ՄԵԾ ՊԱՀՔ (Դ.)

Քառասնորդաց պահեցողութիւնը՝ ինչպէս նախորդ գրութիւններուն մէջ նշած եմ, խորքին մէջ ճանապարհորդութիւն մըն է, որ կը սկսի տեղէ մը, այլ տեղ մը հասնելու համար, այլ խօսքով ճանապարհորդութեան սկիզբը ճանապարհորդները նպատակ կը դնեն իրենց համար հասնելու ցանկալիին: Ինչպէս իւրաքանչիւր ճանապարհորդութեան ընթացքին, ճանապարհորդները երբեմն քանի մը անգամ կը հանգստանան, իսկ երբեմն ալ միայն մէկ անգամ: Քառասնորդացի պահեցողութեան ճանապարհորդութեան ընթացքն ալ ունի իր հանգիստի հանգրուանը, որ մէկ անգամ է: Այդ հանգրուանը կը կոչուի Միջինք: Միջինք բառին իմաստը պարզ ու յստակ է: Միջինք կը նշանակէ որեւէ բանի կէսը կամ մէջտեղը:

Հոգեւոր առումով Միջինքը պահեցողներուն համար առիթ մըն է վերաթարմանալու, ուժերը հաւաքելու, վերամփոփուելու եւ աւելի վճռակամութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ շարունակելու մնացած ճանապարհորդութիւնը:

Դժբախտաբար շատեր Միջինքը այլ կերպ կը հասկնան եւ հոգեւորէն հեռանալով՝ սը-խալի մէջ կ՚իյնան: Այսպիսով, շատեր Միջինքին կը լուծեն իրենց պահեցողութիւնը, ուրիշներ հաւաքներ կը կազմակերպեն, կ՚ուտեն, կը խմեն եւ կ՚ուրախանան: Այս բոլորը սխալ եւ մերժելի երեւոյթներ են: Ինչո՞ւ. որովհետեւ եթէ տուեալ անձը, որ յանձն առած է պահք պահել, կը գիտակցի, թէ այդ միջոցը մաքրուելու եւ սրբանալու առիթ է. կը գիտակցի, թէ ինք իր մեղքերէն եւ յանցանքներէն մաքրուելու համար է, որ յանձն առած է այս պահեցողութիւնը. կը գիտակցի, որ այս ընթացքին զրկուած է հաղորդուելէ մեր Տիրոջ ու Փրկիչին կենարար ու սրբարար Մարմինով եւ Արիւնով: Եթէ այս բոլորին գիտակցումը ունենայ մարդ, պէտք է գիտակցի հետեւաբար, թէ Միջինքին կարելի չէ պահքը լուծել, առաւել եւս հաւաքներ կազմակերպել՝ ուտելու, խմելու եւ ուրախանալու համար, որովհետեւ եթէ այդպէս կատարէ, կը նշանակէ, թէ լուրջ չէ իր պահեցողութեան մէջ, առաւել եւս զԱստուած է որ կը խաբէ: Հետեւաբար պէտք է զգոյշ մօտենալ Միջինքին, պահքը չլուծել, ընդհակառակը, պէտք է ուժ հաւաքել նոյն կերպով շարունակել ճանապարհորդութիւնը ապահով ու խաղաղ կերպով հասնելու համար նաւահանգիստ:

Այս առումով, այստեղ կը ներկայացնեմ 9-րդ դարուն ապրած մեր մատենագիրներէն՝ Թէոփիլոսի Միջինքի մասին ճառը, զոր թարգմանած եմ գրաբարէ: Ընթերցողը այս ճառին մէջ պիտի նշմարէ եւ ընկալէ Միջինքին հոգեւոր իմաստը եւ աւելիով գիտակցի, թէ ինչո՛ւ Միջինքին պէտք է զգոյշ մօտենալ եւ չշոգիացնել այն ամբողջ աշխատանքը, որ ճանապարհորդութեան սկիզբէն մինչեւ Միջինքի օրը կատարուած է:

