ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈՒԼԸ

Այս շրջանին թէեւ դարձեալ՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով նոր հաւաքոյթի մը կազմակերպման հաւանականութիւնը օրակարգի վրայ է, սակայն, որոշ վերլուծաբաններ կը դիտարկեն, որ Հայաստան այդքան ալ խանդավառ չէ այս ուղղութեամբ։ Խոշոր հաշուով, այս օրերուն հայկական քաղաքական իրականութեան մէջ կայ երեք ուղղութիւն։ Առաջինը՝ հակառակ մեծ տատանումներու՝ օրակարգի վրայ է Ռուսաստանի գիծին հետեւելու մօտեցումը, որուն համար յաճախ փողոցի մէջ ալ պայքար կը մղուի։ Երկրորդը՝ Եւրոպական Միութեան հետ համարկումի մը ուղեծիրն է՝ միացում մը ստեղծելու ընտրանքը, որուն համար ալ իրարու միացած քաղաքական ուժերը նպատակ դրած են յառաջիկայ ժամանակներուն հանրաքուէ մը կազմակերպել։ Իսկ երրորդն է՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն ընտրանքը, որուն հիմնական միտք բանին է՝ բոլորին հետ գործակցիլը, պահել-պահպանելու համար իշխանութիւնը։

Ահա՛, այս երեք գիծերուն մէջ կը տատանի Հայաստան ու չի բացառուիր, որ յառաջիկային այս գիծերէն որեւէ մէկը միանայ իշխանութեան, որ տիրական եւ հիմնական ուժ կը համարուի։ Բարդ է, անշուշտ, իշխանութիւններուն վրայ կուտակուած բեռը, որ զանազան առումներով կապուած է արտաքին գործօններու եւ Հայաստանի շուրջի իրադարձութիւններուն հետ։

Ամէն պարագայի, երկրի ներքին քաղաքական իրադրութեան մասին, աւելի յստակ պատկերացում մը կազմելու համար՝ կարծիքը շօշափեցինք ԱՊՐԻ-Արմենիա վերլուծական կեդրոնի աւագ գիտաշխատող Բենիամին Պօղոսեանի, որու հետ մեր կապը եղաւ հեռավար։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր խորհրդածութիւններուն սղագրութիւնը։

*

-Դէպի Եւրոպա օրինական թեքում մը ապահովելու համար հանրաքուէ կազմակերպելու առիթները մե՞ծ են այսօր։

-Կը կարծեմ՝ յառաջիկային, առնուազն մինչեւ տարեվերջ՝ Եւրոմիութեան համարկելու համար հանրաքուէի մը հաւանականութիւնը այդքան ալ մեծ չէ: Կառավարութիւնը կը հասկնայ, որ այդպիսի հանրաքուէ մը չի կրնար որեւէ իրաւական նշանակութիւն ունենալ, միեւնոյն ժամանակ, կրնայ ա՛լ աւելի մեծցնել Ռուսաստանի կասկածները կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան իրական նպատակներուն վերաբերեալ, ինչ որ յաւելեալ լարուածութիւն կրնայ յառաջացնել Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններուն մէջ: Քանի դեռ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի, իսկ աւելի մեծ հաշուով՝ Ռուսաստան-Արեւմուտք հակամարտութեան վերջնական արդիւնքը յստակ չէ՝ կառավարութիւնը չի ցանկար ա՛լ աւելի սրել երկկողմանի յարաբերութիւնները: Կը կարծեմ՝ կառավարութեան մօտ կայ հետեւեալ մտահոգութիւնը. ի՞նչ կրնայ տեղի ունենալ, եթէ Հայաստան այրէ բոլոր կամուրջները Ռուսաստանի հետ, իսկ որոշ ժամանակ անց ան Արեւմուտքի հետ երբեմնի Սովետական Միութեան տարածաշրջանի անվտանգային համակարգին վերաբերեալ յանգին որոշ պայմանաւորուածութիւններու, որոնք ռուսական կողմին հնարաւորութիւն կրնան տալ՝ երկրագունդի այս հատուածին մէջ էական դեր խաղալու: 

Նման հաւանականութեան պարագային ո՞վ կրնայ երաշխաւորել Հայաստանի իշխանութիւններու անվտանգութիւնը կամ ո՞վ կրնայ բացառել, որ Ռուսաստան չի ձեռնարկեր Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն հրահրելու ուղղեալ քայլերու: Միեւնոյն ժամանակ, արդէն 2025 թուականին կամ 2026-ի առաջին կէսին, Հայաստանի մէջ կը նախատեսուին խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց նախաշեմին իշխանութիւնը կրնայ աջակցիլ հանրաքուէի կազմակերպման՝ եւրոպական համարկման հարցը դարձնելով իր նախընտրական ծրագրի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնը: Սա չի պարունակեր յստակ ժամկէտ մը, սակայն, կրնայ հաստատել Հայաստանի ցանկութիւնը՝ ինչ-որ ժամանակ ստանալու համար Եւրոմիութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ: Նման պարագայ մը աւելի հաւանական կ՚ըլլայ, եթէ ծանր զիջումներու գնով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման քաղաքականութիւնը որեւէ արդիւնք չտայ ու կառավարութիւնը կարիքն ունենայ՝ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ նոր գաղափարներ ներկայացնելու:

-Եւրոպամէտ ուժերը, ըստ կարգ մը հաշուարկներու, իշխանութեան համար վստահելի կը համարուին կամ «գրպանային ընդդիմութիւն»։ Ճի՞շդ է այս վարկածը։

-Դժուար է հաստատ գնահատական մը տալ այս պնդման: Ամէն պարագայի, կարելի է հաստատել, որ այժմու կառավարութեան եւ առկայ խորհրդարանական ընդդիմութեան պայմաններով՝ արեւմտամէտ արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը հակուած է աջակցելու իշխանութեան։ Արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը համոզուած է, թէ այժմու կառավարութիւնը՝ հակառակ իր բոլոր թերութիւններուն, աւելի նախընտրելի է բաղդատմամբ այն ուժերուն, որոնք իշխանութեան գլուխ կը գտնուէին մինչեւ 2018 թուականը:

Այս պարունակին մէջ արեւմտամէտ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան հիմնական դժգոհութիւնն է՝ կառավարութեան Ռուսաստանէն հեռանալու աւելի գործօն քայլերու չձեռնարկել։ Յամենայնդէպս, ռազմավարական առումով՝ անոնք տակաւին այնպէս կը համարեն, որ կառավարութիւնը ամէն պարագայի կը շարունակէ Հայաստանը Ռուսաստանէն աստիճանաբար հեռացնելու քաղաքականութիւնը։ Անոնց համար, կարծես, այժմու կառավարութիւնը աւելի նախընտրելի է՝ քան խորհրդարանական ընդդիմութիւնը, կամ այս տարի ձեւաւորուած «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» շարժումը:

Հետեւաբար, հակառակ ժամանակ առ ժամանակ կառավարութեան հասցէին հնչած քննադատութիւններուն՝ կարելի է ենթադրել, թէ իշխանափոխութեան իսկական հնարաւորութեան մը պարագային այդ ուժերը դարձեալ կ՚աջակցին այժմու կառավարութեան։ Արդարեւ, անոնց կարծիքով՝ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը ռուսամէտ է ու անոր իշխանութեան գլուխ գալը կը փակէ Ռուսաստանէն հեռանալու եւ դէպի Արեւմուտք թեքուելու բոլոր հնարաւորութիւնները:

-Կրնա՞յ պատահիլ, որ հանրաքուէի հետամուտներուն եւ իշխանութեան միջեւ վիհ մը յառաջանայ եւ եւրոպամէտ-արեւմտամէտ ուժերը հանդէս գան՝ որպէս փողոցի ընդդիմութիւն։

-Այս հաւանականութիւնը մեծ չէ: Կը կարծեմ՝ նման բան կրնայ տեղի ունենալ միայն այն պարագային, եթէ արեւմտամէտ արտախորհրդարանական ընդդիմութիւնը վստահ ըլլայ, թէ ունի իսկական առիթ իշխանափոխութեան հասնելու եւ նոր կառավարութիւնը ձեւաւորելու։ Եւ երկրորդ՝ եթէ համարէ, որ այժմու կառավարութեան՝ Ռուսաստանէն հեռանալու քայլերը կը կրեն կառավարուող բնոյթ, իսկ իրականութեան մէջ կառավարութիւնը կը ցանկայ պահպանել Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններու մակարդակը:

Ամէն պարագայի, նոյնիսկ եթէ այս բեմագրութիւնը իրականանայ եւ արեւմտամէտ արտախորհրդարանական ուժերը որոշեն սկսիլ փողոցային պայքարի՝ կառավարութեան հրաժարականի պահանջով, ապա դժուար է ըսել, թէ որքա՞ն յաջող կ՚ըլլայ այդ շարժումը եւ արդեօք անոնք կը կարողանա՞ն բաւական երկար ժամանակ տասնեակ հազարաւոր մարդոց ներկայութիւնը ապահովել փողոցը՝ կառավարութեան վրայ համապատասխան ճնշում գործադրելու նպատակով:

-Խօսինք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւններու նոր ուղեծիրին մասին։ Առհասարակ դուք լաւատե՞ս էք այս առումով։ ԱՄՆ պատրաստ է Հայաստանին իսկապէս նեցուկ տրամադրելու։

-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հիմնական խնդիրը Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսաստանի դիրքերու տկարացումն է։ Այս պարունակին մէջ պէտք է դիտարկել Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու սերտացման Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը: Հասկնալի է, որ հակառակ վերջին շրջանին Ռուսաստան-Ատրպէյճան եւ Ռուսաստան-Վրաստան յարաբերութիւններու որոշ դրական միտումներուն՝ Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսաստանի ազդեցութեան ապահովման հիմնական միջոցը կը շարունակէ մնալ անոր Հայաստանէ ներս ներկայութիւնը։ Այդ ազդեցութեան նուազումը էականօրէն կը թուլացնէ Ռուսաստանի դերը Հարաւային Կովկասի մէջ: 

Այս մասին յստակ յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի ու Եւրոասիոյ գծով տեղակալ Օ՚Պրայըն, որ վերջերս Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի կազմակերպած հրապարակային լսումներուն մասնակցեցաւ: Միեւնոյն ժամանակ, նուազ հաւանական է, որ Միացեալ Նահանգներ Հայաստանին տրամադրէ անվտանգութեան իսկական երաշխիքներ. օրինակ՝ Ճաբոնի կամ Հարաւային Քորէայի նման:

-Ի՞նչ կը խորհիք յառաջիկայ հաւանական իրադարձութիւներուն մասին՝ քանի կ՚ըսուի, որ ընդդիմութիւնը դարձալ փողոց պիտի իջնէ։ 

-Կը կարծեմ, որ Բագրատ սրբազանի առաջնորդած շարժումը կը փորձէ որոշակի աշխուժութիւն ցուցաբերել այս աշնան, սակայն, նուազ հաւանական է, որ շարժումը կարողանայ ունենալ անցեալ մայիսի ծաւալները։ Չեմ բացառեր, որ շարժումը այս կամ այն աշխուժութեամբ կը շարունակուի մինչեւ 2025-ի գարունը, աւելի վերջ ալ կրնայ կերպափոխուիլ՝ որոշ նախընտրական ձեւաչափի մը, 2026-ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններու պարունակին մէջ: 

-Վերադառնալով տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն՝ Հայաստան կարծէք վերջերս որոշ չափով վերապահ դարձած է «3+3» ձեւաչափի պարագային։ Ի՞նչ կ՚ըսէք։

-Համաձայն եմ այս դիտարկման։ Հայաստանի կառավարութիւնը այնքան ալ ոգեւորուած չէ այս ձեւաչափով: Կարծես՝ այս ձեւաչափը կ՚ընկալէ՝ որպէս Արեւմուտքը տարածաշրջանէն դուրս մղելու միջոց։ Սա այնքան ալ չի համապատասխաներ կառավարութեան քաղաքականութեան, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու սերտացման ուղղուած է:
Միեւնոյն ժամանակ, հասկնալի է, որ Հայաստան չի կրնար մեկուսանալ տարածաշրջանային իրադարձութիւններէն ու պատահական չէ, որ 2023-ի հոկտեմբերին արտաքին գործոց նախարարը Թեհրանի մէջ մասնակցեցաւ այդ ձեւաչափով քննարկման: Ես համոզուած եմ, թէ Հայաստանի վերջնական դիրքորոշման ձեւաւորման վրայ զգալի ազդեցութիւն պիտի ունենայ Ուքրայնայի պատերազմի հաւանական աւարտը: 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2024