ՀԱՅ ԴՊՐՈՑՆ Է ՈՐ ՊԻՏԻ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԷ ՀԱՅ ՊԱՏԱՆԻԻՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ

Ծնողք հասկացողութիւնը խորհրդանիշ է մտահոգութեան: Մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի զաւակներու դաստիարակութեան եւ ասպարէզի ընտրութեան:

Արդարացի պայքար, եթէ կ՚ուզէք՝ ամենօրեայ գոյամարտ, սփիւռքեան մերօրեայ պայմաններուն մէջ: Արդար իրաւունք, երբ ծնողքը ճանապարհ եւ միջոցներ կը փնտռէ զաւակը ընտելացնելու տեղայնական պայմաններուն: Բնականաբար տրամաբանութիւն եւ նպատակ գոյութիւն ունի այդ մտահոգութիւններուն ետին. առաւելագոյն չափով կեցութեան լաւ պայմաններ ապահովել նոր սերունդին: Ո՞վ կրնայ առարկել վերոյիշեալ մարտահրաւէրներուն դէմ ծնողներու իրաւացի եւ տքնաջան պայքարը:

Սակայն լիբանանեան իրականութեան մէջ հետզհետէ տեղ սկսած է գրաւել մտահոգիչ երեւոյթ մը, որ կ՚ըսէ՝ օտար ափի վրայ ծնած իւրաքանչիւր հայորդի պարտի սորվիլ նախ տեղւոյն լեզուն, ապա՝ հայերէն: Կամ՝ երկուքը միասին: Որպէսզի ապագայ երիտասարդը լաւ տիրապետէ տեղական լեզուին, անհրաժեշտ է վաղաժամ սկսիլ, տիրապետելու տուեալ լեզուին: Իսկ որպէսզի լաւ տիրապետէ՝ անհրաժեշտ է օտար վարժարան արձանագրել հայ մանուկը: Այս տրամադրութիւնը սկսած է ընդհանրանալ յատկապէս վերջին տարիներուն մեր առօրեային մէջ: Երբ օտար վարժարան նախընտրելու մասին հարցում կ՚ուղղենք մեր ծնողներուն, մեծամասնութեամբ կը ստանանք հետեւեալ պատասխանները. աշխատանք ճարելու կարելիութիւն եւ փոքր տարիքէն օտար լեզուներու տիրապետելու նախանձախնդրութիւն: Եթէ մանկապարտէզի կամ նախակրթարանի գրասեղաններէն անմիջապէս աշխատանք ճարելու մտահոգութիւն գոյութիւն ունի մեր ծնողներուն մօտ, ըսելիք չունինք...: Համալսարաններու պարագային, մասամբ կը հասկնանք:

Ոչ ոք կրնայ առարկել, օտար բարքերուն տրամաբանականօրէն պատշաճելու մեր ծնողաց մտահոգութեան դէմ: Օտար պայմաններու յարմարիլ եւ լեզուներու տիրապետել խիստ անհրաժեշտ պայմաններ են համայն սփիւռքահայութեան համար: Բայց արդար հարցում մը մեր ծնողներուն՝ միայն օտար վարժարաննե՞րը, աշխատանքի բարւոք պայմաններ կրնան երաշխաւորել մեր զաւակներուն, ծերութեան թոշակը ապահովելու չափ բարւոք...: Ինքնախաբէութեան փորձ պարզապէս...: Այստեղ ինքնաբերաբար պիտի ծագի կարեւոր հարց մը՝ ո՞ւր եւ ո՞վ պիտի հաղորդէ անոնց հայեցի դաստիարակութիւնը:

Հայկական կամ օտար վարժարաններու մէջ, պատանիին կազմաւորումը պայմանաւորուած է ենթակային մտային կարողութեան եւ բարոյական դաստիարակութեան չափանիշներով: Ենթակային իմացական եւ բարոյական կարողութիւնները պիտի կազմաւորուին այնպէս, որպէսզի ենթական ըմբռնէ տուեալ պայմանները եւ ունենայ զանոնք դիմագրաւելու, դժուարութիւններուն տոկալու խիզախութիւն եւ պատրաստուածութիւն:

Հայ պատանիին պարագային, վերոյիշեալ արժէքները կու գան մեր ազգային համոզումներէն եւ ընտանեկան բոյնէն: Եւ ի՞նչ հեգնանք, երբ մենք կը գանգատինք մեզի շնորհուած իմացական եւ բարոյական չափանիշներէն, մինչ օտարներ կը վկայեն հայ ժողովուրդի ընդունակութիւններն ու կարողութիւնները: Մեզմէ բացակայողը անպայման շնորհքն ու կարողութիւնը չեն, այլ՝ օտար լեզուի տիրապետելու ծարաւը, որ շատերու կարծիքով, կարելի է մանկուց օտար վարժարաններ յաճախելով ձեռք բերել, մայրենի լեզուն բաւարար չափով տիրապետելէ առաջ կամ նոյնիսկ առանց անոր...:

