«ԱՅՐԱԾ ՍՐՏԻ ՄԽԻԹԱՐԱՆՔ…»

Հրապարակի վրայ բաւականաչափ աճ սկսած է արձանագրել ճարտասան ու «փիլիսոփայ» մարդոց թիւը։ Հազիւ երեւոյթ մը կամ միջադէպ մը պատահած, ընդհուպ պատրաստաբաններ ու կոկոզաբաններ կը սկսին զանազան «մեկնաբանութիւն»ներ կատարել իրենց իսկ չհասկցած նիւթին կամ խընդ-րոյ առարկայ անձին շուրջ՝ իրենց այրած սիրտը մխիթարելու եւ հանգստացնելու համար։ Ո՞վ է դերակատարը կամ ի՞նչն է դրդապատճառը. անյա՛յտ է։

Կեանքը լեցուն է տեսակ-տեսակ մարդոցմով, բազմերանգ հարցերով եւ փորձանալից երեւոյթներով…։ Ընթացք մը, որմէ կարելի չէ փախուստ տալ եւ ուզենք կամ չուզենք պիտի համակերպինք վերոյիշեալ իրականութեանց։ Ա՛յս է իրողութիւնը։ Երբ աշխարհը լեցուն է բազմակի տեսակաւոր մարդոցմով, բնականաբար անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իրեն յատուկ նկարագիրն ու վարուելակերպը, ինքնուրոյն ոճն ու խօսելակերպը, կեանքը դիտարկելու եւ վերլուծելու պրիսմակը։ Մարդոց նկարագրային տարբերութեանց մասին խօսելու ժամանակ, երբեմն չենք նկատեր մեր չորս կողմը գոյութիւն ունեցող տարօրինակ ու հսկող աչքերու գոյութիւնը։ Այդ աչքերը թէ՛ նախանձալի եւ թէ չարակամ սիրտ ունեցող մարդուն կը պատկանին։ Աչքեր, որոնք տիւուցայգ իւրաքանչիւր արարքդ, քայլափոխդ, գործունէութիւնդ, յաջողութիւնդ եւ ձախողութիւնդ կը ստուգեն։ Այդ աչքերը սակայն կոյրերու աչքերէն շատ աւելի վատ տեսողութիւն կ՚ունենան։ Ինչո՞ւ. կոյրը չի՛ տեսներ, ո՛չ ոքի վնաս կը հասցնէ, այլ ինքնամփոփ, մը-տորումներու մէջ թաթախուած կը մտածէ եւ ճարահատ իր կեանքը կ՚ապրի։ Սակայն նմանօրինակ աչքեր ունեցողները ինքնակամօրէն իրենց աչքերը խաւարապատած կ՚ըլլան, իրենց կեանքը խաւարատեսութեամբ կ՚ապրին, խաւարակուռ աչքով իրենց հոգին, միտքը եւ մարմինը կը մթագնեն՝ առանց անդրադառնալու, որ մէկական խաւարորդիներ դարձած են։

Եթէ աչքիդ արտաքին տեսողութիւնը խաւար է, կը նշանակէ ներքին տեսողութիւնդ՝ սրտիդ ու հոգիիդ տեսողութիւնը նոյնպէս խաւարապատուած է։ Սրտիդ խաւարման պատճառը քու մտայնութիւնդ, աշխարհընկալումդ եւ մօտեցումդ է։ Երբ աչքերդ մութ հորիզոնին յառած ես, միայն մթութիւն կը տեսնես։ Մինչդեռ երբ արեւին կը նայիս, այդ արեւին բարութիւնը, ջերմութիւնը եւ օգտաշատ կողմերը անմիջապէս պիտի նկատես։ Ինքնաբերաբար քու ներսիդիդ կատարուող փոփոխութիւնները նոյնպէս պիտի զգաս, որովհետեւ խաւարը միանգամընդմիշտ անհետացած պիտի ըլլայ։ Արեւը այս պարագային լաւատեսութիւնն ու բարիին հետամուտ ըլլալու ձգտումն է։ Երբ ձգտում ունիս այդ «կուրացած» աչքերդ բանալու, հոգիդ մաքրազտելու եւ բիւրեղանալու, այդ ժամանակ մտայնութիւնդ միայն բարին կը ցանկայ, չի՛ նախանձիր, ուրիշներու յաջողակ ընթացքը չ՚արգելակեր եւ դէսուդէն թունաւոր խօսքեր արտասանելէ, շաղփաղփելէ կը դադրի։

