ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ ՔԱԹԱԼՈՆԻՈՅ ՄԱՍԻՆ
Քաթալոնիոյ մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէն եւ ատոր յաջորդած իրադարձութիւններն ու զարգացումները տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու դուռ բացած են: Լրատու միջոցներ, մեկնաբաններ, քաղաքական գործիչներ, պլոկըրներ եւ ընկերային ցանցեր օգտագործողներ ամէն օր ըսելիքներ եւ կոչեր ունին: Բազմաթիւ վերլուծաբաններ կը հաւատան, որ այս տագնապը 1981 թուականի պետական հարուածի փորձէն ետք ամենէն ծանրն է:
Կը ներկայացնենք եւրոպական հեղինակաւոր թերթերու տեսակէտներէն հատուածներ:
*
«Սահմանադրութեան թիւ 155-րդ յօդուածին դիմելը կատարուած է այնքան օրինաւոր եւ թափանցիկ, որ կարելի չէ ատիկա նկատել յարձակողական արարք մը՝ Քաթալոնիոյ ինքնավարութեան կամ քաթալոններու իրաւունքներուն դէմ: Ընդհակառա՛կը, Մատրիտի արձագանգը եղած է օրինական եւ անհրաժեշտ՝ ընդդէմ Քաթալոնիոյ անպատասխանատու եւ անտարբեր քաղաքական գործիչներէն եկող մարտահրաւէրին: Մատրիտ այդ քայլով կոչ կ՚ուղղէ Քաթալոնիոյ մէջ ինքնակառավարման արագ եւ օրինական վերադարձի»:
«Էլ Փայիս», Մատրիտ
«Էլ Մունտօ» կը համեմատէ Քաթալոնիոյ անկախութեան հռչակումը «Հոկտեմբեր 1934-ի ողբերգութեան» հետ՝ ակնարկելով յեղափոխական ըմբոստութեան, որուն ընթացքին հարիւրաւոր անձեր սպաննուեցան եւ Քաթալոնիոյ ինքնավարութիւնը առկախուեցաւ: Թերթը Քաթալոնիոյ առաջնորդ Փուչտեմոնը կը մեղադրէ ընդդիմութեան իրաւունքները եւ մեծամասնութեան ձայնը անտեսելու յանցանքին եւ արժանապատւութիւն ու պարկեշտութիւն չդրսեւորելու համար:
«Սխալ պիտի ըլլայ այդ անցուդարձերը ճանչնալ իբրեւ անկախութեան հռչակում, որովհետեւ Քաթալոնիոյ խորհրդարանը դադրած է ժողովրդավարական իշխանութիւն ըլլալէ, երբ կայացուց ապօրինի հանրաքուէն: Սահմանադրութեան թիւ 155-րդ յօդուածին դիմելու Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյի քայլը անխուսափելի պարտաւորութիւն մըն է: Կոչ կ՚ուղղենք կառավարութեան՝ զինելու ինքզինք ինքնավստահութեամբ եւ դատի արդարութեամբ»:
«Էյ.Պի.Սի.»
«Հռչակագիրը գագաթնակէտն է հոլովոյթի մը, որ կործանած է քաթալոնական քաղաքականութիւնը, երկփեղկած՝ հասարակութիւնը եւ Քաթալոնիան, իբրեւ շրջան, լքած է հակաժողովրդավարական, ազգայնամոլ խումբ մը մարդոց, որոնք կը նսեմացնեն Եւրոպական Միութեան ոգին: Կոչ կ՚ուղղենք սպանացիներուն՝ միանալու երկրի կառավարութեան շարքերուն»:
«Լա Ռազոն»
«Դժուար է պատկերացնել աւելի կարեւոր օր մը: Վարչապետ Մարիանօ Ռախօ դրուատանքի արժանի է քաթալոնացիներու ընտրական իրաւունքները պաշտպանելու նպատակով առած քայլին համար: Նոր ընտրութիւնը լաւագոյն միջոցը պիտի ըլլայ լուծելու անկախութեան հարցով յառաջացած տագնապը: Պէտք է զգուշանալ շրջանի ընկերութիւններու արտահոսքէն, արտասահմանեան ներդրումներու ներգրաւման եւ Քաթալոնիոյ միջազգային հեղինակութեան վատթարացումէն»:
«Լա Վանկուարտա», Քաթալոնիա
«Սահմանադրութեան թիւ 155 յօդուածի կիրարկումը կրնայ շատ վնասակար հետեւանքներ ունենալ բոլոր քաթալոնացիներուն համար: Կոչ կ՚ուղղենք բոլոր կուսակցութիւններուն՝ միասնաբար աշխատելու, երկխօսութեան միջոցով լուծում մը գտնելու: Կը հաւատանք, որ Ք. Փուչտեմոն կը կրէ վերջնական պատասխանատուութիւնը Քաթալոնիոյ ինքնավարութեան առկախման համար: Անկախութեան հռչակումը տարիներու պատասխանատուութենէ խուսափումի քարոզչութեան արտադրութիւնն է՝ հիմնուած յօրինուած դժգոհութիւններու, չափազանցութիւններու, կիսաճշմարտութիւններու եւ կեղծիքներու վրայ»:
«Էլ Փերիոտիքօ», Քաթալոնիա
Անկախութեան կողմնակից Քաթալոնիոյ «Էլ Փունտ Աւուի» թերթը հրատարակած է ցնծացող անջատողական ամբոխներու լուսանկար մը, «Ողջո՛յն, անկախութիւն» խորագիրով: Թերթը կը քննադատէ Սպանիոյ ծերակոյտը թիւ 155 յօդուածի բիրտ կիրարկման համար՝ զգուշացնելով, որ յառաջիկայ օրերուն փողոցներուն եւ դրամական վերահսկողութիւնը բանալին պիտի ըլլայ նոր հանրապետութեան:
«Ողջունելի է վարչապետ Մարիանօ Ռախոյի կոչը՝ շրջանին մէջ ընդհանուր ընտրութիւն կայացնելու, որովհետեւ ատիկա քաթալոնացիներուն պիտի տայ բեմը: Անընդունելի է միայն քանի մը ժամ գոյատեւած երեւակայական «Անկախ հանրապետութիւնը», որ յայտարարուած է Փուչտեմոնի կողմէ: Իրավիճակը չափազանց լուրջ է սպանացիներուն համար, որպէսզի անձնատուր ըլլան ուրախութեան կամ զայրոյթի չափազանցութեան: Եւրոպայի սիրտին մէջ այսպիսի տագնապներ կրնան վնասել Եւրոպական Միութեան»:
«Լը Մոնտ», Ֆրանսա
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