ԺՈՂՈՎՐԴԱԳՐԱԿԱՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Եթէ նախորդ երկու յօդուածներով ներկայացուցի Հայաստանէն Թուրքիա գաղթի հիմնական պատճառները, թէ՛ ուղարկող կողմի մէջ (անկախացում, երկրաշարժ, պատերազմ, տնտեսական վերափոխումներ եւ շարունակուող ապաշնորհ կառավարում ու բարձրաստիճան ղեկավարութեան կողմէ թալան) եւ թէ հիւրընկալող կողմի (Թուրքիոյ տնտեսական յառաջխաղաց, սպասարկման ոլորտի մէջ աժան շահագործելի աշխատուժի կարիք, այլ երկիրներու հետ համեմատած՝ նիւթական եւ (ան)օրինական դիւրութիւններ), ապա այս սիւնակով կ՚անդրադառնամ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ բնակող Հայաստանի քաղաքացիներու որոշ ժողովրդագրական եւ ընկերային տուեալներուն։ Ընթերցողը հաւանաբար հարց տուած է՝ ո՞ւր կը բնակին, ի՞նչ թիւ կը ներկայացնեն, ի՞նչ տնտեսական-ընկերային իրավիճակ կը պարզեն, օրինական առումով ինչպիսի՞ կացութեան մէջ են, սեռային ի՞նչ յարաբերակցութեամբ կը յատկանշուին, եւ այլն։

Նախ եւ առաջ պէտք է նշել, որ բոլոր այս հարցումներուն ալ կարելի է միայն մօտաւոր ու թերի պատասխաններ տալ, որովհետեւ, ինչպէս հաւանաբար յայտնի է ընթերցողներէն շատերուն, Հայաստանէն եկած աշխատանքային գաղթականներու մեծամասնութիւնը երկրին մէջ կացութեան իրաւունք չունի։ Հետեւաբար, կը բացակային յստակ տուեալներ ու հաշուարկներ։ Եկածներու կարեւոր մէկ մասը հասած է զբօսաշրջային անցագիրով, եւ պարզապէս չէ վերադարձած։ Ուրիշներ, կ՚ըսուի, նոյնիսկ ապօրինի հատած են սահմանը, յատկապէս գաղթի սկզբնական տարիներուն։ Ոմանք օրինական ճանապարհով եկած, բայց ապօրինի կերպով դէպի Եւրոպա անցած կրնան ըլլալ։ Վերջապէս գրեթէ երեսուն տարիներու ընթացքին կան Թուրքիոյ սահմաններէն ներս ծնած բազմաթիւ գաղթականի երեխաներ, որոնք ո՛չ հայաստանեան, ո՛չ ալ թրքական հպատակութիւն ունին։ Այս պայմաններու մէջ ճշգրիտ թիւեր եւ տուեալներ ունենալը գրեթէ անկարելի է։

Գաղթականներու թիւին մասին ենթադրութիւնները կը տատանին 12.000-ի եւ 100.000-ի միջեւ։ 100.000-ի վարկածը առաջ քաշուած է Թուրքիոյ պետական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու որոշ ելոյթներու ընթացքին, որոնք բացի անկէ, որ որեւէ կերպով հիմնաւորում չեն ներկայացուցած, ունեցած են նաեւ խիստ քաղաքական շեշտադրումներ (առ այն, թէ Թուրքիան բարեացակամ է հայերու հանդէպ եւ երբ որ “պէտք ըլլայ”, այսինքն եթէ Հայաստանն ու հայկական սփիւռքը եղեռնի ճանաչման հարցով “խելօք չմնան”, դուրս կը դրուին 100.000 Հայաստանի քաղաքացիները). ուստի այդ թիւը արժանահաւատ չի կրնար սեպուիլ եւ հաստատապէս ուռճացուած է։ Անդին, թուրք թէ հայ անկախ փորձագէտներ աւելի հակուած են 10-15.000-ի շուրջ թիւերու, իսկ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը վերջին տարիներուն յայտարարած է 20.000-ի մասին։

Ինչ կը վերաբերի բնակութեան վայրերուն, աներկբայօրէն կարելի է ըսել, որ հայ գաղթականները ամենէն աւելի Պոլսոյ մէջ կեդրոնացած են, առաւելաբար Գումգաբուի եւ շրջակայքի, ինչպէս նաեւ որոշ չափով Պաքըրգիւղ, Սամաթիա եւ Ֆէրիգիւղ թաղամասերուն մէջ։ Ես անձնապէս չեմ այցելած, բայց կ՚ըսուի նաեւ, որ Հայաստանի աւելի մօտ քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Տրապիզոն, եւ սպասարկման ոլորտի կեդրոններ հանդիսացող հարաւային զբօսաշրջային քաղաքներու մէջ եւս աշխատող-ապրող հայ գաղթականներ կան։

Գալով սեռային յարաբերակցութեան, այստեղ եւս պատկերը բաւական յստակ է, եւ հաստատապէս կարելի է նշել, որ կիները ջախջախիչ մեծամասնութիւն կը կազմեն։ Ինչպէս նախորդ յօդուածի մէջ գրած էի, այս հանգամանքին հիմնական պատճառը Թուրքիոյ աշխատաշուկայի իւրայատկութիւններն են։ Կին գաղթականներ, ոչ միայն հայերու պարագային, աւելի դիւրութեամբ աշխատանք կը գտնեն սպասարկման ոլորտէն ներս, յատկապէս ընտանիքներու մօտ, տուներու մէջ։ Այնպէս չէ սակայն որ տղամարդիկ չկան։ Հանդիպած եմ բազմաթիւ տղամարդոց, որոնք կա՛մ որպէս արհեստաւոր կ՚աշխատին, կա՛մ որպէս շինարար կը բանին, կա՛մ ալ խանութներու մէջ այս կամ այն համեմատաբար քիչ վճարուող գործերով կը զբաղին։

Բնականաբար, գաղթականի ու ոչ-օրինական աշխատանքային պայմաններու մէջ գործող այս հազարաւորները կ՚ապրին նիւթապէս շատ նեղ ու ժուժկալ պայմաններու մէջ։ Յաճախ իրենց ստացած բուռ մը վարձատրութեան մեծ հատուածը կը ստիպուին ուղարկել տուն՝ Հայաստան, ապրեցնելու համար ետեւ մնացած ամուսինները, զաւակները, մայրերն ու հայրերը։ Կ՚ապրին կա՛մ տեղացի հայ ընտանիքներու մօտ, այսինքն փաստացի իրենց աշխատավայրին մէջ, ու բախտը կ՚որոշէ, թէ ի՞նչ պայմաններու մէջ, կա՛մ ալ, եթէ այլուր, ապա յաճախ վատթար պայմաններու մէջ, հին ու փոքր տուներու մէջ քանի-քանիներով խցկուած։ Այս ամէնուն վրայ կու գայ աւելնալ, անշուշտ, ամէն օր պետութեան կողմէ բռնուելու, արտաքսուելու եւ անգործ-անճար Հայաստան վերադառնալու մտահոգութիւնը։

Հակառակ այս ամէնուն, սակայն, հայ գաղթականները Պոլսոյ մէջ յաջողած են հիմնել կրթական օճախ։ Բայց այդ մասին՝ յաջորդ սիւնակով։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2019