ՍՈՒՐԲ ԹԷՈՓԻԼՈՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ ԸՍԱԾԸ՝ ՔԱՌԱՍՆՈՐԴԱՑ ՊԱՀՔԻ ՄԻՋԻՆՔԻՆ ՄԱՍԻՆ

Ահաւասիկ Քառասնորդաց այս պահքին ծովը ընդմիջեցինք, որուն թեթեւ նաւով մտանք ծով, եւ պահքի այս ծովը, կրնայ ցամքեցնել մեղքերուն ծովը: Ծով, որ առանց արբեցութեան հիւթի կայացաւ, արդարութեան տունկ՝ բազմաթիւ ոստերով, որ զանազան պտուղներ կը բխի՝ ուտողներուն անմահութեան կեանք պարգեւելով: Ծով, որ սովորութեան համաձայն ոչ թէ զեխելով կը փտացնէ պտղաբերողներուն արմատները, այլ՝ սնուցանելով իբրեւ պարարտ կերակուր՝ ատոք կը պահէ: Ծով կը կոչուի եւ տունկերը կը սնուցէ, որ իր մէջ տնկուած է առանց ջուրի: Ծով, որ առանց ջուրի ցորենին հասկերը պարարտ կ՚ընէ եւ Տիրոջ շտեմարաններուն մէջ մէկի (փոխարէն) հարիւր կը բխեցնէ: Ծով, որ ոչ թէ անբան ձուկեր ունի եւ որոնք դուրս կը հանէ որսորդներուն ձեռքը, այլ՝ ծով է, որ անբանները բանաւոր կը դարձնէ, երաշտի մէջ բնակողները իր մօտ կը հաւաքէ, եւ ծարաւի պատճառով հիւանդացածները կը կենդանացնէ եւ ասոր մէջ ծարաւ կը պահէ արբեցութեան բերանները: Ծով, որ իր մէջ մտնողները ո՛չ թէ կը խեղդէ, այլ՝ առաւել կը զօրացնէ, ասկէ ելածը կը մեռնի, որովհետեւ իւրաքանչիւր ցամաքա-սնունդ կենդանի ծովին մէջ իյնալով կը սատկի ու կ՚ապականի, եւ իւրաքանչիւր ջրային կենդանի ցամաք ելլելով կը սատկի. սակայն, մեր՝ այս ծովին մէջ մտնելով, ով որ մեղքերով ապականուած է, կը նորոգուի եւ այս ծովուն մէջ մնալով ծարաւ կը մնանք ախտերու զեխութենէն:

Հետեւաբար, եկէք ասկէ ետք այս պահքի ծովը, որ այսօր միջածովեցանք մեղքերու ծովին վրայ, որովհետեւ շատ լաւ գիտենք, որ այս պնդութեան ծովը, կրնայ ցամքեցնել չար մեղքերու ծովը եւ բանաւոր ձուկերը, որ ասոր մէջ կը շրջին, ցամաքին վրայ կ՚ապրեցնէ: Աւելի՛ն, ո՛չ միայն առանց վնասի կ՚ապրեցնէ, այլ՝ երկինք կը բարձրացնէ: Տակաւին, պահքի այս ծովին մէջ նաւորդները չեն նաւաբեկեր, այլ՝ մրրիկներուն մէջ, որպէս թէ պայծառ նաւահանգիստի մէջ, կը պահէ: Ասոր Նաւապետը երկինքէն աւելի բարձր է, ուր չե՛ն կրնար բարձրանալ ծովուն ալիքները եւ նաւերը ընկղմեցնողներն ալ չեն կրնար հասնիլ: Եթէ նաւորդներս նաւուն սիւները հաւատքով հաստատենք եւ առագաստները՝ առաքինութեան գործերով տարածենք, այն ատեն կրնանք քաղցրաշունչ հողմով, որ Սուրբ Հոգիէն փչուած է այս ծովուն մէջ, որ այսօր միջածովեցանք՝ հասնելու համար դէպի կատարեալ նաւահանգիստը, ուր պիտի տեսնենք, թէ նստած է Նաւապետը, եւ Իր մարմինէն կը կերակրէ բոլորը եւ Իր արիւնէն կը խմցնէ անոնց, որոնք արժանապէս պիտի մօտենան Անոր եւ Սուրբ Սեղանին առջեւ, որոնք արժանի պիտի ըլլան ճաշակելու Իրմէ այս ծովուն մէջ նաւարկութեան ժամանակ, եւ որոնք այն ատեն արժանի պիտի ըլլան, ինչպէս որ իւրաքանչիւրը իր խիղճին մտածումները գիտէ:

Արդ, շատ բարւոք նաւեցինք եւ հասանք այս ծովուն մէջտեղը եւ առանց վնասի մնացինք: Նաւապետը ուրախացաւ մեր ուղիղ նաւորդներուն համար, որովհետեւ մեր նաւերը ախտերու շատակերութենէն չծանրացան եւ ոչ ալ ալեկոծ մարտերով ջարդուեցան մեր նաւերուն տախտակները զեխութիւններու արբեցութենէն, այլ՝ բարեպաշտութեան առագաստը տարածելով, պարկեշտ կերակուրով միջածովեցանք հոգին ապրեցնող պահքի այս ծովին մէջ: Ասկէ ետք, ջանք ընենք, որպէսզի այսպիսի թեթեւ նաւով նաւենք եւ բարիով իր աւարտին հասցնենք մեր նաւարկութիւնը: Մեր նաւերը շատակերութեան զեխումները թող չծանրացնեն, ոչ ալ արբեցութիւնը մեր ալեկոծ տախտակները թող թուլցնէ՝ իբրեւ որդերէն կերուած, եւ մի՛ աճեցնէք շոգմոգութեան ալիքներուն դէզերը եւ մատնութեան մրրիկը թող չդրդուեցնէ մեր նաւերը, թող չարթննայ ընկղմիչ ձմեռը՝ պոռնկութիւնն ու շնութիւնը, մի՛ բարձրացնէք նաւաբեկութեան քամիները՝ գողութիւնն ու զրկանքները, նախանձն ու բամբասանքները, երդումն ու անէծքներու ախտը: Երբ այս բոլորը կատարէք, ա՛լ աւելի ջանացէք, որ (յանկարծ) ո՛չ ոք մեր պահքի նաւերը ոխակալութեամբ հարուածէ: Հնարաւոր չէ ապրիլ նաւարարութեան բոլոր հնարական արուեստները, այլ՝ այն ջանքով, որ մինչեւ այստեղ ապահով նաւեցինք եւ ասկէ ետք ալ առանց նաւաբեկութեան նաւենք:

Արդ, մեր կամքով մեր վրայ չբարձրացնենք ալեկոծութեան մրրիկը եւ ընկղմինք: Այլ, ինչպէս որ մինչեւ այստեղ ապահով նաւեցինք, նոյնպէս այստեղ՝ մինչեւ նաւահանգիստը, եւ այնտեղ հասնելով համարձակ կերպով չարձակուինք իբրեւ սոված գազաններ՝ լէշերու վրայ, (ինչպէս նաեւ) շնութեան, արբեցութեան եւ դիւական երգերու, ու դադրինք եկեղեցիէն, աղօթքներէն եւ սաղմոսներէն, ողորմութիւն չկատարենք, այլ՝ զրկանք եւ յափշտակութիւն յորդորենք, եղբայրներու սէրը ձգենք եւ ոխակալութեամբ զբաղուինք, դանդաղինք բոլոր առաքինութիւններէն եւ ամէն տեսակի չարիքներ գործենք: Ով որ այդպէս որոշած է գործել, ապա ի՞նչ կ՚օգտուի այս պահեցողութենէն եւ այսպիսի տագնապէ՝ որ կը կրէ պահքի այս ծովին մէջ: Այլ այդպիսին, օրինակի համար, կը նմանի «այն նաւարարներուն, որոնք) ապահով կերպով կը նաւեն մինչեւ նաւահանգիստին եզերքը եւ այնտեղ չե՛ն զգուշանար, այլ՝ համարձակութեամբ ընթանալով ժայռին կը զարնուին եւ կ՚ընկղմին, որով ոչինչով կ՚օգտուին առանց վնասի անցած ըլլալով ամբողջ ծովի ալիքներու ալեկոծութեան եւ մրրիկներուն մէջէն, որովհետեւ նաւավարները ոչ թէ ծովու ալիքներուն մէջ պէտք էր զգուշանային, այլ՝ ծովուն եզերքի վէմերէն եւ քարերէն: Նոյնպէս, մենք, պէտք չէ միայն պահքի ժամանակ զգուշանանք մեղքերէն եւ առաքինութիւն գործենք, այլ՝ միշտ, որովհետեւ պահքը միայն կերակուրներուն համար չէ սահմանուած, այլ՝ մեղքի բոլոր ախտերուն համար, որովհետեւ եթէ կերակուրը վնաս էր, սակայն կը բողոքէր պահել ինչպէս միշտ կը լսենք շնութեան, սպանութեան, գողութեան եւ այլ յանցանքներու համար: Սակայն Գիրքը այդպէս չըսաւ եւ ոչ ալ երբեք լսեցինք:

Այս պատճառով, երբ հասնինք այն մեծագոյն օրին, երբ «Քրիստոս՝ մեր Զատիկին Գառնուկը մորթուեցաւ» (Ա.Կր 5.7), պիտի չկարենանք ըսել, թէ միս մի՛ ուտէք եւ գինի մի՛ խմէք, այլ՝ երանելին Պօղոս միայն գինովնալը կ՚արգիլէ: Իսկ շնալը, պոռնկանալը, գինովնալը, գողնալը, ոխակալութիւնը, նախանձը, հակառակութիւնը, բամբասելը, սպաննելը, միշտ կ՚ըսէ ու կը պատուիրէ եւ վարձատրութիւնն ալ կը նշէ ու կ՚ըսէ, թէ Աստուծոյ արքայութիւնը չե՛ն ժառանգեր:

Իսկ սատանան, որովհետեւ միշտ սովոր է մարդոց հետ մաքառիլ, ձեր պահքի ծովէն ելլելով մեղքերու մէջ կ՚իյնաք: Դարձեալ զղջալով ապաշխարեցէք: Լսեցէ՛ք Պօղոսին պատուիրանը. միթէ՞ ինկածը ամբողջ ժամանակը կրկին պիտի չկանգնի: Ով որ մեղքերու մէջ կ՚իյնայ, այս մէկը յիշելով թող ջանայ ապաշխարել, եւ իր վախճանին ապաշխարութեան վիճակին մէջ գտնուի եւ ապրի: Որովհետեւ, ինչպէս որ Գիրքը մեր մահկանացու մարմինին համար չի՛ հրամայեր միշտ պահք պահել, այլ՝ ուտել, որպէսզի մեր մարմինները չնուաղին ու չապականին եւ անդամները չլուծուին, նոյնպէս եւ մեր անմահ հոգիներուն համար, որպէսզի չպղծուին եւ չապականին, աստուածային Գիրքը կը հրամայէ չշնալ, չսպաննել, չգողնալ եւ ոչ ալ այլ յանցանքներ գործել: Որովհետեւ, ինչպէս ուտելը մարմինը կը հաստատէ, այդպէս ալ այդ բոլոր բաները չընելը հոգին կը հաստատէ: Իսկ եթէ անցաւոր մեր մարմինին համար ամէն տեսակի ջանք կը թափենք եւ ստուգապէս գիտենք, թէ այսօր կանք եւ վաղը կ՚անցնինք կ՚երթանք, որքան աւելի պէտք է՝ մեր անմահ հոգիներուն համար ջանք թափել՝ հեռու մնալու համար մեղքերու ախտերէն:

Արդ, ի՞նչ է այս ապիրատութիւնը, որովհետեւ անցաւոր մարմինին համար այդքան խնամակալ կ՚ըլլանք մինչեւ իսկ մէկ վէրքի չներելով, իսկ մեր հոգիները բիւրապատիկ վիրաւորուած կը տեսնենք սատանային նետերէն, սակայն հոգ չենք ըներ: Իսկ մեր վիրաւորուած անդամները, նոյնիսկ եթէ առողջանան, սակայն ետքէն պիտի ապականուին: Իսկ եթէ մեր հոգիներուն վէրքերը առողջացնենք՝ հաւատքը չի՛ մեռնիր, սակայն մեր մարմիններուն հաւասարութեամբ խնամակալ չենք ըլլար մեր հոգիներուն: Ի՞նչ հաւասար ըսի, սակայն ոչ իսկ հինգերորդ մասը, այսինքն՝ հինգէն մէկը, որովհետեւ շատերու մօտ կը տեսնենք ձիեր, ջորիներ, ոչխարներ եւ երամակներ, բազմաթիւ անասուններ մեծ գիներով, ոսկի եւ արծաթ, եւ ամէն ինչ որ մարմինին համար է: Իսկ եթէ այդպիսիին ըսես, աղքատներուն քիչ մը տուր, ան բազմաթիւ պատճառներ կը հանէ ու կ՚ըսէ. կին, տղաներ եւ աղջիկներ ունիմ, այդ պատճառով չեմ կրնար ունեցուածքս ծախել եւ աղքատերուն տալ, թերեւս ես մեռնիմ եւ անոնք աղքատ մնան: Ո՜հ ցուրտ պատճառներուդ, որովհետեւ շատերը մեռած տեսանք, որ բազմաթիւ ունեցուածք ձգած են իրենց տղաներուն եւ աղջիկներուն, իսկ անոնք շուտով կը հասնէին աղքատութեան տառապանքներուն: Իսկ ուրիշներ, որոնք ոչինչ ձգեցին, անոնց որդիները բազմաթիւ փարթամութիւններու հասան: Այդ բանին մասին մի՛ մտածէք, որովհետեւ Աստուած է, որ իւրաքանչիւր մարմին կը կերակրէ: Այդ պատճառով Աստուած քեզի կ՚ըսէ, աղքատներուն տո՛ւր եւ Աստուծոյ արքայութիւնը խնդրէ, եւ մի՛ հոգար ոչ քեզի եւ ոչ ալ որդիներուդ համար, որովհետեւ այդ բոլորը աւելիով պիտի տրուի քեզի: Իսկ եթէ ինչ որ Աստուած քեզի տուած է, դուն աղքատին չե՛ս տար, երբ դուռիդ մօտ կու գայ, եւ նախ աղաչանքներու ձայն կ՚արձակէ, եւ կ՚ըսէ. ողորմութիւն տուէք ողորմածներ եւ Աստուած հարիւրապատիկ կու տայ ձեզի եւ երկինքի արքայութիւնը, իսկ դուն չես տար, որովհետեւ կ՚ըսես, չեմ կրնար որդիներս աղքատ ձգել: Ո՜վ անմիտ, ինչու Ան, որ քեզի տուաւ, որդիներուդ պիտի չտա՞յ, քա՛ւ լիցի: Արդ, դուն պահեցիր քու որդիներուդ համար, իսկ Ան, որ քեզի տուաւ, պիտի առնէ զայն անոնցմէ, դուն ի՞նչ կ՚ընես: Այո՛, կ՚ըսեմ քեզի, Ան կարող է զայն առնել քու որդիներէդ: Կ՚աղաչեմ այդպէս մի՛ մտածեր (չողորմիլ, որդիներուն պահելու համար): Որովհետեւ եթէ առատութեամբ տաս՝ այստեղ հարիւրապատիկ կը ստանաս, իսկ այնտեղ՝ երկինքի արքայութիւնը կը ժառանգես: Արդ, եթէ կը խորհիս կնոջդ ու զաւակներուդ ձգել որեւէ մէկ բան, կ՚ըսեմ քեզի, թէ մի՛ ձգեր. այլ՝ իւրաքանչիւր տարուան ամէն ինչդ բաժնէ եւ քու անձիդ բաժինը աղքատներուն տուր եւ միւս կեանքին մէջ առանց տանջանքներու կը մնաս:

