ԼԻԲԱՆԱՆ ՓՐԿՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾ ՃԳՆԱԺԱՄԷ. ԱՆՑԵԱԼ ԿԻՐԱԿԻ ՕՐ ԵՂԱԾԸ «ՄԻՔՐՕՊԱՏԵՐԱԶՄ» ԷՐ

Իմ սիւնակի ընթերցողներս արդէն իրազեկուած էին, թէ ինչ ծանր պահեր ապրած էր Լիբանանը անցեալ կիրակի օր։ Խօսքը կը վերաբերի Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի հարաւային գաւառները հրթիռակոծելու, ինչպէս նաեւ այդ հրթիռարձակումներուն ի պատասխան «Հիզպուլլահ»ի հարուածները իսրայէլեան «Աւեւիմ» շրջանէն անցնող զրահապատ կառքի մը, որուն մէջ (ըստ իրանեան աղբիւրներու) կային ութ զինուորականներ։

Այդ օր մինչեւ յետմիջօրէի ուշ ժամեր միջազգային լրատուական գործակալութիւններ ուշի ուշով կը հետեւէին զարգացումներուն ու բարեբախտաբար Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի բերնով հնչած յայտարարութիւններէն ետք իրավիճակը կը մտնէր բնականոն հուն։

Առաջին անգամը չէ, որ կը գրենք Լիբանան-Իսրայէլ հաւանական ընդհանրումի մը մասին, սակայն բացորոշ է, որ այսօրուան կտրուածքով միջազգային գլխաւոր խաղացողներու իրավիճակը կայուն պահելու ճիգերու կողքին, շըր-ջանին մէջ որեւէ պահու զանգուածային բախումներու հնարաւորութիւնները աճած են։

Այդ անշուշտ կապ ունի շրջանային պայմաններուն եւ Միացեալ Նահանգներ-Իրան բաւական բարդ, լարուած եւ նոյնիսկ պայթիւնավտնագ դրութեան հետ։

ՏԵՍԱԿԷՏ ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ. «ՔԱՐՆԵԿԻ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՀԱՅԱԶԳԻ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑ ԱՐԱԶ ՊԵՏՐՈՍԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆ

Ամէն պարագայի, աւելի յստակ եւ ամբողջական պատկեր մ՚ունենալու եւ հասկնալու համար Պէյրութի մէջ այս օրերուն տիրող իրավիճակն ու քաղաքական ընդհանուր հաւասակշռութիւնները, յաջողեցայ զրուցել «Քարնեկի» հիմնարկի հայազգի աշխատակից, գրող եւ վերլուծաբան Արազ Պետրոսին հետ։

Ստորեւ՝ հարցազրոյցը։

-Անցեալ կիրակի օր Լիբանանի մէջ տեղի ունեցան ապահովական բաւական սուր եւ վտանգաւոր զարգացումներ։ Ձեր կարծիքով՝ այս զարգացումները կրնա՞ն երկիրը նոր պատերազմի մը տանիլ։

-Իմ տեսակէտով, անցեալ կիրակի Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւնները պիտի չշարունակուին, պարզ այն պատճառով, որ երկու կողմերը, այսինքն՝ Իսրայէլի կառավարութիւնը եւ «Հիզպուլլահ»ը պատրաստ չեն եւ չեն ուզեր պատերազմ մղել: Եթէ խօսինք իսրայէլեան կողմին մասին, ապա պիտի նկատենք, որ Նեթանիյահու կը պատրաստուի ընտրութիւններու եւ կիրակի օր տեղի ունեցած դէպքերը ան պիտի օգտագործէ, որպէսզի կարողանայ իր վնասուած վարկը վերականգնել իսրայէլացի քուէարկողներուն մօտ։ Իսկ գալով «Հիզպուլլահ»ին, ես այն տեսակէտը ունիմ, թէ այս ռազմական գոծողութիւնները եղան ի շահ «Հիզպուլլահ»ին , որովհետեւ այս իրավիճակէն ան հնարաւորինս պիտի օգտուի, իր հետեւորդներուն եւ համակիրներուն ուշադրութիւնը՝ վերջերս կուսակցութեան վրայ դրուած ամերիկեան պատիժներէն հեռացնելու: Այդ պատիժները նաեւ կրնան ծանր հետեւանքներ ունենալ «Հիզպուլլահ»ի վրայ, այն իմաստով, որ ան պիտի չկարողանայ իր պաշտօնեաներուն ամսականները վճարել, հետեւաբար լուսարձակը նման ռազմական գործողութեան մը վրայ պահելը կը հետապնդէ նաեւ նպատակ, ինչպէս քիչ առաջ ըսի, համակիրներուն ուշադրութիւնը պատիժներու խնդրէն շեղելու:

