Որովհետեւ անոր որ աւելի կը ներուի՝ անիկա աւելի սէր ցոյց կու տայ, իսկ անոր որ քիչ կը ներուի՝ աւելի քիչ կը սիրէ» (Ղկ 7.47): Այս զգացումները ունենալով, մենք այլեւս Անոր արդարութենէն երկիւղ չենք ունենար, այլ՝ միայն Անոր բարութիւնը կը վայելենք:
Երրորդ՝ պարտաւոր ենք անդադար աղօթել, որովհետեւ մեր սիրտը Աստուծոյ ձեռքն է: Ան միայն կրնայ մեր սիրտը թեքել, ինչպէս Իրեն հաճելի է: Ան միայն կրնայ սորվեցնել եւ ազդել զԻնք սիրելու ճշմարիտ ճանապարհը, Ան միայն կրնայ մեր վրայ Իր անհուն շնորհքը սփռել. «Որպէսզի Իր ճոխ փառքին համաձայն ձեզի զօրութիւն տայ՝ որ Իր հոգիովը ամրապնդուիք ներքնապէս, եւ ձեր հաւատքին միջոցաւ Քրիստոս ձեր մէջ բնակի։ Կ՚աղօթեմ որ սիրոյ մէջ արմատանաք եւ հաստատուն հիմեր ունենաք, որպէսզի կարենաք հասկնալ, Աստուծոյ բոլոր ընտրեալներուն հետ միասին, Քրիստոսի սիրոյն ամբողջական տարողութիւնը՝ իր լայնութեամբ ու երկարութեամբ, իր բարձրութեամբ ու խորութեամբ։ Այո՛, որպէսզի ճանչնաք Քրիստոսի սէրը, որ որեւէ միտքի հասողութենէ վեր կը մնայ, որպէսզի լեցուիք Աստուծոյ ամբողջական իմաստութեամբը» (Եփ 3.16-19):
Աստուծոյ կամքին հնազանդիլ, կը նշանակէ խորին խոնարհութիւն զգալ եւ քաջ գիտնալ, թէ ի՛նչ է Աստուած եւ ի՛նչ ենք մենք. կը նշանակէ մենք մեզ յանձնել Աստուծոյ եւ ձգել, որ Ան ուղղէ մեր միտքը, մեր յոյսը, մեր գործերն ու զգացողութիւնները՝ Իր օրէնքով, եւ մեր բոլոր վիճակը՝ Իր կամքով:
Խոնարհութիւնը իր մէջ երեք բան կը պարունակէ.
ա) Յօժարութիւն եւ հաւատք այն ճշմարտութիւններուն համար, որոնք Աստուած յայտնած է մեզի:
բ) Հնազանդութիւն օրէնքներու, որոնք Աստուած պատուիրած է մեզի:
գ) Յանձնուիլ Տիրոջ՝ կատարեալ վստահութեամբ եւ հաւատարմութեամբ, որովհետեւ այս պարտաւորութիւնները անբաժանելի են քրիստոնիային համար: Թէ ինչպէ՞ս պարտաւոր ենք մեր անձը Աստուծոյ յանձնել, ասոր կատարեալ օրինակը մեզի տուաւ նոյնինքն Քրիստոս, Իր չարչարանքներու սոսկալի պահուն. «Հա՜յր իմ, եթէ կարելի է, այս բաժակը հեռացո՛ւր Ինձմէ, բայց ո՛չ թէ ինչպէս որ Ես կ՚ուզեմ, այլ՝ ինչպէս որ Դո՛ւն կ՚ուզես» (Մտ 26.39): Մենք արդեօք այս խօսքերը կ՚ըսէի՞նք, եթէ համոզուած չըլլայինք, որ Աստուած ո՛չ միայն մեր Տէրն է, այլ՝ անսահման Իմաստուն է, անսահման Բարի եւ աւելի լաւ գիտէ մեր օգուտը եւ մեր անձը, քան՝ մենք ինքներս. «Լուռ պիտի մնամ, պիտի չբանամ բերանս, որովհետեւ Դո՛ւն է որ զիս այս վիճակին մատնեցիր» (Սղ 39.9). «Տէրը թող ընէ այն՝ ինչ որ բարի է Իրեն համար» (Ա.Թգ 3.18):