Արդ, ի՞նչ պատասխան կրնաս տալ արարքիդ, եթէ ոչ կռապաշտութեան արմատը, որ ինկած է սիրտիդ մէջ, որով կը ջանաս սուտ (արդարացումներ) տալ պատճառաբանութիւններուդ: Որովհետեւ, ուր որ արծաթասիրութիւնը կը բնակի, չարիքներու բազմաթիւ արմատներ կը սնուցանէ, որովհետեւ անկէ կը ծնին ագահութիւնը, յափշտակութիւնը, նախանձը, ատելութիւնը, յանդգնութիւնը, անողորմութիւնը, որովհետեւ արծաթասէրը հարուստը կ՚ատէ, կ՚ատէ նաեւ աղքատը: Հարուստը կ՚ատէ, որովհետեւ անոր ունեցուածքները կը կամենայ, որ իրը ըլլան, իսկ աղքատը կ՚ատէ, որպէսզի ոչի՛նչ տայ անոր:

Արծաթասէրը աւելի լաւ կը համարէ իր անդամներէն մէկը կտրել, քան թէ իր ունեցուածքներէն որեւէ բան ուրիշներուն տայ: Արծաթասէրը իր ունեցուածքին գերին է եւ ո՛չ թէ տէրը: Պօղոսը՝ Քրիստոսի բերանն իսկ, կ՚ըսէ. «Ագահութիւնը (արծաթասիրութիւնը), ինչ որ կռապաշտութիւն է» (Կղ 3.5). «Որովհետեւ բոլոր չարիքներուն արմատը դրամասիրութիւնն է» (Ա.Տմ 6.10): Արդ, լսեցի՛ք արծաթասէրներուն պատիւը, լսեցէ՛ք նաեւ ողորմածներուն պարգեւները. «Տէրը կը սիրէ առատաձեռն եւ զուարթասիրտ մարդը», կ՚ըսէ Գիրքը: Դարձեալ կ՚ըսէ. «Մեղքերդ ողորմութեամբ կը քաւես եւ անօրէնութիւններդ՝ տնանկներուն տալով»: Եսային կ՚ըսէ. «Եթէ աղքատներ տեսնես՝ կերակրէ, իսկ յարկ չունեցողները տունդ տար» (տե՛ս Ես 58.7), եւ ապա՝ «այն ատեն պիտի կանչես եւ Տէրը պիտի պատասխանէ» (Ես 58.9): Տակաւին. «Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան եւ եթէ որդան կարմիրի նման են, ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան» (Ես 1.18): Քրիստոս կը հրամայէ. «Եկէ՛ք, Հօրս կողմէ օրհնեալներ, եւ ժառանգեցէք այն արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է» (Մտ 25.34):