Անշուշտ նաեւ պէտք է հաշուի առնել, որ Լիբանանի մէջ պատերազմի վերջնական որոշումը «Հիզպուլլահ»ին չի պատկանիր, այլ՝ Իրանին, իսկ եթէ Իրան «Հիզպուլլահ»ին վրայ ճնշումներ բանեցնէ, որպէսզի պատերազմի երթայ, ապա պատերազմի հաւանականութիւնները կը մեծնան, բայց այս փուլին այդպիսի մթնոլորտ չկայ:

Նաեւ այս բոլորէն զատ, կ՚ուզեմ կարեւորել այն խնդիրը, որ երկու կողմերու գլխաւոր դէմքերը՝ այսինքն՝ Հասան Նասրալլան եւ Պենիամին Նեթանիյահուն, զիրար ձեւով մը շատ լաւ հասկցած են, գիտեն խաղին կանոնները, ու գիտեն նաեւ, որ ո՛ւր կը սկսի եւ ուր կը վերջանայ վաղը։ Անշուշտ պէտք է հաշուի առնել, որ թէ՛ Իրանը եւ թէ Միացեալ Նահանգները այս փուլին պատրաստ չեն շրջանը նոր պատերազմի մը տանիլ եւ մենք կը հետեւինք, թէ ինչ բարձր մակարդակի բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան մէկ կողմէ՝ եւրոպական ընտանիքին եւ միւս կողմէ Իրանի միջեւ եւ Լիբանանի մէջ եղած ռազմական զարգացումները ձեւով մը վերադասաւորման եւ խաղաքարտերու վերաբաժանման ինչ որ միջոց հանդիսացան։

-Միջազգային կողմեր այսօր մեծ ճնշումներ գործադրեցին թէ՛ «Հիզպուլլահ»ին եւ թէ Իսրայէլին վրայ, արդեօք այս ճնշումները ձեւով մը կարգիլե՞ն, որ ռազմական մեծ գործողութիւններ ըլլան:

-Ո՛չ Իրանը, ո՛չ ալ Միացեալ Նահանգները ճնշումներ բանեցուցին, որ ռազմական գործողութիւնները դադրին, այլ բացայայտ էր, որ Նեթանիյահու ինքը ձեւով մը այս լարուած վիճակէն պատրոյգը հեռացուց, որպէսզի, պատկերաւոր ըսած, հրդեհը աւելի չմեծնայ եւ ռազմական գործողութիւննրը չծաւալին: Չմոռնանք, որ երկու կողմերը, այսինքն՝ Միացեալ Նահանգները Իսրայէլին եւ Իրանը «Հիզպուլլահ»ին նեցուկ կը կանգնին եւ անոնց համար ալ այս փուլին ճնշում բանեցնելու խնդիր չկայ:

Մենք գիտենք, որ ամբողջ շիի աշխարհը, ըլլայ Եմէն, Իրաք, Լիբանան, Սուրիա նոյնիսկ, ոտքի պիտի ելլէր, եթէ ռազմական գործողութիւններ ըլլային: Յստակ է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ շատ կարեւոր դեր մը ունի եւ շրջանին մէջ նոր պատերազմի մը սկսելու հիմնական բանալին անոր մօտ է։

Այստեղ նաեւ կ՚ուզեմ նշել, որ այս բոլորին մէջ ճշմարտութիւն է, թէ Լիբանանը դարձած է խաղադաշտ, մէկ կողմէ՝ Իրանի եւ միւս կողմէ՝ Միացեալ Նահանգներու միջեւ եւ այդ խաղադաշտը անոնք պատրաստ են գործի մղել կամ օգտագործել, երբ որ իրենց շահերը այդ մէկը պահանջեն:

-Տեղի ունեցած այս ռազմական գործողութենէն ո՞վ շահաւոր ելաւ. արդեօք Նեթանիյահուն բարձրացո՞ւց իր վարկը ընտրութիւններուն ընդառաջ:

-Որեւէ պատերազմի պարագային կ՚արձանագրուին վնասներ եւ շահեր: Եթէ ճիշդ վերլուծենք, ապա պիտի տեսնենք, որ երկու կողմերուն համար ալ որոշ շահ մը եղաւ, այն իմաստով, որ «Հիզպուլլահ» վերջին շրջանին խնդիր ունէր իր համակիրներուն առջեւ իր դիրքերը ամրապնդելու. կուսակցութիւնը մասնակցած էր Սուրիոյ պատերազմին, ունեցած էր մեծ վնասներ եւ այսօր այս ռազմական քայլով անգամ մը եւս իր համակիրներուն ըսել ուզեց, թէ՝ «ես այստեղ եմ, ես ուժեղ եմ եւ որեւէ ատեն կրնամ հարուածել Իսրայէլը»։

Ինչ կը վերաբերի Նեթանիյահուին, եթէ մէկդի դնենք Իրանի կողմէ տարածուած լուրերը այն մասին, թէ «Հիզպուլլահ»»ի հարուածներուն հետեւանքով իսրայէլացի զինուորներ սպաննուած են եւ նոյնիսկ բարձրաստիճան սպայ մը զոհուած է, ապա պիտի տեսնենք, որ Նեթանիյահու այս քայլով դարձեալ յաջողեցաւ վերատիրանալ իր համակիրներու մասնակի վստահութեան. մասնակի կ՚ըսեմ, որովհետեւ Իսրայէլի մէջ ալ երկու կարծիք գոյութիւն ունի. անոնք, որոնք երկմտանքի մէջ էին, դարձեալ իրենց մտքին մէջ եկաւ այն գաղափարը, թէ՝ տեսէ՛ք, Իսրայէլի ամենաուժեղ ղեկավարն է Նեթանիյահուն, որ կրնայ գլուխ ելլել եւ ձեւով մը պատերազմ մղել «Հիզպուլլահ»ին դէմ:

Ամէն պարագայի, որեւէ պատերազմ ունի իր թէ՛ դրական եւ թէ ժխտական կողմերը, եւ կարծես այս «միքրօպատերազմ»ով երկու կողմերն ալ կարողացան դրական միաւորներ ստանալ:

-Լիբանանի ժողովուրդին տեսակէտը ի՞նչ է, մանաւանդ քրիստոնեայ հատուածներուն, ի՞նչ կը մտածեն այս պատահարներու վերաբերեալ:

-Լիբանանի իրականութիւնը ճանչցողները արդէն գիտեն, որ քրիստոնեաներու մեծ մասը դէմ է «Հիզպուլլահ»ի քայլերուն, եւ այդ մէկը նորութիւն մը չէ: Լիբանանցի քրիստոնեաները կը վախնան, որ «Հիզպուլլահ» երկիրը պատերազմի տանի եւ այդ պատերազմէն նաեւ իրենք վնաս կրեն: Նոյն առումով նաեւ մենք նկատեցինք, որ «Հիզպուլլահ»ի ամենասերտ գործակիցը, որ նախագահ Աունի առաջնորդած «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութիւնն է, այս փուլին ալ ոչ մէկ ձեւով քննադատեց «Հիզպուլլահ»ը, ընդհակառակն, նախագահ Աուն «Հիզպուլլահ»ի հարուածելու քայլը ճիշդ համարեց եւ այդ մէկը քրիստոնեայ միւս կուսակցութիւններուն համար անընդունելի քայլ մըն էր:

Չմոռնամ ըսել, որ վերջին շրջանին տարբեր ամպիոններէ, տարբեր լրատուամիջոցներէ տեղեկութիւններ հրապարակուեցան՝ այն մասին, թէ այսօրուան կտրուածքով Լիբանանի մէջ քրիստոնեաները դարձած են փոքրամասնութիւն (թուային իմաստով) եւ այդ մէկը անշուշտ իր ուղղակի եւ անուղղակի ազդեցութիւնը կ՚ունենայ քաղաքական կեանքին մէջ: Քրիստոնեաները մտահոգ են, որովհետեւ «Հիզպուլլահ»ի ձեռքն է Լիբանանի պատերազմ հռչակելու կամ խաղաղութիւն ունենալու որոշումը եւ այդ մէկը քրիստոնեաներուն համար անընդունելի է:

Նոյն այս ծիրին մէջ նաեւ կ՚ուզեմ նշել, թէ այսօր քրիստոնեաներուն մօտ կայ այն գաղափարը, որ իրենք բաւական տկար դիրքերու մէջ են եւ այդ մէկը անշուշտ զիրենք պիտի մղէ մտածելու, որ միաւորուին, միասնակամ դառնան, մէկ գաղափար ունենան եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեն, որովհետեւ թէ՛ քաղաքական առումով, թէ՛ ապահովական առումով քրիստոնեաները այսօր բաւական բարդ դրութեան մը մէջ են։

-Ձեր կարծիքով՝ այս զարգացումները կրնան տեղ մը տանի՞լ, որ քաղաքական կեանքին մէջ «Հիզպուլլահ»ի վարկը իյնայ եւ պետական մարմիններ անոր ըսեն՝ «Ա՛լ կը բաւէ»:

-Չեմ կարծեր, որ որեւէ ուժ կրնայ «Հիզպուլլահ»ին դէմ դնել: Ինչպէս հարցազրոյցի սկիզբն ալ ըսի, երբ «Հիզպուլլահ» զինուորական գործողութիւն կատարեց, շուտով երկրի նախագահը եւ պաշտպանութեան նախարարը, որ քրիստոնեայ են, երկրորդեցին եւ ողջունեցին «Հիզպուլլահ»ի քայլը, եւ ատիկա ամենամեծ ազդանշանն էր, որ իրենք անզօր են «Հիզպուլլահ»ի որոշումին դէմ, ատոր համար կը բացառեմ, որ ներկայ հանգրուանին քրիստոնայ որեւէ ուժ կարողանայ «Հիզպուլլահ»ի որոշումին դէմ կանգնիլ եւ ոչ ըսել: Այսօր «Հիզպուլլահ» գետնի վրայ ամենաուժեղ զինուորական եւ նաեւ քաղաքական ուժն է եւ երկրի ընդհանուր քաղաքական կառուցուածքը, մօտեցումները եւ քաղաքական ուղղութիւնը «Հիզպուլլահ»ի կողմէ է որ կը դասաւորուին:

-Այս բոլորը որեւէ ձեւով կ՚ազդե՞ն Լիբանանի վրայ:

-Անշուշտ։ Պատկերացուցէք, որ նոյնիսկ այս փոքր պատերազմը իր ուղղակի վնասները ունեցաւ Լիբանանի վրայ: Մենք գիտենք, որ նախքան այս դէպքերը, արդէն Լիբանանի մէջ բաւական մեծ խնդիրներ կային թէ՛ նիւթական, թէ՛ ապահովական, սուրիացի գաղթականներու, ինչպէս նաեւ ընկերային, կենսոլորտային հարցերու։ Այսինքն երկիրը արդէն հանգիստ չէ եւ որեւէ պատերազմի պարագային Լիբանանը իսկապէս պիտի յայտնուի դժոխային վիճակի մը մէջ։ Լիբանանի համար որեւէ ռազմական զարգացում կամ պատերազմ դժոխքի պիտի վերածէ երկիրը եւ այս մէկը բոլորը կը գիտակցին:

Այստեղ կարեւոր հարցում մը կայ. արդեօք այս ռազմական գործողութիւնները նաեւ ինչ որ տեղ նպատակ կը հետապնդէի՞ն աւելի եւս ճզմել Լիբանանի տնտեսութիւնը, աւելի եւս հարուածել Լիբանանի առանց այդ ալ արդէն վատառողջ իրավիճակի մէջ գտնուող ելեւմտական ընդհանուր իրավիճակը։ Ապագայ օրերը ցոյց կու տան, սակայն յստակ է, որ այս փուլին Լիբանանի մէջ որեւէ ռազմական գործողութիւն կամ որեւէ տիպի պատերազմ երկիրը կը տանի իրական դժոխքի:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2019