ՉԻՆԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ԵՒՐՈԱՍԻԱՆ

Ըստ Չինաստանի քաղաքականութեան վերլուծաբան Միքայէլ Վայզմանի, Չինաստանի նախագահ Չի Ժիմփինկի օրով պիտի չըլլայ սթաթիւքոյի ուժ մը՝ ընդունելու միջազգային ներկայ իրավիճակը եւ ոչ ալ պէտք է ակնկալել, որ անիկա վերատեսութեան ենթարկէ միջազգային կանոնները, այլ ան կը փորձէ ներկայանալ իբրեւ բարենորոգող, որ նպատակ ունի ձեռքբերումներ արձանագրել:

Հակառակ անոր որ արեւմտեան բոլոր աղբիւրները, սկսեալ՝ ամերիկեան լրատուամիջոցներէն, կը յայտնեն, որ Չինաստան վերատեսութեան պիտի ենթարկէ միջազգային յարաբերութիւնները, մինչեւ օրս ոչ մէկ մատնանշում կամ փաստ կայ այս հարցին շուրջ: Այլ ընդհակառա՛կն, Չինաստանը վերջին տասը տարիներուն աշխուժացուց իր համագործակցութիւնը ՄԱԿ-ի հետ՝ խաղաղապահ ուժեր ուղարկելով եւ նիւթական օժանդակութիւններ տրամադրելով աղքատ երկիրներուն:

Սակայն Չինաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը կը ցոլացնէ իր ներքին կայունութիւնը: Այսինքն՝ երկրին ներքին կայունութիւնը եւ արտաքին քաղաքականութիւնը իրարմէ կախեալ են: Հետեւաբար Չինաստանի տնտեսական աճը՝ շնորհիւ անոր յաջող ուժանիւթային, առեւտրական եւ արտաքին քաղաքականութեան, երկրին մէջ կայունութիւն ստեղծեց: Մայրաքաղաք Փեքին այս կայունութիւնը կարեւոր կը նկատէ, որպէսզի ամրապնդէ եւ օրինականացնէ համայնավար իշխանութիւնը երկրին մէջ:

Չինաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը հիմնուած է հինգ կէտերու վրայ՝ փոխադարձ յարգանք հողային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան, փոխադարձաբար չյարձակիլ իրարու վրայ, փոխադարձաբար չմիջամտել որեւէ երկրի ներքին հարցերուն, հաւասարութիւն եւ փոխադարձ շահ, եւ վերջապէս՝ խաղաղ համերաշխութիւն: Այս կէտերուն շնորհիւ՝ Չինաստան վարեց «փափուկ քաղաքականութիւն» մը եւ սկսաւ շահիլ դրացի երկիրներուն վստահութիւնը:

Վայզմանի համաձայն, Չինաստանին սպառնացող միակ վտանգը կ՚ըլլայ այն, որ փակուի իր ծովային ճամբան, որուն պատճառով ան պիտի կորսնցնէ իր ուժանիւթային ներմուծման աւելի քան 80 առ հարիւրը, իսկ քարիւղի ներածման աղբիւրները կը հանդիսանան Միջին Արեւելքը (45 առ հարիւր) եւ Ափրիկէն (29 առ հարիւր): Ճիշդ այս պատճառով Չինաստան կ՚ուզէ վերակենդանացնել Մետաքսի ճամբան Եւրոասիոյ մէջ: Հետեւաբար միակ ճանապարհը ցամաքային ելքն է, որ հիմնաւորուած է «Նոր Մետաքսի ճամբայ» գաղափարին ընդմէջէն:

Նոր Մետաքսի ճամբուն նպատակն է անցնիլ 65 երկիրներէ՝ ընդգրկելով 4.4 միլիառ մարդ եւ այսպէսով ապահովել աշխարհի համախառն ներքին արդիւնքին 30 առ հարիւրը: Սակայն Եւրոասիոյ հետ Չինաստանի յարաբերութիւնը կրնայ ուշ ապագային բախումի դուռ բանալ Ռուսաստանի շահերուն հետ: Եւրոասիական հարցերով քաղաքագէտ Վիթալի Քոզիրեւ (2014թ.) կը հաւատայ, որ ռուս-չինական համագործակցութիւնը Եւրոասիոյ մէջ նաեւ կրնայ վերածուիլ մրցակցութեան, մանաւանդ՝ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, ուր չինական տնտեսական ներդրումները կը գերազանցեն ռուսական ներդրումները: Աւելի՛ն. Վիթալի Քոզիրեւ կը հաւատայ, որ Ռուսաստան տնտեսապէս կախեալ է Չինաստանէն: Սակայն քաղաքագէտին համաձայն, այս երկու քաղաքական բեւեռները միանալով՝ Եւրոասիոյ մէջ գերակշռող տնտեսական եւ, ինչո՞ւ չէ, ապագային ռազմական ուժ կը ներկայացնեն:

Վերջապէս, Միքայէլ Քլարք «Ռուսաստանի եւ Չինաստանի դժուար պարը Եւրոասիոյ մէջ» խորագրեալ յօդուածին մէջ («Փոլիսի Ֆորում», 4 ապրիլ 2018) կը գրէ, որ 2012-էն սկսեալ ամերիկեան ազդեցութիւնը նուազեցաւ Եւրոասիոյ մէջ, իսկ Թրամփի նախագահութեան ժամանակաշրջանին Եւրոպական Միութիւնը սկսաւ հեռանալ ամերիկեան քաղաքականութենէն: Ասիկա յստակ էր, երբ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն խօսեցաւ եւրոպական միացեալ բանակ մը հիմնելու հաւանականութեան մասին, բան մը, որ ողջունեց նախագահ Փութին:

Հայաստան կրնայ շահագրգիռ երկիր դառնալ՝ նախ կառուցելով Հիւսիս-հարաւ մայրուղին՝ Իրանը կապելով Վրաստանին եւ դառնալով Նոր Մետաքսի ճամբուն մասնակից անդամ: Վերջերս հայաստանցի մասնագէտներ այցելեցին Չինաստան եւ արծարծեցին այս հարցը: Անշուշտ կարելի չէ մտածել, որ այս մայրուղին պիտի փոխարինէ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղին, սակայն այլընտրանք մըն է: Երեւան պէտք է ունենայ աշխոյժ դեր՝ Եւրոասիական տըն-տեսական միութեան մէջ եւ դառնայ կամուրջ Արեւմուտքին եւ Արեւելքին միջեւ: Աւելի՛ն. երկրին ներքին կայունութիւնը պիտի ներգրաւէ չինական ներդրումները, մասնաւորապէս՝ երկաթուղիներ կառուցելու հարցով: Երեւանէն շատ բան կը սպասուի այս հարցով եւ պէտք է ամէն ջանք թափել՝ օգտուելու համար Եւրոասիոյ մէջ Չինաստանի եւ Ռուսաստանի մերձեցումէն:

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2018