Մարդ պարտաւոր է կատարեալ հաւատք ունենալ Աստուծոյ հանդէպ, որովհետեւ Ան ամենակարող է, ամենիմաստ, ամենաբարի եւ մեզի Իր ամէնօրեայ սիրոյ եւ բարութեան ապացոյցը կու տայ, եւ այնքա՜ն սիրեզ մեզ, որ նոյնիսկ Իր Միածին Որդին տուաւ մեզի որպէս առհաւատչեայ Իր անհուն բարութիւններուն, որ խոստացած է մեզի հանդերձեալ կեանքին մէջ: Ան, որ Իր Որդին չխնայեց, միթէ ամէն բան պիտի չշնորհէ՞ անոր տըգընպուլնչ արժէք պիտի ունենար…։, մարդ ո՞րու դէմ ապաւէն պիտի գտնէր Աստուծոյ մօտ, եւ եթէ «չար»ը եւ «գէշութիւն»ը չըլլար Աստուծոյ հետ: Ան մեզի սրտաշարժ կերպով ամէն բարիք կը խոստանայ եւ կը հրաւիրէ մեզ մեր հոգը Իր վրայ ձգել, Պետրոս առաքեալի խօսքին համաձայն. «Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէք, որովհետեւ ինքը կը հոգայ ձեր մասին» (Ա.Պտ 5.7): Աստուած կ՚օրհնէ այն մարդը, որ հաստատուն հաւատք ունի Իր վրայ. «Օրհնեալ ըլլայ այն մարդը, որ Տիրոջ կ՚ապաւինի ու որուն յոյսը Տէրն է: Անիկա ջուրերու քով տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, որ իր արմատները գետի քով երկնցնելով՝ տաքութեան գալը չի տեսներ. հապա անոր տերեւը կանաչ կ՚ըլլայ ու երաշտութեան տարին նեղութիւն չի քաշեր ու միշտ պտուղ պիտի տայ» (Եր 17.7-8): Սուրբ Գիրքը մեզի Աստուծոյ կը վայելէ եւ ունի իր աստիճանները, որոնք հետեւեալներն են.
1) Միայն Աստուծմէ յաջողութիւն սպասել այն միջոցներուն համար, որոնք ի գործ կը դնենք կա՛մ վտանգէ ազատուելու համար, կա՛մ մեր կարօտութիւնը լրացնելու համար եւ կա՛մ մեր բոլոր պարտաւորութիւնները կատարելու համար, որովհետեւ Աստուծմէ միայն կախուած է մեր բոլոր յաջողութիւնները. «Ես տնկեցի, ապողոսը ջրեց. բայց Աստուած էր որ աճեցուց։ Այլեւս ո՛չ տնկողը կարեւորութիւն մը կը ներկայացնէ, ո՛չ ալ ջրողը, այլ աճեցնողը՝ Աստուած» (Ա.Կր 3.6-7). «Եթէ Տէրը Ինք չշինէ տունը, զուր տեղ կը յոգնին զայն շինողները. եթէ Տէրը Ինք չպահպանէ քաղաքը, զուր տեղ կը հսկեն պահապանները» (Սղ 127.1):
2) Չվհատիլ եւ չկորսնցնել մեր հոգիին զօրութիւնը եւ երբեք հաւատքէն չթուլնալ, երբ մարդոց օգնութիւնները պակսած են: Վտանգի եւ կամ փորձանքներու մէջ՝ հաստատ յոյս ունենալ, որ Աստուած ի սպառ մեզ չի՛ ձգեր, այլ՝ հազարաւոր միջոցներ ունի մեզի օգնելու, ինչպէս կ՚ըսէ նոյնինքն Քրիստոս. «Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար, թէ ի՛նչ պիտի ուտէք կամ խմէք, ո՛չ ալ մտահոգուեցէք ձեր մարմինին համար, թէ ի՛նչ պիտի հագնիք։ Չէ՞ որ կեանքը աւելի կարեւոր է քան կերակուրը, եւ մարմինը աւելի կարեւոր է քան հագուստը։ Դիտեցէ՛ք երկինքի թռչունները. ո՛չ կը սերմանեն, ո՛չ կը հնձեն եւ ո՛չ ալ շտեմարաններու մէջ կ՚ամբարեն, եւ սակայն ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք» (Մտ 6.25-26). «Նոյնիսկ եթէ ամբողջ բանակ մը վրաս յարձակի, սիրտս վախ պիտի չզգայ. նոյնիսկ եթէ ինծի դէմ ճակատամարտ յարդարուի՝ դարձեալ Աստուծոյ պիտի վստահիմ: ... Նոյնիսկ եթէ հայրս ու մայրս զիս լքեն, գիտեմ որ դուն, Տէ՜ր, զիս պիտի ընդունիս» (Սղ 27.3,10):
