ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱՎԱԶՔ
Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ, այլ ասպարէզներու շարքին, մրցակցութիւնը աւելի սուր բնոյթ ստացած է արհեստագիտութիւններու մարզին մէջ: Ամէն օր տարաբնոյթ նորութիւններ կան, եւ յստակ ալ չէ, թէ մինչեւ ո՛ւր կրնայ հասնիլ այս վազքը, եւ ո՛ւր կրնայ առաջնորդել մարդկութիւնն ու մեր մոլորակը:
*
ՉԻՆԱՍՏԱՆ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՈՐՈՇ ԱՍՊԱՐԷԶՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԿՐՆԱՅ ԳԵՐԱԶԱՆՑԵԼ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԸ
Աշխարհի մէջ երկրորդ մեծ տնտեսութիւնը (Չինաստան) իր զարգացման մէջ արդէն որոշ յառաջընթաց կը ցուցաբերէ այնպիսի ասպարէզներու մէջ, ինչպիսին է արհեստական բանականութիւնը:
Չինաստանի թուային տնտեսութիւնը կը կազմէ երկրի համախառն ներքին արտադրութեան աւելի քան 34 առ հարիւրը: Այստեղ նոյնպէս կը գտնուին աշխարհի ամենէն մեծ ճարտարագիտական ընկերութիւնները, որոնց շարքին ելեկտրոնային հսկան՝ «Ալիպապա»ն եւ Թենսենթ ընկերութիւնները:
Ըստ չինական տեղեկատուական համացանց-կեդրոնի (CNNIC) պաշտօնական վիճակագրութեան, երկրին մէջ համացանց գործածողներուն թիւը 2008 թուականի վերջաւորութեան կը կազմէր 298 միլիոն, կամ այն ժամանակուան բնակչութեան 22 առ հարիւրէն աւելին: Այդ թիւը այս տարուան յունիսի վերջաւորութեան բարձրացած է մինչեւ 854 միլիոնի:
Պաշտօնական պետական վիճակագրութեան տուեալներով, համացանց գործածող չիներուն 99 առ հարիւրին համացանցը մատչելի է անոնց բջիջային հեռաձայններու միջոցով: Միացեալ Նահանգներու մէջ նման մատչելիութիւն ունի համացանցը գործածողներուն 92 առ հարիւրը:
«Երկար տարիներ Սիլիքոնային Հովիտը բարձրէն նայած է չինական արհեստագիտութիւններուն: Սակայն այսօր կայ այն գիտակցութիւնը, որ Չինաստան նորարարութիւններ կը ներդնէ եւ առաջ կը շարժի արհեստագիտական որոշ ասպարէզներու մէջ», ըսաւ «Սի.Էն.Պի.Սի.»ի տնօրէն Ռեպեքա Ֆանին, որ «Չինաստանի արհեստագիտական տիտաններ»ուն հեղինակն է:
Կան նոյնիսկ այնպիսի նշաններ, որ Միացեալ Նահանգներու որոշ ամենէն մեծ արհեստագիտական ընկերութիւններ այժմ կը կրկնօրինակեն չինականները:
Վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին Փեքին հրապարակաւ յայտարարած է ապագայի ամենէն կարեւոր արհեստագիտութիւններու, օրինակ, արհեստական բանականութեան եւ 5Ճի. անունով ծանօթ, յաջորդ սերունդի գերարագ բջիջային ցանցի մշակման իր յաւակնութիւններուն մասին:
Տակաւին Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ առեւտրական պատերազմէն առաջ, Փեքին 2017 թուականին յայտարարած էր, որ մինչեւ 2030 թուական կ՚ուզէ համաշխարհային յառաջատար դառնալ արհեստական բանականութեան ասպարէզին մէջ:
