ՏՀԱՍՈՒԹԵՆԷ ԱՆԴԻՆ…

Անցեալ օրերուն տեղի ունեցածը տակաւին շատ երկար քննարկումներու առանցքը պիտի հանդիսանայ։ Հայաստանի եւ համայն հայ ժողովուրդի այժմու թիւ մէկ մարտահրաւէրն է՝ բնականաբար, Արցախէն հեռացած հայրենակիցները նուազագոյն պայմաններով օժտելը եւ այս առումով ալ կը գործադրուին մեծ ճիգեր։ Բայց եւ այնպէս, միշտ ուշադրութեան կիզակէտին կը մնայ «Զանգեզուրի միջանցք»ի խնդիրը, որ կը շարունակէ մտահոգութիւններու նոր դռներ բանալ Հայաստանի հասարակութեան առջեւ։ Ատրպէյճան, անշուշտ, Թուրքիոյ ամբողջական նեցուկը թիկունքին ունենալով՝ հետամուտ է այդ միջանցքի արագօրէն բացման, որուն զուգահեռ ալ իրենց աւարտին պէտք է հասնին սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացները, հուսկ՝ կողմերը պարտաւոր են նստելու համաձայնութեան սեղանի շուրջ եւ ի վերջոյ ստորագրելու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագիրը։

Սա, անշուշտ, իրավիճակի պարզեցուած պատկերն է, որովհետեւ Ատրպէյճանի զօրքերու ռազմական գործողութեան եւ Արցախի դատարկման հետեւանքով ստեղծուած է բոլորովին այլ պատկեր մը։ Նախ, Ռուսաստան պիտի լքէ՞ Ղարաբաղը։ Սա պիտի նշանակէ, թէ Ռուսաստան, որ կողմերուն միջեւ միջնորդ էր, առաջուան հեղինակութիւնը պիտի չունենայ։ Տակաւին պէտք է անդրադառնալ Երեւան-Մոսկուա քաղաքական սուր լարուածութեան։ Հայաստանի դիրքերը այս հարցին հետեւանքով աւելիով պիտի տկարանան, եթէ Ռուսաստանի փոխարէն միջնորդի դերը ստանձնէ հաւաքական Արեւմուտքը ու կարգ մը քայլեր չառնէ Հայաստանի համար։ Ճիշդ է, որ Եւրոպայէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն կը նկատուին փոքր շարժումներ եւ ուղղութիւններ կը բացուին, սակայն, այս փուլին անոնք բաւարար չեն ու չեն կրնար համարուիլ երաշխիք՝ Հայաստանի սահմանային ընդհանուր անվտանգութեան եւ ամբողջական խաղաղութեան համար։

Ու այս պատկերին վրայ առանձնապէս ուշագրաւ է Պաքուի՝ վերջին պահուն Կրանատայի բանակցութիւններէն հրաժարիլը։ Ատրպէյճան, որ խոստումներ տուած էր, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ կողմէ Թուրքիոյ մասնակցութեան առաջարկին մերժումը պատճառաբանելով հրաժարեցաւ Սպանիա երթալէ։ Այս իրադարձութիւնը, անշուշտ, կարելի է ազդանշան մը համարել, թէ տարածաշրջանէն ներս ամէն ինչ չ՚ընթանար ամբողջական խաղաղութեան մը հասնելու ճանապարհով։ Խնդիրները բաւական խճճուած են, նաեւ բաւական լուրջ պահ մը հասած է՝ իսկապէս տեսնելու համար, թէ Հարաւային Կովկասէ ներս իսկական գաղտնաբառ մը տալու հնարաւորութիւնը այսուհետեւ ո՞ր ուժը պիտի ունենայ։

Ռուսաստան ձեռքերը լուաց Արցախի հիմնահարցէն ու նոյնիսկ յանձնառութիւն մը չունեցաւ՝ ապահովելու համար Ստեփանակերտի քաղաքական վերնախաւի անդամներուն անվտանգութիւնը։ Իբրեւ հետեւանք՝ արար աշխարհի աչքերուն առջեւ Պաքու ձերբակալեց ու բանտարկեց Արցախի նախկին նախագահները, խորհրդարանի նախագահը, նախկին պետական նախարարն ու արտաքին գործոց նախարարը։ Բացի մարդկային տխուր շեշտեր ունենալէ, այս իրադարձութիւնները ցոյց կու տան Պաքուի ուժն ու վճռականութիւնը։ Այս բոլորի ատաղձը կը խօսի Ղարաբաղի հակամարտութեան էջին շրջուած ըլլալուն մասին։ Այս նոյն պատկերը, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, Պաքուի տեսակէտէ կրնայ վերածուիլ որոշ գլխացաւի մը։ Եթէ երկու կողմերը՝ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը չվերջնականացնեն առկայ վէրքին բուժումը եւ այսօր ստեղծուած պատկերը չվերածեն խաղաղութեան հասնելու կարեւոր միջոցի մը։ Պաքու կրնա՞յ կրկնել այն նոյն սխալը, որ հայկական կողմը ըրած էր երեսուն տարիներ առաջ՝ հեռու մնալով ամբողջական կարգաւորումէն։ Անշուշտ, այդ թողլքումը հայկական կողմը հասցուց այսօրուան վիճակին ու այդ անպատասխանատու մօտեցումը ունի տասնեակ երեսակներ, որոնցմէ քանի մը հատը կրնան վերյիշուիլ անմիջապէս. օրինակ՝ ներքին պառակտում, հարստահարութիւն, հայկական գլուխգովանութիւն, Արցախի վերջին՝ փրկութեան շեշտով իշխանափոխութիւնը, Ռուսաստանը անպայմանօրէն փրկիչ տեսնելու միամտութիւնը, որոնց վրայ կու գան աւելնալ Ատրպէյճանի ունեցած ուժին ու անոր զօրավիգ Թուրքիոյ իրական չափերը անտես առնելու տհասութիւնը։

Հետեւաբար, Արցախի մէջ պատահածը միայն Ռուսաստանի մեղքը չէր, այլ պայմանաւորուած մասնաւորապէս՝ Ստեփանակերտի հայկական վերնախաւի անսրբագրելի սխալներով։ Գլխաւորը այդ սխալներուն մէջ ռուսական կողմի պարագային միամտութիւնը չէր միայն, այլ յառաջացած իրավիճակներուն ճիշդ գնահատական տալու քաջութեան պակասը։ Այս բոլորին հետեւանքները կրեց ու տակաւին ալ պիտի կրէ տեղահանուած ու հայրենազրկուած Արցախի ժողովուրդը, Հայաստանին ու ամբողջ հայութեան հետ։

Բնականաբար, այս բոլորը տակաւին երկանց սկիզբն է, որովհետեւ ներկայիս ալ Հայաստանը, անոր հասարակութիւնն ու ընդհանրապէս ամբողջ հայութիւնը շատ ժամանակ չունին։ Արագօրէն պէտք է անցնիլ իրավիճակներու ճիշդ գնահատման, հետեւաբար նաեւ լուծումներ որոնելու էական գործին։ Այլապէս, եթէ շարունակուի ներքին ճակատի առկայ գզվռտոցը կամ իրարու միս ուտելը, ապա հեռու պիտի չըլլայ այն օրը, երբ յաջորդ հարուածը պիտի իջնէ Սիւնիքի գլխուն՝ այս անգամ ունենալով անդառնալի հետեւանքներ ամբողջ Հայաստանի եւ հայութեան համար։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 7, 2023