«Այրած սրտի մխիթարանք»։ «Կոյր» աչք ունեցողի սիրտը միշտ այրուած վիճակի մէջ կը գտնուի, բայց երբեք չի նկատեր, որ այդ «այրած սրտի» ցաւը իր դէմքին վրայ ուրուագծուած եւ արտացոլուած կ՚ըլլայ։ «Այրած սիրտ» ունեցողը նախանձի կրակէն է, որ շատ յաճախ կը հրաբորբոքուի։ Ընկերութեան մէջ ինչքա՜ն մարդիկ պառակտուած են սա ախտաւոր մոլուցքին որպէս հետեւանք։ Դիմառնական ոճերը, այստեղ-այնտեղ դերակատար անձնաւորութեանդ՝ քու հասցէիդ կատարուած բարոյալլուկ ցեխարձակումները, բամբասանքներն ու սպառնալիքները, չարախօսութիւններն ու զրպարտանքները իրենց իբրեւ արմատ ունին նախա՛նձը։ Նախանձոտը չի՛ գիտեր, թէ ի՞նչ կ՚ընէ, ինչպիսի՞ խայտաբղէտ մոլութեանց կրնայ առաջանորդել զինք իր այս «ցանկազարթոյց» ախտը՝ նախանձը, որո՞ւ հաճոյակատարն ու կամակատարն է, ո՞ր մէկ գերիշխանին համար կը գործէ։ Պատասխա՞նը. գերագոյն չարին՝ Սատանայի՛ն։

Նախանձոտ մարդը երբ յաջողակ կեանքդ, ձեռքբերումներդ եւ անունդ կը լսէ, ի ներքուստ ինքզինք կը սկսի «ուտել»։ Կրակը աւելի եւս կը բորբոքուի, սիրտը կը ճաքի, տրամադրութիւնը մէկ անգամէն կ՚իյնայ, ելքեր կը փնտռէ՝ ուրախութիւնդ խանգարելու եւ այս անգամ քու տրամադրութիւնդ քանդելու համար…։ Հակառակ պատկերն ալ կրնայ տեղի ունենալ. երբ յաջողակ մարդուն ոտքը հազիւ «սահի», դժուարութեան հանդիպի, անել վիճակի մէջ գտնուի, կեանքը ձախողութեամբ պսակուի, ձախողութիւններու տարափը իրարու յաջորդէ, այն ատեն հսկող աչք եւ «այրած սիրտ» ունեցողին ուրախութիւնը դէպի երկինք կը սաւառնի։ Դուն քեզի երբեք հարց տուա՞ծ ես, որ այդ ժամանակաւոր եւ թունալի ուրախութիւնդ կեանքիդ մէջ ի՞նչ նորութիւն կը բերէ։ Նիւթականով աւելի՞ կը հարստանաս։ Դէպի յաջողութիւն տանող ճամբուդ վրայ գոյութիւն ունեցող «խոչընդո՞տ» մը կը վերանայ։ Այս բոլորը միա՛յն մտային եւ հալածախտային հիւանդութիւն եւ «այրած սրտի մխիթարութիւն» են։

Կեանքիս մէջ շատ յաճախ տեսած եմ եւ փորձառութիւնս ինքնին ցոյց տուած է, որ «այրած սիրտ» ունեցողները ընդհանրապէս չունին անհատականութիւն, կեցուածք, միտք, աշխատասիրութիւն, լաւատեսութիւն, բարութիւն, մարդասիրութիւն, ճշմարիտ լո՛յս գիտութիւն…։ Նմանատիպ մարդիկ ընդհանրապէս գոռոզամիտ կ՚ըլլան, իրենք զիրենք ամենագէտ կը կարծեն եւ թելադրողի ու հրամայողի դերին մէջ կ՚ըլլան։ Գոռոզամիտ մարդը հպարտութեան բագինին վրայ կանգնած կը կարծէ, թէ մե՜ծ արժէք մըն է՝ ինքզինք իր շրջապատէն վերադաս նկատելով։ Մինչդեռ համեստ անձը լռելեայն վիճակը նախընտրելով՝ ինքզինք կը խոնարհեցնէ, հաւատալով որ կեանքը դպրոց մըն է, որմէ կարելի չէ շրջանաւարտ ըլլալ։ Կը կարծես որ կատարեալ արարա՞ծ մըն ես. բայց երբեք մտածա՞ծ ես, որ կատարեալ ըլլալու ինքնախաբէութեամբ զուր տեղ կը հպարտանաս։ Պատասխանատու դիրքի վրա՞յ ես. բայց երբեք խորհա՞ծ ես, թէ ինչպիսի՛ միջոցներով, քանի՞ մարդիկ կաշառելով ու խաբելով, վերնախաւի մարդիկը «կուրացնել»ով այսօր այդ աթոռին վրայ նստած ես եւ ղեկավարի դիրքին մէջ կը գտնուիս։ Կը կարծես որ մարդիկ քեզ կը յարգե՞ն. չարաչար կը սխալիս։ Երեւակայութեան ալիքներէ տարուելով՝ դուն քեզ սուտ աշխարհի մէջ մի՛ դեգերեր։ «Ականջ ունեցողը թող լսէ»…

Չինական առածը խօսելով մարդ արարածիս տարբերութեանց մասին՝ զայն կը դասակարգէ ըսելով. «Չորս կարգի մարդ կայ. առաջին, որ գիտէ եւ թէպէտ գիտէ, կ՚ըսէ բաւական չէ խօսելու համար։ Ան իմաստուն մարդ է եւ հեզ, սորվէ՛ անկէ։ Երկրորդ. գիտէ, որ չի գիտեր եւ կը խոստովանի իր տգիտութիւնը։ Ան նոյնպէս բարի է, սորվէ՛ անկէ։ Երրորդ. չի գիտեր եւ չի գիտեր, որ չի գիտեր եւ անգիտակցաբար կը խօսի։ Ան յիմար է ու նման է ծանր հիւանդի. սթափեցո՛ւր զինք։ Չորրորդ. չի գիտեր եւ գիտէ, որ չի գիտեր, բայց կը հպարտանայ իր անգիտութեամբ։ Ան լիրբ է եւ ամբարտաւան, փախչէ՛ անկէ»։ Վերջին կէտը ամենէն վատթարագոյն ու սարսափելի կէտն է, որ դժբախտաբար այսօր մեր շրջապատի ճնշող մեծամասնութիւնը այս ախտո՛վ է որ կը տառապի։ Երբեք մտաբերած ես եւ դուն քեզի հարցուցած, թէ այսօր ո՞ւր են այն գիտոսիկներն ու բանգէտները, որոնք իրենց ճկուն լեզուով, կեղծաւորութեամբ, իրենց «նուաճած դիրք»երով մեծ անուն ու տպաւորութիւն թողած էին իրենց ժամանակաշրջանին։ Ո՞ւր են այն «իմաստուն» ղեկավարները, որոնք միշտ վերէ՛ն դիտած են համեստ խաւի մարդիկը կամ իրենցմէ նուազ կարողականութիւն ունեցող երիտասարդները։ Բացառութիւնները յարգելի են։ Անոնք իրենց կենդանութեան կը կարծէին, որ «հանրայայտ» եւ «անկրկնելի» դէմքեր են, իսկ հիմա ո՛չ իսկ կը խօսուի անոնց մասին։ Անոնց կեանքէն դասեր քաղէ եւ ընթացքդ փոխէ։

Կեանքի երեւոյթներէն եթէ յոգնած ես, յիշէ՛ Առակաց գիրքի սա խօսքը. «Ուրախ սիրտը բուժիչ է, բայց խոցուած ոգին ոսկորները կը չորցնէ» (Առ 17.22)։ Երբ ցաւերը, խոչընդոտները, անյաջողութիւններն ու ձախողութիւնները շարունակ իրարու յաջորդեն, յոռետեսութեան մառախուղը կը սկսի միտքդ ու հոգիդ շրջապատել։ Նմանօրինակ նեղութեանց հանդիպող մարդիկ շատ յաճախ կ՚ըսեն. «Ինչո՞ւ համար իմ մտահոգութիւններս ու նեղութիւններս լաւատեսութեան դիմակի տակ թաքցնեմ։ Որքան ալ դրական մտածեմ, կեանքիս ընթացքը ու հանգամանքները պիտի չփոխուին։ Աւելի լաւ է իրատես ըլլամ, քան՝ խաբկանքներով զուր տեղ տարուիմ»։ Ահա այսպիսի նեղմիտ մտայնութիւն ունեցողներն են, որ իրենց «այրած սիրտ»ը շարունակ կրակոտ վիճակի մէջ կը ձգեն եւ իրենց կենսընթացին վասն ոչինչի կը մրցակցին։ Սիրելի՛ բարեկամ, վստահ եղիր, որ այդ բոլորը յաղթահարելու եւ շրջանցելու զսպանակը քու ձեռքիդ մէջ կը գտնուի։ Եթէ յուսահատիս եւ յոռետես դառնաս, կը նշանակէ արդէն իսկ յանձնուած ես, իսկ երբ որ դժուարութեանց դիմաց ընկրկիս ու վհատիս, կեանքիդ մէջ ո՛չ մէկ տեղ կը հասնիս։ Կեանքին միայն անհաճոյ երեսները մի՛ նայիր, այլ փորձէ սեւն ու սպիտակը ներդաշնակել եւ զանոնք քու իմացականութեամբդ եւ հասողութեամբդ հաւասարակշռել։

Հիւանդ մը երբ կը բժշկուի, շատ աւելի երջանիկ կ՚ըլլայ, քան՝ առողջ մէկը, որ երբեք հիւանդացած չէ եւ իր կեանքին մէջ առողջական խնդիրներ չէ ունեցած։ Առողջ մարդուն համար առողջութիւնը սովորական բան մըն է եւ անոր արժէքը միայն զայն կորսնցնելէ ետք կը գիտնայ։ Մարդ աշխարհ չէ եկած միայն ուրախանալու, զուարճանալու կամ հանգիստ կեանք մը ապրելու համար։ Ընդհակառակը, նեղութիւնները, դժուարութիւնները յաղթահարելով՝ աւելի եւս կը կռանուիս, կ՚ոգեզինուիս եւ կը պայքարիս յանուն նպատակներուդ ու երազներուդ իրագործման։ Լաւատեսութեամբ կրնաս համակ կեանքդ փոխակերպել եւ գերերջանկութեամբ ողողել քու, ընկերոջդ եւ շրջապատիդ կեանքը։ Միշտ յիշէ Քրիստոսի խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Լա՛ւ գիտցէք, թէ դուք պիտի լաք ու ողբաք, բայց աշխարհը պիտի ուրախանայ. դուք պիտի տրտմիք, բայց ձեր տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի։ Կին մը երբ պիտի ծնի՝ ցաւ կը քաշէ, քանի ծննդաբերութեան ժամանակը հասած է, բայց երեխային ծնունդէն ետք այլեւս նեղութիւնները չի յիշեր այն ուրախութեան պատճառով, որ մարդ մը աշխարհ եկաւ» (Յհ 16.20-21)։

«Այրած սիրտդ» Աստուծոյ ներկայութեամբ մաքրէ՛, զայն Սուրբ Հոգիին տաճարը դարձուր, թոյլ տուր, որ բարիին սերմերը այնտեղ սերմանուին։ Փոխանակ «այրած սիրտ»դ հանգստացնելու, պահ մը մտածէ, թէ ի՞նչ է դրդապատճառը, որ այս վիճակին մատնուելուդ պատճառ դարձաւ։ Յակոբոս առաքեալ պարզաբանելով նախանձի պատճառած հետեւանքները՝ մեր ուշքը կը հրաւիրէ ըսելով. «Եթէ ձեր սիրտերուն մէջ դառն նախանձ եւ հակառակասիրութիւն կայ, մի՛ պարծենաք եւ ճշմարտութեան դէմ մի՛ մեղանչէք։ Այդպիսի իմաստութիւնը երկինքէն չէ՛ տրուած, այլ՝ երկրաւոր է եւ դիւական» (Յկ 3.14-15)։ Առաքեալը բացայայտ կերպով կը բարացուցէ նախանձի կործանաբեր արդիւնքները, որոնք միայն մարդուն մտքէն յառաջ եկած մտածումներ չեն, այլ՝ նախանձի ծնունդ նկատուող Սադայէլին գործերու դրսեւորումը։ Տեառնեղբայր եզրակացնելով իր խօսքը՝ կ՚ըսէ. «Որովհետեւ ուր որ նախանձ կայ՝ հոն նաեւ անկարգութիւն եւ ամէն տեսակի չարիք կայ» (Յկ 3.16)։ Նախանձովդ ո՛չ միայն բարեկամիդ կեանքը կը խոչընդոտես, այլեւ չարաստեղծ մտածումներով քու կեանքդ կը մթագնես, սատանայամիտ հնարքներով կ՚առաջնորդուիս դէպի անուղղայ ճանապարհներ եւ չարածին յղացքներու մարմնացումը կը դառնաս։

Սիրելի՛ ընթերցող, Թովմաս Գեմբացի կ՚ըսէ. «Մի՛ հաճոյանար դուն քեզմով՝ քու իմացականութեանդ ու ճարպիկութեանդ համար, որպէսզի չկորսնցնես Աստուծոյ հաճութիւնը, որմէ կու գայ ամէն բարիք զոր ընդունած ես բնութենէն»։ Սին խաբկանքներով «այրած սրտիդ» յագուրդ մի՛ տար, քեզմէ փոքրը մի՛ նուաստացներ, մի՛ արժեզրկեր անոր կարողութիւնները, որովհետեւ քեզմէ շատ աւելի շնորհքներով օժտուած է, աշխատասէր է, հանրութեան կողմէ աւելի յարգանքի արժանի է, աւելի սիրուած է, շրջապատիդ կողմէ շարունակ գնահատանքի արժանացած է…։ Երանելի է այն անձը, որ Պօղոս առաքեալի նման ամէն ինչ վնաս կը համարէ՝ համեմատած այն գերազանց շահին հետ, որ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալն է (Հմմտ. Փլպ 3.8)։ Դատարկապորտներու պէս դուն քեզ մի՛ գնահատեր իբրեւ լաւագոյնը, որովհետեւ հաւանաբար Աստուծոյ աչքին առջեւ յոռեգոյնն ես։ Մի՛ հպարտանար քու ընթացքովդ եւ «անվնաս» արարքներովդ։ Եթէ կը կարծես, որ յաջողութիւններ ձեռք ձգած ես, գիտցիր թէ քեզմէ շատ աւելի կարողը կայ։ Մի՛ վստահիր գիտութեանդ, որովհետեւ «գիտութիւնը կը հպարտացնէ, մինչ սէրը հաւատք կ՚ամրապնդէ։ Ով որ կը խորհի թէ բան մը գիտէ, յստակ է որ տակաւին չի գիտեր այնպէս՝ ինչպէս որ պէտք է գիտնայ» (Ա. Կր 8.1-2)։

Թռչունները առաւօտ կանուխ կը սկսին ճռուողել՝ քեզի «բարի լոյս» մաղթելով եւ ուրախութիւն առթելով։ Սակայն որոշ ժամանակ մը ետք, ճռուողելէ կը դադրին եւ տերեւախիտ ծառի մը մէջ կը պատսպարուին ու կը հանգստանան։ Ահա այս պահուն ագռաւները իրենց անհաճոյ կռիչներով կը սկսին այդ խաղաղութիւնը խանգարել։ Կեանքիդ մէջ ագռաւի նման խանգարիչ տարր եւ պոռոտախօս մի՛ ըլլար, այլ ճռուողէ թռչունի նման ուրախութիւն պատճառէ քու չորսդիդ, եւ պիտի տեսնես, որ «այրած սիրտդ» իր նախանձի եւ թշնամութեան թոյներէն ձերբազատուած է։ Վայրկեան մը առաջ քայլ առ…

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2018