ԱՆՅԱՅՏ ԱՐՁԱՆՆԵՐ

Մեր սիրելի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ «ծնած են» ու «կ՚ապրին» արձաններ եւ քանդակներ, որոնց քովէն յաճախ կ՚անցնինք, բայց չենք գիտեր, թէ ի՛նչ պատմութիւն ունին անոնք: Մէկ մասն ալ՝ «պահուըտած է» քաղաքի այգիներուն եւ բակերուն մէջ, լռած են իրենց գոյութեան մասին:

Ծանօթանանք անոնցմէ մէկուն, քանի որ մեզի պատմելու շատ բան ունի:

Կը սիրէ, չի սիրեր… Այս յաւերժական հարցումը նաեւ քանդակագործ Թերեզա Միրզոյեանի քանդակին անուանումն է. քանդակը ոչ մէկ պատասխան կը յուշէ, բայց որոշ շունչ կու տայ Աբովեան փողոցին:

Նստած կնոջ կերպարանքով խորհրդանշական քանդակը 1968 թուականին իր տեղը գտաւ Երեւանի Աբովեան փողոցին վրայ:

«1990-ականներու խաւարի ու ցրտի տարիներին արձանն ուղղակիօրէն ոչնչացուեց: Բարեբախտաբար դրանով չաւարտուեց «Սիրում է, չի սիրում» քանդակի կեանքը: 2012-ին վերականգնեցինք այն: Ճիշդ է՝ չստացուեց ճիշդ նախկին տեղում, բաց գոնէ հնարաւոր եղաւ հէնց Աբովեան փողոցում տեղադրել: Էրեբունի-Երեւան տօնին հասցնելու նպատակով շտապում էինք եւ լուսաւորութեան եւ հարեւանութեամբ նստարաններ տեղադրելու հարցերը մնացին: Այսօր էլ հարցը դեռ առկախ է», կը պատմէ Թերեզա Միրզոյեանի դուստրը՝ Անուշ Առաքելեանը:

Կանացի գեղեցկութեան, սիրոյ խորհրդանիշ արձանը Թերեզա Միրզոյեանը քանդակած էր 45 տարեկանին, 1967 -ին: Տարի մը ետք, 1968-ին «Սիրում է, չի սիրում» քանդակը ցուցահանդէսի մը ընթացքին արժանացած է գերմանական պատուիրակութեան մը ուշադրութեան, անոնք ուզած են քանդակը գնել եւ իրենց քաղաքներէն մէկուն մէջ տեղադրել, բայց քանդակագործուհին մերժած է եւ փափաքած է, որ անիկա Երեւանի մէջ տեղադրուի:

«Նրա ցանկութիւնը այսօր իրականութիւն է: Այնուամենայնիւ, առաւել հաճելի կը լինէր Երեւանին նուիրուած քանդակը համապատասխան լուսաւորութեամբ եւ միջավայրում տեսնելը», կ՚աւելցնէ Անուշ Առաքելեանը:

Թերեզա Միրզոյեան (1922-2016)

Ծնած է 11 Օգոստոս 1922 թուականին Վանաձոր: Աւարտած է Թիֆլիզի Անդրկովկասեան ճարտարապետութեան ուսումնարանը, 1946-ին՝ Գեղարուեստի ակադեմիան:

1968 թուականէն սկսեալ դասաւանդած է Երեւանի Գեղարուեստի ուսումնարանին մէջ:

Միրզոյեանի արուեստին մէջ կը գերակշռեն սիրոյ, մայրութեան եւ գարնան թեմաները: Անոր գործերը ցուցադրուած են՝ Ռուսաստանի, Վրաստանի, Պուլկարիոյ, Լիբանանի, Լեհաստանի, Գերմանիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռումանիոյ մէջ:

Միրզոյեանի գործերէն են նաեւ՝ «Ջուլհակուհին» (զետեղուած՝ Կիւմրիի մէջ), Յունան Աւետիսեանի կիսանդրին, «Ողբ»ը եւ այլն…

Քանդակագործուհին մահացած է 2016-ին, 93 տարեկանին, Երեւան:

ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2017