ՍԷՈՒՏՑԻ ԼՐԱԳՐՈՂԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՋՈՒՐԻ ԵՐԵՍ ԿՈՒ ԳԱՅ. Ի՞ՆՉ ԱԿՆԿԱԼԵԼ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ-ՌԻԱՏ ԳԻԾԻՆ ՎՐԱՅ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքական շրջանակներուն կողմէ դարձեալ հրապարակ կը հանուէր Պոլսոյ մէջ, բաւական մութ պայմաններու տակ սպաննուած սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ճեմալ Քաշըքճիի սպանութեան հարցը։ 2018 թուականին տեղի ունեցած դէպքը զանազան առումներով ալ կը դառնար ուշադրութեան առանցք ԱՄՆ-ի՝ մասնաւորապէս, արտաքին քաղաքականութիւնը մշակող գերատեսչութեանց համար։

Օրին, երբ արաբ լրագրողին սպանութեան լուրը տարածուեցաւ, քիչ չեղան այն վերլուծական կեդրոնները, որոնք դէպքին անդրադառնալով նկատել տուին, որ յառաջիկայ փուլին ալ «Քաշըքճիի թղթածրար»ը կարեւոր մաս պիտի դառնայ Սէուտական Արաբիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու գործիքակազմին մէջ։ Իսկ այսօր փաստօրէն այդ ընդհանուր հունին մէջ են դէպքերը։

Իմ ընթերցողներուն յիշեցնեմ, որ ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի իշխանութեան օրերուն պատահած Քաշըքճի սպանութեան ժամանակ ալ մենք որոշ լարուածութիւններ նկատեցինք այդ առումով։ Բայց եւ այնպէս, տարբեր եզրագիծերով Մերձաւոր Արեւելքի մեծ ու փոքր խնդիրներուն նկատմամբ ազդեցիկ հայեցակարգով Թրամփի փեսան՝ Ճերըտ Քուշնէր, շնորհիւ իր դիւանագիտական-քաղաքական ունակութիւններուն, կարողացաւ ԱՄՆ-ի ուզած պտուղները քաղել սէուտցիներէն, իսկ փոխարէնն ալ՝ փակ դարակներու մէջ ծրարեց ու «պահեց» արաբ լրագրողին թղթածրարը։ Այսօր, սակայն, եւ յատկապէս ԱՄՆ-ի գաղտնի ծառայութիւններու կողմէ հրապարակուած յատուկ հաղորդագրութենէն ետք, ի յայտ կու գայ արդէն, որ ԱՄՆ Ռիատի հետ պիտի խօսի՝ բոլորովին այլ լեզուով եւ այլ հաւասարակշռութիւններ փնտռելով։

Հիմա կը ծագի հարց մը. արդեօք սէուտցիք բաւարար կամք պիտի արտայայտե՞ն, որպէսզի կարողանան «դէմ դնել» ամերիկեան մեծ ճնշումներուն (յատկապէս Եմէնի պարագային), կամ թէ չունենալով բաւականին ճկուն եւ հեռատես քաղաքականութիւն, նաեւ հաշուի առնելով Իրանին դէմ «Ամերիկայի քար» ըլլալու հանգամանքը, կամ թէ դէպի նաւթային գերուժ ըլլալու ընդհանուր գործօնը՝ ԱՄՆ-ը պիտի դնե՞ն փորձերու։

Այս հարցումներուն պատասխանները՝ անշուշտ, ժամանակի կը կարօտին, սակայն իրականութիւն կը մնայ նաեւ այն վարկածը, որ ինչ ալ ըլլան լարուածութիւններու աստիճանները, ԱՄՆ եւ Սէուտական Արաբիա մշտական գործընկերներ են եւ անոնց յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն մնալ ամուր եւ կայուն։

ՏԵՍԱԿԷՏ՝ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԷՆ

Վերջին զարգացումներու լոյսին տակ, մեկնաբանութիւն մը ստանալու նպատակով, դիմեցինք լիբանանցի վերլուծաբան Մուհամմէտ Նուր ալ Տինին։ Ան պատասխանեց իմ հարցումին. թէ յառաջիկայ փուլին ի՞նչ պիտի ակնկալենք ԱՄՆ-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններու ընդհանուր ուղեծիրին առընթեր՝ ըսաւ.

«Այսօր մէկ բան յստակ է՝ ԱՄՆ-ի եւ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւնները նոյնը չեն, ինչպէս որ նախագահ Թրամփի օրերուն էին: Եւ այս առումով ալ յստակ է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի համար կարեւորագոյն օրակարգ է բարելաւել ԱՄՆ-ի ընդհանուր վարկանիշը աշխարհի մէջ: Ան համոզուած է, որ Թրամփ ծանր հարուած հասցուցած է ԱՄՆ-ի ընդհանուր արտաքին քաղաքականութեան: Այսօր, եթէ ԱՄՆ-ի առաջ դրուած օրակարգերը փորձենք վերաշարադրել, կը տեսնենք երեք կարեւոր կէտ. առաջինը՝ կենսոլորտի Փարիզի համաձայնութեան վերադարձն է, երկրորդը՝ Իրանի հետ միջուկային համաձայնութեան խնդիրն է, իսկ երրորդը՝ անշուշտ, Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու նոր փուլի սկիզբն է, որուն շուրջ նկատեցինք, որ ամերիկեան նոր վարչակարգը սկսած է բացայայտ կերպով խօսիլ։

«Հարցը այս պատուհանէն դիտելով կ՚եզրակացնենք, որ ԱՄՆ-ի գաղտնի սպասարկութիւններու՝ Քաշըքճըի սպանութեան վերաբերեալ հրապարակած յայտարարութիւններու լոյսին տակ, Ամերիկա կը փորձէ իր պատկերը բարելաւել՝ որպէս մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ջատագով եւ պաշտպան: Անշուշտ, բացի մարդկային իրաւունքներու հարցերու պաշտպանութեան վերահաստատումէն, ԱՄՆ նաեւ Քաշըքճըի թղթածրարը կը բանայ միտումնաւոր ձեւով՝ բացայայտօրէն սէուտական իշխանակարգին, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ արքայազն Մուհամմէտ պին Սելմանին թաքուն պատգամներ յղել՝ դադրեցնելու Եմէնի պատերազմը, որովհետեւ այդ պատերազմը, որու ընթացքին ամէն օր կը զոհուին հազարաւոր քաղաքացիներ, խոցելի կը դարձնէ ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան մօտեցումն ու պատկերը: Սակայն, ելլելով երկար տարիներու մեր փորձէն եւ իրավիճակը գնահատելու մօտեցումէն, պէտք է նաեւ շեշտեմ, որ 70-80 տարուան յարաբերութիւններու կենսագրութիւն մը կայ Սէուտական Արաբիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ. բան մը, որ ցոյց կու տայ, թէ ԱՄՆ-ի համար Սէուտական Արաբիան անփոխարինելի է ոչ միայն նաւթի իր ունեցած պաշարի պատճառով, այլ նաեւ՝ Իրանի հետ որոշ հաւասարակշռութիւն ստեղծելու առումով:

«Ի վերջոյ, միջազգային հանրութիւնը պէտք չէ շատ խանդավառուի, որ ԱՄՆ նոր քաղաքականութեան մը սկիզբ դրած է, յատկապէս, Մերձաւոր Արեւելքի պարագային եւ, իմ կարծիքով, Թրամփն ու Պայտընը մէկ մետաղադրամի երկու երեսները կը ներկայացնեն»:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 8, 2021