Այս բոլորը ողորմածներուն կը վայելէ, իսկ դուն կ՚ըսես, թէ որդիներուս ձգեմ. միթէ՞ որդիներդ կրնան քեզ գեհենի կրակէն փրկել. այո՞, ըսէ՛, ինչպէ՞ս: Լսէ՛, կ՚ըսէ, անոնց շատ ունեցուածքներ կը ձգեմ, իսկ ես երբ մեռնիմ, քահանաներուն, աղքատներուն եւ կարօտեալներուն կու տան, եւ այդպիսով այնտեղ կ՚օգտուիմ: Լաւ ըսիր: Արդ, եթէ որդիներուդ համար բան չձգեցիր, որպէսզի չաղքատանան, դուն ի՞նչ պատճառով չի բաշխեցիր, եթէ ոչ արծաթսիրութեան ախտին պատճառով, որ կապած էր սիրտդ: Այդպիսին, եթէ իր ամբողջ ունեցուածքը՝ զոր ձգած է, աղքատներուն եւ կարօտեալներուն տայ, չ՚օգտուիր: Արդ, եթէ մէկը բազմաթիւ ունեցուածքներ ունի եւ թագաւորը միշտ կը խնդրէ իրմէ, որպէսզի տայ իրեն, իսկ ան չի՛ տար, ապա, կը վախճանի այդ մարդը եւ անոր որդիները իր ամբողջ ունեցուածքը թագաւորին կու տան. թագաւորը որո՞ւն կը համարէ երախտիքը, անո՞ր, թէ՞ իր որդիներուն: Ինծի այնպէս կը թուի, թէ անոր որդիներուն կը համարէ եւ ոչ թէ անոր: Այդպէս ալ անոնց կը համարէ՝ որ որդիները աղքատներուն կու տան, իրենց հայրերուն հանգստեան համար: 

Սակայն, ուրիշ բան ունիմ ըսելու հաւատացեալ ննջեցեալներու մխիթարութեան համար պատարագներուն միջոցաւ, որ Աստուծոյ Որդիին մարմինն ու արիւնը պատարագ կը մատուցուի: Արդ, ինք պատարագ կը մատուցէ, ինք կ՚ընդունի աղաչանքները, եւ ինք կ՚ողորմի ննջեցեալներուն: Իսկ մեզի պարտք է՝ մինչ ժամանակն է սերմանելու՝ սերմանել, որպէսզի հնձելու ժամանակ հնձենք: Իսկ, ան որ սերմանելու ժամանակ չէ՛ սերմանած, ինչպէ՞ս կ՚ակնկալէ հնձել, այն ինչ որ չէ սերմանած:

Այստեղ, աղքատներուն մէկ տանք եւ այնտեղ Քեզմէ բիւրապատիկ ստանանք:

Այստեղ, աղքատները մեր յարկերուն տակ ընդունինք եւ այնտեղ Քրիստոս մեր ձեռքէն բռնելով՝ մեզ երկինքի արքայութիւն մտցնէ:

Այստեղ, աղքատները մեր սեղանէն կերակրենք եւ այնտեղ Քրիստոս մեզի երկնային Հացը տայ, որպէսզի յաւիտեան չանօթենանք:

Այստեղ, աղքատները մարդոց դիմաց պատուենք, որպէսզի այնտեղ Քրիստոս փառաւորէ եւ պատուէ մեզ հրեշտակներուն դիմաց:

Այստեղ, աղքատները մեծ հագուստներով հագցնենք եւ այնտեղ Քրիստոս մեզ անստուեր լոյսով պիտի հագցնէ:

Այստեղ, յոգնածները ընդունինք մեր տուներէն ներս եւ այնտեղ Քրիստոս մեզ արդարներու յարկերէն ներս պիտի ընդունի:

Այստեղ, ճանապարհորդները հանգստացնելով՝ այնտեղ Քրիստոս պիտի հանգստացնէ մեզ, ճանապարհորդելով անցաւորէն անանցնական բարութիւն:

Այստեղ, մեր ընկերները սիրենք ամբողջ սրտով եւ այնտեղ Քրիստոս մեզ պիտի սիրէ Իր բազում գթութեամբ:

Այս բոլորը այստեղ այսպէս ընենք եւ այնտեղ տանջանքներէն չվախնա՛նք, այլ՝ Աստուծոյ արքայութիւնը ժառանգենք Անոր սուրբերուն հետ:

 ԹԷՈՓԻԼՈՍ, 9-րդ դար

(«Մա­տե­նա­գիրք Հա­յո­ց», Թ. հա­տոր, էջ 978-984,
տպուած՝ Ան­թի­լիաս 2008)
Վա­ղար­շա­պատ, 27 Փետ­րո­ւար, 2018 

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մարտ 8, 2018