«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»
ՄԱՐԴՈՒՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՐ ԱՆՁԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ
Հարուստներուն վերաբերող առաքինութիւնները կարելի է երեք մասի բաժնել.
ա) Շնորհակալութիւն առ Աստուած. այս գոհունակութենէն անշուշտ կը ծնին հեզութիւն եւ հոգիի աղքատութիւն, որովհետեւ հարստութիւնը Աստուծոյ տո՛ւրք է կա՛մ՝ բարիք, որ Աստուած կը պարգեւէ կառավարելու համար եւ իրենք ոչինչ ունին, որով կարենան հարստանալ:
բ) Աղքատներուն նկատմամբ մտադրութիւն. հարուստները այս ազնիւ եւ ամենէն քաղցր յատկութեամբ կրնան իրենց հարստութիւնը ի գործ դնել, որով Աստուծոյ նպատակը կը կատարեն եւ Անոր հաշուետու կ՚ըլլան՝ Իր պարգեւած բարութիւններուն համար:
գ) Բարի օրինակ. որովհետեւ գործնական բարի օրինակը ուրիշներուն վրայ մեծ ազդեցութիւն ունի:
Այս բոլոր պատուէրները Պօղոս առաքեալի հետեւեալ խօսքերուն մէջ կ՚ամփոփուին. «Այս աշխարհի հարուստներուն պատուիրէ որ շատ չհպարտանան եւ անկայուն հարստութեան չվստահին, այլ՝ վստահին Աստուծոյ, որ ամէն ինչ առատօրէն կու տայ մեզի, որպէսզի վայելենք։ Պատուիրէ որ բարիք գործեն, լաւ գործերով հարստանան, եւ ըլլան առատաձեռն, սիրալիր եւ իրենց ունեցածով ուրիշներուն օգնելու պատրաստ։ Այդպիսով իրենք իրենց համար կ՚ամբարեն գանձ մը՝ որով ամուր հիմ նետած կ՚ըլլան հանդերձեալին մէջ, ճշմարիտ կեանք ձեռք ձգելու համար» (Ա.Տմ 6.17-19): Հետեւաբար, հարուստներն ալ՝ հարստութիւն ունենալով, կրնան Աստուծոյ հաճոյանալ:
Աղքատներն ալ պարտաւորութիւններ ունին, որոնք են.
1) Առանց տրտունջքներու, առանց նախանձի եւ ագահութեան, համբերել եւ հոգիի ամբողջ զօրութեամբ իրենց չքաւոր վիճակին լուծը կրել, բարեպաշտութեամբ, յոյսով եւ հաւատքով մխիթարուիլ, չմոռնալ երբեք այս վսեմ օրինակը, որ Տէրը Ի՛նք՝ մեր Փրկիչը աշխարհի մէջ չքաւորութեամբ ապրեցաւ:
2) Իրենց պէտքերը ջանալ արիաբար իրենց ձեռքով հոգալու, իրենց վիճակը բարւոքելու եւ ամենայն հսկողութեամբ իրենց կենցաղավարութիւնը քաղցրացնելու:
3) Երբեք անիրաւ միջոցներու չդիմել չքաւորութենէ ելլելու համար եւ միշտ աղքատութիւնը անիրաւութենէն նախապատիւ համարել:
4) Շնորհակալ եւ երախտագէտ ըլլալ բարերարներէն եւ իրենց ստացած բարիքները ի բարին գործ դնել:
Մարդոց ամենէն ցանկալի, ամենէն վայելուչ եւ ամենէն հաստատ վիճակը՝ միջակ վիճակն է, որովհետեւ չափաւոր կարողութիւնը փորձանքներէն միշտ հեռու կը պահէ եւ մարդուն պահանջողութեան աւելի յարմար է. «Եթէ ուտելիք եւ հագնելիք ունինք՝ անոնցմով բաւարարուինք» (Ա.Տմ 6.8): Ուստի մենք եւս պարտաւոր ենք գոհ ըլլալ եւ Աստուծմէ խնդրել այս պատուաւոր եւ միջակ կարողութիւնը, ինչպէս կը խնդրէր Սողոմոն Իմաստունը. «Ինծի աղքատութիւն կամ հարստութիւն մի՛ տար: Իմ սովորական հացո՛վս զիս կերակրէ, որպէսզի չըլլայ թէ կշտանամ եւ Քեզ ուրանամ ու «Տէրը ո՞վ է», ըսեմ: Եւ չըլլայ թէ աղքատանամ ու գողութիւն ընեմ եւ իմ Աստուծոյս անունը պարապ տեղ բերանս առնեմ» (Առ 30.8-9): Սուրբ Գիրքը մեր վրայ պարտք կը դնէ բաւականասէր ըլլալու. «Դրամասիրութիւնը թող տեղ չունենայ ձեր կեանքին մէջ. գոհացէ՛ք ձեր ունեցածով» (Եբր 13.5): Պօղոս առաքեալ օրինակ է մեզի. «Ըսել չե՛մ ուզեր որ բանի մը կարօտ եմ, որովհետեւ ես ունեցածովս գոհ ըլլալու վարժուած եմ: Չքաւորութիւն ալ ճանչցայ, առատութիւն ալ տեսայ: Վարժուեցայ ամէն տեսակի կացութիւններու եւ պայմաններու. թէ՛ կուշտ ըլլալու եւ թէ՛ անօթի մնալու, թէ՛ առատութեան եւ թէ՛ չքաւորութեան» (Փլպ 4.11-12): Հոգեկան այս բաւականութիւնը շատ կարեւոր է մեզի համար՝ մեր երջանկութեան համար, եւ այս մէկը ինքնին աշխարհի վրայ երջանկութիւն մըն է: Որովհետեւ, շատերը կը չարչարուին, կը նեղուին, կը տագնապին երջանկութեան հասնելու համար եւ սակայն կը մոռնան, որ երջանկութեան սկիզբը մեր մէջն է, մեր հոգիի խաղաղութեան եւ ճշմարիտ ուրախութեան մէջ. կը մոռնան, որ աւելի դիւրին է աշխատիլ սիրտի համար եւ ունեցածով գոհանալ, քան թէ խնդրել եւ փնտռել ինչ որ չուին, ինչ որ գտնել դժուար է եւ ինչ որ գտնելէն ետք՝ չե՛ն կրնար երջանկութիւն համարել, եթէ սիրտը ուղղութեան մէջ չէ:
Հոգիի այս երջանիկ վիճակը կրնանք գտնել.
ա) Մանկութեան տարիքէն վարժուելով պարզ, զգաստ եւ աշխատասէր կեանքի, եւ այդ ատեն քիչը անգամ կը գոհացնէ մեր սիրտը եւ երբեք չե՛նք վախնար ձախողութենէն:
բ) Միշտ աշխատիլ բարի եւ արթուն խիղճ ունենալ: Այս անմահական գանձով կրնանք միշտ խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն գտնել: Իսկ ընդհակառակը, անխղճութիւնը կը թունաւորէ մեր բախտաւորութիւնը եւ կը ծանրացնէ մեր թշուառութիւնը:
գ) Մեր սիրտը կրօնքի ճշմարտութեամբ եւ յոյսով լեցնելով. որովհետեւ, միայն ասիկա կրնայ մեր սիրտը սրբել եւ խղճմտանքի խաղաղութիւն եւ մխիթարութիւն տալ: Հաստատուն համոզումով պարտինք հաւատալ, որ մեր Տէրը մեզ որբ չի՛ ձգեր. ««Բնաւ երեսի վրայ պիտի չձգեմ եւ պիտի չլքեմ քեզ»: Այնպէս որ, համարձակօրէն ըսենք. «Տէրն է իմ օգնականս, հետեւաբար չեմ վախնար. ի՞նչ կրնայ ընել մարդը ինծի»» (Եբր 13.5-6). «Գիտենք, թէ Աստուած բարիին համար գործակից կ՚ըլլայ անոնց՝ որոնք կը սիրեն զԻնք եւ Իր ծրագիրին համաձայն Իրեն կանչուած են» (Հռ 8.28): Պարտինք կենդանի հաւատք ունենալ մեր մեղքերուն թողութեան համար, հաւատալ Աստուծոյ խոստումներուն եւ Անոր հաշտութեանը, որ Միածին Որդիին անարատ պատարագովը կատարուեցաւ, հաստատ յուսալ երջանկութեան, որ խոստացած է երկինքի մէջ, եւ այս բոլոր օգնութիւնները կրնանք աղօթքով ստանալ: Ահա ասո՛նք են, որոնք կրնան պահել, պաշտպանել եւ ուրախացնել մեր սիրտը, ինչ վիճակի մէջ ալ ըլլանք: Քրիստոսի վարդապետութեամբ էր եւ ո՛չ թէ մարդկային իմաստութեամբ, որ Պօղոս առաքեալ սորված էր գոհանալ իր վիճակով. «Ամէն ինչ կրնամ տանիլ շնորհիւ Քրիստոսի, որ զիս զօրացուց» (Փլպ 5.13). «Կրօնքը շահի մեծ աղբիւր է, այո՛, իր ունեցածով գոհանալ գիտցողին համար» (Ա.Տմ 6.6):
ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆ
Քրիստոնէական զգաստութիւնը պէտք է կանոնաւորէ եւ ուղղէ մեր աշխատանքը, որովհետեւ աշխատանքը եթէ չարի համար գործածուի, մարդուն համար կրնայ դատապարտութեան եւ անկումի պատճառ դառնալ: Աշխատիլը սուրբ եւ վսեմ պարտաւորութիւն է մարդուն համար: Այս ճշմարտութիւնը պարզապէս կ՚երեւի.
1) Մարդուն տրուած ընդունակութենէն, հոգիի եւ մարմինի գործունէութենէն, մեր բնական ձգտումներէն մի քանի աշխատանքներու համար, մեր միտքի եւ յիշողութեան օրէնքներէն, եւ այլն: Այս ընդունակութիւնները կը թմրին եւ կ՚ոչնչանան՝ եթէ չգործադրենք, եւ ընդհակառակը՝ կը բացուին եւ կը զօրանան՝ երբ գործադրենք:
2) Մարդու կեանքի պիտոյքներէն կ՚երեւի: Երկիրը մեզ չի՛ կերակրեր, եթէ զայն չմշակենք: Մեր պիտոյքներն ու ճաշակները բազմատեսակ են եւ աւելի բազմապատիկ քան միւս կենդանիներունը: Մենք բազմաթիւ պատահարներու ենթարկուած ենք եւ չենք կրնար ապահովել եւ պաշտպանել մեր կարողութիւնը, եթէ ո՛չ աշխատութեամբ եւ իմաստուն կառավարութեամբ, որ արթնութիւն եւ յարատեւութիւն կը պահանջէ:
3) Այս պայմանէն կ՚երեւի, որ աշխատանքը Աստուծմէ տրուած է մարդուն իբր պարտաւորութիւն, որովհետեւ մարդը հասարակութեան մէջ ծնելով՝ պարտաւորուած է զգալ եւ իմանալ, որ մարդկային ընկերութիւնը երջանիկ կրնայ ըլլալ միայն բոլոր անդամներուն աշխատասիրութեամբ, եւ այս ճանապարհով միայն մեր բազմաթիւ պիտոյքները կրնան լրանալ: Մենք պարտական ենք հասարակութեան օգնել մեր տաղանդով, մեր լուսաւորութեամբ, մեր հմտութեամբ եւ զօրութեամբ, ինչպէս ուրիշները եւս կրնան օգնել նիւթական աշխատութեամբ: Այս ճանապարհով հասարակութեան իւրաքանչիւր անդամը կը պահպանուի, կը սնանի, կը պաշտպանուի եւ Նախախնամութեան բարիքը կը վայելէ:
4) Աստուած Իր կամքը պարզ ձեւով կը յայտնէ մեզի այս խօսքով. «Եւ Տէր Աստուած առաւ մարդը ու Եդեմի պարտէզին մէջ դրաւ, որպէսզի զանիկա մշակէ ու պահէ» (Ծն 2.15): Առաջին մարդը իր անհնազանդութեամբ իր կամքը Աստուծոյ կամքէն հեռացնելով՝ ի՛նք եւս Աստուծմէ հեռացաւ, եւ որպէս պատիժ իր անհնազանդութեան՝ ամենէն ծանր աշխատանքներու ենթարկուեցաւ եւ ստացաւ այս վճիռը, թէ «երեսիդ քրտինքով ուտես քու հացդ» (Ծն 3.19): Տասնաբանեայ պատուիրաններուն չորրորդը, կը հրամայէ մեզի. «Վեց օր պիտի աշխատիս ու բոլոր գործդ ընես» (Ելք 20.9): Սողոմոն Իմաստունը ծոյլ մարդուն մրջիւններուն մօտ կը ղրկէ, որպէսզի աշխատասիրութիւն սորվի. «Ո՛վ ծոյլ, մրջիւնին գնայ, անոր ճամբաները տես ու իմաստուն եղիր» (Առ 6.6): Մեր Փրկիչը կը դատապարտէ այն անգործ ծառան, որ իր տաղանդը առանց գործադրութեան կը ձգէ: Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Արդարեւ, ձեր մօտ եղած ատեն ալ շարունակ կը պատուիրէինք ձեզի, ըսելով. «Չաշխատողը թող չուտէ»: Մինչդեռ հիմա կը լսենք, թէ ձեզմէ ոմանք ծուլութեամբ կ՚ապրին, առանց որեւէ գործ ընելու, միակ գործ ըրած՝ ուրիշներու գործին խառնուիլը: Այնպիսիներուն՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով կը պատուիրենք եւ կը խնդրենք, որ սովորական աշխատանքին վերադառնան եւ իրենց աշխատանքով իրենց հացը վաստկին» (Բ.Թս 3.10-12): Նոյն Առաքեալը դարձեալ կը պատուիրէ՝ աշխատիլ ո՛չ միայն իրենց պէտքերը լիացնելու, այլեւ՝ կարօտեալներուն տալու կարողութիւն ունենալու. «Ով որ գողութեամբ կ՚ապրէր՝ թող այլեւս չգողնայ, այլ՝ վարժուի արդար վաստակով ո՛չ միայն իր հացը շահելու, այլ նաեւ բարիք գործելու, օգնելով անոնց՝ որոնք կարօտ են» (Եփ 4.28). «...այլ՝ որպէսզի անդամները իրարու հանդէպ նոյն հոգածութիւնը ունենան» (Ա.Կր 12.25): Ի վերջոյ, Սուրբ Գիրքը մարդը երբեմն կը նմանցնէ երկրագործի, որ կը ցանէ հնձելու համար. երբեմն զինուորի, որ պարտաւոր է միշտ շարժումի մէջ ըլլալ. երբեմն ծառայի, որ պարտաւորուած է իր տիրոջ սպասելու համար արթուն ըլլալ եւ իր պաշտօնը կատարել:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 26
Վաղարշապատ