Չինական ամենէն մեծ ընկերութիւններէն ոմանք, որոնց շարքին՝ «Ալիպապա»ն, «Հուաուէյ»ը, «Թենսենթ»ը եւ «Պայտու»ն, զգալի ներդրումներ կը կատարեն արհեստական բանականութեան ասպարէզին մէջ:
Անցեալ շաբաթ «Ալիպապա»ն հետեւելով «Հուաուէյ»ի օրինակին՝ արտադրած է իր սեփական չիփը:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՔՈՐԷԱ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՅԱՏՈՒԿ ԻՐ ԵՐԿՐԻ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԱՐՏԱԴՐՈՒԱԾ «ԿԱՊՈՅՏ ԵՐԿԻՆՔ» ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՍՄԱՐԹՖՈՆԸ
Հիւսիսային Քորէա Փիոնկեանկի միջազգային աշնանային ցուցադրութեան ընթացքին ներկայացուցած է յատուկ իր երկրի բնակիչներուն համար արտադրուած «Կապոյտ երկինք» նորագոյն սմարթֆոնը:
«Կապոյտ երկինք» բանաստեղծական անունը ստացած սմարթֆոնը արտադրուած է ցուցադրութենէն շաբաթ մը առաջ:
Նորագոյն այս տեսակը կը գերազանցէ Հիւսիսային Քորէայի արտադրութեան նախորդ սարքերը, որոնցմէ մէկը կը կոչուի «Փիոնկեանկ 2426»:
«Կապոյտ երկինք»ը ունի 15,25 սմ. պաստառ, 4 տեսախցիկ: Շնորհանդէսի ժամանակ բոլոր փափաքողները կարելիութիւն ունեցած են փորձելու լուսանկարներու որակը: Սակայն ոչ բոլոր փափաքողները կրնան գնել սարքը. սմարթֆոնը կ՚արժէ 290 տոլար, որ Հիւսիսային Քորէայի բնակիչներուն համար բաւական մեծ գումար է: Օտարերկրացիները եւս չեն կրնար գնել սարքը, քանի որ նորագոյն սմարթֆոնը նախատեսուած է միայն Հիւսիսային Քորէայի մէջ վաճառքի համար:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ «ԱՐՄԱԹ» ԳԻՏԱՇԽԱՏԱՆՈՑՆԵՐ
Սեպտեմբեր 2019-ին Հայաստանի դպրոցներուն մէջ գործած են 284 «Արմաթ» ճարտարագիտական գիտաշխատանոցներ՝ շուրջ 340 խմբակներով, որոնց ներառուած են աւելի քան 7500 աշակերտներ:
Կառավարութեան որոշումով, ծրագիրի ընդարձակման նպատակով Առաջատար արհեստագիտութիւններու ընկերութիւններու միութեան տրամադրուած է լրացուցիչ 834 միլիոն հայաստանեան դրամ, որուն ծիրին մէջ մինչեւ տարեվերջ գիտաշխատանոցներուն թիւը պիտի կրկնապատկուի: Նորաբաց 284 գիտաշխատանոցներէն 5-ը կը բացուի Երեւանի, մնացեալ 279-ը՝ Լոռիի, Շիրակի եւ Տաւուշի դպրոցներուն մէջ:
Արդէն տարեվերջին պետական եւ սեփական ներդրումներով Հայաստանի դպրոցներուն մէջ պիտի ըլլան 580 գիտաշխատանոցներ, որոնց շարքին Լոռիի, Շիրակի եւ Տաւուշի գրեթէ բոլոր դպրոցները ապահովուած կ՚ըլլան նոր գիտաշխատանոցներով:
2019 թուականի վերջաւորութեան Հայաստանի դպրոցներուն 50 առ հարիւրը ապահովուած կ՚ըլլայ «Արմաթ» ճարտարագիտական գիտաշխատանոցներով:
Ծրագիրի պահպանման եւ զարգացման համար 2018 թուականին տրամադրուած է շուրջ 180 միլիոն դրամ, իսկ 2019 թուականին՝ աւելի քան 1 միլիառ 186 միլիոն դրամ, որուն 352.2 միլիոն դրամը՝ իբրեւ խմբակները վարողներու աշխատավարձ, մնացեալը՝ գիտաշխատանոցներ գնելու եւ ներդրումի համար:
