ՀՈ­ԳԵ­ՒՈՐ ԽՈՐՀՐ­ԴԱ­ԾՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ՝ ԾԱՂ­ԿԱ­ԶԱՐ­ԴԻ ՏՕ­ՆԻՆ Ա­ՌԻ­ԹՈՎ

«Ա­նոնք, ո­րոնք Յի­սու­սի առ­ջե­ւէն կ՚եր­թա­յին կամ կը հե­տե­ւէին ի­րեն, կ՚ա­ղա­ղա­կէին. Ով­սան­նա՜ Բարձ­րեա­լին, օրհ­նեալ ըլ­լաս դուն, որ կու գաս Տի­րոջ ա­նու­նով. օրհ­նեա՜լ ըլ­լայ քու թա­գա­ւո­րու­թիւնդ, մեր հօր թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը, որ կու գայ» (ՄԱՐԿ. ԺԱ. 9-10)։ «Եւ երբ Յի­սուս ա­ւե­լի մօ­տե­ցաւ Ե­րու­սա­ղէ­մի եւ տե­սաւ զայն, լա­ցաւ ա­նոր վրայ եւ ը­սաւ.- Գո­նէ այ­սօր գիտ­նա­յիր, թէ ի՛նչ բա­նի մէջ կը կա­յա­նայ խա­ղա­ղու­թիւնդ։ Բայց այ­լեւս պի­տի չկրնաս տես­նե­լ» (ՂՈՒԿ. ԺԹ. 41-42)։­

Ա­ռա­ջին հեր­թին Մար­կո­սի Ա­ւե­տա­րա­նէն մէջ­բե­րուած մեր բնա­բա­նին մէջ կը գտնենք մեր Տի­րոջ՝ Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի շռնդա­լից Ե­րու­սա­ղէմ մուտ­քով յա­րուցուած հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ցնծու­թեան ար­ձա­գան­գը, բարձ­րա­ղա­ղակ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը դա­րե­րով իր ա­զա­տա­րա­րին՝ Մե­սիա­յի գա­լուս­տին սպա­սող ժո­ղո­վուր­դի մը կաշ­կան­դուած զգա­ցում­նե­րուն։ Տա­կա­ւին, հոն կը գտնենք պոռթ­կու­մը եր­կա­րօ­րէն զսպուած, բայց միշտ քաղց­րօ­րէն փայ­փա­յուած հա­մազ­գա­յին ձգտու­մի մը։ Իսկ Ղու­կա­սի Ա­ւե­տա­րա­նին լոկ մէկ հա­մա­րին մէջ կը տես­նենք խտա­ցած ամ­բողջ հո­գե­կան խռով­քը, ներ­քին տագ­նա­պը Աս­տուա­ծորդ­ւոյն, որ շատ լաւ գի­տէր, թէ այդ ով­սան­նա­նե­րուն շու­տով պի­տի յա­ջոր­դէին նոյն ամ­բո­խէն ար­ձա­կուած «Ի խաչ հան զդա, ի խաչ հան զդա» ա­ղա­ղակ­նե­րը։

Ան­շուշտ չորս ա­ւե­տա­րան­նե­րուն, տար­-բեր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րով ու մի­ջա­վայ­րե­րու ազ­դե­ցու­թեանց տակ գրի առ­նուած, Քրիս­տո­սի երկ­րա­յին օ­րե­րու շղթա­յին վեր­ջին օ­ղակ­նե­րը կազ­մող նկա­րագ­րու­թիւն­նե­րը ի­րենց ման­րա­մաս­նու­թեանց մէջ հասկ­նա­լիօ­րէն կը տար­բե­րին ի­րար­մէ։ Բայց ե­թէ փոր­ձենք Քրիս­տո­սի Ե­րու­սա­ղէմ մուտ­քի պատ­մու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նել իր գլխա­ւոր գի­ծե­րուն մէջ, զայն կա­խող Ղա­զա­րո­սի յա­րու­թեան զգա­յա­ցունց հրաշ­քին լոյ­սին տակ, կ՚ու­նե­նանք հե­տե­ւեալ պատ­կե­րը։

Ար­դէն ան­ցեր էին շուրջ ե­րեք տա­րի­ներ այն օ­րէն, երբ բո­ցե­ղէն բա­ռե­րով Մե­սիա­յին գա­լուս­տը պատ­գա­մող մար­գա­րէէն՝ ա­նա­պա­տին մէջ ամ­բոխ­նե­րը ի­րեն հրա­պու­րող Յով­հան­նէ­սէն մկրտուե­լէ ետք, Յի­սուս ձեռ­նար­կած էր երկին­քի թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը երկ­րի վրայ հաս­տա­տե­լու իր ա­ռա­քե­լու­թեան։ Աս­տուա­ծա­յին ա­ռա­քե­լու­թիւն մը, ար­դա­րեւ, ո­րուն նպա­տակն էր Ա­րա­րի­չին պատ­կե­րը իր մէջ ա­ղար­տած մարդ­կու­թիւ­նը սրբել մեղ­քե­րէն, վե­րա­կանգ­նել ու վե­րա­միաց­նել Աս­տու­ծոյ։ Իր այս ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար ան ի գործ էր դրած ի վե­րուստ ստա­ցուած հե­ղի­նա­կու­թեամբ ար­տա­սա­նուած ճշմար­տու­թեան խօս­քին ու­ժը։ Կեան­քին, մա­հուան ու յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան խոր­հուրդ­նե­րուն եւ ի­մաս­տու­թեանց մա­սին խօ­սած ա­տենն իսկ, վերց­նե­լով իր օ­րի­նակ­նե­րը մար­դոց ա­մէ­նօ­րեայ կեան­քէն ու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէն, ան ա­մէն ինչ պատ­մեր ու բա­ցատ­րեր էր, յա­ճախ՝ ա­ռակ­նե­րով։ Իսկ երբ խօս­քէն ան­դին իր բու­ժիչ հպու­մին կա­րիքն էր զգա­ցուեր, մղուած իր գթա­ռատ մար­դա­սի­րու­թե­նէն, խու­լե­րուն լսո­ղու­թիւն, բո­րոտ­նե­րուն ան­բիծ մար­մին, ան­դա­մա­լոյծ­նե­րուն նոր կեանք, կոյ­րե­րուն լոյս եւ մե­ռել­նե­րուն յա­րու­թիւն էր շնոր­հեր։

Ի պա­տաս­խան այդ բո­լո­րին, ե­թէ ա­մէն օր ա­ւե­լի մեծ թուով բազ­մու­թիւն­ներ կը հա­ւա­տա­յին գա­լի­լե­ցի բա­րի Վար­դա­պե­տին քա­րո­զած երկ­նա­յին վար­դա­պե­տու­թեան, միա­ժա­մա­նակ սա­կայն օ­րէ օր ա­ւե­լի կը շեշ­տուէին թշնա­մու­թիւն­նե­րը ա­նոր նկատ­մամբ։ Ո­րով­հե­տեւ Քրիս­տոս, որ­պէս աս­տուա­ծա­յին մե­ծա­գոյն մի­ջամ­տու­թիւ­նը մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան մէջ, ե­կած էր հռչա­կե­լու, թէ իր Երկ­նա­ւոր Հօր թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը պի­տի չկա­ռու­ցուէր այս աշ­խար­հի վրայ բռնի ու­ժին, սու­րին հզօ­րու­թեան կամ հրէա­կան Թով­րա­յին՝ Հին Կտա­կա­րա­նի օ­րէնք­նե­րուն ու մար­գա­րէ­նե­րու գիր­քե­րուն վա­յե­լած հե­ղի­նա­կու­թեան վրայ, այլ՝ մար­դոց սրտե­րէն դէ­պի ու­րիշ մար­դեր եւ դէ­պի Աս­տուած եր­կա­րող սի­րոյ, խա­ղա­ղու­թեան, հա­մե­րաշ­խու­թեան, հե­զու­թեան, ա­նանձ­նա­կան ու սրբակ­րօն զգա­ցում­նե­րու ան­կա­պուտ ա­ռա­քի­նու­թեանց վրայ։ Այլ բա­ռե­րով, տիե­զե­րա­կան ու հա­մա­մարդ­կա­յին եղ­բայ­րու­թեան մը տա­նող աս­տուա­ծա­հա­ճոյ կեան­քի մը սկզբունք­նե­րուն անժխ­տե­լի հիմ­քե­րուն վրայ, ո­րոնք պի­տի չըլ­լա­յին պայ­մա­նա­ւո­րուած, ինչ­պէս Քրիս­տո­սի ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րը կը դա­ւա­նէին, հռո­մէա­կան լե­գէոն­նե­րու զօ­րու­թեամբ եւ ո՛չ ալ կաշ­կան­դուած ու խեղ­դուած՝ հրէա­կան օ­րէն­քին տա­ռա­ցիօ­րէն գոր­ծադ­րու­թեամբ։

Ար­դա­րեւ, Քրիս­տոս որ­պէս Աս­տուա­ծոր­դի ե­կած էր հռչա­կե­լու, թէ իր­մով կը փա­կուէր մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան մէկ գիր­քը ու կը բա­ցուէր իր ան­ձին ընդ­մէ­ջէն դու­ռը, նոր ճա­նա­պար­հը մար­դե­րը Աս­տու­ծոյ եւ յա­ւի­տե­նա­կան եր­ջան­կու­թեան ա­ռաջ­նոր­դող։ Բայց սա ար­դէն շատ ան­սո­վոր, խի­զախ ու չլսուած հաս­տա­տում մըն էր՝ հնչող իր ժա­մա­նա­կա­կից հրեա­նե­րու ա­կան­ջին։ Ուս­տի զար­մա­նա­լի չէր, որ հրէա­կան կրօ­նին պաշտ­պան­նե­րը, ար­մա­տա­ցած Ե­րու­սա­ղէ­մի տա­ճա­րին շուրջ, Քրիս­տո­սի ան­ձին մէջ տես­նէին ի­րենց հե­ղի­նա­կու­թեան սպառ­նա­ցող մե­ծա­գոյն վտան­գը։

Հրէա­կան Զա­տի­կը՝ Պա­սէ­քի մեծ տօ­նը կը մօ­տե­նար։ Այդ տօ­նը կը խորհր­դանը-շէր հրեայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար Մով­սէ­սի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ Ե­գիպ­տո­սի բռնա­տի­րու­թե­նէն դուրս գա­լուն, ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րու­թեան պատ­մա­կան մեծ դէպ­քը։ Այդ ա­ռի­թով ո՛չ միայն ամ­բողջ Հրէաս­տա­նի զա­նա­զան վայ­րե­րէն ժո­ղո­վուր­դը Ե­րու­սա­ղէմ կը խռնուէր իր սրբա­զան պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լու, այ­լեւ սփիւռ­քի բո­լոր ան­կիւն­նե­րէն ուխ­տա­ւոր­ներ կը փու­թա­յին Ե­րու­սա­ղէմ՝ ի­րենց սրբա­զան ուխ­տը կա­տա­րե­լու։ Այդ օ­րե­րուն շա­բաթ մը ամ­բողջ տա­ճա­րին ներսն ու դուր­սը հա­զա­րա­ւոր ժո­ղո­վուրդ կը խայ­տար տօ­նա­կան զուարթ մթնո­լոր­տի մը մէջ։

Այդ օ­րե­րուն Յի­սուս կը զգար, թէ հա­սած էր ժա­մը այ­լեւս՝ իր մե­սիա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ամ­բող­ջա­կա­նօ­րէն աշ­խար­հին յայտ­նե­լու։ Ուս­տի, նա­խօ­րօք պատ­րաս­տուած ծրագ­րի մը հա­մա­ձայն, առ­նե­լով ի­րեն հետ իր ա­շա­կերտ­նե­րը, ճամ­բայ ե­լաւ դէ­պի Ե­րու­սա­ղէմ։ Ան լաւ գի­տէր, որ հոն՝ դա­րե­րով իր մար­գա­րէ­նե­րը քար­կո­ծող այդ ամ­բար­տա­ւան քա­ղա­քին մէջ կ՚ապ­րէին քա­ղա­քա­կան ու կրօ­նա­կան պե­տե­րը այդ երկ­րին։ Սա­կայն քա­ղաք­նե­րու քա­ղա­քին հաս­նե­լու նա­խօ­րեա­կին, Բե­թա­նիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցեր էր Մա­րիա­մի եւ Մար­թա­յի եղ­բօր՝ ե­րեք օ­րե­րէ ի վեր մե­ռած Ղա­զա­րո­սի յա­րու­թեան զար­մա­նահ­րաշ դէպ­քը։ Այս լու­րը մեծ յու­զում ու յոյ­սեր արթն­ցու­ցեր էր ժո­ղովր­դա­կան լայն խա­ւե­րէ ներս եւ մա­սամբ կը բա­ցատ­րէր, թէ ին­չո՛ւ Քրիս­տո­սի Ե­րու­սա­ղէմ մուտ­քին ծե­րե­րը ձի­թե­նիի ոս­տե­րով եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ար­մա­ւե­նիի ճիւ­ղե­րով եւ առ­հա­սա­րակ ամ­բողջ ուխ­տա­ւոր բազ­մու­թիւ­նը ով­սան­նա­նե­րով «Յի­սու­սի առ­ջե­ւէն եւ ե­տե­ւէն կ՚եր­թա­յին, կ՚ա­ղա­ղա­կէին եւ կ՚ը­սէին. Ով­սան­նա բարձ­րեա­լին, օրհ­նեալ ես, որ կու գաս Տի­րոջ ա­նու­նով, օրհ­նեալ ե­կեալ մեր հօր Դաւ­թի թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը»։

­Դա­րե­րով իր ա­զա­տա­րա­րին սպա­սող հրեայ ժո­ղո­վուր­դին՝ տօ­նա­կան օ­րե­րուն պատ­ճա­ռած կրօ­նա­կան եւ ազ­գա­յին զգա­ցում­նե­րէն բո­ցա­վա­ռած ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը, Յի­սու­սի հրա­շա­գործ ու­ժին մէջ, մե­ռել­նե­րուն իսկ յա­րու­թիւն տա­լու չափ հզօր, յան­կարծ տե­սած էր, իր ըմբռ­նած ձե­ւով, Դա­ւի­թի ցե­ղէն խոս­տա­ցուած Մե­սիան։ Ան, որ պի­տի գար Մա­կա­բա­յեց­ւոց եղ­բայր­նե­րուն պէս կրա­կի, սու­րի, ա­րեան, յե­ղա­փո­խու­թեան, մէկ բա­ռով՝ ապս­տամ­բու­թեան ճամ­բով փշրե­լու շղթա­նե­րը Հռո­մի գե­րու­թեան եւ վե­րա­կանգ­նե­լու կոր­ծա­նած գա­հը Սո­ղո­մո­նի, վե­րա­դարձ­նե­լու հրեայ ժո­ղո­վուր­դին իր ան­ցեա­լի շքեղ փառ­քե­րը։

Այդ բո­լո­րին ա­կա­նա­տես՝ Մատ­թէոս Ա­ւե­տա­րա­նիչ կը վկա­յէ, թէ՝ «Ի մտա­նել նո­րա յԵ­րու­սա­ղէմ դղրդե­ցաւ քա­ղաքն ա­մե­նայ­ն» (Մատթ. ԻԱ. 10)։­

Իսկ Ղու­կա­սի ա­ւե­տա­րա­նը կ՚ը­սէ.- «Եւ իբ­րեւ մեր­ձե­ցաւ, տե­սեալ զքա­ղաքն ե­լաց ի վե­րայ նո­րա»։ Յի­սուս, ի տես ժո­ղովր­դա­յին այդ ինք­նա­բուխ պոռթ­կու­մին, որ փրփրած, զայ­րա­ցած գե­տի մը նման ամ­բար­տակ­նե­րը քան­դած կը սպառ­նար ա­մէն ինչ իր յոր­ձան­քին մէջ առ­նել, գրկե­լով իր նա­յուած­քին մէջ Ձի­թե­նեաց լե­րան լան­ջէն իր առ­ջեւ փռուող քա­ղա­քին գմբէթ­նե­րը, սիւ­նե­րը, աշ­տա­րակ­ներն ու պա­րիսպ­նե­րը, կու լար ներ­սէն ա­րիւ­նող ար­ցուն­քի կայ­լակ­նե­րով։ Կու լար ան իր պատ­գամ­նե­րուն վախ­ճա­նա­կան նպա­տա­կին, իր աս­տուա­ծա­յին ա­ռա­քե­լու­թեան Ե­րու­սա­ղէ­մի կող­մէ չհասկ­ցուե­լով մեր­ժուած ըլ­լա­լուն հա­մար։ Կու լար ան, ո­րով­հե­տեւ գի­տէր որ իր ա­րեան ծա­րա­ւի այդ քա­ղա­քին մէջ շու­տով քար քա­րի վրայ պի­տի չմնար եւ բուեր ի­րենց բոյ­նե­րը պի­տի դնէին։

Այլ ա­ռի­թով մը, իր ճամ­բուն վրայ դէ­պի Ե­րու­սա­ղէմ, երբ Յի­սուս կը քա­րո­զէր Հրէաս­տա­նի քա­ղաք­նե­րուն եւ գիւ­ղե­րուն մէջ, նա­խա­տե­սե­լով Ե­րու­սա­ղէ­մի սպառ­նա­ցող ող­բեր­գա­կան վախ­ճա­նը, իր խո­րունկ վիշ­տը ար­տա­յայ­տեր էր հե­տե­ւեալ կեր­պով.- «Ե­րու­սա­ղէ՜մ, Ե­րու­սա­ղէ՜մ, դուն որ սպան­նիչն ես մար­գա­րէ­նե­րուդ եւ քար­կո­ծո­ղը ա­ռա­քեալ­նե­րուդ, քա­նի ան­գամ­ներ կա­մե­ցայ քու զա­ւակ­ներդ ի­րա­րու մօտ հա­ւա­քել, ինչ­պէս մայր հա­ւը իր թե­ւե­րուն տակ կը հա­ւա­քէ իր ձա­գուկ­նե­րը եւ դուն մեր­ժե­ցիր զիս։ Ա­հա­ւա­սիկ ա­ւե­րակ է քու տունդ։ Այ­լեւս պի­տի չտես­նես զիս մին­չեւ որ ը­սես. Օրհ­նեալ է ան որ Տի­րոջ ա­նու­նով կու գա­յ» (Տե՛ս Ղուկ. ԺԳ. 34-35, հմմտ. Մատթ. ԻԳ. 37-39)։­

Որ­քան Վար­դա­պե­տին շուրջ կազ­մուած թա­փօ­րը կը մօ­տե­նար տա­ճա­րին, Յի­սու­սին հե­տե­ւող մարդ­կա­յին ա­լի­քը ա՛լ ա­ւե­լի կը մեծ­նար։ Եւ երբ մտաւ տա­ճա­րին գլխա­ւոր դռնէն ներս, տե­սաւ լու­մա­յա­փոխ­ներն ու ա­մէն տե­սա­կի վա­ճա­ռորդ­ներ, ո­րոնք մեծ աղ­մու­կով լե­ցու­ցած էին մթնո­լոր­տը։ Հոն կը ծա­խուէին Տա­ճա­րին նուի­րուե­լիք ա­մէն տե­սա­կի զո­հի կեն­դա­նի­ներ, յի­շա­տա­կի եւ զար­դի ա­ռար­կա­ներ, կը կա­տա­րուէին փո­խա­նա­կու­թիւն­ներ, սա­կար­կու­թիւն­ներ եւ վէ­ճեր։ Ա­ռու­ծա­խի, վա­ճա­ռա­կա­նու­թեան ու շա­հա­գոր­ծու­մի այս ժխո­րա­լից պատ­կե­րին դի­մաց ա՛լ չկրցաւ ան համ­բե­րել։ Վեր­ցուց կեն­դա­նի­նե­րու վա­ճառ­քով զբա­ղող­նե­րու քո­վէն քա­նի մը պա­րան­ներ ու վե­րա­ծե­լով զա­նոնք խա­րա­զա­նի, շա­չե­ցուց զայն բո­լո­րին գլուխ­նե­րուն վրայ։ Շու­տով շուր­ջը հա­ւա­քուե­ցաւ դպիր­նե­րու, փա­րի­սե­ցի­նե­րու եւ հե­տաքր­քիր­նե­րու բազ­մու­թիւն մը։ Դառ­նա­լով այդ բո­լո­րին՝ բարձ­րա­ղա­ղակ յայ­տա­րա­րեց. «Գրուած է, որ իմ տունս ա­ղօթ­քի տուն պի­տի ըլ­լայ. մինչ դուք ա­ւա­զակ­նե­րու որ­ջի վե­րա­ծեր էք զայ­ն» (Ղուկ. ԺԹ. 46)։ Ոչ ոք հա­մար­ձա­կե­ցաւ երկն­քի պատ­գամ­նե­րը մար­դոց ա­կանջ­նե­րուն պայ­թեց­նող այս ճշմար­տու­թեան ձայ­նին դէմ խօ­սիլ։

Թէեւ այս­պէ­սով, գէթ ան­գա­մի մը հա­մար, Յի­սուս մաք­րա­գոր­ծեց տա­ճա­րը, դուրս վտա­րեց սրբա­պիղծ­նե­րը իր Հօր տու­նէն եւ հա­մար­ձա­կօ­րէն շա­րու­նա­կեց քա­րո­զել Սո­ղո­մո­նի տա­ճա­րին մէջ, սեր­մա­նել Ա­ւե­տա­րա­նին ոս­կի հա­տիկ­նե­րը մար­դոց սրտի ա­կօս­նե­րուն մէջ, սա­կայն չա­րի­քի ու­ժե­րը տա­կա­ւին շատ հե­ռու էին պար­տուած ըլ­լա­լէ։ Ընդ­հա­կա­ռա­կը, այս ձե­ւով ան ա­ռա­ւել չա­փով իր վրայ հրա­ւի­րած էր ճշմար­տու­թեան ձայ­նէն սար­սա­փող մար­դոց ամ­բող­ջա­կան ա­տե­լու­թիւնն ու վրէ­ժի թոյ­նը։ Այդ վայր­կեա­նէն սկսեալ այ­լեւս տրուած էր իր մա­հուան վճի­ռը։ Հրեայ ժո­ղո­վուր­դին կրօ­նա­կան պե­տե­րը միայն յար­մար ժա­մուան ու պա­տե­հու­թեան կը սպա­սէին՝ ընդ­միշտ լռեց­նե­լու եւ գե­րեզ­մա­նե­լու՝ Աս­տու­ծոյ ա­նու­նով խօ­սող ու տա­ճա­րին հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը ար­հա­մար­հող այս գա­լի­լե­ցի Վար­դա­պե­տը։

Սի­րե­լի՛ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, ա­հա Աս­տուած-մար­դը, որ բաշ­խե­լէ ետք մար­դոց այն, ինչ որ մարդ­կայ­նօ­րէն կա­րե­լի էր տալ, կու գայ այ­սօր գի­տակ­ցա­բար եւ յա­տուկ ա­ռա­քե­լու­թեամբ մը զո­հե­լու՝ աշ­խար­հի մէջ ա­մե­նէն թան­կա­գին բա­նը՝ իր կեան­քը։ Իր մա­հը դա­ւող գայ­լե­րու որ­ջին մէջ քա­լո­ղը մարմ­նա­ցած Աս­տուա­ծոր­դին է, որ կը սոր­վեց­նէ մե­զի մե­ծա­գոյն դա­սը կեան­քին, թէ գա­ղա­փա­րի մը, վեհ ի­տէա­լի մը, սրբա­զան նպա­տա­կի մը ի­րա­գործ­ման ճամ­բուն մէջ պէտք չէ վախ­նալ մար­դոց մե­զի սպառ­նա­ցող թու­նա­ւոր նե­տե­րէն։ Մեր սէրն ու հա­ւատ­քը մեր ի­տէա­լին նկատ­մամբ պէտք է ըլ­լայ այն­քա՜ն հ­­զօր, որ կա­րե­նայ պար­տու­թեան մատ­նել մեր մա­հը նիւ­թող­նե­րուն դա­ւադ­րու­թիւն­նե­րը։

Ծաղ­կա­զար­դի այս ա­ռա­ւօտ Քրիս­տոս կու գայ ու կը բա­խէ սրտին դռնե­րը իւ­րա­քան­չիւր հայ հա­ւա­տա­ցեա­լի, Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ կա­մար­նե­րուն տակ, լսե­լի ը­նե­լու իր պատ­գա­մը, հասկց­նե­լու հա­մար բո­լո­րիս իր յա­ւի­տե­նա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, վե­րա­հաս­տա­տե­լու հա­մար այն­տեղ Աս­տու­ծոյ ան­վախ­ճան թա­գա­ւո­րու­թեան հի­մե­րը։

Նա­յե­ցէ՛ք ձեր շուրջ, մա­նուկ­նե­րու ժպի­տին, պա­տա­նի­նե­րու ցնծու­թեան, չա­փա­հաս­նե­րու եւ ծե­րե­րու ա­ղօթ­քին ու հա­ւատ­քին մէջ է ան, ձի­թե­նիի եւ ար­մա­ւե­նիի ճիւ­ղե­րով զար­դա­րուած եւ յոյ­սե­րու երփ­ներ­փեան ծա­ղիկ­նե­րով պսա­կուած մեր խո­րան­նե­րուն ու սրտի կա­մար­նե­րուն վրայ է ան։ Լայն բա­նանք մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու դռնե­րուն հետ նաեւ մեր սրտե­րուն դռնե­րը։

Ան կը պատ­գա­մէ մե­զի քաջ ըլ­լալ ի­րեն պէս, չվախ­նալ մեր հո­գե­ւոր եւ ազ­գա­յին սրբու­թեանց դէմ գոր­ծող չա­րա­գործ­նե­րէն եւ խա­բե­բա­նե­րէն. դուրս շպրտել մեր մէ­ջէն Աս­տու­ծոյ եւ հա­յու­թեան բո­լոր թշնա­մի­նե­րը. մաք­րա­գոր­ծել մեր մարմ­նա­կան տա­ճար­նե­րը եւ ըն­դու­նիլ Աս­տուա­ծոր­դին գրկա­բաց, որ­պէս­զի ան տես­նե­լով մեր ան­փու­թու­թիւն­նե­րը, մեր ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե­րը, չա­րիք­ներն ու մեղ­քե­րը՝ ա­մէն Ծաղ­կա­զար­դի տօ­նին իր չհասկ­ցուած ա­ռա­քե­լու­թեան հա­մար չլայ մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ճա­կա­տագ­րին վրայ։

Գար­նա­նա­յին այս զուարթ բնու­թեան գիր­կը, ե­կո՛ւր, Տէր, եւ ծաղ­կա­զար­դէ՛ մեր հո­գի­ներն ալ Հա­ւատ­քիդ, Յոյ­սիդ եւ Սի­րոյդ ան­թա­ռամ ծա­ղիկ­նե­րով, լե­ցո՛ւր մեր սրտե­րը քու ա­ւե­տա­բեր պատ­գամ­նե­րով եւ ի­մաս­տու­թեամբ, որ­պէս­զի մենք ալ օրհ­նե­լով քու սուրբ ա­նունդ՝ փառք տանք ա­մե­նա­սուրբ Եր­րոր­դու­թեանդ։

ԿՈ­ՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱ­ՊԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2017