ԷԼԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ. «ԵՐԳԵԼԸ ՄԻԱՅՆ ԱՊՐԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑ ՉԷ, ԱՅԼ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴՐՈՇՄ»

Շատերուն համար զարմանալի պիտի թուի, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը շատ մը պարագաներու ունեցաւ իր դրական դերակատարութիւնը։

Խօսքը մանաւանդ լիբանանահայ գաղութի ապրած զարթօնքին մասին է, որուն դրական ոգին ցարդ կը շարունակէ թեւածել ամերիկեան ծայրամասերու վրայ։ Գաղտնիք չէ, որ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները զանազան պատճառներու բերումով համարուած են հայկական սփիւռքին կարեւոր եւ անփոխարինելի մարդկային ներուժ հայթայթող գլխաւոր «պահեստանոցներ»։ Անցէք ուրիշ գաղութներ, մտէք այդ գաղութներու ազգային կառոյցները՝ դպրոցներ, եկեղեցի, ակումբներ ու կեդրոններ, ապա պիտի նկատէք, որ հոն աշխատանքի լծուած մարդուժին կարեւոր մէկ բաղկացուցիչը, չըսելու համար մարդուժի հիմնական մասը կու գան՝ Մերձաւոր Արեւելքէն, մասնաւորապէս Սուրիայէն ու Լիբանանէն։ Անկախ այս հանգամանքէն (որուն դրդապատճառները արժանի են լուրջ ուսումնասիրութեան եւ քննարկումի), Լիբանանի մէջ վրայ հասաւ սերունդ մը, որ իրապէս դարձաւ «թրծուած» սերունդ։ Ճիշդ է, որ Լիբանանի ազգային կառոյցներն ու եկեղեցին կարեւոր դեր ունեցան այդ սերունդի պատրաստութեան գործին մէջ, սակայն այդ գործընթացին մէջ կարեւոր տեղ գտաւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը։ Բոլորս քաջ գիտենք, որ հայութեան համար ինքնապաշտպանութիւնը եւ առկայ որեւէ վտանգի դէմ մաքառելու որոշումը ունի բնազդային խորք։ Այդ մէկը կապ ունի «փոքր ածու» ըլլալու վարկածին ու հաւաքաբար պայքարելու մեթոտին հետ, որ իւրայատուկ է մեզի նման փոքր ժողովուրդներուն։ Ասոր մէջ արտառոց բան չկայ, սակայն հետաքրքրականն այն է, որ Լիբանանի թոհուբոհին մէջէն անցած սերունդներու անդամներէն շատերը, այդ ծանր եւ արիւնալի պատերազմի եզերքներուն կարողացան վերագտնել նոր ինքնութիւն մը, որ իր հետքը թողեց ամբողջ սերունդին վրայ։ Անոնցմէ էր Էլի Պէրպէրեանը. մէկը՝ որ հայերէն երգի հանդէպ իր ունեցած սէրը կարողացաւ դարձնել կոչումի։ Մէկը՝ որ ազգային երգերու հանդէպ իր ունեցած նախանձախնդրութիւնը գտաւ եւ արմատացուց Պէյրութի հայկական թաղամասերը պաշտպանող հայ պահակ տղոց խրամատներուն եւ դիրքերուն մէջ եւ մէկը՝ որ ցայսօր ալ կը շարունակէ հաւատալ, որ երգելը սոսկ դրամ շահելու միջոց մը չէ, այլ առաքելութիւն։

Ստորեւ Էլի Պէրպէրեանին հետ իմ ունեցած հարցազրոյցը։

-Ի՞նչ պայմաններու տակ եւ ի՞նչ պատճառներով ընտրեցիք երգարուեստը եւ այն ձեզի համար դարձաւ կեանքի ասպարէզ։

-Երգարուեստը ուղղակի ընտրութիւն չէր, այլ ի վերուստ տրուած տաղանդ, որ մանուկ հասակէս, չորս կամ հինգ տարեկանէս ի վեր սկսած էր զարգանալ։ Ինն-տասն տարեկան հասակիս ծնողներուս քաջալերանքով եւ հետեւողականութեամբ, երկու անգամ բեմ բարձրացայ եւ մեկնաբանեցի հայրենասիրական եւ ազատագրական երգեր։ Այդ բոլորը տեղի ունեցան այն պահուն, երբ Լիբանան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայկական թաղամասերը թատերաբեմ կը դառնային քաղաքացիական պատերազմի ամենածանր փուլերուն։ Աւելի ուշ տասնհինգ-տասնվեց տարեկանիս սկսայ յաճախել Լիբանանի Պետական երաժշտանոց, ստանալու համար նախնական երաժշտական ուսում: Տասնինն տարեկանիս շատ մեծ անկիւնադարձ մը եղաւ, երբ Համազգայինի «Ռուբէն Զարդարեան» մասնաճիւղի ազնիւ նախաձեռնութեամբ հրապարակուեցաւ իմ աշուղական եւ գուսանական երգերու սկաւառակս։ Այդպէսով էր նաեւ, որ լիբանանահայութիւնը ծանօթացաւ երիտասարդ Էլի Պէրպէրեանի ձայնին եւ այդ էր անկիւնադարձը, որ կամաց-կամաց ասպարէզի վերածուեցաւ, յետագային շարունակուելով Գանատայի մէջ:

-Ինչպէ՞ս էր Գանատայի մէջ ձեր առաջին հանգրուանը որպէս երգիչ, հայ երգարուեստի գործիչ:

-Գանատա այցելութիւնս տեղի ունեցաւ 2006 թուականին, այս անգամ նախաձեռնութեամբը՝ Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին։ Նպատակն էր մասնակցիլ տարեկան քէրմէսին, որ շատ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ գանատահայութեան շրջանակներէն ներս։ Կրնամ ըսել, որ մասնակցութիւնս դարձաւ մեծ առիթ, որպէսզի կարողանամ իմ արուեստս ծանօթացնել գանատահայութեան։ Իսկ անհատական առումով, Լիբանան ետ վերադարձը ուղղակի անհը-նար էր, որովհետեւ այդ ժամանակ՝ 2006 թուականի օգոստոսին, Իսրայէլի շղթայազերծած պատերազմի օրերն էին եւ օդակայանը արդէն փակ էր։ Այդ մէկը առիթ ընծայեց, որ ես մտածեմ Մոնթրէալ հաստատուելու, ինչու չէ, նաեւ այնտեղ ուսումս շարունակելու մասին։ Մըքկիլ համալսարանէն ներս վեց տարի ուսանելէ ետք արժանացայ մագիստրոսական աստիճանի: Այդպէսով իմ առջեւ մեծ դռներ բացուեցան եւ յետագային ալ, այցս պատճառ դարձաւ, որ Մոնթրէալ հաստատուիմ։ Մոնթրէալը հանդիսացաւ շատ գեղեցիկ եւ զօրաւոր ամրոց՝ իր ջերմութեամբ, քաջալերանքով։ Ամէն կողմէ հրաւէրներ կու գային մեզի, ինծի եւ մեր «պենտ»ի տղոց, եւ այդ հրաւէրներով ու քաջալերանքով մենք կրցանք մեր արուեստը յառաջ տանիլ եւ մտածել արդիական ձեւերով։

-Ինչպէս նկատած ենք, դուք նախընտրած էք հեռու մնալ «ռապիզ» ոճի երգերէն եւ կը նախընտրէք ժողովրդային, ազգային երգերը։ Արդեօք դժուա՞ր էր այդ ճամբան ընտրելը, խոչընդոտներու հանդիպեցա՞ք:

-Ազգային երգերուն անդրադառնալով՝ ըսեմ, որ իմ մանկութիւնս եղած է 90-ականներուն եւ այդ թուականներուն գիտենք, թէ Ղարաբաղի եւ Շուշիի ազատագրման հանգրուանն էր։ Լիբանանահայ գաղութը մօտէն կը հետեւէր զարգացումներուն եւ իր կարեւոր նպաստը կը բերէր ազգային-ազատագրական պայքարին։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի պայքարի օրերուն, մեր ազատամարտիկները կը պաշտպանէին Ղարաբաղը, իսկ լիբանանցի հայ տղաքը կը պաշտպանէին մեր հայկական թաղամասերը, մեր պատիւը եւ մեր անվտանգութիւնը: Կը յիշեմ այդ օրերը, երբ ես դեռ տասնմէկ տարեկան էի, տղաքը առտուայ ժամը 1-2-ին կու գային եւ շտապի մեքենայով զիս տունէն կ՚առնէին ու կը տանէին դէպի իրենց դիրքերը: Մօտէն կը շփուէի անոնց հետ ու կը տեսնէի, թէ նուիրուածութեամբ կը պաշտպանէին մեր թաղերը: Ինձմէ կը խնդրէին, որ ես ալ ազգային երգեր երգեմ ու կը կատարէի: Երգերս ձեւով մը ոգեւորող էին: Այդ օրերէն ի վեր ազգային երգերը կային կեանքիս մէջ: Ձայնային առումով ալ, ազգային երգերը ունին իրենց գոյնը եւ ոճը եւ այդ ոճը, այդ դպրոցը մեզի մատուցող կար: Այդ ժամանակ ես մեծապէս ազդուած էի «Մարաթուկ» խումբով, ազդուած էի Գառնիկ Սարգիսեանով եւ Ճորճ Թիւթիւնճեանով: Այս անունները մեծ անուններ էին մեզի համար: Գալով մասնաւորապէս գուսանական եւ աշուղական երգերուն, դժբախտաբար Լիբանանը մինչեւ այսօր, եւ սփիւռքը ընդհանրապէս, չի տիրապետեր այդ գեղեցիկ արուեստի գաղտնիքներուն, ձայնի խաղերուն, աւանդական ոճին, ինչ որ ինծի համար խոչընդոտ էր ուղղակի։ Ես լսելով Ռուբիկ Մատթէոսեանը, Յովհաննէս Պատալեանը, Լեւոն Գաթըրճեանը եւ ուրիշներ, կը ջանայի խորանալ անոնց կատարումներուն մէջ եւ կը փորձէի կատարելագործել երգելաոճս։

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի մէջ արեւմտահայ երգիչներու հանդէպ վերաբերմունքը կամ հետաքրքրութիւնը:

-Այստեղ պէտք է նկատի ունենանք, որ արեւմտահայերէն բառերով պատրաստուած երգերու պարագային, երգէն առաջ կայ լեզուի հարցը: Այն ինչ որ հիմա մենք կը խօսինք արեւմտահայերէնն է, որ շատ գեղեցիկ, շատ հարուստ լեզու ըլլալով հանդերձ, «եղանակային» լեզու չէ: Անշուշտ ասիկա իմ խոնարհ կարծիքն է իբրեւ երաժիշտ: Եւ այդպէսով, կը տեսնենք մեր լեկենտները 50-60-70-ական թուականներուն ինչպէս իրենց երգերուն մէջ յաճախ կը փորձեն արեւելահայերէն բառեր ներդնել եւ այդ բառերով երգել, որպէսզի քիչ մը աւելի երաժշտական հնչէ այդ երգը։ Եւ այս պատճառով է, որ սփիւռքը կը տառապի որակաւոր երգերէ։ Արեւելահայերէնի պարագային բոլորովին տարբեր է պատկերը. արեւելահայերէնով գրուած որեւէ երգ աւելի երգեցիկ, այլ կերպ ըսած՝ աւելի երաժշտական է, աւելի սահուն է, ականջին աւելի մօտ։ Ձայնային առումով (վոքալ) ալ արեւելահայերէնը շատ աւելի մեծ հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռէ։ Եւ այս երեւոյթը միայն հայերէնին յատուկ չէ. օրինակ՝ իտալերէնն ալ այդպիսի յատկութիւններ ունի, անոր համար ալ դասական երգարուեստին մէջ կ՚ըսեն, առաջ պէտք է իտալերէնով երգել սորվիլ եւ յետոյ՝ ֆրանսերէն, գերմաներէն, ռուսերէն։

Գալով՝ թէ ինչպէս կը ճաշակեն մեր երգը հայրենիքի մէջ, պարզ է, որ կը քաջալերեն, կը սիրեն, կ՚ուզեն սիրել, բայց եւ այնպէս, մեր լեզուի սահմանափակումները խոչընդոտ կրնան դառնալ ոմանց, որ չհասկնան մեր խօսքերը, որովհետեւ լեզուականօրէն ալ դժուար է իրենց համար մեր երգը հասկնալը եւ այդ մէկը իրենց ականջին ընդունիլը։ Բայց եւ այնպէս, կը քաջալերեն, վերաբերմունքը միշտ յարգանքով է, հայաստանցիք հայրենասիրութիւն կը տեսնեն մեր ըրած գործին մէջ եւ կ՚ուզեն ճաշակել, կ՚ուզեն մօտենալ մեր լեզուին ու լսել մեր երգածները։

-Ինչպէս գիտենք, երգարուեստի մէջ կայ երկու բեւեռ՝ ժողովրդայինը, որ աւելի տարածուած եւ քիչ մը հասարակն է, եւ կայ արուեստի գործ համարուող երաժշտութիւնը, որոնք իրարու չեն հադիպիր: Կը նկատենք, որ վերջին շրջանին ձեր ներկայացուցած երգերը բաւական կը տարբերին ձեր ոճէն. ի՞նչ բանի կը վերագրէք այս փոփոխութիւնը: Արդեօք Էլի Պէրպէրեանը տեղի տուա՞ւ շուկայական պահանջներուն առջեւ:

-Ոճի փոփոխման որոշումը եւ կամ կարեւորութիւնը հասկնալու համար, պէտք է հետեւինք մեր նախնիներուն, մեր գուսաններուն, աշուղներուն, եւ ինչու չէ, կրնանք մինչեւ 4-5-րդ դար երթալ։ Այդ ժամանակները ուսումնասիրելով մենք կը տեսնենք Մաշտոցի եւ Խորենացիի գրած տաղերը, իսկ 11-րդ դարուն կը հանդիպինք Շնորհալիին, որ սքանչելակերտ աստուածագովութեան շարականներ գրած է։ Աւելի վերջ՝ 15-րդ դարուն, Եւրոպան կը մտնէր Վերածնունդի դարաշրջանը, որ կը յատկանշուէր հին ոճի դէմ ընդդիմութեամբ։ Այդ ժամանակներուն մենք ականատեսը կը դառնանք Նահապետ Քուչակին, որ բացայայտ կերպով «բողոքող» տաղագիր մը չեղաւ, այլ փորձեց նորամուծութիւն բերել նոր նիւթերու արծարծմամբ։ Անկէ ետք կը հասնինք 17-րդ դար՝ մեծն Սայաթ Նովա, որ կը հանդիսանար մեր գնարական երգի ռահվիրաներէն մին։ Սայաթ Նովայի գործը կը շարունակէին մեր արդի ժամանակներու գուսանները՝ գուսան Հաւասի, գուսան Ջիւանի, գուսան Շերամ, որոնք իրենց ստեղծագործած ժամանակին ալ թիրախ կը դառնային մեծ քննադատութիւններու։

Այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք կրնանք եզրակացնել, որ ամէն ժամանակաշրջան ունի իր պահանջքը, բայց այդ չի նշանակեր, որ մենք պէտք է մոռնանք մեր արմատները: Եթէ իմ կատարումներէն որպէս օրինակ առնենք այդ տեսահոլովակը, ուր կ՚ըսէք տարբեր ոճով կը ներկայանամ, ատոնց զուգահեռ սակայն ես կ՚երգեմ նաեւ «Հորովել»ը, «Թամամ աշխարհ»ը, նոր ոճի երգերուն զուգահեռ կը ներկայացնեմ նաեւ մեր գաւառական երգերը, որոնց մէջ ներկայացուած է մեր պատմութիւնը, մեր ազգային պարերը, բարբառները: Ներածականս երկարեցի թերեւս, որովհետեւ կ՚ուզեմ յստակօրէն նշել, որ մենք երբ ոճ կը փոխենք, կամ հինէն նորին կ՚երթանք, ժողովուրդն է, որ կը թելադրէ այդ ուղղութիւնը եւ ժողովուրդն է, որ կ՚որոշէ ինչն է արդիականը, ինչն է պահանջուածը: Մենք նաեւ պէտք է մտածենք արդիական աշխարհի մէջ ապրող մեր հայ երիտասարդութեան պահանջներուն մասին։ 21-րդ դարուն երիտասարդութեան ճաշակը նոյնը չէ, ինչ որ էր ըսենք երեսուն-քառասուն տարի առաջ։ Եթէ մենք մեր հայկական արուեստին մէջ այդ արդիական ոճերու պակասը չլրացնենք եւ հայ երիտասարդին այդ նոր ոճով երգ չհայթայթենք, ապա ան կը ստիպուի դիմել օտար մշակոյթներու եւ ուրիշ լեզուներով լսել այդ երգերը եւ այդպէսով թիրախ կը դառնանք ուղղակի ձուլումի:

Այս մտահոգութիւնն է, որ կը մղէ արուեստագէտը փոխելու եւ տեսակաւորելու իր ոճը, որ բնաւ դիւրին բան չէ, որովհետեւ ոճի փոփոխութեան հետ միաժամանակ ձայնային տուեալներն ալ կը փոխուին, բառային, վանկային շեշտերն ալ կը փոխուին, նոյնիսկ ձայնի որակը կը փոխուի:

Ուրեմն, հայ մատղաշ սերունդը գրաւելու նախանձախնդրութեամբ է, որ կը տեսակաւորեմ երգային ոճս, ինչպէս նաեւ հանրութեան պահանջը բաւարարելու համար: Այսպէս է, որ երգիչ մը ժողովրդականութիւն կ՚ունենայ, սիրուած կ՚ըլլայ, ինքզինք չի սահմանափակեր եւ կրնայ իր համերգներուն դահլիճը լեցնել… Այստեղէն կու գայ ժամանակակից ոճերու հետեւելու կարեւորութիւնը, սակայն անգամ մը եւս ընդ-գըծեմ. առանց անտեսելու մեր աւանդականը:

-Տարբեր ժամանակներու Փոլ Պաղտատլեանը համարուած է արեւմտահայ կամ սփիւռքեան երգի «թագաւոր». ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս մօտեցումը: Ձեր կարծիքով իրապէս Փոլ Պաղտատլեան արուեստի գործի՞չ է, կամ թէ հասարակ, ռապիզ երգիչ մըն է:

-Ինծի համար Փոլ Պաղտատլեանը ռահվիրայ է՝ «լեկենտ»։ Կ՚ուզեմ նախ անդրադառնալ անոր ապրած ժամանակաշրջանին, այսինքն՝ 50-60-70-ականներու ընդհանուր իրավիճակին: Ինչ որ լսած ենք մեր նախնիներէն, այդ ժամանակներուն հասարակութեան մէջ կար թրքերէն երգեր լսող մեծ խաւ մը, որ գաղթելով Քիլիսէն, Այնթապէն, Մարաշէն եւ զանազան գաւառներէ, հասած էին Սուրիա, Լիբանան, այս պարագային՝ Պուրճ Համուտ եւ այնտեղ հաստատուած։ Այդ օրերուն, Փոլ Պաղտատլեանը եղաւ այն երգիչը, որ հայերէն երգը հասանելի դարձուց այդ թրքախօս միջավայրին, անշուշտ իր հետ կային նաեւ ուրիշ ջահակիրներ. ինչպէս՝ Ատիսը, Մաքսիմ Փանոսեանը, Լեւոն Գաթրճեանը, որոնք հսկայական ներդրում ունեցած են մեր արեւմտահայ միջավայրէն ներս հայ երգը պահպանելու գործին մէջ:

Քանի որ Փոլ Պաղտատլեանի մասին է խօսքը, ըսեմ նաեւ, որ ձայնային առումով ան ունէր թաւշային, շատ գեղեցիկ ձայն եւ գեղեցիկ կատարողութիւն։

Ուրեմն, թէպէտ կան բարեկամներ, հայրենակցիներ, որոնք կ՚ըսեն, թէ Փոլ Պաղտատլեանը իրենց ճաշակին չէ յարմարած կամ հասարակ է, յարգանք ունիմ իրենց կարծիքին, բայց եւ այնպէս, չենք կրնար չխոստովանիլ, որ Փոլ Պաղտատլեանը հայ երգի իշխան մըն է, եւ կը դասուի հայ երգի թագաւորներու շարքին: Իմ դասախօսը կ՚ըսէր, որ ամէն երգիչ, ամէն արուեստագէտ թագաւոր է իր թագաւորութեան մէջ, ուրեմն այս պարագային, Փոլ Պաղտատլեանը արժանաբար թագաւոր է եւ հայրենիքէն ալ ընդունուած, իբր արեւմտահայ արուեստագէտ ու ցայսօր ալ Հայաստանի մէջ իր ձայնն ու երգերը սիրելի ու փնտռուած են։

-Կ՚ուզենք նաեւ լսել ձեր ապագայ ծրագիրներուն մասին. ի՞նչ են ձեր 2019-ի ապագայ ծրագիրները:

-Ապագայի ծրագիրներս շատ են, ունիմ թէ՛ համերգային եւ թէ նոր երգերու արտադրութեան ծրագիրներ: Նախ անդրադառնամ 2019-ի արտադրական աշխատանքին. այս տարի լոյս պիտի տեսնեն չորս երգեր, որոնցմէ մէկը նուիրուած պիտի ըլլայ Մեծ Եղեռնին, խօսքը՝ Յովհաննէս Շիրազինն է, երաժշտութիւնը՝ Մաժակ Թօշիկեանինը, իսկ միւս երկուքը դանդաղ ռոմանսներ են, ինչպէս նաեւ չորրորդ մը՝ որ աշխոյժ պարային երաժշտութեամբ, երիտասարդութեան սրտին խօսող երգ մը պիտի ըլլայ: Ինչ կը վերաբերի համերգներուն կամ բեմային կատարումներուն, իմ շրջապտոյտներս սկիզբ պիտի առնեն Տուպայիէն, ապա հերթաբար պիտի այցելեմ Ֆլորիտա, Տիթրոյիթ, Պոսթըն, Նիւ Եորք եւ 28 դեկտեմբերին համերգային տարիս պիտի աւարտեմ Մելպուռնի մէջ՝ Աւստրալիա:

-Ձեր կարծիքով՝ ձեր հայ երգի հանդէպ ունեցած նուիրուածութիւնը որոշ չափով հայապահպանութեան խթա՞ն է: Այլ խօսքով՝ համոզուած է՞ք, որ այս կերպով կը ծառայէք հայութեան:

-Իբր արուեստագէտ կամ իբր երգիչ ինչպէ՞ս կրնաս ծառայել ազգիս հարցումին կը պատասխանէի՝ մշակոյթդ միշտ վառ պահէ, արուեստդ ներկայացուր ամենաբարձր, ամենալաւ, ամենաորակաւոր եւ ամենավայելուչ ձեւով, ժողովրդականութիւն ունեցիր, որպէսզի այդ ժողովուրդին մատուցես ամենէն լաւը եւ յիշատակելի երգեր կամ կտակ մը թողնիր ետեւէդ, որպէսզի ծառայէ հայութեան:

Այս առումով կրնամ իմ աշխատանքներէս օրինակներ նշել, օրինակ, ես սկաւառակներուս մէջ ներկայացուցած եմ Շուշիին նուիրուած երգ, զանազան ազգային երգեր եւ այս տարի ալ, ինչպէս ըսի, Մեծ Եղեռնին նուիրուած երգ մը պիտի հրապարակեմ։ Բացի այդ, որպէս հայութեան նպաստող գործունէութիւն կ՚ուզեմ յիշել բերած խոնարհ ծառայութիւնս՝ «աղքատ կնոջ լուման», երբ Նիւ Եորքի համբաւաւոր «Թայմ Սքուէր»ին մէջ Մեծ Եղեռնին նուիրուած յիշատակելի ձեռնարկին բախտը ունեցայ իմ մասնակցութիւնը բերելու յայտնի «Հորովել» երգով։ Այդ կատարումս շատ մեծ արձագանգ ունեցաւ, աշխարհով մէկ տարածուեցաւ եւ այսօր բազմաթիւներ, որոնք անունս անգամ չեն գիտեր, զիս այդ կատարումովս կը ճանչնան, կ՚ըսեն «Հորովելը երգող տղան է»:

Մենք՝ արուեստագէտներս, միշտ կը փորձենք, խոնարհաբար, մեր ներդրումը ունենալ, անկախ անկէ, թէ արուեստագէտը որքան յաջող է, որքան ժողովրդականութիւն կը վայելէ կամ չի վայելեր։ Եթէ հայերէն կ՚երգես, հայերէն կը խօսիս, հայաբար կը վարուիս, ուրեմն դուն ամբողջապէս կը ծառայես ազգիդ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2019