Հայ բազմաթիւ ծնողներու համար, կեանքի մէջ յաջողելու չափանիշը օտար վարժարան յաճախել եւ օտար լեզուներու տիրապետելն է: Անոնք հաւանաբար կը մոռնան իրենց երէկը: Իրենք նոյնպէ՞ս օտար վարժարններու կը պարտին իրենց այսօրուան բարեկեցիկ պայմանները...: Ո՞ւր մնաց հայ մարդու, հայ անհատի կազմաւորումը: Հայ պատանիին հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու համազգային մտահոգութիւնը: Սիրելի ծնողներ, մի՛ մոռնաք, որ մարդ արարածը միաժամանակ իմացական եւ բարոյական ուժերու խառնուրդ է: Ծաղիկ մը չի կրնար աճիլ միջավայրի խորթ հողին վրայ: Ինչպէս ծաղիկը, այնպէս ալ հայ մանուկը, պիտի զրկուի իբրեւ հայ մտածելու եւ ապրելու միջոցներէն: Նոյնիսկ տարիներ ետք, երբ զգայ իր պատկանելիութիւնը, ենթական պիտի նկատէ, թէ զրկուած կը մնայ հայոց լեզուի շնորհած իմացականութեան եւ ազգային, բարոյահոգեբանական հարստութիւններէն:

Հայ մանուկը միայն հայկական միջավայրի եւ հայ դպրոցին մէջ կրնայ ստանալ հայեցի դաստիարակութիւն եւ կազմաւորել իր հոգեմտաւոր կարողութիւնները: Անոր հըն-չած առաջին բառերը հայերէն պիտի ըլլան եւ ոչ՝ օտար: Անոր առաջին արտայայտութիւնները, թէկուզ թերի, իր հայ ուսուցիչներուն եւ դասընկերներուն շրջապատին մէջ պիտի ըլլան…:

Մենք, սփիւռքի տարբեր ափերու վրայ, հայրենի հողէն, ջուրէն զրկուած տարագիր ժողովուրդի մը զաւակները, իրաւունք չունինք նոր սերունդը արմատախիլ դարձնելու հայու արմատներէն: Շատ շատեր կ՚արդարացնեն առանց հայեցի դաստիարակութեան օտար վարժարան ղրկելու երեւոյթը: Օր մը փորձա՞ծ ենք թափանցել օտար վարժարան յաճախող հայորդիներու հոգեվիճակին մէջ...: Ինչպէ՞ս արդարացնել. հայու ծնունդ մանուկը, առանց իր ժողովուրդին պատմութեան ու մշակոյթին տիրապետելու, անոր առաքինութիւններով ներշնչելու եւ իբրեւ հայ կազմաւորելու փոխարէն, օտար վարժարան ղրկելու երեւոյթը: Օտար վարժարան յաճախող ենթական ինքնաբերաբար պիտի վարժուի օտար բարքերու: Օտար չափանիշներով, սովորութիւններով խանդավառուած, օտար մշակոյթներու առաջին գիտելիքներով իրենց ծարաւը յագեցուցած պատանիները, ինչպէ՞ս պիտի սիրեն իրենց հարազատ ժողովուրդն ու հայրենիքը, երբ ծանօթ չեն անոր պատմութեան, գրականութեան, երբ հայատրոփ չեն անոնց սրտերը: Տեղ մըն ալ հաւանաբար քննադատեն զիրենք օտար վարժարաններ ղրկած ծնողները:

Օտար վարժարաններ յաճախելու մեր ծնողներուն մտահոգութիւնները պիտի չարդարացնեն անոնց ակնկալութիւնները: Այստեղ, փակագիծերը քիչ մը լայն բանալով, կ՚ուզեմ խոստովանիլ եւ ընդգծել, թէ հայկական մեր վարժարաններէն շատեր՝ ուսումնական, վարչական, դաստիարակչական առումով բաւական հեռու կը մնան իտէալական կրթական հաստատութիւն դառնալու իրողութենէն...: Բաւական լուրջ աշխատանք ունինք կատարելիք այս ուղղութեամբ: Այսուհանդերձ, այբուբենին ծանօթանալէ առաջ, քանի մը գարուն բոլորած հայ մանուկները օտար վարժարաններ արձանագրելու ծնողներուն ընտրանքը մեղանչում է զաւակին եւ ապա՝ ազգին դէմ:

Անհատին օտարացումը սերունդներու օտարացումն է միաժամանակ: Եւ տակաւին... այն անհամեմատելի մեծ զոհողութիւնները որոնք ծնողք յանձն կ՚առնեն օտար վարժարաններուն գոհացում տալու նպատակով, անոնց աննշան մէկ մասով նախանձելի պայմաններու կրնան հասնիլ մեր հայկական վարժարանները...:

Ի վերջոյ, հայ դպրոցն է, որ պիտի երաշխաւորէ հայ պատանիին եւ անհատին կազմաւորումը, զայն կոփէ մեր ազգային արժանիքներով եւ վառ պահէ հայու ոգին:

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

«Պայքար», Պոսթոն

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2019