ՄԱՆՈՒԿԸ

-Մա՛մ, ասո՞նք են շատրուանները, որոնց մասին յաճախ կը պատմէիր ինծի:

-Այո՛, տղաս: Քիչ ետք բոլորը կը ցայտեն ու, պատմածիս պէս, կը տեսնես անոնց երաժշտութեան համեմատ գունաւոր պարը:

-Ի՜նչ լաւ:

-Եկուր հոս նստինք, որ կարենաս մօտէն դիտել ու վայելել գեղեցկութիւնը:

Այսպէս մայրն ու իր հնգամեայ մանչուկը կը նստին ու կը հետեւին Հանրապետութեան հրապարակի շատրուաններու երգահանդէսին: Համերգի մը ներկայ են անոնք կարծես, ձագուկը աչքերը չի թարթեր պահ մը չկորսնցնելու համար: Երաժշտական ականջը նկատելի է այս տարիքէն: Է՜, ինչպէ՞ս չունենայ այդ ունակութիւնը. ծնունդէն ի վեր մօրը ջութակին հնչիւններուն կ՚ունկնդրէ ձագուկը, արդէն իսկ գիտէ ո՞ր երաժշտութիւը ո՞ր երգահանին կը պատկանի՝ հայ թէ օտար:

Մայրը իսկոյն կը յիշէ իր ուսման տարիները հայրենիքի մէջ, երաժշտական գիտելիքներուն մի առ մի տիրապետումը: Տարինե՜ր անցած են, իսկ այս մեղեդիները որքա՜ն սրտամօտ են, որքա՜ն հարազատ է այս վայրը: Արդեօք պիտի կարենա՞ն օր մը ընտանեօք հոս հաստատուիլ ու ձագուկը հեռացնել օտար միջավայրերէն, օտար ազդեցութիւններէն...:

Օտար..., տեղ մը, երկիր մը, ուր միայն մի քանի հայ կը բնակի, մի քանի հայ միայն ամբողջ երկրի տարածքին: Կարողացած են անոնք ձագուկը հայ պահել. տան մէջ միայն հայերէն լսած է ան, բայց ահա այս տարի սկսաւ անոր հաղորդակցութիւնը խորվաթ տարեկիցներու հետ, սկսած է լսել ու երբեմն արտաբերել հնչիւններ խորվաթերէն, որոնք խորթ թուած են առաջին մի քանի ամիսը, սակայն... կու գայ ընտելացումը, համակերպումը, տարիներու հոսանքով լեզուին հետ կ՚ընտելանայ նաեւ ամէն ինչի, որ օտար է. արդեօք որքա՞ն կարելի է ձագուկը հայ պահել այդ միջավայրին մէջ: Այսպիսի խորհրդածութեան մէջ խորասուզուած մայրը կ՚ապրի այս ակնթարթները ու... կը սթափի՝

-Մա՛մ, նայէ՛ հոս բոլորը հայերէն կը խօսին, հոս բոլորը ինծի կը հասկնա՞ն,- փայլուն աչուկներով կը խօսի ձագուկը, երբ ուշադրութիւնը շեղած է երաժշտութենէն, քիչ մը հեռուն փուչիկ մը բռնելու համար վազող մանուկ մը նկատելով:

Մօր վէրքը կը բորբոքեցնեն կարծես ձագուկին այս հնչիւնները. մինչ ձագուկը մերթ կը ծափէ, մերթ խորասուզում մը կ՚ապրի եղանակներուն ազդեցութենէն, մերթ ձեռքերը կը շարժէ, մերթ գլուխը՝ ցայտող շատրուանին հետ քալեցնելով... ու ահա երաժշտութեան աշխոյժ ելեվէջներուն հետ մօրը ձեռքը բռնած կը ցատկոտէ, կը պարէ, այնպէս ինչպէս կ՚ընէ տան մէջ, երբ խանդավառ եղանակի մը հնչիւնները լսէ. կը պարէ առանց նոյնիսկ անդրադառնալու, որ իր այս ձեւերով կը խլէ յուզումը մօր, որ քիչ առաջ խրած էր մէջը, մայրն ու զաւակը կապող թելը չէ՞ այս միթէ, որ կ՚աճի, կ՚ամրանայ զաւկին հասակին հետ:

-Մա՛մ, այս մայթին վրայ նստող վաճառող կի՞նն ալ հայ է:

Կը հարցնէ ձագուկը վերադարձի ճամբուն...: Ու կը դիտէ չորս դին, վաճառատուներուն վրայի հայերէն բառերը կը փորձէ կարդալ. հանրակառքերուն, թաքսիներուն վրայի գրութիւները՝ նոյնպէս: Տունը միայն հեքիաթի գիրքերուն ու այբենարանին մէջ տեսածը, կարդալու փորձեր ըրած տառերն ու բառերը հոս ամէնուր կը տեսնէ ու մանաւանդ կը լսէ, կը հաղորդակցի, կը խաղայ իրեն պէս խօսողներու հետ...:

Մայրը գոհունակութեամբ կը հետեւի ձագուկին շարժումներուն, հասած է իր նպատակին ձագուկին շօշափելի բան մը ցոյց տալով: Այս այցելութեամբ բան մը փորձած էր ցանել անոր մէջ, իր արմատներէն խլուած հունտ մը թերեւս. ու գոհ է, որ ձագուկը ընդունած է խինդով ու ծիծաղով, այսպէսով հեռաւոր ապագայի մութ պաստառին վրայ լուսաւոր գիծ մը գծած ըլլայ թերեւս, ու՝

-Մա՛մ, ես երբ մեծնամ, պապային չափ ըլլամ, հոս պիտ գամ, ամուսնանամ հայ աղջիկի մը հետ:

Կ՚ըսէ ձագուկը ի տես հանդիպակաց մայթէն անցնող սիրահար պատանիներու գիրկընդխառնումին: Հնչիւններ են ըսուածները, բայց զարմանք կը պատճառեն մօր, որ չի գիտեր ի՛նչ ընէ: Հնչիւններ, որոնց մասին երբեք ակնարկ չէ եղած տան մէջ: Զարմանք, այո՛, բայց ծիծաղով շաղախուած, որ հեռաւոր ապագայի մութ պաստառին լուսաւոր գիծէն շողեր կ՚արձակէ:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2018