ԿԱՐՕՏ
-Տիկին Մարին եկեր է Քուէյթէն, ով գիտէ ինչե՜ր բերեր է այս տարի:
-Սաւանի պէտք ունիմ, արդեօք բերա՞ծ է:
-Շուտ պէտք է հասնիս, սաւանները արագ կը սպառին:
-Այո, իրաւունք ունիս, աճապարելու եմ:
Այսպիսի զրոյցներ տեղի կ՚ունենային ամրան Հալէպի մեր թաղի կիներուն հաւաքներուն ընթացքին, իսկ Տիկին Մարին՝ հալէպահայ, Քուէյթ հարս գացած միջին տարիքի գեղադէմ կին մըն էր: Բնակարան մը գնած էր ամուսինը մեր թաղէն ու ամէն ամառ ան կու գար հարազատներուն տեսութեան, ինչպէս գրեթէ բոլոր քուէյթահայերը, սակայն ան իրեն հետ ապրանք կը բերէր ու կը վաճառէր հեռու ու մօտ հարազատներուն, ծանօթներուն: Յունիսի սկիզբը կը ժամանէր, մինչ ամուսինը՝ Օգոստոսին կու գար, ապա միասին կը վերադառնային Քուէյթ:
Եռուզեռը կը սկսէր թաղին մէջ: Տիկին Մարիին այցելուները, այլեւ յաճախորդները մի առ մի շէնք կը մտնէին ու կ՚ելլէին: Տիկին Մարիին նստասենեակի բազկաթոռներուն վրայ փռուած ծախու ապրանքները զննելով ամէն ոք անպայման կտոր մը՝ սաւան, բարձի ծածկոցներ, մահճակալի ծածկոցներ, անձեռոցներ ու ցամքոցներ, հողաթափեր, սպիտակեղէն ու եւրոպական մակնիշով ձեռագործներ, առած դուրս կ՚ելլէր:
Ասկէ երկու-երեք տասնեակ տարիներ առաջ էր, երբ Հալէպը ամրան կը վխտար քույէթահայերու ներկայութեամբ: Անոնցմէ շատեր անպայման առիթով մը կը համեմէին իրենց այս ամառնային այցելութիւնը: Քուէյթ աշխատանքի գացող երիտասարդը մի քանի տարի ետք, ինքզինք նիւթապէս ապահոված, կու գար ու աղջիկ կ՚որոնէր Հալէպէն: Հարազատները իր ժամանումէն առաջ իսկ, քանի մը գեղուհի ճարած, կը սպասէին իր գալուն: Իսկ աղջիկները հագուած, շպարուած կը ներկայանային եւ որու որ բախտը վիճակուէր, ինքզինք երջանիկ կը սեպէր:
Առիթները կրնային ըլլալ պսակ, նշանախօսութիւն, մկրտութիւն..., որոնց համար եկեղեցիներու եւ ճաշարաններու մէջ տեղեր կ՚ապահովուէին նախօրօք: Հալէպի թաղերը կը զարդարուէին քուէյթեան թիւերով նոր ոճի ինքնաշարժներով: Պսակներու արարողութեանց գացող մեքենաներէն կը նշմարուէր նորահարսին կամ փեսային քուէյթահայ ըլլալը: Ճոխութիւնը նկատելի էր ամէնուրեք, իսկ երջանկութիւնը նշամարելի էր բոլորին դէմքէն, ի վերջոյ հարազատներու համախմբում մըն էր տեղի ունեցածը, կարօտներու յագեցում մը, իսկ առիթները՝ անոնց համն ու բոյրը քաղցրացնող երեւոյթներ էին:
Քուէյթահայերէն շատեր տուներ գնած էին ու կը գնէին տակաւին Հալէպի զանազան հայաշատ շրջաններուն մէջ, է՜, հայու ծինին մէջն է սեփականութեան մը տէր ըլլալը, կախուածութիւն չունենալը ուրիշներէ: Հիմա, հիմա շատ հալէպահայերու նման, անոնց տուներն ալ դատարկ են, անկենդան ու անխօս, լուռ երազներով պարուրուած, փոշեկուլ յիշատակներով ամբարուած:
Վերջերս կարծես քուէյթահայերու ամառնային ճոխ հոսքը, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայոց հայեցողութիւնը դէպի հայրենիք է ուղղուած, այս ամրան եռուզեռը վկայ: Ամերիկաներէն, Եւրոպաներէն, Քուէյթէն, Լիբանանէն, Հալէպէն... բազմաթիւ ժամանողներ եղան, պանդոկները, ճաշարանները, զբօսավայրերը լի էին սփիւռքահայերով:
Ամէն ոք պատճառով մը ներկայ էր, մին երիտասարդ զաւկին՝ զինուորական ծառայութեան պարտաւորութենէն հեռացած, տարիներու կարօտի կանչին կ՚անսար, ուրիշ մը պսակուելու համար հայ աղջկայ մը որոնումով հասած էր, այլոք հարազատներու այցելութեան նպատակով, պսակի, նշանախօսութեան նպատակներով շատեր ժամանեցին այս տարի, հայրենիքի տեսութեան համար եկողներն ալ ստուարաթիւ բազմութիւն մը կը կազմէին:
Արմատներու կանչն էր որ կը լսուէր ուրախութիւններուն ընդմէջէն, տասնեակ տարիներով ծննդավայրէն հեռացողներուն հարազատներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին, երգերով, պարերով, նոյնիսկ ուտելիքներու տեսականիով անոնք իրենց ծննդավայրն է, որ կը վերականգնէին, հալէպցիք կը ստեղծէին փոքրիկ Հալէպ մը, գամիշլիցիք՝ փոքրիկ Գամիշլի մը: Կարօտները կը թռչկոտէին ու ցնծութիւնը նկատելի էր, մանաւանդ երբ իրենց զաւակները սիրոյ միութեամբ կ՚ագուցուէին ծննդավայրէն երիտասարդի մը հետ, հայու մը հետ, որուն մտատանջութիւնը կը բնակի ծնողներու մտքին մէջ, յատկապէս ներկայ սայթաքումներու, տարբեր շեղումներու երեւոյթներուն ի տես:
Բայց ահա հասաւ Սեպտեմբերը, այցելուները մէկիկ-մէկիկ հասան իրենց բնակավայերերը թողլով իրենց ետին երջանկութիւն բուրող լուսանկարներ, զորս երբեմն թերեւս պիտի կարողանան նուազեցնել վերստին լեցուող բաժակին կարօտը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