ԱՐՁԱՆՆԵՐԸ

Քարակոյտեր շարուած են դես ու դէն, մարդկային քարակոյտեր պուրակի մը մէջ: Իւրաքանչիւրը կերպարանք մը հագած, բազմած է, կամ կանգնած: Կեանքի պատկերն է արտայայտուած: Տարբեր տարիքի եւ սեռի դէմքեր կը կրեն անոնք, յայտնիները շատ քիչ են. այնպէս կը թուի, թէ առօրեայէն քաղուած կենդանի պատկեր մըն է, հիմա պիտի շարժին՝ կը խորհիս:

Արձաններուն աչքերը պէտք է զննել, բայց ինչո՞ւ, ի՞նչ փնտռելու ու գտնելու, անհոգի այս բեկորներուն աչքերէն ի՞նչ կարելի է կռահել... քանդակագործին ապրումները, զգացումներն ու ներաշխա՞րհը...:

Ահա այս մէկը հարուածէ մը սառածի, հիասթափածի տեսքն ունի. չակնկալածը լսածի տպաւորութիւն մը կ՚երեւի անոր անհոգի, երկինք սեւեռած աչքերուն մէջ. հիասթափութեան հետ փունջ մը սէր պակսած, նուազած է հոգիէն, ու ինք կ՚աղերսէ կարծես Սիրոյ մարմնացումին, որ սէր, գութ ու խիղճ կաթեցնէ մարդոց սրտերուն ու հոգիներուն մէջ:

Հոս երկու քանդակ դէմ առ դէմ են, փոքր մանչուկ մըն է, որուն դէմ՝ միջին տարիքի, արտաքնապէս գեղազարդ երիտասարդ մը: Երիտասարդին ձեռքը գաւազան մը՝ ուղղուած մանչուկին, որուն ի տես մանչուկին աչքերը կը դողան կարծես: Ուսուցիչ մըն է, կը դասաւանդէ կ՚երեւի, կամ հայր մը թերեւս, որ յանդիմանութեամբ ձագուկին մէջէն սէրը կը քաղէ ու անոր տեղ սարսափ կը ցանէ: Անմի՜տ, այս ձագուկը ա՛լ ինչպէ՞ս սիրէ ուսումը, կեանքը..., ինչպէ՞ս սիրէ քեզ:

Ահա այս նստած տատիկը իմ բնակած թաղիս անկիւնի տատիկին կը նմանի, որ ամէն զիս տեսնելուն կը ժպտի ու իր դէմը շարած տոպրակներուն մէջի կանաչեղէնը կը թարմացնէ. գիտէ, որ անպայման բարեւիս հետ բան մը պիտի առնեմ քովէն, իսկ երբ երէկ, այս ցուրտին, դարձեալ նստած գտայ զինք նոյն տեղը.

-Տատի՛կ, ցուրտ է, չմսիս. տունը աւելի տաք չէ՞,- հարցուցի:

-Աղջիկ ճան, ես տանը մենակ չեմ կարում նստեմ, մենութիւնը դող է պատճառում,- պատասխանեց,- գիտե՞ս, դու իմ աղջկան ես նման, որ Ռուսաստանում է բնակուում, դրա համար եմ ժպտում քեզ տեսնելիս, իսկ երկու տղերքս էլ արտասահման են, էլի՛, ի՞նչ անեմ տանը մենակ նստեմ, համ էլ էստեղ մարդկանց հետ եմ շփուում, օրապահիկս էլ եմ հանում..., վատ չի:

Ապրուստէն աւելի մարդու տեսքին, սիրոյ, գուրգուրանքի կարօտ են հոս տատիկը եւ իրեն նման շատե՜ր:

Ահա այս արձանը զօրավարի մը կը նմանի, Վարդա՛նն է կարծես, բայց ո՞ւր է երիվարը, սուրը..., սաղաւարտն ալ ձեռքը բռնած կը դիտէ անցորդները խոժոռ դէմքով: Միթէ՞ ինք ալ տեսած է օտարացած Վարդանները, ծնողներու հայութեան շարունակականութիւնը ոտնակոխ ընող Վարդանները...:

Ահա այս ալ Մաշտոցին կը նմանի, որ կ՚ափսոսայ լեզուին աղաւաղման ի տես...:

Հոս ֆետայի մըն է, որ հարցական հայեացքով արդարութեան փնտռտուքի մէջ է, չըլլայ թէ ինք ալ լսած է մեր Օրհներգին փոխուելուն լուրը, որ հայութիւնը տրտմեցուց ու տխուր արձագանգները ամէն օր կ՚երեւին դիմատետրի էջերուն...:

Իսկ այս պատանին, վկայականը ձեռքը բռնած երկինքը կը չափչփէ, փա՞ռք կու տայ Բարձրեալին, թէ հանգրուան մը աւարտած նոր անորոշութեան մը մէջ է ու իր նպատակին հասնելու համար խոչընդոտներուն վրայ կը թափէ իր ներքին կրակը եւ Վարուժանի բառերով կը բացագանչէ կարծես կողքիններուն դիմելով՝

«Արեւով լի եւ արեւները տանող 

Ուղիիս վրայ մի՛ սըփռէք 

Ձեր շուքը, մռայլ թեւի մը պէս ուրուրի։

... Ես կ՚երթամ դէպի աղբի՜ւրը լոյսին»:

Ամէն ոք փնտռտուքին մը մէջ է, մէկը սէր, միւսը նպատակ, ուրիշ մը գիտութիւն, արդարութիւն..., փնտռտուք մը, որ վերջ չունի, ինչպէս վերջ չունին խոչընդոտները կեանքի բոլոր ուղիներուն:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 8, 2019