ՀԱՒԱՏՔԻ ՈՐՈՆՈՒՄ (Ա.)
-Եոկայի դասընթացք կայ, Մարիա՛, երթա՞նք:
-Քանի՞ պահ է, ու ամօթ չըլլայ հարցնելը, Արազ, քանի՞ կ՚արժէ դասընթացքը:
-Ընդամէնը երկու պահ է ու սուղ չէ, ժամերն ալ յարմար են: Գիտե՞ս որքան պէտք ունիմ. այս վազվզուքին վերջը չկայ, պէտք է մենք մեզի ժամանակ տրամադրենք:
-Բայց միայն երկո՞ւ պահ: Երկու պահով ի՞նչ կը սորվեցնեն: Տարիներով հետեւած եմ, օգտուած եմ, այո՛, բայց ոչ այսքան կարճ ժամանակի ընթացքին:
-Հիմա երթանք այս երկու պահը, դուն ալ կը բացատրես ինծի տարիներու փորձառութենէդ, տեսնենք ի՞նչ է:
-Շատ լաւ, երթանք, գումարն ալ բան մը չէ, կը տրամադրենք, հարց չէ:
Այսպէս երկու սփիւռքահայ ընկերուհիներ կը խորհրդակցին ու կ՚որոշեն որոշուած օրն ու ժամը ներկայ գտնուիլ դասընթացքին:
Մարիան, որ ներկայ չէ եղած այսպիսի դասընթացքներու, սակայն Արազէն լսած է եոկայէն վաստկած հետքերուն մասին, լսած է թէ եոկան հոգեւոր մտախոհութիւն է, որուն հետեւելով անհատին մէջ կը փոխուի հարցերուն դիտանկիւնը, թէ ինչպէս հանդարտութեամբ կը խորհի զանոնք լուծել, թէ ինչպէս կարելի կ՚ըլլայ հոգեկան պոռթկումները թօթափել, հասնիլ ներաշխարհին, հարցերուն մէջ դրականը տեսնել, նոյնիսկ եթէ բացասականը կը գերազանցէ. այսինքն, մէկ խօսքով, միշտ բաժակին լեցունը տեսնելու կը սատարէ եոկան:
Է, ո՞վ չ՚ուզեր ներքին անդորրութիւն ապահովել, զարգացնել իր հոգեկան աշխարհը, ճանչնալ ինքզինք, որ ամէն օրուան ծնունդին հետ դիմագրաւած անակնկալներուն պատրաստ ըլլայ: Անակնկալներ, որոնք միշտ բացասական հետքեր կը թողուն մանաւանդ անոնց ներաշխարհին մէջ, որոնցմէ երկուքը ահա այս ըներուհիներն են, պատերազմէն նոր կեանքի թեւակոխող անհատներ:
Փոքրիկ սրահը ողողուած է անուշաբոյր ծուխի հետքերով, որ իւրայատուկ խորհուրդով մը համակած է այս տարածութիւնը. չինական մեղմ երաժշտութիւն մը կը գեղգեղէ պատերէն կախուած չինական սրբապատկերները օրհնելով, սրբավայր մըն է կարծես: Ներկաները իւրայատուկ ժպիտ մը ունին, որուն ընթերքէն գոհունակութեան, երկիւղածութեան, խաղաղութեան շողեր կ՚արձակին ու դէմքերը կ՚օծեն անդորրութեամբ մը բարի, խոր ու հանգիստ:
Այս երկու պահերը յատկացուած են տարերքներուն եւ անոնց առընչութեանց մարդուն մարմնին ու յուզական աշխարհին հետ: Ըստ չինական ուսմունքին անոնք հինգ են՝ օդը, ջուրը, կրակը, հովն ու տարածութիւնը, ուրիշներու մօտ՝ չորս, տարածութիւնը բացառուած: Այս տարերքները ունին իրենց ազդեցութիւնը մարդուն մարմնին եւ հոգեկան աշխարհին, անկախ անոնց ծնունդէն, երբ կը գերազանցէ մէկը: Այսինքն՝ ջուրի ազդեցութեան տակ ծնողներուն մօտ ջուրի յատկութիւններն են գերազանցողը ընդհանրապէս, բայց բոլոր տարերքներու գոյութիւնը անհատին հոգեկան աշխարհին մէջ, ինքնաճանաչմամբ է, որ տեղի կ՚ունենայ, նման դասընթացքներու հետեւելու հետեւանքով: Անհատը կարելիութիւն կ՚ունենայ զարգացնել ու հաւասարակշռել իր մէջ անոնց ազդեցութիւնը:
Այսպէս, իւրաքանչիւր բացատրութենէ ետք վարժութիւն մը տեղի կ՚ունենայ: Մարիա կողմնակի նայուածքով կը հետեւի Արազին, որ վարժ այս ընթացքին, խորասուզուած է կարծես մարմնին մէջ ու հոգի, մարմին, միտք եռեակը ագուցած, կեդրոնացած է վարժութիւններուն. մինչ ինք տակաւին կը պտտի տարերքները զգալու մակերեսին վրայ ու մեծ դժուարութեամբ կը յաջողի երբեմն բան մը զգալ:
Գիտէ սակայն, որ ինք տաքարիւն չէ, շուտ չի բորբոքիր հարցերու ազդեցութենէն, որքան որ ալ բացասական ըլլան անոնք, միշտ ինքնիր մէջ կը կուտակէ հարցերը ու կը փորձէ խաղաղ լուծում մը գտնել անոնց. այսինքն կրակին յատկութիւնները կրող մը չէ: Գիտէ նաեւ, որ որոշում մը կայացնելու դժուարութիւնն ունի, հարց մը հազար տեսանկիւնէ կը դիտէ ու իր շահերէն աւելի շուրջիններուն շահերն է, որ կը խորհի. այսինքն կայունութեան նուազութիւնը զգացած է իր մէջ, որ հողի տարերքը կը մարմնաւորէ մարդուն յուզականութեան մէջ: Գիտէ, որ հարցերը երբեմն շատ ծանր ազդեցութիւններ կը թողուն իր վրայ ու երկար ատեն կը մտմտայ անոնց շուրջ, նոյնիսկ կարգ մը իրեն ուղղուած նախադասութիւններ կը կրկնէ ու կը փորձէ անոնց արտադրութեան նպատակները բացայայտել, թեթեւ չ՚անցնիր անոնց հետքը. այսինքն զերծ է նաեւ հովի զգայնութենէն..., ու ահա, այս մտասեռումներուն զուգահեռ կը բացուի պաստառ մը մտահորիզոնին մէջ, ուր իրեն համար շատ հարազատ մանկութեան մէկ պատկերն է, որ կ՚երեւի. երբ ծովուն վրայ, կռնակին վրայ ծփալով, ամպերը կը դիտէր: Պատկեր մը, որ երբեք չի ջնջուիր մտքէն եւ յաճախ կը յայտնուի, երբ նեղութեան մէջ է ան...: Մարիա կը գտնէ իր պահապան տարերգը՝ ջուրը, ու՝
-Աղօ՞թք...
Կը շշնջայ Մարիա, երբ վարժութիւններուն կարգը կը հասնի շնորհակալութեան, ըստ որուն ամէն օր անհատը շնորհակալութեան վարժութիւն մը պէտք է մատուցէ տիեզերքին, որ զինք օժտած է այս տարերքներով:
Թելադրողը, սրահին լռութեան հետեւանքով, կը լսէ Մարիային շշունջը ու՝
-Ի՛նչ կ՚ուզէք անուանէք, ամէն անհատ ընկալման ձեւ մը ունի,- կը պատասխանէ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