ԿԱՐՃԱՏԵՒ ԴԱԴԱՐՆԵՐԸ ՕԳՏԱԿԱՐ ԵՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Տնտեսական զանազան դժուարութիւններու եւ տագնապներու հետ հետզհետէ աւելի կը դժուարանան աշխատանքային պայմանները, որոնց պատճառով կ՚աւելնայ ոմանց ընկճուածութիւնը, եւ կը նուազի արտադրողականութիւնը: Արդի արհեստագիտութեան միջոցները բարեբախտաբար որոշ լուծումներ կ՚առաջարկեն մեղմացնելու համար աշխատաւորներու երբեմն իսկապէս ծանր բեռը: Այս մասին հետաքրքրական յօդուած մը հրապարակած է «Պի.Պի.Սի.»ն: Կ՚արժէ հետեւիլ:
*
Եթէ դուք ժամանակ չունիք աշխատանքային օրուան մէջ ժամ մը դադար առնելու, շարք մը փոքր դադարներ նոյնպէս կրնան հզօր ազդեցութիւն ունենալ ձեր մարմինին եւ ուղեղին վրայ:
«Պի.Պի.Սի.»ի պատկերասփիւռի յայտագիրներուն մէջ կայ հաղորդաշար մը՝ «Գրասենեակը» (The Office), որուն ընթացքին հաղորդավարը՝ Տէյվիտ Պենթ, ծայրայեղ քաղաքավար պոս մը, պաշտօնեաները աշխատանքի դրդելու միջոցներ կը ներկայացնէ:
«Խնդուքը լաւագոյն դեղն է», կ՚ըսէ ան՝ իր անձնակազմին բացատրելով, որ ատիկա կը նուազեցնէ ճնշուածութիւնը, եւ թէ՝ ինք կը սիրէ աշխատանքային օրուան ընթացքին քանի մը անգամ խնդալ: Պենթ ցոյց կու տայ թեքնիկը՝ առանձին լիահագագ խնդալով, որ թէեւ միայն 30 երկվայրկեան կը տեւէ, սակայն ատիկա յաւիտեան կը թուի: Ամբողջ սենեակը քար լռութեան մէջ անոր կը նայի:
Այնպէս կը պատահի, որ Պենթ անգամուան մը համար բան մը կը յաջողի ընել: Անսպասելիօրէն ան կը բացատրէ մասնագէտներուն «փոքր դադարներ» կոչուածը՝ որեւէ կարճատեւ գործունէութիւն մը, որ կ՚օգնէ պահ մը անջատուելու ֆիզիքական եւ մտային միօրինակ աշխատանքէ: Ատոնք կրնան որեւէ վայրի մէջ տեւել քանի մը երկվայրկեանէն մինչեւ քանի մը վայրկեան եւ որեւէ բան ներգրաւել՝ երաժշտական տեսանիւթեր դիտել, թեթեւ շարժումներ ընել կամ գաւաթ մը թէյ պատրաստել:
Թէեւ դադարները կարճատեւ են, սակայն ատոնք կրնան անհամաչափ ուժեղ ազդեցութիւն ունենալ: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ ատոնք կրնան բարելաւել աշխատաւորներու կեդրոնացումը, փոխել աշխատանքին նայելու անոնց ձեւը եւ նոյնիսկ անոնց օգնել խուսափելու տարածուած վնասներէն, որոնք անոնք կ՚ունենան, երբ ամբողջ օրը կապուած կը մնան գրասեղաններուն:
Քանի տակաւին համախոհութիւն չկայ, թէ իտէալական կարճ դադարներուն տեւողութիւնը որքա՛ն պէտք է ըլլայ, աշխատաւորներուն կը մնայ՝ փորձելով ճշդել իրենց համար լաւագոյն չափը:
Փաստօրէն, եթէ դուք կանոնաւոր կերպով ետ կը ծռիք, ձեր քովը գտնուող անձին հետ խօսելու կամ ձեր հեռաձայնին նայելու համար, հաւանական է, որ արդէն իսկ այդ թեքնիկին վարպետն էք:
Ըստ մասնագէտներու, կայ միայն երկու օրէնք. այդ դադարները պէտք է կարճատեւ եւ կամաւոր ըլլան: Այս դադարները դիմադրելու միջոցներ են այն իրողութեան, որ մարդոց մեծ մասը իր օրը կ՚անցընէ աշխատանքի մէջ:
Բայց իրականութեան մէջ մեր միակ պաշտօնական դադարը կէսօրուան ճաշի դադարն է, թէեւ կարգ մը ընկերութիւններ կը յատկացնեն թէյի, սուրճի ժամանակ, կամ՝ կարճատեւ դադար մը, որ սովորաբար կը տեւէ 10-15 վայրկեան:
ՀԱՆԴԱՐՏԵՑՆՈՂ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ
Այս թեքնիկը հնարուած է 1980-ականներու վերջաւորութեան, Միացեալ Նահանգներու մէջ ուսումնասիրողներու կողմէ: Անոնք ուզած են ստուգել՝ արդեօք կարճատեւ դադարները կրնա՞ն արտադրողականութիւնը խթանել կամ նուազեցնել ճնշուածութիւնը:
Ուրեմն անոնք ստեղծեցին գրասենեկային արհեստական պայմաններ, մթնոլորտ եւ հրաւիրեցին 20 մասնակիցներ՝ երկու օր այնտեղ «աշխատելու», կատարելով «յաճախակի կրկնուող» ապարդիւն գործ:
Իւրաքանչիւր մասնակցողի արտօնուած էր փոքր դադար մը՝ աշխատանքի իւրաքանչիւր 40 վայրկեանի համար: Դադարի ատեն, որ յատկանշական կերպով տեւած է միայն 27 երկվայրկեան, մասնակցողները դադրեցուցած են աշխատանքը, բայց մնացած՝ նոյն վայրին մէջ: Իւրաքանչիւր դադարէ առաջ եւ ետք իրենց «աշխատաւորներուն» սրտի զարկերը եւ արտադրողականութիւնը արձանագրելով՝ ուսումնասիրողները յայտնաբերած են, որ դադարները իրենց յուսացածին չափ օգտակար չեն եղած: «Աշխատաւորները» կարգ մը պարագաներու աւելի վատ արդիւնք տուած են իրենց դադարէն ետք:
Բայց մէկ բան յստակ դարձած է. մարդիկ, որոնք քիչ մը աւելի երկարատեւ դադար առած են, անոնց սրտի զարկերը աւելի բնականոն եղած են, այսինքն անոնք հանդարտած են: Անոնց աշխատանքը նոյնպէս աւելի արդիւնաւէտ եղած է:
Տասնամեակներու յաւելեալ ուսումնասիրութիւններէ ետք, այժմ բազմաթիւ ապացոյցներ կը նշեն, որ փոքր դադարները կրնան օգտակար ըլլալ ճնշուածութիւնը նուազեցնելու, աշխատաւորները զբաղած պահելու եւ աշխատանքը աւելի հաճելի դարձնելու:
ԻՆՉՈ՞Ւ ՍԹՐԵՉԻՆԿԸ Կ՚ՕԳՆԷ
Հակառակ այն փաստին, որ կարճ դադարները օգտակար են, ատոնք հիմնականին մէջ կը կիրարկուին՝ որպէս աշխատավայրէն ներս վնասուածքներէ զերծ մնալու նպատակով:
Ուսումնասիրողները այդպիսի դադարները կը յանձնարարեն բոլորին: Բրիտանիոյ մէջ աշխատանքի ընթացքին մկանային հարցեր ունեցող եւ այդ պատճառով վիրաւորուող աշխատաւորներուն թիւը 2017 եւ 2018 թուականներուն հասած է շուրջ 469 հազարի:
Ըստ մասնագէտներու, մեծաթիւ մարդիկ չեն նկատեր, որ իրենց մարմիններուն վնաս կը պատճառեն, մինչեւ որ ցաւ չզգան, եւ այն ատեն արդէն շատ ուշ կ՚ըլլայ:
Կարճատեւ դադարները կը նկատուէին միջոցներ, որոնք մեզի կ՚օգնեն երկարատեւ ժամանակի մէջ գրասեղաններու առջեւ մնալով՝ մեր մարմիններու որոշ մասերու, ինչպէս՝ վիզի պրկումները մեղմացնելու: Մասնագէտներ կը հաստատեն, որ այդ դադարները կանոնաւոր հերթականութեամբ պէտք է ըլլան: Եթէ դուք դադար կ՚առնէք աւելի ձեր մարմինը, քան միտքը հանգստացնելու համար (երաժշտական վիտէօ դիտելով հանգիստ մը ատիկա չ՚ըներ), լաւագոյնը ֆիզիքական բան մը ընելն է, ինչպէս՝ ոտքի կանգնիլը, կամ դիրքը փոխելը:
Ասիկա բացայայտ կ՚ըլլայ վիրահատութեան ընթացքին: Դաշտ մը, ուր ծայրագոյն ճշգրտութիւն կը պահանջուի, ուր սխալները հիւանդներուն մահուան պատճառ կրնան դառնալ, կենսական է գտնել ձեւեր՝ օգնելու համար այս մասնագէտներուն խուսափելու ցաւոտ ցրուածութենէն եւ պահպանելու իրենց ճշգրիտ կեդրոնացումը:
2013 թուականին Քեպեքի Շերպրուք համալսարանէն երկու մասնագէտներ փորձեցին գիտնալ, թէ կարճատեւ դադարները իսկապէս կ՚օգնե՞ն: Անոնք քննեցին երկու վիրահատող բժիշկներ՝ ստուգելու համար, որ իւրաքանչիւր 20 վայրկեանի մէջ 20 երկվայրկեաննոց փոքր դադարէ ետք, անոնք ֆիզիքապէս եւ մտային կերպով որքա՞ն յոգնած են:
Փորձին համար վիրաբոյժները նախ իսկական վիրահատութիւններ կատարեցին բաւական պրկուած վիճակով, ապա զանոնք քննեցին այլ սենեակի մը մէջ, ուր անոնցմէ պահանջեցին վիրահատութեան իրենց մկրատներով օդին մէջ աստղ մը գծել (ասիկա ընդհանրապէս կը գործածուի ստուգելու համար կեդրոնացումը) եւ տեսնել, որ վիրաբոյժները ծանր մկրատով իրենց ձեռքերը որքան երկար կրնան վեր պահել:
Իւրաքանչիւրը երեք անգամ քննուեցաւ. առաջինը՝ նախքան վիրահատութիւնը, երկրորդը՝ վիրահատութենէն ետք, որուն ընթացքին անոնց արտօնուած էր փոքր դադարներ առնել, իսկ երրորդը՝ առանց դադարի վիրահատութենէն ետք: Դադարներու ատեն անոնցմէ պահանջուեցաւ աշխատանքի վայրէն հեռանալ եւ կատարել ֆիզիքական թեթեւ շարժումներ:
Վիրաբոյժները հիանալիօրէն եօթն անգամ աւելի ճշգրիտ էին աստղեր գծելու իրենց քննութեան մէջ այն վիրահատութիւններէն ետք, որոնց ընթացքին կարճատեւ դադարներ առած էին: Անոնք նաեւ նուազ յոգնած էին եւ վիզի, ուսի, կուրծքի աւելի նուազ ցաւեր ունէին:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԱՏԵՆ ԴԱԴԱՐԸ
Աշխատանքի ատեն կարճատեւ դադարները կամ կողմնակի բաներով երբեմն զբաղիլը կը կարծուի, թէ ժամանակի մսխում է: Բայց հաստատուած է, որ այդպէս չէ:
Դադար մը առնել, համացանցին նայելու (թէեւ՝ օրուան 12 առ հարիւրէն ոչ աւելի), կամ դիտել բնութիւնն ու ծաղիկները, կրնայ բարելաւել արտադրողականութիւնը եւ օգնել աշխատաւորներու կեդրոնացումին:
Արդարեւ, շարք մը գիտնականներ կ՚ըսեն, որ կարճատեւ դադարներ վայելելը կենսական է աշխատանքի ձեւին համար:
Ընկերային գիտութիւններու մասնագէտ Էնտրիւ Պենեթ ուսումնասիրած է կարճատեւ դադարները իր տոքթորականին համար: Անոր գլխաւոր բացայայտումը այն էր, որ վիտէօ-քլիփ դիտելու փոքր դադարները մարդիկը աւելի կենսունակ եւ աւելի ուշադիր դարձուցած են, եւ՝ աւելի նուազ յոգնած:
ԵԹԷ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԱՆՆՇՄԱՐ ԸՐԷ
Անշուշտ աշխատանքի վայրիդ մէջ վիտէօ-քլիփ դիտելը շատ ալ ընդունելի պիտի չըլլայ վարպետիդ կամ տնօրէնիդ համար, բայց կան բազմաթիւ այլ միջոցներ, որոնք կրնաս օգտագործել՝ առանց նշմարուելու փոքր դադարներ առնելու համար:
Ահաւասիկ՝ քանի մը օրինակ.
«Ինքզինքիդ դադար պարտադրելու լաւ ձեւ մըն է գրասեղանին վրայ ջուրի մեծ շիշ մը ունենալը: Դուք արտաքնոց երթալու դադար պէտք է առնէք: Ասիկա լաւ ձեւ մըն է ոտքի կանգնելու՝ միաժամանակ ծարաւ չմնալով», կ՚ըսեն մասնագէտներ:
Անշուշտ պէտք չէ չափազանցել: Կարճատեւ դադարները, պատկերասփիւռի հաղորդաշարներու նոր պատումները դիտելու ժամանակը չէ: Կարճատեւ դադարները ինչպէ՛ս անցընելը մարդոցմէ կախեալ է, որովհետեւ տարբեր աշխատանքներ եւ աշխատավայրեր տարբեր պայմաններ կը պարտադրեն:
Մասնագէտներ կ՚ըսեն, որ կազմակերպութիւններ, ընկերութիւններ կրնան տրամադրել ազատ միջավայրի ձեւ մը, երբ պաշտօնեաները կրնան ըստ իրենց պահանջին կարճատեւ դադարներ առնել՝ կազդուրուելու համար, նաեւ վարժեցնել պաշտօնեաները՝ հաւասարակշռելու իրենց պրկուածութիւնը եւ հանգիստը:
Գրասեղանիդ առջեւ պարբերաբար փոքր շարժումներ ընելը, կամ դէպի պատուհան քալելով՝ դուրսը դիտելը կը հանդարտեցնէ աչքերը եւ ուղեղը:
Եթէ կը ծրագրէք ձեր տնօրէնէն կամ վարպետէն արտօնութիւն առնել կարճատեւ դադարներու համար, մի՛ ըսէք «դադար», այլ՝ «գործունէութեան փոփոխութիւն»: Գործատէրերը կրնան մտահոգուիլ, որ իրենց պաշտօնեաները քանի մը վայրկեանը անգամ մը պատկերասփիւռ կը դիտեն կամ իրենց հեռաձայնները կը ստուգեն:
Հաւասարապէս, եթէ նկատէք, որ ձեր վարպետը խնդալէն կը մարի, կամ նկատէք, որ ձեր պաշտօնակիցներէն մէկը հանդիպումներու միջեւ կը ծռի կօշիկին դպնալու, մտածեցէք, որ անոնք կը լարեն իրենց ուղեղները՝ արդիւնաւէտ նոր աշխատանքէ մը առաջ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան