ԱԿՆԱՐԿՆԵՐ՝ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

ԿԱԹՆԱՎԱՃԱՌԻՆ ՔՈՎ

Հայրենադարձ կին մը կաթնավաճառին խանութին մէջ, ցուցափեղկին դէմ կեցած պանիրներու տեսականին կը դիտէ՝ Լոռիի պանիր, Չանախի, Եղեգնաձորի..., գունաւոր պանիրներ, ածուխի վրայ մգացած պանիր, ու... կը գտնէ իրեն ու ընտանիքին համար ամենասիրելին՝ հիւսուած պանիրը, որուն համը քիչ մը կը յիշեցնէ Հալէպի պանիրը, անցեալի հետ կապող թել մըն է այս համը իրեն համար ու հազիւ թէ որոշումը պիտի փոխանցէ վաճառողին, պապիկ մը կը մտնէ կաթնավաճառին խանութը, ու՝

-Տվարոկ (ռուս. TBopor կաթնաշոռ) ունէ՞ք,- կը հարցնէ դրան սեմէն յառաջանալով:

Հայրենադարձը հետաքրքրութեամբ կը հարցնէ՝

-Ի՞նչ է տվարոկը:

Վաճառողն ու պապիկը աշխատասէր աշակերտներու պէս միասին կը պատասխանեն՝

-Կաթնաշոռ ա,- ապա պապիկը կը շարունակէ բացատրել ցոյց տալով կաթնաշոռը,- սա է, աղջիկ ճան, որ գիւղերում թանից, մածունից են պատրաստում. չգիտե՞ս:

-Կաթնաշոռին ծանօթ եմ, անշուշտ, բայց տվարոկին նոր ծանօթացայ,- կը պատասխանէ հայրենադարձը ու իր կարգին կը սպասէ պանիր գնելու:

ՀԱ՞Ց, ԹԷ՜ ՀԱՑ

Հայրենադարձ երիտասարդի մը այցելութեան կու գայ իր երեւանցի բարեկամը այդ պահուն, երբ երիտասարդին մայրը ճաշի համար սեղան կը պատրաստէր: Ընկերոջը կողքին նստած՝

-Մաման էլի համով բաներ ա պատրաստել, հա՞:

Մայրը զուարթ դէմքով կը լսէ ու գրեթէ պատրաստ սեղանին վրայ աղամանին բացակայութիւնը նկատելով կը փութայ խոհանոց, ու՝

-Դուք հաց չէ՞ք ուտում,- կը հարցնէ երիտասարդին ընկերը, կարծելով որ մայրը ճաշ պիտի չուտէ:

Կինը մէյ մը եւս աչք կը նետէ սեղանին, որ թերեւս մոռցած ըլլայ հացին ամանը եւ ստուգելէ ետք՝

-Հոն է հացը, տղաս, սեղանին վրայ,- կը պատասխանէ:

-Չէ՛, ես ձեր տանը լրիւ այլ կերպ եմ խօսալու, որ մաման ինձ հասկանայ,- կ՚ըսէ ընկերը երիտասարդին նայելով, որ ակնկալելով մօր պատասխանին արդէն ծիծաղիլ սկսած էր:

ՊԱՀՔԻ ՍԵՂԱՆԸ

Երեւանի արեւելեան ճաշարաններէն մէկուն մէջ, սպասեակները սեղանի մը պատրաստութեան լծուած են: Պատուէրով սեղանին ճաշատեսակները որոշուած է արդէն ու ուր որ են կը ժամանեն յաճախորդները:

Նախուտեստները շարուած են՝ հումմուսը, մութապպալը, թապպուլէն, ձէթով սարման, մուհամմարան, մնացեալ ճաշատեսակներն ալ գրեթէ պատրաստ՝ հրահանգի կը սպասեն: Մեծ պահքի առաջին շաբաթն է, պատուիրատուն միայն պահքի ճաշատեսակներ պատուիրած է, իսկ խմելիքը՝ թարմ հիւթերու տեսակներ:

Սպասեակները անհամբերութեամբ կը սպասեն այս սեղանի յաճախորդներուն ժամանումին. ու ահա, ճաշարանի դռնէն ներս կը մտնէ վեց հոգի, մէկը՝ կղերական, երկու տղամարդ, երկու կին ու երիտասարդ մը: Կը տեղաւորուին իրենց համար նախատեսուած սեղանին շուրջ: Քիչ ետք, սպասեակները մէկիկ-մէկիկ ճաշատեսակները կը տեղաւորեն սեղանին, բաժակները հիւթ կը լեցնեն, ու՝

-Ինձ մի բաժակ դառը գինի ու մի աման մանթի1 կը բերէ՞ք,- կղերականը կը կանխէ սպասեակին հիւթի հիւրասիրութիւնն ու կը թելադրէ իր խնդրանքը:

-Սիրով,- կը պատասխանէ հայրենադարձ երիտասարդ սպասեակը,- բայց մանթին պահքի ճաշ չէ, տէ՛ր հայր,- կը շարունակէ:

-Ի հարկ է պահքի ճաշ չէ, բայց ձեր մանթին շատ համեղ է,- կը պատասխանէ կղերականը:

Այ քեզ բա՜ն...

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ


1- Մանթի- խմորով, միսով ու մածուն-սխտորի թացանով արեւելեան ճաշատեսակ:

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2019