ՄՇԱԿՈՒՄ

Մշակութային աշխարհագրութեան դասի համար լաւագոյն օրինակ կրնար ըլլալ մեր տունը։ Մեր տունը, որ կ՚ըսեմ, նկատի ունիմ իր ոգեղէն եւ մշակութային պարունակութիւնը։

Պատմական տարբեր ուղեգիծեր ունեցող մարդոց փուռ մըն էր ան, ուր մէկը միւսին կը խառնուէր, մէկը միւսը կը համեմէր, իւրայատուկ շունչ ու համ մը ստեղծելով։ Աշխարհի տարբեր կողմերէն եկած մարդիկ, անոնց հետ իրեր, լեզու, լեզուամտածողութիւն, հաւատք ու հաւատամք, կ՚ապրէին նոյն տանիքին տակ, ու մեզի, երեխաներուս, որպէս մէկ ամբողջութիւն կը ներկայանային. խայտաբղէտ բայց մէ՛կ իրականութեան մէջ կը թրծուէինք մենք։

Մեծ մայրս իտալացի էր։ Նափոլիի կողմերը գիւղի մը մէջ ծնած՝ 1935 թուականին։ Իր հայրը, Մուսոլինիի գաղափարակից եւ կուսակիցներէն, ատեն մը ծառայած էր որպէս գլխաւոր հիւպատոս մեր այս միջինարեւելեան երկրին մէջ։ Մեծ մայրս, Մարթան, յաճախած էր տեղւոյն պետական վարժարաններէն մէկը, եւ լաւ արաբերէնի կը տիրապետէր, թէեւ երբեք չէր կրցած (եւ չէր ուզած) ձերբազատուիլ իտալերէնի երգեցողութենէն։

Մեծ հայրս բնիկ սուրիացի էր, Ալաուի արաբ։ Հնագոյն ցեղախումբերէն մէկուն շառաւիղը. այդպէս կ՚ըսէին։ Մեծ մօրս յաճախած վարժարանին կից կար պազար մը, ուր ընտանիքիս Ալաուի կողմը մեծ առեւտուրի տէր էր։ Հասանը, որ մեծ հայրս պիտի դառնար, տեսեր էր մեծ մայրս, եւ, կ՚ըսէին, սիրահարուեր էր աւելի իտալերէնին, քան իր սրճագոյն աչքերուն եւ միշտ ուղիղ մազերուն, զորս այնքան գեղեցիկ կը գտնէի ես։

Ամուսնացեր էին, եւ ունեցեր երկու զաւակ. հայրս ու հօրքուրս։

Հայրս փոքր տարիքէն փայլուն աշակերտ եղած էր, յատկապէս կենսաբանական ծիրէն ներս։ Այդ տարիներուն, ի՞նչ կասկած, բժիշկ պիտի ցանէին իր մէջ։ Մարթա մեծ մամիս հօր ընկեր՝ Ճափբոնի դեսպանին միջոցով, հայրս ղրկեր էին Թոքիօ, դեռ 16 տարեկանին։ Սուատը, որ աւելի ուշ հայրս պիտի ըլլար, Ճաբոնի մէջ հանդիպեր էր մօրս, Տայանային, որ իր կարգին Ճաբոնուհիի եւ անգլիացիի մը դուստրն էր։

Սուատն ու Տայանան զիս ունեցան 1975 թուականին, Թոքիոյի մէջ, եւ նոյն տարին անցան Սուրիա, Դամասկոս, ուր, շատ չանցած, հայրս գլխաւոր հիւանդանոցի բժիշկ նշանակուեցաւ։

Աչքերս բացած օրէս, այսպէսով, տարբեր ծովաբոյսերու մէջ լողացող, մէկէն միւսը գացող ձուկի մը պէս զգացած եմ ինքզինքս միշտ ալ։ Մեծ մայրս իտալերէն օրօրներ կ՚երգէր ինծի, եւ Նափոլիէն եկած բաղադրատոմսով յատուկ կրկնեփներ կը պատրաստէր ու կը դնէր սակառիս մէջ, որպէսզի տանէի դպրոց։ Զարմացող ու զիս օտար որակող դասընկերներուս պիտի հակադարձէի մեծ հօրս՝ Հասանի աւանդական արաբ ընտանիքի պատմութիւններով, որոնք անձնապէս պիտի փորփրէի, պեղէի, պատմել տայի ծերացող մարդուն։ Մայրս երբեք ալ արաբերէն չէր սորված, եւ իմ հետ անգլերէն կը խօսէր։ Կը լսէի, սակայն, ամիսը մէկ, իր ճաբոներէնը, երբ կը զանգէր մեծ մօրս, զոր երբեք չտեսայ։

Տունը մեր, այսպէսով, աշխարհագրական ու պատմական տարբեր սլաքներու հատման կէտն էր կարծես։ Եւ մենք, երեխաներս, ամէն օր վկան էինք ատոր։ Քանի քանի անգամ փորձած եմ ընտրել մէկը կամ միւսը կենսագրական յետագիծերէս, բայց աւաղ։ Փորձերս կա՛մ ընդհանրապէս ձախողած են, կա՛մ ալ միայն ժամանակաւոր յաջողութեան հասած։

Ես արաբ եմ, երբ պաղեստինեան դատի մասին հեռատեսիլային հաղորդում կը դիտեմ։ Ես իտալացի եմ, երբ կը մտնեմ խոհանոց։ Ես ճաբոնցի եմ, երբ քրոջս քաշուած աչքերուն կը նայիմ։ Ես անգլիացի եմ, երբ մայրս սրճարան երթալնուս փուտինկ կը պատուիրէ։

Ինչքան հետաքրքրական է մարդը, կը մտածեմ յաճախ երբ հայելիին մէջ կը նայիմ։ Ինչքան խորունկ է մարդուս կապը տեղի, վայրի, կայանումներու հետ։ Եւ ինչքան մեծ են հնարաւորութիւնները մարդու տեսակի, երբ անջատ վայրերը մարդկային շարժումով ու տեղափոխմամբ իրար կը կապենք։ Ոչ այն ենք, ուրկէ կու գանք, ոչ ալ այն, ուր կը ժամանենք։ Ոչ ալ սոսկ խառնուրդը երկուքին, այլ գումարումը, գոյակցումը, համակցումը անոնց։

Ես ոչ արաբ եմ, ոչ իտալացի, ոչ անգլիացի, ոչ ճաբոնցի։ Ես այդ բոլորին եւ գուցէ այլ վայրերու հետ կապուած, անոնցմէ սնուող եւ անոնցմով մշակուած մարդն եմ պարզապէս։

ԵՐԱՄ

Չորեքշաբթի, Յունուար 8, 2020