ԴԷՊԻ ԿԻՆԵՐՈՒ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Կինը, կամ աւելի ճիշդը՝ իգական սեռը, դարերու ընթացքին եղած է ամենէն հալածուած եւ ստրկացուած սեռը, բոլոր մարզերուն մէջ՝ ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային: Հայրիշխանութիւնը քաղցկեղի նման մուտք գործեց հասարակական բոլոր հաստատութիւններուն մէջ, պատճառ դարձաւ անոնց փտածութեան եւ զանոնք վերածեց կիներու ստրկացման մէկական միջոցի: Հայրիշխանութիւնը օգտագործեց ամէն  միջոց չարիքը նոյնացնելու իգական սեռին հետ: Բայց այդ ամբողջը ինչպէ՞ս կրցաւ իբրեւ ահաւոր համակարգ մուտք գործել մարդկութեան պատմութեան մէջ:

ԿԻՆԵՐՈՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ-ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԸ՝ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Նախապատմական շրջանին, ընկերային-տնտեսական համայնական դրութեան ներքեւ, գոյութիւն չունէր սեռային անհաւասարութիւն: Կինը, տղամարդու կողքին, կ՚ուտէր, կը խմէր եւ կը վայելէր կեանքի բոլոր բարիքները՝ առանց որեւէ խտրութեան: Սակայն, սեռային խտրականութեան առումով կացութիւնը 180 աստիճան փոխուեցաւ քաղաքակրթական կանուխ ժամանակաշրջաններէն սկսեալ, երբ ծնունդ առաւ հողային եւ անհատական սեփականատիրութեան հարցը: Այստեղ տղամարդը իր ֆիզիքական ուժը օգտագործեց բացասականօրէն եւ կեանքի բարիքները կեդրոնացուց իր ձեռքը: Քաղաքակրթութեան զարգացման հետ զուգահեռաբար զարգացան տնտեսութիւնն ու քաղաքականութիւնը: Արդէն տղամարդը սեփականացուցած էր աշխարհի մէջ գտնուող գրեթէ բոլոր հողերն ու կալուածները, եւ կառավարութիւնը (իբրեւ պետական հաստատութիւն) օրինականացուցած էր հայրիշխանութիւնը՝ իգական սեռի ներկայացուցիչները դարձնելով իրենց հօր, եղբօր կամ ամուսնոյն ստրուկները: Արգիլուեցաւ կիներու մուտքը քաղաքական, ռազմական եւ գիտական մարզերուն մէջ: Օրինականացման գործընթացը տեղի ունեցաւ հին աշխարհի բոլոր պետութիւններուն մէջ, ինչպէս՝ հռոմէական, հելլէնական, պարսկական եւ այլն:

Միջնադարեան աւատապետութիւնը աւելի խստացուց խտրականութիւնը: Համակարգը դարձաւ իգական սեռի թշնամին՝ իր կանոններով, օրէնքներով եւ քաղաքականութեամբ՝  պատժական խիստ տնօրինումներ որդեգրելով բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը խախտեն հաստատուած իրավիճակը: Աւատապետութիւնը կիներուն համար իբրեւ ասպարէզ լաւագոյն տեղը գտաւ խոհանոցը, եւ միշտ ալ անոնց լաւագոյն օրինակը տեսաւ այն կիներուն մէջ, որոնք կը հնազանդին տղամարդոց:

Աւատապետութեան յաջորդեց ժամանակակից արդիւնաբերութիւնը, որուն հետ ծնաւ դրամատիրութիւնը, որ կիները տեսաւ իբրեւ սպառողական շահագործման միջոցներ: Զանոնք ստրկացուց գործարաններուն մէջ:

Գերմանացի ընկերվարական եւ մարքսական տեսաբան Օկիւսթ Պեպելի հետեւեալ խօսքով կ՚եզրակացնէ պատմութեան ամբողջ ընթացքին կիներու ընկերային-տնտեսական իրավիճակը. «Ընկերային ամբողջ կախեալութեան եւ ճնշուածութեան արմատները կը գտնուին ճնշողին կողմէ ճնշուողին տնտեսական կախեալութեան մէջ: Կիները (ինչպէս գիտենք մարդկային զարգացման պատմութենէն) կանուխ ժամանակներէն այս կացութեան մէջ կը գտնուին»:

ԿԻՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԸ ԱՅՍՕՐ

Կիներու ներկայ միջազգային ընկերային-տնտեսական կարգավիճակը ծնունդ առաւ լուսաւորութեան ժամանակաշրջանի սկզբունքներէն, ազատական միտքերով օժտուած ֆրանսական յեղափոխութենէն, ընկերվարական միտքերով օժտուած ռուսական յեղափոխութենէն եւ 1960-ականներու ձախակողմեան շարժումներէն: Յիշեալ դէպքերը բարելաւեցին կիներու թշուառ կեանքը, օրինականացուցին անոնց մուտքը աշխատանքի շուկայ, անոնց առիթ տուին ուսում ստանալու, ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունք տուին եւ ազատեցին զանոնք բազմաթիւ կաշկանդումներէ: Բայց այս բոլորը չեն նշանակեր, որ կիները կատարելապէս ազատ են եւ ամբողջապէս հաւասար՝ տղամարդուն: Նայեցէ՛ք քաղաքական մարզին. գլխաւոր դէմքերը մեծամասնութեամբ տղամարդիկ են: Նայեցէ՛ք տնտեսական հաստատութիւններու տնօրէններուն. մեծամասնութեամբ տղամարդիկ են: Կ՚ուզէ՞ք ուրիշ օրինակներ, նայեցէ՛ք միջազգային բոլոր հաստատութիւններու վարչութիւններուն. մեծամասնութեամբ տղամարդիկ են:

Եթէ ներկայացուցչական գետնի վրայ սեռային անհաւասարութիւն կը տիրէ, ուրեմն առօրեայ կեանքին մէջ՝ զրկանք. 21-րդ դարն ենք, եւ տակաւին այս երկրագունդին վրայ կան տեղեր, ուր աղջիկներուն արգիլուած է ուսում ստանալ, աշխատանքի շուկայ մուտք գործել, արդար աշխատավարձ ստանալ՝ բռնութեան արդարացումով եւ նոյնիսկ աւելի սարսափելի քայլերով, որոնք կը յանգեցնեն անոնք անձնական կարծիքի արտայայտութեան իրաւունքի ու ինքնավարութեան ոտնահարման: Ժամանակը հասած է կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ կիներու կատարեալ ազատագրութեան, որ տեղի պիտի ունենայ անոնց եւ տղամարդոց միջեւ հաւասար կարելիութիւններու ապահումով:  Կիները իրաւունք ունին ազատ շունչ առնելու, եւ հազարաւոր տարիներէ ի վեր կազմուած ժանտ շղթան պէտք է փշրուի այլեւս:

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ 

Հինգշաբթի, Մարտ 8, 2018