ԿԱՆԱՉ ԼՈՒԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐԸ

Կանաչ լուացումը կեղծ տպաւորութիւն կամ ապակողմնորոշիչ տեղեկատուութիւն փոխանցելու գործընթաց մըն է այն մասին, թէ ինչպէ՞ս շրջակայ միջավայրին եւ բնապահպանութեան համար անվտանգ կրնան ըլլալ՝ ընկերութեան մը կամ երկրի արտադրանքները: Կանաչ լուացումը կը ներառէ չհիմնաւորուած այն պնդումը սպառողները խաբելու համար, որպէսզի անոնք հաւատան, թէ ընկերութեան արտադրանքը  մաքուր է կամ աւելի մեծ դրական ազդեցութիւն ունի շրջակայ միջավայրին վրայ, քան իրականութեան մէջ։

Բաց աստի, կանաչ լուացումը կրնայ յառաջանալ երբ ընկերութիւն մը կը փորձէ ընդգծել արտադրանքի կայուն յատկանիշները շուքի մէջ ձգելով՝  անոր ներգրաւուածութիւնը շրջակայ միջավայրին վնաս հասցնելուն: Կը կատարուի շրջակայ միջավայրի պատկերներու, ապակողմնորոշիչ պիտակներու եւ փոխզիջումներու թաքցման միջոցով՝ կանաչ լուացում եւ այս խաղը «սպիտակեցում» ասացուածքին հետ կը նշանակէ կեղծ տեղեկութիւններու օգտագործում. դիտաւորեալ թաքցնելու սխալ գործողութիւնները կա՛մ սխալներն ու տհաճ իրավիճակը՝ փորձելով աւելի քիչ ցոյց տալ:

Կանաչ լուացումը, ինչպէս մարզական, տնտեսական ու շատ մը բնագաւառներու մէջ, կատարուած երեսապաշտական տպաւորութիւն ստեղծելն է բնութեան պահպանման համար, տնտեսական շահն ու խախտումներն ալ ծածկելու միջոց է: Ան հիմնականին սկսած է ընկերութիւններէն եւ հասած է նոյնիսկ պետութիւններու կողմէ վարուած քաղաքականութիւններու մակարդակին: Ներկայ արհեստագիտական յեղափոխութեան դարուն հետ շատ սուր կերպով զարգացաւ մարդկային գործունէութեան վնասակարութիւնը։ Հիմնականօրէն նոյնինքն բնութեան օրէնքով ինչքան բազմապատկուի ու աւելնայ մարդկային արտադրութիւնը, այնքան վնաս կը հասնի բնութեան: Այո՛, վնասի գնահատման ու հասկացողութեան գործընթացն ալ կը սահմանուի նոյն մարդկութեան կողմէ, բայց, եթէ պահ մը պատկերացնենք, որ մենք միակը չենք տիեզերքի մէջ եւ պատկերացնենք նաեւ տիեզերքի անեզրութիւնը, մարդկային գործունէութիւնը երկիր մոլորակին վրայ աննշան կը թուի: Միեւնոյն ժամանակ յոյժ կարեւոր է հասկնանք, թէ երկիր մոլորակի մեծութեան զուգահեռ, մարդկային կեանքի հայթայթող դերին յարաբերական մեր յայտնաբերումը կա՛մ նուազագոյնը համակերպումը՝ երկիր մոլորակի ստեղծած կեանքի պայմաններուն հետ մեր՝ մարդոց համար, որոնք հաւանաբար անծայրածիր չեն։ Եւ եթէ մարդկային արտադրական մեքենան հասնի այն մակարդակին, որ ապականէ կամ խարխլէ մարդկային մաքուր կեանքի  անհրաժեշտ նախապայմանները, ապա տեղ մը կը նմանի այն իրողութեան, որ մէկը կ՚երթայ դէպի ինքնասպանութիւն կամ կը մօտեցնէ իր անձնական մահը: Հետա-քըրքրական է, որ կանաչ լուացումը երկսայրի սուր մը կը համարուի. մէկ կողմէ բացայայտելու բնութեան հանդէպ կատարուած աւերներու եւ վնասներու չափը, իսկ միւս կողմէ՝ միեւնոյն ժամանակ բնութեան ի վնաս կատարուածը քօղարկելու։

Յաճախ ներկայ միջազգային չափանիշներու համեմատ բռնատիրական երկիրներ են այն երկիրները, որոնք քարիւղ ունին, իսկ անոնց բռնատէրերը գործած են բազմաթիւ հարստահարութիւններ ու բռնարարքներ՝ թէ՛ իրենց սեփական ժողովուրդին եւ թէ հարեւան երկիրներուն հանդէպ: Նկատի ունենալով, որ ներկայ աշխարհի յառաջդիմութեան զուգահեռ, տակաւին տնտեսական համակարգը յարաբերաբար հիմնուած է քարիւղի վրայ, ուստի, միջազգային ընտանիքը տեղ մը աչք կը փակէ ամբողջատիրական վարչակարգերու կատարածներուն: Իսկ նոյն կանաչ լուացումները եւ նմանատիպ քարոզչական միջոցառումները առիթ կ՚ընծայեն այդպիսի վարչակարգերու արդարացումներուն: Նման պարագաներու նկատմամբ միջազգային քաղաքակիրթ աշխարհը կը դրսեւորէ երկու մօտեցում։ Այսպէս, առաջինը երկակի չափանիշներու առկայութիւնն է, իսկ երկրորդը՝ նոյն այդ վարչակարգերու պարփակումն ու այսպէս ձեւակերպած սաստումը:

Երբ առիթ տրուի որեւէ միջազգային քաղաքակիրթ չափանիշներու դէմ գործող վարչակարգի կատարել կանաչ կամ որեւէ գոյնի լուացում (քանի յստակ է, որ աշխարհը փոխհամարկուած մեծ տարածք մըն է, ուր եթէ պիտի ըլլաս հասանելի կամ հասու, պէտք է միջազգային որդեգրուած չափորոշիչներուն մաս կազմես), շահառուն ու ընկալողը նոյն այդ վարչակարգի կողքին միջազգային մեծ քաղաքականութիւն մըն է:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան, 6 դեկտեմբեր 2024

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2024