3) Քրիստոնիային հաւատարմութեան ամենէն բարձր աստիճանը Տիրոջ սպասելն է, հաստատ յոյս ունենալ Անոր խոստումներուն վրայ եւ երբեք չկասկածիլ, երբ Ան Իր օգնութիւնը կը յետաձգէ եւ կը կարծուի, թէ Ան լքած է մեզ: Պէտք է համբերութեամբ սպասել եւ ակն ունենալ այն ժամուան, որ Ան մեր ազատութեան համար նշանակած է. «Յոյսդ Տիրոջ վրա՛յ դիր, զօրացի՛ր եւ քաջ եղիր. յոյսդ Տիրոջ վրա՛յ դիր» (Սղ 27.14). «Եթէ ուշանայ՝ անոր սպասէ, քանզի անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ» (Ամբ 2.3): Որպէսզի մեր Աստուծոյ հանդէպ ունեցած հաւատքը օրինաւոր եւ բնական ըլլայ, պարտաւոր ենք աշխատիլ մեր կեանքով եւ գործերով հաճելի ըլլալ Աստուծոյ: Պարտաւոր ենք, բարութեամբ ի գործ դնել մեր խոհեմութիւնը եւ մեր ամբողջ ձիրքը. «Տիրոջ վստահէ եւ բարիք ըրէ, որպէսզի երկրի վրայ ապրիս եւ ապահովութիւն վայելես» (Սղ 37.3):
Մենք պէտք է Աստուծոյ տանք՝
ա) Կատարեալ եւ աներկբայ հաւատք, խոստովանելով որ Ա՛ն է մեր Տէրը, մեր Բարերարը եւ մեր Փրկիչը, որովհետեւ «փրկագինով ձեզ գնեց։ Հետեւաբար այնպէս ապրեցէք՝ որ Աստուած փառաւորուի ձեր մարմիններով» (Ա.Կր 6.20):
բ) Հաստատուն վստահութիւն, որ Աստուած ինչ որ հրամայած է մեզի, արդար ու բնական է եւ մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի երջանկութիւն. «Ուստի, եղբայրնե՛ր, քանի Աստուած ա՜յնքան ողորմած եղաւ մեզի հանդէպ, կ՚աղաչեմ որ դուք ձեզ Աստուծոյ ընծայէք որպէս կենդանի զոհ մը՝ իրեն վերապահուած, որովհետեւ ատիկա՛ է Աստուծոյ ուզած հոգեւոր պաշտամունքը» (Հռ 12.1):
գ) Կատարեալ հնազանդութիւն, որովհետեւ ճշմարիտ հաւատքի եւ Աստուծոյ հանդէպ սիրոյ նշանն է. «Սամուէլ ըսաւ. «Միթէ Տիրոջ առջեւ ողջակէզներն ու զոհերը Տիրոջ ձայնին հնազանդութիւն ընելու չափ հաճո՞յ են: Ահա հնազանդութիւնը զոհէն ու խօսք մտիկ ընելը խոյերուն ճարպէն աղէկ է»» (Ա.Թգ 15.22): Պարտաւոր ենք Աստուծոյ հնազանդիլ ջերմեռանդ սիրտով, մեր կեանքի բոլոր պարագաներուն մէջ, հնազանդիլ՝ ուրախական երկիւղածութեամբ, մեզի օրինակ ունենալով երկինքի հրեշտակները. «Թող կատարուի Քու կամքդ, ինչպէս երկինքի մէջ՝ այնպէս ալ երկրի վրայ» (Մտ 6.10): Պարտաւոր ենք հնազանդիլ, մեզի օրինակ ունենալով մանաւանդ մեր Փրկիչը, որ Իրեն հետեւելու համար՝ մեզի հնազանդութեան այս կանոնը տուաւ. «Ես ձեզի օրինակ մը տուի, որպէսզի դուք ալ իրարու ընէք այն՝ ինչ որ ես ձեզի ըրի» (Յհ 13.15):
Ի վերջոյ, մեր հնազանդութեան հետ մէկտեղ, պարտաւոր ենք փափաք եւ հոգացողութիւն ունենալ ա՛լ աւելի կատարելագործուելու եւ Աստուծոյ նմանելու. «Եղբայրնե՛ր, ինքզինքս դեռ կատարելութեան հասած չեմ համարեր. բայց կ՚աշխատիմ անցեալը մոռնալ եւ գալիքին նայիլ, եւ ուշադիր կերպով կը վազեմ դէպի նպատակակէտը, իբրեւ մրցանակ ստանալու համար յաւիտենական կեանքը, որուն կը հրաւիրէ մեզ Աստուած, Քրիստոս Յիսուսով» (Փլպ 3.13-14). «Արդ, դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է» (Մտ 5.48):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 5
Վաղարշապատ