Մա­թիլտ Պու­տա­քեան (1917-2006)

Ինչ­պէս նա­խա­պէս անդ­րա­դար­ձած էի, Մա­թիլտ Պու­տա­քեան ե­ղած է Լի­բա­նա­նի մէջ ա­ռա­ջին հա­յե­րէն եր­գո­ղը, որ այդ օ­րե­րուն ար­ձա­նագ­րած է հա­յե­րէն ձայ­նապ­նակ­ներ. ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը մէջ, երբ այն­քան հա­զուա­դէպ էր եւ տա­կա­ւին չէր ընդ­հան­րա­ցած ար­ձա­նագ­րու­թեան ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը:

Իմ նա­խորդ սե­րուն­դիս կող­մէ, ճանչցուած ա­նուն մըն է Մա­թիլտ Պու­տա­քեա­նը, սա­կայն իմ սե­րուն­դէն շա­տերս լսած ենք այդ ա­նու­նը՝ որ­պէս երգ­չու­հի, ա­ռանց յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու­նե­նա­լու մեծ ա­րուես­տա­գի­տու­հիին կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին. իսկ ին­ծի յա­ջոր­դող սե­րուն­դը հա­ւա­նա­բար նոյ­նիսկ չէ լսած ա­նու­նը, որ եր­կար տա­րի­ներ ե­ղած է լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան պար­ծան­քը:

Բա­րե­բախ­տա­բար մօ­տէն ծա­նօ­թու­թիւն ու­նիմ, իր եղ­բօր աղջ­կան, շա­տե­րու ծա­նօթ ման­կա­վարժ, եր­կար տա­րի­ներ Նշան Փա­լան­ճեան Ճե­մա­րա­նի ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի Գար­մէն Տէր Կա­րա­պե­տեա­նին հետ, որ­մէ կրցայ կարգ մը տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղել, եւ պարտք կը զգամ բաժ­նե­կից դարձ­նել ներ­կայ սե­րուն­դը՝ նախ­քան մո­ռա­ցու­թեան գիր­քե­րու է­ջե­րու մէջ ար­ձա­նագ­րուի­լը:

Ո՞վ է Մա­թիլտ Պու­տա­քեան:

Հա­յոց չա­րա­շուք թուա­կա­նէն երկու տա­րի ետք, 1917-ին Պոլ­սոյ մէջ վա­նե­ցի եւ պոլ­սե­ցի ծնող­նե­րու յար­կին տակ լոյս աշ­խարհ ե­կած է Մա­թիլտ Պու­տա­քեա­նը: Ա­նուն մը, որ տա­րի­ներ ետք պի­տի դառ­նար ար­դի հայ ե­րաժշ­տու­թեան ռահ­վի­րա­նե­րէն մին:

Ու­նե­ցած է չորս եղ­բայր­ներ, ո­րոնք բո­լորն ալ ե­ղած են ինք­նուս ե­րա­ժիշտ­ներ եւ Մա­թիլտ հա­սակ առ­նե­լով ե­րաժշ­տա­կան մթնո­լոր­տով ըն­տա­նի­քի մը մէջ՝ բնա­կան է, որ պի­տի ժա­ռան­գէր իր ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն ե­րաժշ­տա­կան յատ­կու­թիւն­նե­րը, ո­րուն վրայ ա­ւել­ցած է նաեւ իր եր­գե­լու շնորհ­քը, ժա­ռան­գած՝ իր մեծ հօր­մէն, որ փնտռուած ժո­ղովր­դա­յին եր­գիչ ե­ղած է իր շրջա­նա­կին մէջ:

«Մա­թիլտ միայն վեց տա­րե­կան էր, երբ սկսաւ եր­գեր յօ­րի­նել ու եր­գել»:

1926-ին, ինն տա­րե­կա­նին կը հաստա­տուի Պէյ­րութ ու կը յա­ճա­խէ նախ Սուրբ Նշան, ա­պա Հռիփ­սի­մեանց քոյ­րե­րուն վար­ժա­րան­նե­րը:

Իր ֆրան­սա­ցի դրա­ցու­հին լսե­լով զինք՝ ան­ձամբ ներ­կա­յա­ցու­ցած է Մա­թիլ­տը ռա­տիօ­կա­յա­նի տնօ­րէ­նու­թեան, որ հմա­յուած ա­նոր իւ­րա­յա­տուկ ձայ­նէն, ա­ռա­ջար­կած է շա­բա­թա­կան դրու­թեամբ ե­լոյթ­ներ ու­նե­նալ ձայ­նաս­փիւ­ռէն, որ շա­րու­նա­կուած է ամ­բողջ քսանհինգ տա­րի:

Նոյն շրջա­նին բազ­մա­թիւ ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցած է լի­բա­նա­նա­հայ գա­ղու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու ըն­թաց­քին:

Նի­կոլ Աղ­բա­լեան կո­չած է զինք «Սա­յաթ Նո­վա­յի եր­գե­րու իւ­րա­յա­տուկ մեկ­նա­բան»:

1945-ին ըն­տա­նիք կը կազ­մէ Օ­շին Քէ­շի­շեա­նին հետ, ո­րուն քա­ջա­լե­րան­քով եւ ար­հես­տա­գի­տա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ՝ հրա­տա­րա­կած է 9 ձայ­նապ­նակ­ներ, ո­րոնք կը բաղ­կա­նա­յին 18  եր­գե­րէ, նուա­գա­խումբ ու­նե­նա­լով նախ՝ Գուր­գէն Խան­ճեան եւ եղ­բայր­նե­րը, իսկ ա­ւե­լի ուշ՝ հան­րա­ծա­նօթ ե­րա­ժիշտ Պօ­ղոս Ճե­լա­լեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ յայտ­նի ե­րա­ժիշտ­նե­րէ բաղ­կա­ցած նուա­գա­խում­բը:

Տուած է եր­գա­հան­դէս­ներ հա­յա­շատ գա­ղութ­նե­րու մէջ:

1954-ին Հա­լէպ, իսկ 1955-ին՝ Պո­լիս:

Մաս­նակ­ցած է Տքթ. եւ Տի­կին Աբ­րա­հա­մեան­նե­րու ղե­կա­վա­րած Հա­մազ­գա­յի­նի եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թի նուա­գա­խում­բին՝ ման­տո­լին նուա­գե­լով:

Մեր ման­կու­թեան տա­րի­նե­րուն Շարլ Ազ­նա­ւուր ա­նու­նը չէինք լսած, սա­կայն մեզ­մէ տա­րեց­նե­րէն յա­ճախ կը լսէինք «Մա­թիլ Տու­տա­քեան» ա­նու­նը (այդ­պէս կը կար­ծէինք):

Չէինք գի­տեր՝ ո՞վ է, ի՞նչ կ՚ը­նէ, սա­կայն գի­տէինք, որ նշա­նա­ւոր անձ մը ըլ­լա­լու է:

Ե­ղած է Հա­մազ­գա­յի­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեան գոր­ծու­նեայ ան­դամ­նե­րէն եւ 50-ա­կան թուա­կան­նե­րուն ե­ղած է այդ միու­թեան ա­ռա­ջին ռա­տիօ­ժա­մին խօս­նա­կը:

Իր ա­րուես­տա­գի­տու­հիի շնորհք­նե­րուն վրայ կ՚ա­ւել­նայ նաեւ իր գրա­կան շնորհ­քը:

Եօ­թա­նա­սու­նա­կան թուա­կան­նե­րուն մաս կազ­մած է «Բա­գին» գրա­կան ամ­սա­թեր­թի անձ­նա­կազ­մին եւ դա­սա­ւան­դած է Նշան Փա­լան­ճեան Ճե­մա­րա­նի նա­խակր­թա­րա­նի բաժ­նին մէջ:

***

Կը բնա­կէր այն շէն­քին մէջ, ուր կը գտնուէր «Ազ­դակ»ի նախ­կին տպա­րա­նը:

Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն միշտ ե­ղած է «Ազ­դակ»ի խմբագ­րա­կան կազ­մին հետ՝ խրա­խու­սե­լով հոն գտնուող հայ մար­տա­կան տղաքն ու «Ազ­դակ»ի նուի­րեալ անձ­նա­կազ­մը:

Իր եր­գե­րով «մոռց­նել» տուած է ռում­բե­րու ձայ­նե­րը:

Զա­ւէն Թո­րի­կեա­նի վկա­յու­թեամբ, «Ա­մէն ան­գամ, երբ կը դի­մէինք «Ազ­դակ»ի գետ­նա­յարկ խմբագ­րա­տու­նը, աս­տի­ճան­նե­րէն վար ի­ջած ժա­մա­նակ, մեր ա­կանջ­նե­րուն կը հաս­նէր Մա­թիլ­տի ա­նուշ եւ իւ­րա­յա­տուկ ձայ­նը: Ֆրան­սա­ցի աշ­խար­հահռ­չակ երգ­չու­հի Է­տիթ Փիա­ֆի եր­գե­րը մեկ­նա­բա­նած ժա­մա­նակ այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը կ՚ու­նե­նա­յինք, որ Է­տիթ Փիաֆ ներ­կայ է այդ շէն­քին մէջ»:

Տա­րի­ներ ան­ցան: Վրայ հա­սան Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի դա­ժան տա­րի­նե­րը:

1989-ին, մեծ թի­ւով լի­բա­նա­նա­հա­յե­րու նման, չդի­մա­նա­լով Լի­բա­նա­նի ա­ւե­րիչ ռում­բե­րուն, կը հաս­տա­տուի Լոս Ան­ճե­լըս՝ բնա­կե­լով նախ Բաբ­գէն Սա­սու­նիի ըն­տա­նի­քին մօտ, ա­պա իր եղ­բօր աղջ­կան՝ Գար­մէն Տէր Կա­րա­պե­տեա­նին հետ:

Լի­բա­նա­նի մէջ, նաեւ Լոս Ան­ճե­լըս, ստանձ­նած է վար­չա­կան պաշ­տօն­ներ: Ամ­բողջ կէս դար ան­դա­մակ­ցած է ՀՕՄ-ին եւ Հայ տա­րեց­նե­րու միու­թեան Էն­սի­նո­յի մաս­նա­ճիւ­ղին, որ 2002-ին տօ­նեց իր եր­գա­րուես­տի յիս­նա­մեա­կը՝ նուի­րե­լով յու­շա­տախ­տակ մը:

Մա­թիլտ Պու­տա­քեան սի­րած է երգն ու ա­րուես­տը: Ե­ղած է միշտ կե­սու­րախ եւ փնտռուած՝ իր շրջա­պա­տին մէջ: Բազ­մա­լե­զու երգ­չու­հին հա­ւա­քոյթ­նե­րու ժա­մա­նակ ճո­խա­ցու­ցած է մթնո­լոր­տը:

Իր մտե­րիմ­նե­րու վկա­յու­թեամբ, «Եր­գե­լու նազ ու տուզ կ՚ը­նէր, սա­կայն ան­գամ մը, որ սկսէր, եր­գե­րու շար­քը վերջ չէր գտներ»:

Մա­թիլտ Պու­տա­քեա­նի եր­գա­ցան­կը հա­րուստ էր ֆրան­սե­րէն, ա­րա­բե­րէն եւ մա­նա­ւանդ հա­յե­րէն եր­գե­րով: Այն թուա­կան­նե­րուն, երբ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ հա­զուա­դէպ եւ այն­քան ալ հեշտ չէր ձայ­նապ­նակ ար­ձա­նագ­րե­լը, ան ու­նէր հա­յե­րէն 18 եր­գե­րէ բաղ­կա­ցած 9 ձայ­նապ­նակ­ներ, ո­րոնց­մէ մէկ քա­նին, մին­չեւ օրս կ՚եր­գուին տար­բեր եր­գիչ­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք շատ հա­ւա­նա­բար ան­տե­ղեակ են եր­գե­րու իս­կա­կան հե­ղի­նա­կին ա­նու­նին՝ յան­ձինս Մա­թիլտ Պու­տա­քեա­նի:

Իր ա­մե­նա­շատ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն ու­նե­ցող եր­գե­րէն կա­րե­լի է յի­շել՝ «Մի ան­գամ նա­յուած­քովդ», «Գի­շերն ա­նուշ է», «Ա­րի՛, եա՛ր ջան», «Մա­րալ աղ­ջիկ» եւ տաս­նեակ մը ու­րիշ­ներ:

Բա­ցի 18 ձայ­նագ­րուած եր­գե­րէն, ու­նի նուա­զա­գոյ­նը 6 յօ­րի­նում­ներ, ո­րոնք չեն ձայ­նագ­րուած:

***

Հա­մազ­գա­յի­նի «Պա­րոյր Սե­ւակ» մաս­նա­ճիւ­ղի կազ­մա­կեր­պած ըն­կե­րա­յին ձեռ­նար­կի մը ներ­կայ ենք: Մտեր­միկ մթնո­լորտ: Երգ ու պար:

Մոռ­ցած ըլ­լալ կը թուինք Պէյ­րու­թի ռում­բե­րը: Ու­րախ է ա­մէն մարդ:

Ներ­կա­նե­րէն մէ­կը բարձ­րա­ձայն՝ «Մա­թիլ­տէն երգ մը, ե­թէ կա­րե­լի է»:

Բո­լո­րը միա­բե­րան, «Կ՚ու­զե՛նք, կ՚ու­զե՛նք»:

Ըն­դու­նուած սո­վո­րու­թիւն դար­ձած, քիչ մը «չեմ ու չում»է ետք բեմ կը բարձ­րա­նայ Մա­թիլտ Պու­տա­քեա­նը, մեր ման­կու­թեան տա­րի­նե­րու «Մա­թիլ Տու­տա­քեան»ը:

Ու կը սկսի.

«Մի ան­գամ նա­յուած­քովդ, հո­գիս մա­շե­ցիր­
Ին­ծի մեճ­նուն ա­րե­ցիր, չո­լեր ձգե­ցիր:
Թէ ա­սում են դի­մա­ցիր, ես ո՞նց դի­մա­նամ»:

Ներ­կա­նե­րը կը մաս­նակ­ցին եր­գե­ցո­ղու­թեան: Մե­ներ­գը վե­րա­ծուած է խմբեր­գի:

Ման­կու­թեանս շատ լսած էի այդ եր­գը, ան­գիր գի­տեմ բա­ռե­րը, սա­կայն չեմ մաս­նակ­ցիր: Կը դի­տեմ զին­քը եր­կար:

Ու­րեմն այս է Մա­թիլ­տը, ո­րուն մա­սին այն­քա՜ն լսած եմ ման­կու­թեանս տա­րի­նե­րուն: Նոյ­նինքն Մա­թիլ­տը, որ Լի­բա­նա­նի մէջ ե­ղաւ Ա­ՌԱ­ՋԻՆ հա­յե­րէն եր­գո­ղը: Կը յի­շեմ, երբ մար­դիկ ձայ­նաս­փիւ­ռին դի­մաց նստած՝ ան­համ­բեր կը սպա­սէին Մա­թիլ­տի հա­յե­րէն եր­գե­րը ունկնդ­րե­լու:

Նոյ­նինքն Մա­թիլ­տը, որ ինչ­պէս կը վկա­յեն եր­կու բա­րե­կամ­ներս, «Ազ­դակ»ի նախ­կին խմբա­գիր Սար­գիս Մահ­սէ­րէ­ճեան եւ աշ­խա­տա­կից Զա­ւէն Թո­րի­կեան, թէ ինչ­պէս Մա­թիլ­տի ա­նուշ ձայ­նը «Ազ­դակ»ի տպա­րա­նին մէջ կը «չէ­զո­քաց­նէր» ռում­բե­րու գո­ռո­ցը: Խմբա­գիր, անձ­նա­կազմ, գրա­շար ու է­ջադ­րող, բո­լո­րը միա­սին կը շրջա­պա­տէին զինք: Բո­լո­րին սի­րե­լի Մա­թիլ­տը:

Այդ ե­րե­կոյ ա­ռա­ջին եւ վեր­ջին հան­դի­պումս ե­ղաւ Մա­թիլ­տին:

Օ­րե­րը դար­ձան շա­բաթ­ներ, ա­միս­նե­րը վե­րա­ծուե­ցան տա­րի­նե­րու:

«Հա­մազ­գա­յին»ի այդ օ­րուան ձեռ­նար­կը, բազ­մա­թիւ հա­ճե­լի օ­րե­րու նման, ար­դէն մո­ռա­ցու­թեան ան­ցած էր, երբ «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թի մէջ աչ­քիս զար­կաւ մա­հազդ մը, որ կը գու­ժէր Մա­թիլտ Պու­տա­քեա­նին մա­հը:

Յու­զու­մով յի­շե­ցի այդ ե­րե­կոն, երբ հա­կա­ռակ իր յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քին, կը խան­դա­վա­ռէր ներ­կա­նե­րը:

Աչ­քերս յա­ռած թեր­թի այդ ծա­նու­ցու­մին՝ կ՚անդ­րա­դառ­նամ, որ յա­ւերժ լռած է իր հմա­յիչ ձայ­նը, սա­կայն …

­Մա­թիլ­տի նման ա­րուես­տա­գէտ­ներ  չեն մա­հա­նար: Կ՚ան­մա­հա­նան:

Այս տա­րի իր ծննդեան 100-ա­մեակն է, եւ այդ ա­ռի­թով իր սի­րե­լի­նե­րուն եւ հա­մայն հա­յու­թեան ա­նու­նով թոյլ տուէք, որ բարձ­րա­ձայն ը­սեմ:

«Թէ ա­սում են դի­մա­ցիր, ես ո՞նց դի­մա­նամ»:

Հայ եր­գա­րուես­տի պատ­մու­թեան մէջ ոս­կե­տա­ռով յի­շուած ա­նուն մը:

Մա­թիլտ Պու­տա­քեան:

ՊՕ­ՂՈՍ ՇԱՀ­ՄԵ­ԼԻ­ՔԵԱՆ

Լոս Ան­ճե­լըս, 2017

Չորեքշաբթի, Փետրուար 8, 2017