Վա՛րձքդ Կա­տար, Քո­ման­տան­թէ

2000 թուա­կա­նի Օգոս­տո­սին Թո­րոն­թո­յի Եորք հա­մալ­սա­րանն էի յա­տուկ ծրագ­րով մը, որ մէկ­տե­ղած էր Լա­տի­նա­կան Ա­մե­րի­կա­յի եր­կիր­նե­րէն ընտ­րուած 25 գի­տաշ­խա­տող­ներ եւ ա­կա­դե­մա­կան­ներ՝ միաս­նա­բար քննար­կե­լու հա­մար տա­րա­ծաշր­ջա­նի հիմ­նախն­դիր­նե­րը եր­րորդ հա­զա­րա­մեա­կին: Խում­բին մաս կը կազ­մէր Քու­պա­յէն գոր­ծըն­կեր մը՝ Սան­թիա­կօ ա­նու­նով, որ ու­շագ­րաւ էր իր ու­րախ տրա­մադ­րու­թեամբ եւ կա­տա­կա­բա­նու­թեամբ: Դժուար տաս­նա­մեակ մըն էր Քա­րա­յի­պեան կղզիին հա­մար: Խորհր­դա­յին Միու­թեան փլու­զու­մէն ետք Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հաս­տա­տած շրջա­փակ­ման ազ­դե­ցու­թիւ­նը կը զգա­ցուէր սուր կեր­պով: Քու­պա­յի տնտե­սու­թիւ­նը կա­խեալ էր խորհր­դա­յին տնտե­սու­թե­նէն եւ, մաս­նա­ւո­րա­բար, քա­րիւ­ղէն: Ոչ միայն անց­նող տաս­նա­մեակ­նե­րուն Մոս­կուա­յի կող­մէ տրա­մադ­րուած օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը դադ­րած էր, այլ ա­ռեւ­տու­րը են­թա­կայ էր ա­զատ շու­կա­յա­կան հա­շուարկ­նե­րուն, ո­րոնք վե­րա­ծուած էին ռուս օ­լի­կարխ­նե­րու նո­րա­գոյն տոկ­մա­յին: Քու­պա­յի ժո­ղո­վուր­դը ըն­կե­րատն­տե­սա­կան ճգնա­ժամ կ՚ապ­րէր, կը թուէր, որ վար­չա­կար­գը պի­տի տա­պա­լէր, եւ ա­նոր հետ պի­տի տա­պա­լէին 1959-ի յե­ղա­փո­խու­թեան բո­լոր ձեռք­բե­րում­նե­րը: Բայց Ֆի­տել Քասթ­րօ տե­ղի չէր տար, յա­մա­ռօ­րէն կը դի­մադ­րէր Ո­ւա­շինկ­թը­նի սպառ­նա­լիք­նե­րուն, ճնշում­նե­րուն եւ մին­չեւ իսկ՝ իր կեան­քին դէմ սադ­րանք­նե­րուն, ո­րոնք, ինչ­պէս հի­մա ծա­նօթ են, 600-էն ա­ւե­լի կը հա­շուեն: Այս մա­սին էր, որ կը զրու­ցէինք գի­շեր մը, ըն­կե­րա­կան հա­ւա­քի մը ըն­թաց­քին, երբ Պրա­զի­լէն այլ գոր­ծըն­կեր մը՝ Սան Փաու­լո­յի մե­ծա­հա­րուստ ըն­տա­նիք­նե­րէն մէ­կուն զա­ւա­կը, չեմ յի­շեր խօ­սակ­ցու­թեան մէջ ար­տա­յայ­տուած ինչ մտքի հե­տե­ւու­մով՝ ը­սաւ. «Բայց ի վեր­ջոյ Ֆի­տել օր մը պի­տի մեռ­նի»: Լուրջ բա­նա­վէճ էր եւ Սան­թիա­կօ ա­մե­նա­լուրջ դէմ­քը ցոյց տա­լով ա­նոր պա­տաս­խա­նեց. «Վստա՞հ ես…»: Պահ մը լռու­թիւն տի­րեց, ոչ ոք կ՚ըմբռ­նէր ը­սա­ծը, երբ, շատ ա­րագ, դէմ­քին վրայ գծուե­ցաւ ժպիտ մը, ո­րուն հե­տե­ւե­ցաւ մեր խնդու­քը՝ Սան­թիա­կո­յի մէկ նոր կա­տա­կին:

Տասն­վեց տա­րի­ներ ան­ցած են այս պատ­մու­թե­նէն ի վեր: Ուր­բաթ, 25 Նո­յեմ­բե­րին, 90 տա­րե­կան հա­սա­կին իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց 20-րդ դա­րու թե­րեւս վեր­ջին հսկան: Ո՞ր հան­րա­յին դէմ­քին մա­հը տա­կա­ւին կրնայ հա­մաշ­խար­հա­յին նման անդ­րա­դարձ յա­ռա­ջաց­նել: Չես գի­տեր՝ յա­նուն ի՛նչ ա­ռար­կա­յա­կա­նու­թեան ը­սել, թէ ու­նէր նոյն­քան հիա­ցող­ներ, որ­քան՝ ա­տող­ներ, այն հի­մուն­քով, որ ո­մանց հա­մար ան իր գա­ղա­փար­նե­րուն նուի­րուած յե­ղա­փո­խա­կան ղե­կա­վարն էր, մինչ ու­րիշ­ներ զայն հա­սա­րակ բռնա­տէր մը կը նկա­տէին, որ պար­զա­պէս չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ ի­րա­կա­նու­թեան: Ո՛չ Մա­յա­միի փո­ղոց­նե­րուն մէջ, այս­պէս կո­չուած, «քու­պա­կան աք­սո­րեալ­ներ»ու ու­րա­խու­թեան ցոյ-­­ցե­րը, ո՛չ Տանըլտ Թրամ­փի «Ֆի­տել Քասթ­րոն մե­ռաւ!» թուի­թը, ո՛չ ալ գրա­կա­նու­թեան Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կա­կիր Մա­րիօ Վար­կաս Եո­սա­յի ա­նար­դար յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, թէ «Պատ­մու­թիւ­նը զինք պի­տի չյի­շէ», այն­քան բա­րա­ցու­ցա­կան լի­պե­րա­լիզ­մի կոյր պաշտ­պա­նի վե­րա­ծուած նախ­կին ձա­խա­կող­մեան­նե­րու վար­քագ­ծին, կրնան հա­մո­զել, որ զինք ա­տող բուռ մը մար­դիկ նոյն­քան են, որ­քան՝ աշ­խար­հի հինգ ցա­մա­քա­մա­սե­րու վրայ ա­նոր յի­շա­տա­կին ա­ռաջ գլուխ խո­նար­հող­ներն ու յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցող ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը: Ա­նոնց կար­գին պէ՛տք է յատ­կա­պէս նշել Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նին կե­ցուածքն ու իր ցա­ւակ­ցա­կան կուռ խօս­քերը ուղ­ղուած Ֆի­տե­լին եղ­բօր՝ Ռաուլ Քասթ­րո­յին:

Պայ­ման չէ հա­րիւր տո­կո­սով հա­մա­ձայն ըլ­լալ Քասթ­րո­յի գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան, ոչ ալ ժխտել, որ Քու­պա, ա­յո՛, միա­կու­սակ­ցա­կան հա­մա­կարգ մըն էր, որ ան­յա­րիր է ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան: Քու­պա­յի մէջ կար, կա՛յ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու սահ­մա­նա­փակ­ման լուրջ խնդիր, որ հրա­պա­րա­կա­յին կեր­պով քննա­դա­տուե­ցաւ նոյ­նիսկ Քասթ­րո­յի ա­մե­նա­ջերմ պաշտ­պան­նե­րէն, գրա­կա­նու­թեան Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կա­կիր փոր­թու­գալ­ցի Ժո­զէ Սա­րա­ման­կո­յի կող­մէ:

Բայց ո՞վ կրնայ ժխտել, որ 1959-ի յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը Քու­պա­յին եւ քու­պա­ցի­նե­րուն վե­րա­դար­ձուց ի­րենց ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը, օ­րի­նակ ե­ղաւ օ­տար լու­ծի եւ բռնա­տի­րու­թիւն­նե­րու տակ հիւ­ծող բազ­մա­թիւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու, յատ­կա­պէս՝ Եր­րորդ աշ­խար­հի մէջ, եւ իշ­խա­նու­թեան վրայ գտնուած իր 46 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին Ֆի­տել Քասթ­րօ ոչ մէկ ա­ռիթ փախ­ցուց մի­ջազ­գա­յին բե­մե­րէն զար­գա­ցած պե­տու­թիւն­նե­րը, այս­պէս կո­չուած՝ «հզօր­նե­րը» դնե­լու ի­րենց պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան դէմ յան­դի­ման՝ հան­դէպ փոքր ազ­գե­րու եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու, ո­րոնք կե­ղե­քած են բազ­մա­թիւ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, յատ­կա­պէս՝ դրա­մա­տի­րու­թեան զար­գաց­ման ու տա­րած­ման ժա­մա­նակ:

«Յա­ճախ կը խօ­սուի մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց մա­սին, սա­կայն պէտք է խօ­սիլ նաեւ մարդ­կու­թեա՛ն ի­րա­ւունք­նե­րուն մա­սին», ը­սաւ ան Միա­ցեալ ազ­գե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեան մէկ ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին: «Ին­չո՞ւ կարգ մը ժո­ղո­վուրդ­ներ ո­տա­բո­պիկ պէտք է մնան, որ­պէս­զի ու­րիշ­ներ պերճ մե­քե­նա­նե­րու մէջ ման գան: Ին­չո՞ւ ո­մանք պէտք է ապ­րին 35 տա­րի, որ­պէս­զի ու­րիշ­ներ ապ­րին 70: Ին­չո՞ւ ո­մանք պէտք է թշուառ աղ­քա­տու­թեան մէջ մնան, որ­պէս­զի ու­րիշ­ներ չա­փա­զանց հա­րուստ ըլ­լան: Կը խօ­սիմ յա­նուն այն ե­րախա­նե­րուն, ո­րոնք ու­տե­լու հաց չու­նին: Կը խօ­սիմ յա­նուն այն հի­ւանդ­նե­րուն, ո­րոնք դեղ չու­նին: Կը խօ­սիմ յա­նուն ա­նոնց, ո­րոնց կեան­քի եւ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուութեան ի­րա­ւուն­քը մեր­ժուած է: Կարգ մը եր­կիր­ներ ու­նին ան­հատ­նում մի­ջոց­ներ, ու­րիշ­ներ ո­չինչ ու­նին: Ի՞նչ է ա­նոնց ճա­կա­տա­գի­րը: Սո­ված մեռ­նի՞լ: Յա­ւեր­ժօ­րէն աղ­քա՞տ մնալ: Ին­չի՞ կը ծա­ռա­յէ ու­րեմն քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը, ին­չո՞ւ հա­մար է մար­դուն խիղ­ճը, ին­չի՞ է պի­տա­նի ՄԱԿ-ը, ին­չո՞ւ հա­մար է աշ­խար­հը…», Այս խօս­քե­րը ար­տա­սա­նո­ղը ա­ռաջ­նորդն էր յե­ղա­փո­խու­թեան մը, որ ոչ միայն եր­կիրն ու ժո­ղո­վուր­դը ա­զա­տագ­րեց դա­ժան բռնա­տէ­րէ մը, այլ նաեւ՝ «Քա­րա­յի­պեան­նե­րու քա­պա­րէ»ի պի­տա­կէն: Քու­պան յե­ղա­փո­խու­թեան յա­ջոր­դած ե­րեք տաս­նա­մեակ­նե­րուն ըն­կե­րա­յին հսկա­յա­քայլ յա­ռաջ­դի­մու­թիւն ար­ձա­նագ­րեց վե­րա­ծուե­լու հա­մար բժշկու­թեան եւ հան­րա­յին ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան ա­մե­նա­զար­գա­ցած եր­կիր­նե­րէն մէ­կը, ուր այս մար­դա­սի­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը կը տրա­մադ­րուէին բո­լո­րո­վին ձրի: Նոյ­նիսկ՝ օ­տար­նե­րուն:

Ե­թէ Ֆի­տե­լը ըլ­լար «ի­րա­պաշտ», կեդ­րո­նա­նար բա­ցա­ռա­պէս իր երկ­րին վրայ, թե­րեւս կրնար կա­նու­խէն հա­մա­ձայ­նու­թեան հաս­նիլ Ո­ւա­շինկ­թը­նի հետ եւ խու­սա­փիլ 90-ա­կան­նե­րու շրջա­փա­կու­մէն: Բայց իր ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին ան խօս­քով եւ գոր­ծով յանձ­նա­ռու մնաց իր ի­տէալ­նե­րուն: Ա­հա թէ ին­չո՛ւ ան հե­րոս մըն է, մա­նա­ւանդ՝ ափ­րի­կե­ցի­նե­րուն հա­մար, ա­հա թէ ին­չո՛ւ բան­տէն ա­զատ ար­ձա­կուե­լէն ան­մի­ջա­պէս ետք Նել­սոն Ման­տե­լա Քու­պա այ­ցե­լեց՝ ող­ջա­գուրուե­լու հա­մար իր պայ­քա­րին զօ­րա­վիգ կանգ­նած Քասթ­րո­յին հետ:

Քասթ­րոն փոքր Քու­պան վե­րա­ծեց հսկա­յի մը, որ բա­ցա­յայ­տեց «մեծ»ե­րուն փոք­րու­թիւ­նը: Յե­ղա­փո­խու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք ան Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ այ­ցե­լեց եւ հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն ը­սաւ, որ ինք հա­մայ­նա­վար չէր, ինչ­պէս զինք կը մե­ղադ­րէին ա­նար­դա­րօ­րէն, եւ լա­ւա­գոյն յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ կ՚ու­զէր մշա­կել հա­րե­ւա­նին հետ: Բայց Այ­զըն­հաուըր չըն­դու­նեց զինք: Քե­նե­տիի օ­րով ա­մե­րի­կեան գաղտ­նի գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը փոր­ձեց զայն տա­պա­լել: Այդ դէպ­քէն ետք ար­դէն Քասթ­րո­յին հա­մար Խորհր­դա­յին Միու­թեան դի­մե­լը ան­խու­սա­փե­լի էր:

«Պի­տի չմա­հա­նամ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու խոր­տա­կու­մէն ա­ռաջ», կը յո­խոր­տար, չես գի­տեր հա­ւա­տա­լո՞վ, թէ՞ կա­տա­կով: Այդ մէ­կը չպա­տա­հե­ցաւ ան­շուշտ: Բայց տա­սը նա­խա­գահ­ներ ե­կան ու ան­ցան Սպի­տակ տու­նէն, մինչ ինք կը դի­մադ­րէր ա­նոնց ա­ռա­ւել թէ նուազ չա­փով ար­տա­յայ­տուող թշնա­ման­քին: Միայն վեր­ջի­նը, եւ պա­տա­հա­կա՞ն է, որ սե­ւա­մորթ մը ըլ­լար…, գի­տակ­ցե­ցաւ կա­ցու­թեան ան­հե­թե­թու­թեան եւ Ֆրան­սիսքոս Պա­պին միջ­նոր­դու­թեամբ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ վե­րա­հաս­տա­տեց Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Քու­պա­յի մի­ջեւ: Քասթ­րօ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը կոր­ծա­նե­լու փորձ չը­րաւ, բայց ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն մէջ շրջա­գա­յող կա­տակ մը կը յի­շեց­նէ Քասթ­րո­յի այդ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը եւ վա­րը ցոյց կու տայ զայն՝ իր մա­հուան ան­կող­նին մէջ, մինչ վե­րը ծի­ծա­ղող Տանըլտ Թրամ­փին նկարն է… Այս վեր­ջի­նը ար­դէն կը սպառ­նայ երկ­կող­մա­նի հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել, ե­թէ Քու­պա չխոս­տա­նայ յար­գել մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րը եւ կրօ­նա­կան ա­զա­տու­թիւ­նը: Հոգ չէ, որ Թրամփ կը պատ­րաս­տուի երկ­րէն վտա­րել բո­լոր գաղ­թա­կան­ներն ու ար­գի­լել իս­լամ­նե­րուն մուտ­քը Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ…

2006 թուա­կա­նին Քասթ­րօ հի­ւան­դու­թեան պատ­ճա­ռով հե­ռա­ցաւ իշ­խա­նու­թե­նէն՝ երկ­րին ղե­կը ձգե­լով եղ­բօ­րը՝ Ռաու­լին, ո­րուն ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ալ սկսաւ Քու­պա­յի տնտե­սու­թեան բա­րե­կար­գու­մը դէ­պի աս­տի­ճա­նա­կան ա­զա­տա­կա­նա­ցում, որ, պարզ է, ա­ւե­լի քան անհ­րա­ժեշտ է եր­կի­րը դուրս բե­րե­լու հա­մար ճգնա­ժա­մէն: Քու­պա­ցի­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թեան հա­մար յըս-տակ է սա­կայն, որ յե­ղա­փո­խու­թեան ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թիւնն ու զար­գաց­ման նպաս­տած բո­լոր ի­րա­գոր­ծում­նե­րը պէտք է պահ­պա­նուին, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք են կեն­դա­նի փաս­տը ի­րենց ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան վե­րա­հաս­տատ­ման: Այդ մէ­կը Ֆի­տե­լին ձգած ան­գին ժա­ռանգն է եւ՝ ներ­կայ ղե­կա­վա­րու­թեան ա­մե­նա­մեծ մար­տահ­րա­ւէ­րը: Պի­տի յա­ջո­ղի՞ շրջան­ցել «շո­քա­յին» ան­ցում­նե­րու ա­մէն փոր­ձու­թիւն, որ նախ­կին խորհր­դա­յին եր­կիր­նե­րուն մէջ, նե­րա­ռեալ ան­շուշտ՝ Հա­յաս­տա­նի, թշուա­ռու­թեան դուռ բա­ցաւ, հարս­տու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցուց չնչին հա­տուա­ծի մը ձեռ­քե­րուն մէջ, մինչ ժո­ղո­վուր­դին մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ին­կաւ կա­ռու­ցա­յին աղ­քա­տու­թեան մէջ, կորսն­ցուց իր ու­նե­ցուածքն ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը եւ լքեց եր­կի­րը՝ վե­րա­ծուե­լու հա­մար հա­մաշ­խար­հա­յին նոր պրո­լե­տար դա­սա­կար­գի մը…

Հա­կա­ռակ իր յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քին՝ Քասթ­րօ մօ­տէն կը հե­տե­ւէր մի­ջազ­գա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, կը գրէր եւ կա­պի մէջ էր 21-րդ դա­րու ա­ռա­ջին տաս­նա­մեա­կին Լա­տի­նա­կան Ա­մե­րի­կա­յի եր­կիր­նե­րուն մէջ իշ­խա­նու­թեան վրայ գտնուող ձախ-ժո­ղովր­դա­յին ու­ժե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հետ, ո­րոնք յա­ճախ կը դի­մէին ի­րեն՝ խոր­հուրդ հայ­ցե­լով: 2008-ի Յու­լի­սին Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ո­րո­շեց 1947-էն ի վեր կա­սե­ցու­ցած Չոր­րորդ նա­ւա­տոր­մը կրկին գոր­ծի դնել հա­րա­ւա­յին Ատ­լան­տեա­նի ջու­րե­րուն մէջ: «Մեր նպա­տա­կը յատ­կա­պէս մար­դա­սի­րա­կան է», բա­ցատ­րեց օ­րին երկ­րի զի­նեալ ու­ժե­րու Հա­րա­ւա­յին հրա­մա­նա­տա­րու­թեան ղե­կա­վար Ճէյմս Սթաւ­րի­տիս, ո­րուն հա­մա­ձայն, ա­մե­րի­կեան ռազ­մա­նա­ւե­րը պատ­րաստ պի­տի ըլ­լա­յին բնա­կան ա­ղէտ­նե­րու ժա­մա­նակ շտապ օգ­նու­թեան հաս­նե­լու տա­րա­ծքաշր­ջա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն: Ոչ ոք ան­շուշտ Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ նման խնդրան­քով դի­մած էր Սպի­տակ տան մէջ այն ժա­մա­նա­կուան բնա­կիչ Ճորճ Պու­շի եւ ա­նոր կա­ռա­վա­րու­թեան: Ո­րո­շու­մը դժուար թէ թաքց­նէր մի­ջազ­գա­յին շու­կա­յի վրայ կրկին ար­ժե­ւո­րուած հան­քա­յին, ջրա­յին թէ երկ­րա­գոր­ծա­կան բնա­պա­շար­նե­րու հան­դէպ շա­հագրգ­ռու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ որ Պրա­զի­լի ատ­լան­տեան ա­փե­րուն յայտ­նա­բերուած էին ընդ­յա­տա­կեայ քա­րիւ­ղի հան­քեր: Նաւա­տոր­մի աշ­խա­տան­քի անց­նե­լու օ­րը ար­ժան­թի­նեան մէկ օ­րա­թեր­թին մէջ լոյս տե­սաւ յօ­դուած մը, ո­րուն հե­ղի­նակ լրագ­րո­ղու­հին ի միջի այ­լոց նաեւ իմ վեր­լու­ծումս կը մէջ­բե­րէր: «Ո­ւա­շինկ­թը­նի այս ո­րո­շու­մը առըն­չա­կից է Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ բնա­պա­շար­նե­րու հարս­տու­թեան հան­դէպ կրկին յայտ­նա­բե­րուող մի­ջազ­գա­յին շա­հագրգ­ռու­թեան», ը­սած էի իր հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նե­լով, եւ կար­ծիքս բա­ռա­ցի ար­ձա­նագ­րուած էր յօ­դուա­ծին մէջ: Հա­յաս­տան էի այն ժա­մա­նակ՝ որ­պէս Ամե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի հրա­ւի­րեալ դա­սա­խօս, երբ ար­ժան­թի­նեան ռա­տիօ­կա­յան մը ու­զեց հետս հար­ցազ­րոյց ը­նել միեւ­նոյն նիւ­թին մա­սին: Հար­ցազ­րոյ­ցը սկսե­լէն ա­ռաջ զրու­ցա­կիցս յայտ­նեց, որ Մեր­քո­սու­րի հեր­թա­կան հա­ւա­քին Վե­նե­զուե­լա­յի նա­խա­գահ Հիւ­կօ Չա­ւես իր խօս­քին մէջ ա­նուն մա­կա­նուն նշե­լով՝ մէջ­բե­րած էր իմ ար­տա­յայ­տած կար­ծիքս իր ամ­բող­ջու­թեամբ… Ա­նունս եւ մա­կա­նունս սպա­նե­րէ­նով հասկ­նալն ու ը­սե­լը ինք­նին մար­տահ­րա­ւէր մըն է, եւ ոչ ոք կը յա­ջո­ղի ճիշդ ը­սել ա­ռանց եր­կու եւ ա­ւե­լի ան­գամ­ներ փոր­ձե­լու: Բայց Չա­ւես շատ յստակ եւ ճիշդ ար­տա­սա­նեց, ինչ­պէս կը լսուի իր խօս­քի ար­ձա­նագ­րու­թեան մէջ: Չա­ւես ծա­նօթ էր ոչ միայն որ­պէս մեծ ըն­թեր­ցա­սէր, այլ լրջօ­րէն կ՚ու­սում­նա­սի­րէր այն խնդիր­նե­րը, ո­րոնց մա­սին հրա­պա­րա­կա­յին կեր­պով պի­տի ար­տա­յայ­տուէր, մա­նա­ւանդ երբ ա­նոնք կու գա­յին ա­կա­դե­մա­կան աղ­բիւր­նե­րէ, ո­րոնց հան­դէպ մեծ յար­գանք ու­նէր: Պա­տա­հա­րը ան­շուշտ բա­ւա­կան խօ­սակ­ցու­թեան նիւթ ե­ղաւ, շա­տե­րը զար­մա­ցան, բազ­մա­թիւ  բա­րե­կամ­ներ ու ծա­նօթ­ներ շնոր­հա­ւո­րե­ցին, եւ ո­մանք ալ ցա­ւա­լի գտան, որ կար­ծիք­ներս հա­մա­հունչ ըլ­լան Չա­ւե­սի մտա­ծում­նե­րուն… Լա­ւա­գոյն ա­նակնկա­լը պա­տա­հա­ծէն բա­ւա­կան ժա­մա­նակ ետք պի­տի ի­մա­նա­յի: «Քասթ­րոն էր, որ յօ­դուածս կար­դա­լէն ետք Չա­ւե­սին խոր­հուրդ տուած է ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նել վեր­լու­ծում­նե­րուն եւ ար­տա­յայ­տուած կար­ծիք­նե­րուն», ը­սաւ նշեալ յօ­դուա­ծին հե­ղի­նա­կը, որ Չա­ւե­սը անձ­նա­պէս կը ճանչ­նար, Պուէ­նոս Այ­րէս վե­րա­դար­ձիս…

Ֆի­տել Քասթ­րո­յի մա­հուան լու­րը կար­դա­լէս ետք յի­շո­ղու­թեանս մէջ անջն­ջե­լի մնա­ցած այս պա­տա­հածն էր, զոր յու­զու­մով մտա­բե­րե­ցի: Որ­պէս մէ­կը, որ թէեւ ա­ռի­թը չէ ու­նե­ցած անձ­նա­պէս ճանչ­նա­լու Ֆի­տել Քասթ­րոն, յօ­դուա­ծի մը մէջ ար­տա­յայ­տուած եւ հա­զիւ քա­նի մը վայր­կեան ըն­թեր­ցու­մի ա­ռիթ տուող կար­ծիք­նե­րով պա­տի­ւը ու­նե­ցած է պահ մը ար­ժա­նա­նա­լու 20-րդ դա­րու այդ հսկա­յին՝ Քո­ման­տան­թէի ու­շադ­րու­թեան: Խիստ անձ­նա­կան ապ­րում մը, ո­րուն հա­մար այն­քան շնոր­հա­կալ եմ ի­րեն: Բայց ա­ւե­լի շնոր­հա­կալ՝ իր մտա­ծու­մով ու գոր­ծով, ամ­բողջ կեանք մը պայ­քա­րով ա­ւե­լի ար­դար ու հա­ւա­սար աշ­խար­հի մը տես­լա­կա­նի կեն­դա­նի օ­րի­նա­կը, ամ­բողջ սե­րունդ­նե­րու ներշն­չու­մը ե­ղած ըլ­լա­լուն հա­մար:

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒ­ԿԱ­ՍԵԱՆ

29/11/2016
horizonweekly.ca

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016