ՇԷՅԽ ՕՄԱՐ ԱՊՏԻՒԼ ՌԱՀՄԱՆ ԿԱՄ ԵԳԻՊՏՈՍԻ «ԿՈՅՐ ԷՄԻՐ»Ը ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ԲԱՆՏԻ ՏԱՐԻՆԵՐ ԵՒ ... ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ՎԱԽՃԱՆ
Ամերիկեան մարմիններու կողմէ ձերբակալուելէն շաբաթներ առաջ Շէյխ Ապտիւլ Ռահման ելոյթ մը կ՚ունենար CNN կայանէն: Այդ ելոյթով էր նաեւ, որ պատասխանելով լրագրողի հարցումին կը յայտարարէր, որ ինք կտրականապէս դէմ է զինեալ որեւէ ձեւի գործունէութեան: Թէ ինչ պայմաններու տակ էր, որ Շէյխը նման յայտարարութիւն կը կատարէր, ցարդ յայտնի չէ։ Յստակ էր միայն, որ 26 Փետրուար 1993 թուականին Նիւ Եորքի «Միջազգային առեւտուրի կեդրոնատեղի»ի շէնքին առջեւ եղած ահաբեկչկան պայթումէն ժամեր անց (որուն հետեւանքով կը սպաննուէին վեց անձեր) ան կը ձերբակալուէր:
Մինչեւ իր մահը «ահաբեկչութեան սատարելու մեղադրանք»ով բանտարկուած Ապտիւլ Ռահմանի դատական պաշտպանութիւնը կը ստանձնէր ամերիկացի անուանի փաստաբան Ռամզի Քլըրք: Նոյն խնդրին վերաբերեալ Գահիրէ կը պահէր իր «քար լռութիւն»ը ու յստակօրէն կ՚ընդգծուէր, որ Ապտիուլ Ռահմանի բանտարկութեան վճիռը տրուած էր Գահիրէի եւ Ուաշինկթընի միջեւ եղած «ներքին համաձայնութեան» մը հիմամբ:
Հակառակ անոր, որ Ապտիւլ Ռահման «մոռացութեան» կը մատնուէր, այս անգամ իր մասին կը խօսէր Եգիպտոսի նախագահ ընտրուած Մուհամմէտ Մուրսին, 2012 թուականին:
Մուրսին իր «Ալ Թահրիր» հրապարակին վրայ արտասանած ճառի ընթացքին կը յայտարարէր. «Ես ամէն ճիգ պիտի գործադրեմ բանտային կալանքէն ազատելու համար Շէյխ Ապտիւլ Ռահմանը: Ան մեզի համար իսլամութեան խորհըր-դանիշն է»:
«Քաղաքական իսլամ»ի ընդհանուր կերպարով իշխանութեան հասած Մուհամմէտ Մուրսի այսօր կը գտնուի բանտի ճաղերու ետին: Շրջանային զարգացումներուն եւ Գահիրէի մէջ ըսելիք ունեցող կողմերուն համար ձեռնտու չէր, որ ան եւ անոր առաջնորդած կուսակցութիւնը շարունակեն ղեկավարել «արաբական աշխարհի սիրտ» համարուող Եգիպտոսը:
Մուհամմէտ Մուրսիի աջակիցներն ալ հանդէս եկան ծայրայեղական այնպիսի քայլերով, որ անոնց «վարչակարգ»ին շարունակութիւնը կրնար յաւելեալ սուր տագնապներու դուռ բանալ, առանց անոր ալ բաւական անհանգիստ իրավիճակի մէջ յայտնուած Միջին Արեւելքէ ներս:
Ու ճիշդ այս կէտին պատճառով եւ արտաքին ու ներքին շահերու հանդիպման հիմքով Եգիպտոս մէկ օրէն միւսը կը փոխէր իր «դիմակ»ը:
Զօրավար Ապտիւլ Ֆաթթահ Ալ Սիսի, որուն անուան շուրջ միջազգային համաձայնութեան մը նախանշանները կային, ցայսօր ալ կը շարունակէ ձեռնհասօրէն ղեկավարել Եգիպտոսը:
Սիսի հակառակ առկայ մտավախութիւններուն, բռնութեան միջոցներով չէ, որ «ճզմեց» իսլամամէտները: Այլ ան գործի դրաւ բաւական սերտուած, դանդաղ, բայց հաստատուն քայլեր, որոնք սատարեցին «Իսլամ եղբայրներ»ն ու այլ սալաֆիստ շարժումներու «հանդարտեցման» գործընթացներու:
Եգիպտոսի իսլամական շրջանակներուն մէջ 1997 թուականէն սկսեալ երեւցած պառակտումի մթնոլորրտը ցայսօր ալ կը շարունակուի: Իսլամամէտ խմբաւորումներէն շատեր հրաժարած են «զինեալ ընտրանք»էն, բայց եւ այնպէս մասնաւորապէս Սինա նահանգին մէջ «Անսար պէյթ ալ մաքտէս» շարժումը, որ հանրութեան կը ներկայանայ որպէս Եգիպտոսի ԻՇԻՊ-ի թեւը, զինուորական գործողութիւններ կատարելով կը շարունակէ հարուածներ հասցնել եգիպտական բանակին:
Վերադառնալով Շէյխ Ապտիւլ Ռահմանին ու անոր մահուան լուրին հետ երեւան ելած յայտարարութիւններուն, յստակ կը դառնայ, որ «Իսլամական համախմբում»ի գաղափարական թեւի ծանր հրետանի համարուող գործիչներ այսօր կ՚ապրին մեծ հիասթափութիւն մը:
Անոնց շարժումները կը համարուին «արգիլեալ» ու բացի անկէ, հանրութեան մէջ ալ իրենց մօտեցումներուն հանդէպ գոյութիւն ունի անվստահութեան ընդհանուր մթնոլորտ մը:
«Ետդարձ»ի ուղին բռնած եւ զինուորական գործունէութեան դէմ եղող Ապու Մուհամմէտ Ալ Մաքտիսի լսելէ ետք Շէյխ Ապտիւլ Ռահմանի մահուան բօթը՝ յօդուածի մը մէջ կը գրէ. «Այսօր մենք «կորսուածներ»ու սերունդ ենք եւ մեր Շէյխը, մեր հոգեւոր հայրը դժբախտաբար մահացաւ իր հողէն հեռու՝ աքսորի մէջ»:
Երբ «Ալ Օքսոր»ի դէպքէն ետք Շէյխ Օմար Ապտիւլ Ռահման բռնած էր «ինքնակամ աքսոր»ի ճամբան, որուն վերջին կայանը կը դառնար Ամերիկայի Հիւսիսային Քարոլայնայի բանտը: Մինչեւ իր Միացեալ Նահանգներ հասնիլը Ապտիւլ Ռահման հերթաբար կը հանգրուանէր՝ Սուտան, Աֆղանիստան եւ Լոնտոն: Նշեալ քաղաքներուն մէջ ան կը տանէր «քարոզիչ»ի աշխատանք եւ իր շուրջ կը հաւաքէր այդ օրերուն «յառաջադէմ իսլամ»ի ընկալումներով հանդէս եկող երիտասարդութեան կարեւոր մէկ հատուածը: Իսկ Ապտիւլ Ռահման իր մահէն ամիսներ առաջ եւ հետեւորդներուն ուղղուած «պատգամ»ի մը մէջ կը գրէր. «Զիս փրկեցէ՛ք հոսկէ: Ամէն օր ծաղրի կ՚ենթարկեն զիս: Կը մերկացնեն, կը ծաղրեն, այնպիսի արարքներ կը կատարեն, որ մարդուս արժանապատուութիւնը կ՚ոտնահարէ: Կը խնդրեմ ձեզմէ, արագօրէն զիս դուրս բերէք այս բանտէն: Ու եթէ մեռնիմ, շատ հաւանական է, որ հոս մեռնիմ, մարմինս տարէք իմ սիրելի երկի՛րս ու հոն թաղեցէք զիս»:
Շէյխ Ապտիւլ Ռահմանի ձերբակալութենէն ամիսներ անց անոր Լոնտոն բնակող զաւակներէն մին (Շէյխը ունեցած է տասներեք զաւակ) զարմանք յայտնած է իր հօր Ամերիկա երթալուն մասին: «Հայրս Միացեալ Նահանգները թշնամի երկիր կը համարէր ու կը զարմանամ, թէ ինչ հանգամանքներով ան յանկարծ հոն յայտնուեցաւ: Միւպարէք եւ Պիլ Քլինթըն թակարդ լարած էին հօրս դէմ եւ ան զոհ գնաց անոնց թակարդին», ըսած է ան:
Այս կարճ խօսքին մէջ Ապտիւլ Ռահմանի որդին կարեւոր նշումներ կատարած է: Իրօք, ինչպէս կը պատահի, որ Միացեալ Նահանգներու «մեծ թշնամի» համարուող կրօնական գործիչը դէպի Ամերիկա մուտքի արտօնագիր ստանայ (ըստ տարբեր աղբիւրներու՝ ան մուտքի արտօնագիր ստացած է Սուտանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատունէն) ու ապա բաւական «կասկածելի պայմաններ»ու տակ ձերբակալուի եւ մինչեւ մահը բանտարկուած մնայ:
Ասոնք կարեւոր կէտեր են հասկնալու համար Միացեալ Նահանգներու վարած ընդհանուր քաղաքականութիւնը, որուն մէջ «գործիչ»ներն ու «քարոզիչներ»ը ոչ մէկ արժէք ներկայացնող «աւելորդ մանրամասնութիւններ» են:
Եւ արդեօք «Իսլամական համախըմ-բում»ի «հոգեւոր հայր»ը համարուող՝ Շէյխ Օմար Ապտիւլ Ռահման անոնցմէ մէ՞կն է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
• շար. 3 եւ վերջ