«ՄԵՐՍԵՏԵՍ-ՊԵՆԶ» ՎԵՐՍՏԵՂԾԱԾ Է 1900 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՕՐԻՆԱԿԸ
«Մերսետես-Պենզ» ներկայացուցած է «Վիժըն Մերսետես Սիմփլեքս» անունով իւրայատուկ օրինակը:
Ատիկա ստեղծուած է ռեթրօ ոճով եւ կը ցուցադրուի «Տիզայն Էսենշըլզ» 2019 ցուցահանդէսին մէջ, որ կը կազմակերպուի ֆրանսական Նիս քաղաքին մէջ: Ինքնաշարժը կը կրկնէ 1900 թուականի «Մերսետես 35 Փի. Էս.»ի արտաքին տեսքը:
«Միայն այնպիսի վաճառանիշը, ինչպիսին «Մերսետես-Պենզ»ն է, կրնայ միացնել պատմութիւնը եւ ապագան: «Վիժըն Մերսետես Սիմփլեքս»ը կը խորհրդանշէ մեր վաճառանիշի շքեղութեան իսկական փոխակերպումը», ըսաւ գերմանական ընկերութեան գլխաւոր ձեւագէտ Կորտըն Վակներ:
Ինքնաշարժը ունի չորս մեծ անիւներ, տիսփլէյ՝ ռատիաթէօրի ցանցի փոխարէն, իսկ բեռնախցիկի (պակաժ) փոխարէն՝ կաշիէ պայուսակ:
Ինքնաշարժին մէջ կը բացակայի յառաջամասի ապակին, սարքերու վահանակը վիրչուըլ պաստառ մըն է, որուն վրայ կան վարորդին համար անհրաժեշտ բոլոր տուեալները:
«Վիժըն Մերսետես Սիմփլեքս»ի ճարտարագիտական բնութագիրները չեն նշուիր: Կ՚ենթադրուի, որ ինքնաշարժը յագեցած է յատուկ ուժային սարքով:
ԻԼՈՆ ՄԱՍՔԸ ՑՈՒՑԱԴՐԱԾ Է «ՍՓԷՅՍԷՔՍ»Ի ՆՈՐ ՏԻԵԶԵՐԱՆԱՒԸ
Իլոն Մասք ներկայացուց «ՍփէյսԷքս»ի նոր տիեզերանաւը, որ նախատեսուած է դէպի լուսին, Հրատ եւ արեգակնային համակարգի որեւէ կէտ անձնակազմ եւ բեռ տեղափոխելու եւ Երկիր ետադարձի համար:
Թեքսասի մէջ ուղղակի պատկերասփռումի ժամանակ ներկայացնելով նոր տիեզերանաւը՝ Մասք յայտնեց, որ տիեզերանաւը առաջին անգամ թռիչք պիտի կատարէ շուրջ 1-2 ամիս ետք, 19.800 մեթր, նախքան Երկիր վերադառնալը:
Ըստ Մասքի, տիեզերական ճամբորդութիւններու համար չափազանց կարեւոր է տիեզերական սարքերու կրկնակի օգտագործումը:
ՀԱՄԱՑԱՆՑԻՆ ՄԷՋ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԱԾ Է ՆՈՐ «ԱՅՖՈՆ»Ի ՆԱԽՆԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԸ
Լաթուիացի ձեւագէտ Պենիամին Կեսքին Թուիթըրին մէջ հրապարակած է նոր «ԱյՖոն»ի նախնական պատկերը, որ «Էփըլ» 2020 թուականին կրնայ ներկայացնել:
Արտաքինէն դատելով՝ սմարթֆոնը զրկուած է պաստառի վերի մասին մէջ «մազափունջ»էն: Խցիկը, լուսաւորութեան եւ մօտեցման հաղորդիչները, տինամիքը, մանրաձայնը (microphone) եւ կէտային հատուածը կը գտնուին կմախքին բարակ շրջանակին վրայ, որ կ՚անցնի տիսփլէյի եզրագիծէն:
Պաստառին անկիւնագիծը կը կազմէ 17,08 սմ.:
Պենիամին Կեսքինը սարքերը կը նկարէ՝ հիմնուելով «Այ.Թի.»-շուկայի ապագայ նորութիւններու մասին տեղեկատուութեան վրայ: Ան առաջինն էր, որ նախապէս ցոյց տուաւ «ԱյՖոն Էքս»ի բնօրինակի ամենէն մօտ տարբերակը: Կեսքին նոյնպէս հրապարակած է «ԱյՖոն Էքս»երու բացառիկ նկարներ:
«ՊԵՆԹԼԻ» ՍԿՍԱԾ Է ՊԵՆԹԱՅԿԱՅԻ «ՔԱՈՒՊՈՅԱԿԱՆ» ՏԱՐԲԵՐԱԿԻ ՎԱՃԱՌՔԻՆ
«Պենթլի» սկսած է վաճառել Պենթայկայի «քաուպոյական» տարբերակը՝ միայն Տալասի (Թեքսաս նահանգ), նախկին «Վայրի արեւմուտք»ի սիրտին մէջ: Սովորական Պենթայկայէն յատուկ տարբերակը կը տարբերի «քաուպոյական» գլխարկներու ոճով թափքի գոյնով եւ ներքին յարդարանքի իւրայատկութիւններով:
Այս յատուկ տարբերակի մշակումով զբաղած է անհատական պատուէրներու հարցով մասնագիտացած Մուլինըրի դերձակը: Պենթայկան կարելի է ճանչնալ յառաջամասին մէջ, նստարաններուն վրայ եւ ետեւի «թեւերուն» վրայ ընկերութեան մակնիշով, երկու երկգոյն ղեկով, նոյնպէս սալոնի շքեղ մանրամասնութիւններով՝ ուղտի կաշիով եւ այրած կաղնիի ներդիրներէն:
Իւրայատուկ մանրամասնութիւն մըն է նստարաններու կոշտ կարը, որ «քաուպոյական» կօշիկներ կը յիշեցնէ:
«Պենթլի»ի ամերիկացի վաճառողները նոր տարբերակը «դաժան շքեղութիւն» կ՚անուանեն եւ կ՚աջակցին ընկերութեան մտադրութեան՝ ամերիկեան շուկայի համար արտադրել տարբերակ մը, որ կը փառաբանէ ամերիկեան պատմութիւնը:
ԷՓԸԼ ԱՅՓԵՏԻ ԵՒ ՄԵՔՊՈՒՔ-Ի ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԱյՓետ պլանշեթներու եւ ՄեքՊուք Փրօ նոթպուքերու գլխաւոր տեսակները արտառոց տեսքով կը հրապարակուին 2020-ի վերջաւորութեան 2021-ի սկիզբը: Անոնց մէջ կը գործածուի Մինի-ԼԵՏ արհեստագիտութիւնը: Այս մասին վերլուծական զեկոյցին մէջ գրած է Մին Չի Քուն, որ ծանօթ է որպէս «Էփըլ»ի տակաւին չարտադրուած սարքերէն տեղեակ մասնագէտ: Այս սարքերը նոր տեսքով կը դառնան աւելի բարակ եւ թեթեւ:
Եթէ ժամանակակից ԼԵՏ-երու մէջ լուսաւորման համար կը գործածուի առաւելագոյնը հարիւր լուսատիոտ, Մինի-ԼԵՏ-երուն մէջ ատոնց թիւը կը հասնի 10 հազարի, որոնցմէ իւրաքանչիւրին չափը կ՚ըլլայ 200 միքրոնէն ոչ աւելի:
Ակներեւ է, որ սկզբնական արհեստագիտութիւնը էականօրէն կը բարձրացնէ արտադրանքին արժէքը. այնպէս որ, անիկա կը կիրարկուի միայն ամենէն թանկարժէք օրինակներուն մէջ:
Մինի-ԼԵՏ-երու գործածութիւնը թոյլ կու տայ ճկուն կերպով կառավարել պաստառին լուսաւորումը, ուժեղ կերպով մթնեցնելով անհրաժեշտ մասերը: Սակայն գլխաւորը այն է, որ արհեստագիտութեան ներդնումը «Էփըլ»ին թոյլ կու տայ չգնել «Սամսունկ»ի վահանակները:
«Էփըլ»ի համար Մինի-ԼԵՏ-եր կը պատրաստէ «ԷԼ ՃԻ Տիսփլէյ»ը, իսկ միւս բաղադրիչները կը պատրաստեն «Էփիսթար», «Զեն Տինկ» եւ այլ ընկերութիւններ:
Մինի-ԼԵՏ-ով ԱյՓետ-ի արտադրութիւնը նախատեսուած է 2020 թուականի չորրորդ կամ 2021 թուականի առաջին եռամսեակին մէջ, իսկ նոյն պաստառով ՄեքՊուք Փրօ-ն կ՚արտադրէ եռամսեակ մը աւելի ուշ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան
Օգտագործուած կայքեր՝
«Մոթոր», «Վեսթի», «Ասոշիէյթըտ Փրէս»,
«Փլանեթ Թուտէյ», «Նիւզ Էյ.Էմ.»: