ՏՔԹ. ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՄՆԱՑԱԾ ԷՐ ԵՐԿՈՒ ՔԱՐԻ ԱՐԱՆՔԻՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ՀԱՄԱՐ ԱԼ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ ՏՈՒԱՒ»
Լիբանանի զարգացումները կը շարունակեն գրաւել միջազգային լրահոսի կարեւորագոյն տեղերը։ Ընթացք առած ցոյցերը կը շարունակուին եւ երկրին մէջ առկայ է համընդհանուր փլուզման մտավախութիւն։ Պատկերը աւելի յստակօրէն ընկալելու համար օրերս հարցազրոյց մ՚ունեցայ լիբանանահայ գործիչ Տքթ. Խաժակ Այնթապլեանին հետ։
Իր շահեկանութեան համար նիւթը կը ներկայացնեմ ամբողջութեամբ։
-Այս ցոյցերը եւ ցոյցերուն ետին կանգնող երիտասարդներն ու զանազան խաւերը ձեզի յոյս մը կը ներշնչե՞ն, որ կարելիութիւն կայ Լիբանանի տագնապը լուծելու։
-Այո՛, պէտք է ըսել, որ այդ երիտասարդութիւնը մեծ յոյս կը ներշնչէ, որովհետեւ, մանաւանդ սկզբնական շըր-ջանին, երբ այդ երիտասարդութիւնը իջաւ փողոց, անոնց շարժումը իսկապէս պոռթկումի մը արդիւնքն էր. հինը մերժելու, երկար տարիներու այս փտած համակարգը մերժելու պոռթկում մըն էր։ Բայց եւ այնպէս, դժբախտաբար, այդպէս չմնաց մինչեւ վերջ. շատ արագ այս երիտասարդական պոռթկումը ստացաւ քաղաքական եւ համայնքային գունաւորում։ Քաղաքական այն կողմերը, որոնք այս ցոյցերէն շահեր կ՚ակնկալէին, սկսան քաջալերել ցոյցերը, իսկ միւս կողմը՝ այս պարագային, սկսաւ իր երիտասարդներուն թելադրել չմասնակցիլ ցոյցերուն։ Այսպէսով ցոյցերը սկսան յստակ գունաւորում ստանալ: Այսինքն, քաղաքական մէկ կողմը, որ այս պարագային «Մարտ 14»ի ուժերու աջակիցներն են, մնացին փողոցը, իսկ «Մարտ 8»ի աջակիցները փողոցէն դուրս եկան։ Այդպէսով, յստակ դարձաւ, որ այս ցոյցերը սկսան չարաշահումի ենթարկուիլ եւ նպատակ հետապնդել կողմի մը քաղաքական դիրքերը ամրապնդելու եւ ոչ թէ Լիբանանի տնտեսութեան ճգնաժամի բարելաւման: Աւելի յստակ, այս ցոյցերը ձեւով մը սկսան օգտագործուիլ որպէս զէնք «Հիզպուլլահ»ի դէմ։
-Երկրի հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտարարեց, որ այսուհետեւ ինք չ՚ուզեր ստանձնել վարչապետի պաշտօնը։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հարիրիի կեցուածքը, այսպէսով քաղաքական տագնապը կրնայ աւելի խորանա՞լ։
-Սկիզբը վարչապետ Հարիրիի հրաժարականը եւ հիմա չուզելը՝ վերստին ստանձնել այդ պաշտօնը, իր կողմնակիցներու կողմէ իր վրայ գործադրուած ճնշումին արդիւնքն է. երկու քարի արանքը մնացած վիճակի մը մէջ յայտնուած էր վարչապետ Հարիրին։ Ան սկզբնական շրջանին չէր ուզեր հրաժարիլ եւ ձեւով մը պարտաւորուած գնաց այդ քայլին, որովհետեւ, կը յիշէք, վարչապետ Հարիրին ճնշումներու ենթարկուեցաւ մի քանի տարի առաջ սէուտցի իր դաշնակիցներուն կողմէ եւ ձեւով մը կորսնցուց անոնց հովանաւորութիւնը, որու հետեւանքով ալ անոր քաղաքական դիրքերը բաւական տկարացան, հետեւաբար, վերջերս հրաժարելու իր այդ արարքը ստիպողական աքթ էր, քանի որ եթէ չհրաժարէր, ինք ամբողջովին պիտի կորսնցնէր իր մնացեալ համակիրներու համակրնաքը: Իսկ հիմա, երբ ան չ՚ուզեր ստանձնել վարչապետի պաշտօնը, այս ալ իր կողմէ քաղաքական ճնշում մըն է միւս կողմին վրայ, որովհետեւ շատ լաւ կը գիտակցի, թէ Լիբանանի այս պայմաններուն մէջ միւս կողմը դժուարութիւն պիտի ունենայ վարչապետի ուրիշ թեկնածու մը առաջադրելու համար. հակառակ, որ անոնք խորհրդարանին մէջ որոշ մեծամասնութիւն մը ունին եւ Հարիրի այս առիթը պիտի օգտագործէ, որպէսզի իր դիրքերը աւելի ամրապնդէ եւ իր թելադրած պայմաններով վերադառնայ վարչապետի պաշտօնին:
-Եթէ իրավիճակը այսպէս շարունակուի եւ քաղաքական լուծումներ երեւան չգան, ի՞նչ հունով կրնայ ընթանալ Լիբանանը։
-Եթէ իրավիճակը այսպէս շարունակուի, անշուշտ տագնապը կրնայ շատ աւելի խորանալ։ Դժբախտաբար, տակաւին տնտեսական լուծումներու յստակ ուղղուածութիւն մը չկայ՝ որեւէ քաղաքական ուժի կողմէ: Դարձեալ յիշենք, թէ ինչ էր այս տնտեսական տագնապին բուն պատճառը. անշուշտ մի քանի պատճառ կայ, առաջին հիմնական պատճառը՝ Լիբանանի մէջ տիրող անսահման փտածութիւնն է, որովհետեւ Լիբանանի մէջ այսօր փտածութիւնը չափազանց մեծ տարողութիւն ունի, ինչ որ կարելի չէ համեմատել որեւէ այլ երկրի փտածութեան մակարդակին հետ. երկրորդ պատճառը՝ Լիբանանի պետութեան տնտեսական սխալ քաղաքականութեան որդեգրումն էր. Լիբանանի կառավարութեան առած որոշումները՝ ամսականներու յաւելումներու գծով, չէին համապատասխաներ իրենց ունեցած պետական եկամուտներուն եւ լիբանանեան պետութիւնը փորձեց այդ հարցի լուծումը գտնել դարձեալ ժողովուրդի վրայ տուրքեր աւելցնելով, ու այդ մէկը պոռթկումի առիթ դարձաւ. իսկ երրորդ կարեւոր պատճառը՝ արտաքին քաղաքական ճնշումներու ազդեցութիւնն էր. արտաքին քաղաքական կողմեր, ըլլայ Սէուտական Արաբիան, Ծոցի երկիրները կամ նոյնիսկ եւրոպական պետութիւններ, որոնք ընդհանրապէս կը գանձատրեն լիբանանեան տնտեսութիւնը, այսօր այդ տնտեսական նեցուկը դադրեցուցած են մի քանի պատճառներով։ Առաջինը՝ որ իրենք եւս տնտեսական դժուարութիւններու մէջ են, երկրորդը՝ որ իրենք այդ տնտեսական նեցուկը կու տան Լիբանանին այն ժամանակ, երբ քաղաքական որեւէ մէկ կողմ իրենց շահերուն կը ծառայէ. օրինակ՝ Սէուտական Արաբիան, որ երբ նկատեց, թէ իր դաշնակիցները սկսան որոշ չափով չենթարկուիլ իրեն, դադրեցուց Լիբանանին համար իր նախատեսած օժանդակութիւնները։
Այս երեք պատճառները, ի հարկէ, մէկ օրուան մէջ կարելի չէ լուծել, առկայ խնդիրները շատ երկար ժամանակի կը կարօտին, մանաւանդ փտածութիւնը, այդ պատճառով ալ կարելի չէ տըն-տեսական տագնապը արագօրէն լուծել։ Ես մտավախութիւններ ունիմ, որ այսօր առկայ տնտեսական տագնապը աւելի խորանայ եւ առանց արտաքին նեցուկի անհնար է դրական լուծումներու հասնիլ։
-Հայութիւնը մտահո՞գ է իրավիճակով եւ ի՞նչ են լիբանանահայութեան հիմնական դժուարութիւնները։
-Ըլլալով Լիբանանի բնակչութեան կարեւոր մէկ մասը, լիբանանահայութիւնը բնականաբար մտահոգ է եւ կ՚ազդուի իրավիճակէն։ Ստեղծուած տնտեսական տագնապը անշուշտ որ պիտի ազդէ լիբանանահայութեան վրայ, շատ բնական երեւոյթ է այդ մէկը, նոյնիսկ պէտք է ըսել, որ լիբանանահայութեան վիճակը շատ աւելի ծանր է, քան միւս համայնքներունը, որովհետեւ չկան արտաքին տնտեսական նեցուկներ։ Այդ պատճառով ալ, այսօր կը տեսնենք, որ լիբանանահայ մամուլը կամ դպրոցները յայտնուած են ծանր վիճակի մէջ, այս վիճակը սկսած է մեզի յիշեցնել պատերազմի տարիները, երբ դուրսի հայութիւնը տնտեսապէս նեցուկ կը կանգնէր լիբանանահայութեան։ Այսօր տեսակէտ մը կայ, որ թերեւս այդ նեցուկին կարիքը կայ արդէն: Լիբանանահայութեան մօտ այսօր կայ ուրիշ երեւոյթ մըն ալ, որ չեմ գիտեր դրակա՞ն պէտք է դատենք, թէ՞ բացասական. տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքով այսօր բաւական հայ ընտանիքներ երկրէն կ՚արտագաղթեն, անոնց մէջ, ուրախութեամբ ըսենք, որ կարեւոր մաս մը կը ներգաղթէ Հայաստան։ Այս մէկը ուրախալի երեւոյթ է, սակայն, դժբախտաբար, բոլորը չեն, որ լաւ պայմաններով կը ներգաղթեն Հայաստան, տնտեսական ճգնաժամն է, որ կը պարտադրէ իրենց ներգաղթել։ Հայաստանի պայմաններուն ներքոյ անոնք որքա՞ն պիտի կարենան դիմանալ կամ ոտքի կանգնիլ, այս մէկը հարցականներ կը ստեղծէ այսօր, նոյնիսկ թերեւս Հայաստանի պետութեան համար: Յուսանք, որ այդ ներգաղթեալներու մեծ մասը կը կարողանան ոտքի կանգնիլ Հայաստանի մէջ եւ իրենց կեանքը շարունակել. այդ մէկը այս ամբողջին մէջ պիտի ըլլայ ամենէն դրական բաժինը: Նոյնն է նաեւ Այնճարի հայութեան պարագան. Այնճարի հայութիւնը լիբանանահայութեան մէկ մասնիկն է եւ նոյն այս վիճակը կայ նաեւ Այնճարի մէջ:
Իսկ թէ լիբանանահայութիւնը այսօր ի՛նչ ձեւով կը մասնակցի այս քաղաքական պոռթկումին։ Ինչպէս սկիզբը ըսի, այնքան ատեն, երբ այս ցոյցերը ժողովրդային եւ երիտասարդական բնոյթ կը կրէին, մեր երիտասարդներէն ալ ոմանք գացին եւ միացան, մինչեւ այն փուլը, որ շարժումը սկսաւ քաղաքական գունաւորում ստանալ եւ յստակ դարձաւ, թէ որոշ շահերու պիտի ծառայեն այս ցոյցերը: Իսկ եթէ տնտեսական վիճակը այսպէս շարունակուի եւ ժողովրդային պոռթկումը դարձեալ իսկապէս ժողովրդային պոռթկումի վերածուի, անպայման որ լիբանանահայութիւնն ալ կը միանայ այդ պոռթկումին… Այդ մէկը արդէն կասկածէ վեր է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան